Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Սեպտեմբեր 21ի Խորհուրդը՝ Սիմոն Զաւարեանի Լուսարձակով

$
0
0

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

«Ամէն տեղ երկրի ազատութեան աստիճանը կապուած է տեղական ինքնավարութեան աստիճանին։ Բաւական է յիշել, որ բռնապետական երկիրներու մէջ բնաւ չկայ տեղական ինքնավարութիւն. չափաւոր սահմանադրական երկիրներու մէջ սահմանափակ է տեղական ինքնավարութիւնը, իսկ Զուիցերիոյ մէջ, ուր կատարեալ է ազատութիւնը, կատարեալ է նաեւ տեղական ինքնավարութիւնը»:
Սիմոն Զաւարեան
(Բանախօսութիւն՝
ներկայացուած Բերայի
Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, 1908ի Յունուար 24ին)

Հայաստանի Անկախութեան Հանրաքուէին 22րդ տարեդարձին նախօրէին ենք եւ ամէն հայ, որ ազգային իր պատկանելութեան ամբողջական գիտակցութիւնն ու անխառն հպարտութիւնը ունի, այս օրերուն իր հայեացքը առաջին հերթին կ՛ուղղէ դէպի Արարատի փէշերուն ազատ ու անկախ ապրելու անբռնաբարելի իրաւունքը վերանուաճած հայոց ազգն ու հայրենիքը՝ համայն հայ ժողովուրդին բազմակողմանի զարգացման երաշխիքները աւելիո՛վ ամրապնդելու մէկ, միակ ու անսակարկելի տեսլականով ու զայն բոլոր ուժերով իրականացնելու յանձնառութեամբ։
Իր ազգային իրաւունքներուն ու մարդկային արժանաւորութեան հաստատակամօրէն տէր կանգնող հայը միաժամանակ կ՛անդրադառնայ, որ ինչպէս 22 տարիէ ի վեր, Հայաստանի անկախութեան վերականգնման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերահաստատման տօնը՝ 21 Սեպտեմբեր 1991ի դարակազմիկ Հանրաքուէին տարեդարձը այս տարի եւս կը դիմաւորենք դժուարին պայմաններու մէջ, ծանրաբեռնուած՝ խառն մտածումներով ու անձկութեան ճնշիչ մթնոլորտով։
Անշո՛ւշտ Արցախեան ճակատին վրայ ազգովին մեզի պարտադրուած անհաւասար ուժերով պատերազմը շահած՝ յաղթակա՛ն ժողովուրդ ենք, որ իրողական իր անկախութիւնը քայլ առ քայլ կ՛ամրապնդէ միջազգային իրաւական ճանաչումի հասնելու ուղղութեամբ։
Անկասկած նաեւ այն ժողովուրդն ենք, որ յաջողեցաւ վերականգնի՛լ հիմնայատակ փուլ եկած կայսերապետութեան մը աւերակներէն։
Յանուն Արցախի ազատագրութեան եւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման՝ հազարաւորներու արիւն նուիրաբերեց մեր ժողովուրդը, որպէսզի արժանաւորապէս տէր կանգնի իր իրաւունքներուն եւ գերագոյն շահերուն։ Նոյնքան ծանր փորձութիւններ հայ ժողովուրդը դիմագրաւեց իր անկախութեան ամրապնդման սիրոյն։ Վայրի հասարակափոխութեան բազմապիսի հարուածներուն դիմացաւ, ծայրայեղ թշուառացման ու աղքատացման մութ ու ցուրտ գիշերները հաստատակամութեամբ անցուց, հայրենիքը պարպող արտագաղթի կործանարար ալիքէն վերապրեցաւ, բայց ոչ մէկ պարագայի նահանջեց ազատ ու անկախ ապրելու իր ընտրանքէն։
1988ի Արցախեան պահանջատիրութեան շղթայազերծումէն մինչեւ 21 Սեպտեմբեր 1991ի Հայաստանի Անկախութեան վերանուաճումը՝ հայրենի հայութեան հետ ողջ մեր ժողովուրդը օրհասական տարողութեամբ դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ կրցաւ արժանաւորապէս դիմագրաւել։
Զրկանքներու եւ փորձութեանց այդքա՜ն դժուարին ճանապարհ կտրած Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը արժանի են լիարժէք ազատութեան եւ անկախութեան։ Կանխիկ վճարած են վերանկախացման գինը եւ այլեւս հարկադրուած չեն որեւէ յաւելեալ տուրք վճարելու ոեւէ հարեւանի կամ մեծապետական ուժերու շահախնդրութիւններուն…
Յատկապէս ոչ միայն պարտք չունինք, այլեւ իրաւատէր ու պահանջատէր ենք թուրքեւատրպէյճանական ճամբարէն, որ ինչպէս երէկ, նոյնպէս եւ այսօր կը փորձէ բիրտ ուժի, ճնշումի եւ նախապայմաններու լեզուով իր կամքը պարտադրել Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին։
Հայաստանի վերանկախացման տարեդարձը մենք իրաւունք ունինք տօնելու անխառն հպարտութեամբ եւ ապագային լաւատեսօրէն նայելու ինքնավստահութեամբ։ Եւ ոչ ոք իրաւունք ունի վաղուան մեր սերունդներուն պարտադրելու, որ Հայեւթուրք տխրահռչակ Արձանագրութեանց կամ շրջանային-ռազմավարական այլեւայլ պայմանագիրներու կաշկանդումներով՝ ակամայ ժառանգեն ազգային–պետական մեր հիմնական իրաւունքներէն եւ շահերէն հրաժարելու անձնատուութեան ու համակերպումի դաժան բեռը …
Իսկ արտաքին ճակատի վրայ հայութեան ազգային-պետական դիրքերը հզօրացնելու համար, առաջին հերթին մեր ժողովուրդի համազգային ներուժին մէջ պէտք է փնտռենք, գտնենք եւ զարգացնենք պաշարներն ու կռուանները Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան պահպանման ու աւելիով ընդլայնման։
Այդ առումով լրջանալու եւ անկեղծանալու Պահն է, միաժամանակ, Սեպտեմբեր 21ի տարեդարձը։
Մեր անկախութեան եւ ազատութեան սպառնացող արտաքին վտանգներն ու կաշկանդումները արդէն 22 տարիէ ի վեր մեր առջեւ կը ցցուին ամէն քայլափոխի։ Բայց բնութեան օրէնքն է եւ բոլորէն աւելի հայ ժողովուրդը ցմրուր ճաշակած է դառն բաժակը այն հանրայայտ ճշմարտութեան, որ որեւէ յաղթանակի ու նուաճումի արժէքը կը չափուի զայն պահպանելու կարողութեամբ, այլե՛ւ արժանաւորութեամբ։ Իսկ Հայաստանի ազատութիւնն ու անկախութիւնը պահպանելու խնդիր մեր ժողովուրդը ունի առաջին օրէն սկսեալ։
Հայ քաղաքական մտքին համար շատոնց սպառած է ու փակուած բանավէճը Անկախութեան եւ Ազատութեան արժէքին շուրջ։ Եթէ քսան տարի առաջ կրնային գտնուիլ մտածողներ, որոնց համոզումով անխուսափելի թշուառացման դատապարտուած հայ ժողովուրդին համար աւելորդ պերճանք կը նկատուէին ազատութիւնն ու անկախութիւնը, այսօր պատմութեան փոշիներուն տակ նետուած են այդօրինակ մտայնութիւնները։
Սեպտեմբեր 21ի խորհուրդին շուրջ շարունակուող բուն բանավէճը կիզակէտ ունի ոչ թէ ազատութեան եւ անկախութեան արժէքը, այլ ազատ ու անկախ Հայաստանի պետական մեր տան ամրապնդման ու բազմակողմանի զարգացման մեծագոյն խնդիրը։
Հայոց ազգային բանակին հզօրացումը վստահաբար երաշխիք է ու անփոխարինելի կռուան Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան։ Բայց նոյնինքն Հայկական բանակի հզօրացման նախապայմանը հայ ժողովուրդի մարտունակ ոգիին պահպանումն ու ամրապնդումն են։
