Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Վկայութիւններ՝ Մ. Իշխանի Մասին

$
0
0

Այս է «Ողջո՜յն քեզ, կեանք»ին խորքը. – ապրելու փառաբանանքը։ Կրել կեանքի ցաւերն ու վիշտերը իրենց կարգին, բայց ապրիլ անոնց գեղեցկութիւններուն համար, այս է միակ ճշմարտութիւնը։
Ու Մ. Իշխան երգած է, ծաղկեցուցած է այս բնաբանը իր քնարին վրայ – հեզասահ ոճով, գունագեղ պատկերներով եւ տաղաչափական կառոյցով։
Յ. ԳԵՂԱՐԴ
***
Քիչ անգամ գրականութեանց մէջ կը հանդիպինք բանաստեղծութիւններու հատորի մը, ուր այնքա՛ն դաշնաւոր ու գունագեղ տրուած ըլլայ հոգիի մը պատմութիւնը։
«Կեանք եւ երազ»ը անակնկալ հաճոյք մըն է։ Հոս իրատես մըն է Մ. Իշխան, ո՛չ թէ լաւատես։ Լաւատեսութիւնը պայքար կը պահանջէ։ Փիլիսոփայօրէն խորհող մըն է Մ. Իշխան։ Գիրքը իր ամբողջութեանը մէջ, արուեստի գետնին վրայ՝ կը գերազանցէ նախորդները։ «Պարտիզպան»ը գլուխ-գործոց մըն է։
ԵՐՈՒԱՆԴ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
***
Իր ժողովուրդին մայր զգայնութիւններէն առաւ Մ. Իշխան իր սնունդը, հողի, տունի, օճախի, սիրոյ, բարութեան, ստեղծումի կառուցման ու վերացման եռուն բնազդներէն ու նոր թրթիռներ, գոյներ, արիւն ու խորհուրդ հաղորդելով անոնց՝ վերադարձուց նոյն ժողովուրդին, որ ահաւասիկ սիրով, խանդով, հոգեկան համընդհանուր կշռոյթով մը կու գայ յայտնելու իր երախտագիտութիւնը իրեն՝ իր երգիչին, խղճմտանքի իր ձայնին։
ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆ
***
Մուշեղ Իշխանի լեզուն վճիտ աշխարհաբար է, յստակ ու պարզ, բայց եւ հարուստ։ Առանց ցուցադիր պերճանքի հարստութիւն մը, սակայն, որ արտայայտութեան
վայելչութիւնը կը պահէ, բայց չի ծանրաբեռներ զայն։ Գեղեցիկ է, ոչ՝ շքեղ. ներքին ուժականութեամբ լեցուն, բայց ո՛չ ծանր։
Բոլորիս լեզուն է Մուշեղ Իշխանինը, գրական հանդերձանքով ուրոյնացած։ Այս երեւոյթը հիմնական պատճառներէն մէկն է բանաստեղծին ժողովրդականութեան։ Անոր ստեղծագործութիւնը հաւասարապէս կը բաշխուի բոլորին, կը խօսի ժողովուրդին։
ԳՐԻԳՈՐ ՇԱՀԻՆԵԱՆ
***
Կէս դարէն աւելի անցեր է այն օրէն, երբ Մուշեղ Իշխանի անունը կը մտնէր հայ բանաստեղծութեան պատմութեան մէջ որպէս զգայուն, նուրբ ու անձկալի քնարական տաղերգու, որուն ցաւի, երազի ու սիրոյ, ծարաւի տաղերուն մէջ այդ օրերու երիտասարդները իրենք իրենց ինքնութիւնը կը գտնէին։ Այսօր փոխուած են ճաշակներն ու պահանջները, սակայն իր տողերը մեզի հետ են, որովհետեւ անոր քերթողութիւնը դարձած է Սփիւռքի դասականութեան սիւներէն մէկը, շուքին մէջ ձգելով իր միւս բոլոր գրածները։
Մուշեղ Իշխանի բանաստեղծական հատորները մէյ մէկ վկայութիւններ են հայ հոգեբանութեան եւ գեղեցիկի զգայարանքի մասին եւ արժանի՝ լուրջ գնահատութեան բանասէրներու եւ բանաստեղծներու կողմէ։
ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ
***
Մուշեղ Իշխանը ժառանգորդն է ու միաժամանակ ժառանգաթողը հայ արդի բանաստեղծութեան։ Արդի դասականից առածը մեզ է փոխանցել, ապա ստեղծել իր ուրոյն ժառանգութիւնը, որը հաստատուն է եւ արգասաբեր։ Փայլ ու շառաչի փոխարէն, նա էութիւնն է անցել, բռնել կեանքի բազկերակը եւ մեզ փոխանցել մարդկային յոյզերի զարկը։
Նկարագիր ունի Մուշեղ Իշխանը, անհատականութիւն եւ դիմագիծ։ Ի՛նքն է իր երգերի մէջ։ Հայութիւնն է իր երգերի մէջ։ Մա՛րդն է իր երգերի մէջ։ Կեա՛նքն է իր երգերի մէջ։ Բանաստե՛ղծն է, որ իր հոգեկան տունն է շինում։
Գերիշխողը իր մօտ մարդկայնական գիծն է, այն է՝ համամարդկային լարը, որը վշտահար է ու միաժամանակ՝ ամոքիչ, հետեւաբար եւ առինքնող ու վարակիչ։ Նա սիրում է մարդուն։ Ուզում է փրկել մարդուն։ Սիրտը բաժանում է բոլորին եւ եղբայրութեան ձեռք երկարում ամէնքին։ Որքա՜ն ազնիւ տառապանք կայ իր երգերում։
ՅԱԿՈԲ ԿԱՐԱՊԵՆՑ
***
Բանաստեղծ ու քերթող՝ մինչեւ ծայրամասերն իր մազերուն, զգացում եւ զգայնութիւն՝ մինչեւ անտես ունջերն իր սրտին, եւ թրթռուն ու երգեցիկ էակ՝ մինչեւ մութ ու լոյս ընդերքն իր հոգիին – ահաւասի՛կ այն մարդը, որ կը ներկայանայ ինծի ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ անունին տակ։
ԼԵՒՈՆ ՎԱՐԴԱՆ
***
Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր գաղութները Մուշեղ Իշխանի անունը ճառագայթեց որպէս Եղեռնէն վերապրող մեր սերունդին զգայուն բանաստեղծը։ Բայց այդ մէկը գիրի՛ն պատգամն էր միայն։ Իր աշակերտները բախտը ունեցան զինք ճանչնալու գիրէն անդին. այսինքն՝ նախքա՛ն գիրը… իր առօրեայի՛ն մէջ՝ որպէս ուսուցանող, որպէս մտածող, որպէս գործող ու կառավարող եւ այդ եռուզեռին մէջ ամէն քայլափոխին տագնապող մարդ։
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

–Այս Էջը Կը Հովանաւորէ

»ՎԱՀԱՆ ԵՒ ԱՆՈՒՇ ՇԱՄԼԵԱՆ« ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles