ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆ
Նոր յղացումի մը, նոր երկունքի մը եւ նոր գուրգուրանքի մը ծնունդ քերթուածներով կազմուած հատոր մը չէ «Ոսկի աշուն»ը, այլ հին յղացումներու, հին երկունքներու եւ գուրգուրանքներու բերքահաւաքը կատարած գործ մը։ Անիկա կը բովանդակէ Մ. Իշխանի բանաստեղծական վաստակին գրեթէ ամբողջութիւնը։ Ընթերցողը հոն կը գտնէ՝
«Տուներու» երգիչը,
«Կրակը» վառողը,
«Հայաստան»ը փնտռողը,
«Կեանք եւ երազ» իրարու միաձուլողը,
«Կեանք»ը երախտագիտութեամբ ողջունող մարդը,
«Ձեռք ձեռքի», զաւկին հետ, զրուցող հայրը։
Այսինքն՝
Տարագիրը («Ո՛ւր է հողն իմ հայրենի»)
Սիրողը («Առանց վէրքի վիրաւոր»)
Հայրենատենչը («Հայաստա՜ն, վերադարձի երազագեղ ճանապարհ…»)
Երազողը («Եւ ամբողջ կեանքս դարձաւ տագնապահար որոնում»)
Լաւատեսը («Ողջո՜յն քեզ, կեա՛նք, դուն շքեղ փառք, դուն յաղթանակ»)
Կատակողը («Կը ժառանգես դուն ալեկոծ իմ հոգիս…»)։
Շուրջ երեք հարիւր մեծադիր էջեր հաշուող եւ երեսուն տարիներու բանաստեղծական վաստակ մը ամփոփող «Ոսկի աշուն» հատորին աշխարհը ա՛յս է։ Հայ մարդուն հոգեկան տարրերով կառուցուած եւ ատեն-ատեն համամարդկային ապրումներով («Ողջոյն քեզ կեա՛նք») տրոփող ընդարձակ ու այլազան աշխարհ մը։ Ու այդ աշխարհը ընդգրկող երգը շնչատ երգ չէ. իւրաքանչիւր նիւթ, տուն կոչուի անիկա թէ Հայաստան, կին կամ երազ՝ կը վերածուի քերթուածներու շարքի մը։ Մ. Իշխանի գլխաւոր յատկութիւնը այս է, այս շունչը, որ մաքուր լեզուի մը եւ արտայայտութեան քնարական կերպի մը հետ կը կազմէ բանաստեղծին դէմքը։
«Ոսկի աշուն»ը ամբողջ վաստակ մը կ՛ընդգրկէ, բանաստեղծին ամբողջական ներկայութիւնը կայ հոն։
Միեւնոյն դիրքը պատեհ ու անպատեհ առիթներու երկրորդ կամ աւելի անգամներ հրապարակ հանելով ինքզինք եւ ուրիշները օրօրելու ընթացիկ փորձ մը չէ հոս կատարուածը, ոչ ալ նոյ՛ն բանաստեղծութիւնները հինգ տարբեր հատորներու մէջ հանդիսադրող հայաստանեան խաբեբայութեան մէկ օրինակը։ Պահա՛նջքը կար այս հատորին, հաւանաբար ուրիշներու կողմէ յայտնուած բաղձանքի մը գործադրութիւնն է «Ոսկի աշուն»ը։ Տասը տարին անգամ մը հասնող երիտասարդներուն մեր գիրքերը վայելելու կամ բզկտելու առիթ տուող հրատարակչական միջոցներ չունինք, ու հեղինակի մը, այս պարագային Մ. Իշխանի ըրածը «ծառայութիւն» մըն է, որ ինքնին եւ անշո՛ւշտ մեր կարծիքով բանաստեղծութիւն մը կ՛արժէ։
Սփիւռքի առաջին տասը-տասնհինգ տարիներուն՝ բանաստեղծութեան չաստուածը դանդաղելէ ետք կարգ մը գաղութներու մէջ, շրջան մը (1935-1945) բանաստեղծութեան դրօշը յանձնեց Միջին Արեւելքի մէջ կազմուած միջին սերունդին։ Այդ տարիներուն առաջին գիծի վրայ երեւցողներէն քիչեր միայն մնացած են այսօր հրապարակի վրայ. այդ քիչերէ է Մ. Իշխան, որ կը շարունակէ ճամբան, հաւատարիմ մնալով քնարական բանաստեղծի իր նախասիրութիւններուն ու խառնուածքին։
1936, 1938, 1945, 1949, 1958, 1963։
Այս թուականներէն իւրաքանչիւրին կապուած գիրք մը լոյս ընծայած է Մ. Իշխան։ Կ՛ուզենք ըսել, որ բանաստեղծութիւնը թեթեւ ու անցաւոր սէր մը չեղաւ իրեն համար, այլ եղաւ ամուր ու մնայուն սէր մը, մնայուն վիճակ մը, կոչում մը, ճակատագիր մը։ Մէկ գիրքը կրնայ միւսէն աւելի շահեկան ըլլալ, վերջին հատորներէն մէկը կրնայ նուազ արժէք ներկայացնել քան առաջին այս կամ այն հատորը, բոլոր էջերուն մէջ իշխանական հաւասար ճոխութեամբ չկայ բանաստեղծը, բայց կա՛յ։ Կարեւորութեամբ կ՛ընդգենք այս ներկայութիւնը, առանց օրինակը նորերուն փոխանցելու վարժապետական միամիտ փորձերուն։ Որովհետեւ՝ ան որ կոչում մը կը զգայ եւ նոր խռովքներու ընդունակ է՝ կը մնայ արդէն եւ ան որ վարժութեամբ սկսած էր, չի մնար, կը մեկնի եւ «մնաս բարով ոչ ոքի»։
«Ոսկի աշուն»ը, իր մեծ մասով, Սփիւռքի մեր ապրումներէն բիւրեղացած վկայութիւններ կը բերէ եւ կը նուիրագործէ խառնուածք մը։
Այս Էջը Կը Հովանաւորեն
ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԵՒ ԱԼԻՍ ԹԱՆՔԵԱՆՆԵՐ