Հայաստանի տնտեսական զարգացումն ու հայ հասարակութեան կեանքի պայմաններուն բարելաւումը անշուշտ անհրաժեշտ պայման են Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան ամրապնդման համար։ Բայց որեւէ երկրի ու ժողովուրդի կեանքին մէջ տնտեսական զարգացումն ու հասարակական յառաջդիմութիւնը չեն չափուիր ի ցոյց աշխարհին յարդարուած շլացուցիչ ցուցափեղկերով միայն։
Կոյր պէտք է ձեւանալ՝ չտեսնելու համար, որ Հայաստանի վերանկախացումէն 22 տարի ետք ալ արտագաղթի հոսանքը կը շարունակուի մեր հայրենիքէն եւ ներքին արիւնահոսութեան ծանր վտանգին տակ կը պահէ համայն հայութեան ազատութիւնն ու անկախութիւնը։
22 տարի առաջ մեր ժողովուրդը մէկ մարդու պէս դիմեց քուէատուփ եւ բացարձակ մեծամասնութեամբ «Այո՛» պատասխանեց Հայաստանի անկախութեան հանրաքուէին։
Անկախութեան եւ ազատութեան սիրոյն գերագոյն զոհաբերութեան իր պատրաստակամութիւնն ու յանձնառութիւնը ամրագրած նոյն մեր ժողովուրդը ամէն իրաւունք ունի արդարօրէն պահանջելու իր իսկ ընտրած իշխանութիւններէն, որ ամէն բանէ առաջ եւ վեր տէր կանգնին ժողովուրդի կամքին հետեւելու եւ ծառայելու իրենց կոչումին։
Իսկ 22 տարիէ ի վեր Ազատ ու Անկախ Հայաստանի մէջ իրարու կը յաջորդեն նախագահական, խորհրդարանական եւ տեղական կառավարման հանրապետական ընտրութիւններ, որոնք ժողովրդարվարութեան միայն ցուցափեղկը գեղեցկացնելու կը ծառայեն…
Ընդհակառակն՝ իւրաքանչիւր ընտրութիւն կը ծառայէ նոր ալիքի մը բարձրացման, արտագաղթի հոսանքին ուղղութեամբ։
Այսօրուան իշխանութիւնները, ինչպէս եւ նախորդները, որքան ալ տնտեսական զարգացման փայլուն թիւեր հրամցնեն, տպաւորիչ ու ոգեւորիչ զօրահանդէսներ կազմակերպեն կամ արուեստի, գիտութեան ու գրականութեան արժանաւորներ պարգեւատրեն ու մեծարեն՝ ի վիճակի չեղան ու պիտի չըլլան սեփական ժողովուրդը հեռու պահելու այն խոր հիասթափութենէն, որ սեփական պետութեան եւ իշխանութիւններու ձեռամբ խորապէս կը խոցուի Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան տրուած միահամուռ «Այո՛»ն։
Համաձա՛յն. Սեպտեմբեր 21ը քաղաքական բանավէճի օր չէ, պէտք չէ դառնայ։
Բայց Հայոց Պետական Տան ժողովրդավարացման օրակարգը նոյնինքն Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան անփոխարինելի երաշխիքներու ամրապնդման հրամայականը կը դնէ հայ քաղաքական մտքին առջեւ եւ մեր ժողովուրդը արդարօրէն ելք կը փնտռէ սեփական պետութենէն ու իշխանութիւններէն խաբուած ըլլալու իր անձկութեան։
Սեպտեմբեր 21ի տարեդարձը կը պարտաւորեցնէ, հետեւաբար, անդին անցնիլ քաղաքական ընթացիկ բանավէճերէն եւ ըստ ամենայնի կեդրոնանալ մեր անկախութեան ու ազատութեան երաշխիքները ամրապնդելու գերագոյն օրակարգին վրայ։
Թէեւ 105 տարի առաջ ներկայացուած բանախօսութենէ մը մէջբերուած է Սիմոն Զաւարեանի ախտաճանաչումը, բայց էապէս մեր ներկային ու վաղուան երթին հաշւոյն ուսանելի լոյս կը սփռէ հոն մատնանշուած «Ապակեդրոնացման» ուղին։
«Իսկական ժողովրդապետութիւնը չի պարունակեր իր մէջ միապետի իշխանութեան փոխանցումը քանի մը հարիւր ընտրեալներու։ Ատ միայն առաջին քայլն է եւ ոչ ամենակարեւոր քայլը։ Ժողովուրդի իշխանութիւն եւ ժողովրդական կառավարութիւնը կ՛ըլլայ այն պարագային, երբ օրէնքներու քննութեան եւ հասարակական գործերու կարգադրութեան մասնակցին կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ, երկրի հասուն ու կենսունակ բոլոր տարրերը։ Իսկ ատ անկարելի է առանց տեղական ինքնավար մարմիններու հաստատութեան իրենց համապատասխան վարչութիւններով։
«Ամէն մէկ երկրի համար է՛ն կարեւորը, ամենամեծ հարստութիւնը ինք ժողովուրդն է, մարդիկ են։ Եթէ մարդիկ տգէտ են ու նախապաշարուած, եթէ անոնք աշխատասէր եւ ճարտար չեն արհեստներու մէջ կամ չունին նախաձեռնութեան ոգի, ընդունակ չեն ինքնագործունէութեան, պետութիւնը այդ պարագային չի կրնար լուսաւոր, հարուստ եւ կենսունակ ըլլալ»։
«Կրնան առարկել ինձ, որ այդ ուղղութիւնը մարդոց ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ իրենց համայնքի վրայ, եւ կը նեղցնէ անոնց շրջահայեացքը, կը զարգացնէ տեսակ մը տեղական հայրենասիրութիւն, որ անշուշտ կը կատարուի ի հաշիւ իսկական, պետական հայրենասիրութեան։ Առ երեւոյթս այդ առարկութիւնը անհիմն չէ, սակայն ան կը կորսնցնէ իր ուժը, երբ հարցին նայինք քիչ մը խորէն։ Եթէ այդ առարկութիւնը ճիշտ ըլլար, նոյն տրամաբանութեամբ սպասելու էր որ ընտանիքը, ազգակցական կապը նոյնպէս խոչընդոտ պիտի հանդիսանար ազգային կապի, բոլոր մարդասիրական գաղափարներու ըմբռնումին։ Ինձ կը թուի, որ էապէս գոյութիւն ունի հակառակը։ Առանց ընտանիքի, առանց ցեղի գաղափարին զարգացմանը չէր կրնար գոյութիւն ունենալ աւելի լայնապէս ազգային զգացումը եւ այս վերջինին ընդհանրացումովն է, որ մարդ կրնայ սիրել ամբողջ մարդկութիւնը։ Այն անձը, որ ընդունակ չէ իր ընտանիքը, իր մերձաւորը սիրել, անկարող է սիրել իր ազգը, իսկ ով որ ազգի նման մեծ համախմբում մը սիրելու զարգացումը կամ մեծութիւնը չունի, չեմ հաւատար որ կարողանայ մարդկութեան ցաւերով ցաւիլ։ Եւ ինչպէս ընտանեկան սէրը լայննալով կը վերածուի ազգային սիրոյ եւ յետոյ համամարդկային, այնպէս ալ առողջ պետական հայրենասիրութիւնը կրնայ առաջ գալ միայն քայլ առ քայլ, տեղական հայրենասիրութեան աստիճանական զարգացումով։ Հակառակ պարագային, պետական հայրենասիրութիւնը պիտի ունենար վերացական նկարագիր։ Մտաւոր ըմբռնումները առողջ ու հասուն կարող են ըլլալ միայն այն ժամանակ, երբ կը գործադրուին կոնկրետ, շօշափելի գործերու եւ ձեռնարկներու հետ»։
Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան համար անփոխարինելի երաշխիք է ապակեդրոնացման հետեւողական ամրապնդումը, որովհետեւ հայ ժողովուրդի ներուժին լիարժէք զօրաշարժը եւ պետականօրէն արդիւնաւորումը անհնար են պետական իշխանութեան կեդրոնացումի պայմաններուն մէջ։
Իբրեւ հասարակական կազմակերպութեան գերագոյն յղացք՝ պետութիւնը կը հանդիսանայ քաղաքակրթական զարգացման կարեւորագոյն նուաճումը, որուն հզօրացման միայն խոչընդոտ կրնայ հանդիսանալ իշխանութեան կեդրոնացումը։
Այդպէ՛ս եղած է անկախութեան եւ ազատութեան ուղին ընտրած բոլոր ժողովուրդներու կեանքին մէջ։Այդպէ՛ս է նաեւ ու մանաւանդ հայ ժողովուրդի պարագային։
Իշխանութեան կեդրոնացումը ամէնէն կարճ ճամբան է սեփական ժողովուրդի խորթացումին իր իսկ պետութենէն։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles