Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՊԸՐՔԼԻԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՄՊԻՈՆԻ ՂԵԿԱՎԱՐ ՓՐՈՖ. ՍՏԵՓԱՆ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

$
0
0

Անհրաժեշտ Է Գուրգուրալ Իւրաքանչիւր Հայագիտական Ամպիոնի՝ Կը Պատգամէ Փրոֆ. Ստեփան Աստուրեան

Պատրաստեց՝
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ

Ծնած եմ Ֆրանսայի Նիս քաղաքը եւ յաճախած եմ այդ քաղաքի վարժարանները: Ամէնէն կարեւոր դպրոցը եղած է Լիսէ Մասենա երկրորդական վարժարանը, զոր աւարտելէ ետք, ուսուցիչի մը քաջալերանքով եւ շնորհիւ նիշերուս, ընդունուած եմ Փարիզի Լիսէ Հանրի Քաթր վարժարանը: Ընտանիքիս մէկ հատիկ զաւակը եղած եմ: Հայրս կորսնցուցած եմ չորս տարեկանիս: Մայրս երկրորդ ամուսնութիւն մը կնքած է եւ պատանեկութիւնս անցուցած եմ մօրս, խորթ հօրս եւ խորթ հօրս մօրը հետ: Այդ մեծ մայրս՝ Շողակաթը, մեծ ազդեցութիւն ունեցած է վրաս: Տասնըչորս տարեկանին ամուսնացած՝ տասնըվեց տարեկանին գաղթի ճամբան բռնած է երկու դեռահասակ զաւակներով: Օրերով քալած է, թոնիր շինելով վերապրած է, հազարումէկ չարչարանքներէ ետք հասած է Մարսէյ եւ միս-մինակը երկու զաւակները մեծցուցած: Շատ անուշ եւ զօրաւոր կին մըն էր: Օր մը չեմ լսած իր տրտնջալը: Մեր յարկաբաժինը պզտիկ ըլլալուն՝ մեծ մայրս եւ ես նոյն սենեակը կը քնանայինք: Ինք հայերէն գիտէր, բայց թրքերէնը աւելի դիւրութեամբ կը խօսէր: Մայրս ալ հայերէն լաւ գիտէր, բայց ան ալ երբ կեսրոջը հետ ըլլար, խօսակցութիւնը թրքերէնով կ՛ընթանար: Մայրս Ագշեհիրցի էր եւ կը պատմէր, թէ հայրը Ագշեհիրի մէջ դատախազի օգնական եղած էր եւ տէր եղած էր ընդարձակ բնակարանի, այգիի եւ այլն: Ուրեմն‘ մանկութիւնս եւ պատանեկութիւնս անցուցած եմ ագշեհիրցի գաղթական ընտանիքի մը ագշեհիրցի բարեկամներով շրջապատուած: Ինքզինքիս հարց տուած եմ թէ ո՞ւր են այդ բնակարանը, այդ այգին եւ այցելութեան մը ընթացքին տեսած եմ մեր ընտանիքին բարեկամ՝ տիկին Գոհարին դաշունահարուած կռնակին երկար եւ խորունկ սպին: Մօրաքրոջս ամուսինը՝ թոնթոն Երուանդն ալ իր մեծ ազդեցութիւնը ունեցած է յետագային առնելիք որոշումներուս վրայ: Ան իր ամբողջ ընտանիքը կորսնցուցած էր Ատանայի ջարդերուն եւ որբ մնացած էր: Իր մնացեալ կեանքին ընթացքին կը փորձէր բնական կեանք մը ապրիլ, բայց յստակ էր, որ ջղային ամբողջ դրութիւնը խանգարուած էր: Լոս Անճելըս գտնուած միջոցիս գրած յօդուածներէս մէկը նուիրած եմ տիկին Գոհարին եւ թոնթոն Երուանդին:
Վերադառնալով պատանեկութեան օրերուս, ըսեմ որ Ֆրանսացի ընկերներով շրջապատուած ըլլալուս եւ Լիսէ Մասենայի մէջ գիշերօթիկ ըլլալուս, հայերէն չէի խօսեր եւ հայերէն գիրերուն ծանօթ չէի: Շաբաթ կէսօրէն ետքերը երբեմն շարժապատկերի կ՛երթայի կամ գարեջուր մը կը խմէի Քաֆէ Լը Մասենայի մէջ: Այդ օրերէն ի վեր սիրած եմ Ֆելլինիի, Պըրկմանի, Օզուի ֆիլմերը: Միշտ ուզած եմ շարժապատկերի բեմադրիչ ըլլալ, բայց կեանքի պայմաններու եւ զուգադիպութիւններու բերումով եղած եմ պատմաբան…: Նիսի մէջ կար հայկական եկեղեցի մը, որուն քովի սրահին մէջ ընկերներով հայկական ակումբ մը հիմնած էինք երբ տասնըվեց տարեկան էինք: Ֆրանսախօս էինք, բայց կ՛ուզէինք ծանօթանալ մեր մշակոյթին: Պէտք է ըսեմ, որ Ֆրանսայի ընկերային, մշակութային եւ քաղաքական միջավայրը կը խթանէր մտածումը եւ բոլորս ալ շատ կը կարդայինք ու կը հետաքրքրուէինք ընկերաբանական եւ քաղաքական հարցերով:
Փարիզի մէջ, Լիսէ Հանրի Քաթրէն ետք, հետեւեցայ Սորպոն համալսարանի Պատմութեան ճիւղին: փրոֆ. Ակիւլոնի ղեկավարութեան տակ պատրաստեցի Մեթրիզի թէզս, որ կը վերաբերէր Ֆրանսացի ճամբորդներու ֆրանսական նահանգներու ընկալումին՝ թէ ինչպէ՞ս կը տեսնէին եւ իրենց դիտանկիւնով կ՛ընդունէին Ֆրանսան կազմող զանազան նահանգները: Մեթրիզէս ետք,նոյն համալսարանի բիւզանդագիտութեան մասնագէտ փրոֆ. Արուայլըրին ղեկավարութեան տակ եւ տիկին Սիրարփի Տէր Ներսէսեանի օգտակար ցուցմունքներով աշխատեցայ միջնադարեան հայոց պատմութեան եւ Օրբելեաններուն վրայ եւ ստացայ Տէ.ԷՕ.Ա. ( DEA) կոչուող վկայականը՝ 1980ին: 1976էն ի վեր Ֆրանսահայերուն մօտ զարթօնք մը նշմարելի էր: Քաղաքական բեմին վրայ իրադարձութիւններ կը պատահէին եւ հայ ծագումով ֆրանսացիք ձեւով մը դէպի ակունք կ՛ուզէին վերադառնալ: Ես ալ անմասն չէի կրնար մնալ այդ մթնոլորտէն եւ արձանագրուած էի Արեւելեան գիտութիւններու համալսարանի գրաբարի դասընթացքներուն եւ որոշած էի հայերէն սորվիլ փրոֆ. Մահէին հետ: Երբ 1979ին ծանօթացայ կնոջս՝ Անիին, նոր սկսած էի սորվելու այբուբենը եւ հայերէնով հազիւ թէ քանի մը բառ կրնայի ըսել: Փարիզի հայ ուսանողներու Տան մէջ, գրաբարի պարտականութիւններս ընելով միատեղ, սկսայ հայերէն խօսակցութեան դասեր առնելու Անիէն. Կը յիշեմ՝ օր մը իրեն ցոյց տուի մօրս գրած իմ առաջին նամակս. Մինչեւ այսօր պահած եմ այդ նամակը, ուր «ով» գրելու տեղ, գրած էի «օւ». այդ գրութեան սրբագրութեամբ սկսաւ մեր դասը եւ շուտով հասկցայ լեզուական գաղտնիքները: Անին անշուշտ որ դեր ունեցած է հայերէնիս զարգացման մէջ, բայց կը կարծեմ, եւ ինքն ալ համաձայն է ինծի, թէ առանց սորվելու կամքի եւ յարատեւ աշխատանքի, ոչ ոք կրնայ նոր լեզու մը սորվիլ: Կը յիշեմ թէ ինչպէս Մանանդեանի Հայոց Պատմութեան գիրքը կը կարդայի ժամերով եւ իւրաքանչիւր բառ կ՛արձանագրէի, բառին իմաստը կը փնտռէի կամ կը հարցնէի, կը գրէի եւ կը սորվէի:
Փարիզ գտնուած միջոցիս, Ապրիլ 24ի ոգեկոչումներուն կը մասնակցէինք, Ուսանողներու Տան մէջ հանդիպումներ կը կազմակերպէինք եւ հետզհետէ մէջս ծնաւ հայ միջնադարեան պատմութեամբ զբաղելու փոխարէն, արդի հայոց պատմութեամբ զբաղելու փափաքը: Տիկին Գոհարին կռնակին սպին, թոնթոն Երուանդին աչքերուն տխրութիւնը, մեծ հօրս պատկանած տունն ու այգին հարցումներ դրած էին դիմացս: Որոշած էի պատասխանները գտնել. լսած էի որ Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը արդի հայոց պատմութեամբ կը զբաղէր: Գրեցի իրեն, դիմեցի «Եու.Սի.Էլ.Էյ», ընդունուեցայ եւ այդպէս սկսաւ կեանքիս երկրորդ հանգրուանը: 1980էն ի վեր Ամերիկա հաստատուած եմ Անիին հետ եւ ունեցած ենք երեք զաւակ՝ Նանար, Լոր եւ Հայկ:
«Եու.Սի.Էլ.Էյ» եղած միջոցիս պատրաստեցի երկրորդ Մեսթըրզ մը եւ ստացայ Դոկտորաս, նիւթ ունենալով՝ «Աշխարհի Սիստեմին Տեսութեանը Հարցադրումը՝ Կիլիկիա 1830-1890, Հայ Թրքական Բեւեռացումը Եւ Արդի Օսմանեան Պատմագրութեան Գաղափարախօսութիւնը»:

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ե՞րբ հիմնուած է, եւ ովքե՞ր հիմնած են Պըրքլիի Քալիֆորնիոյ համալսարանի հայկական ամպիոնը: Ե՞րբ ստանձնած էք հայկական ամպիոնի պատասխանատուութիւնը:
ՍՏԵՓԱՆ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ.- Նախ, պէտք է յստակացնեմ, որ Պըրքլիի Քալիֆորնիոյ համալսարանը հայկական ամպիոն չունի: Կայ Հայկական Ծրագիր մը, որուն տնօրէնն եմ 2002էն ի վեր: 1995էն 1998ը Պըրքլիի դիրքը մէկ վեցամսեայ այցելու դասախօսի դիրք էր: Այդ դիրքը կարելի եղած էր ստեղծել շնորհիւ Սարոյեան եւ Գռուզեան ֆոնտերուն:
Տարիներու ընթացքին, շնորհիւ Պըրքլիի համալսանաւարտից միութեան եւ փրոֆ. Արմէն Տէր Կիւրեղեանի տարած աշխատանքին, ինչպէս նաեւ այդ օրերու Պըրքլիի համալսարանի վարչական կազմին դրական տրամադրութիւններուն, կարելի եղաւ այդ ժամանակաւոր այցելուի դիրքը փոխարինել աւելի կայուն դիրքով: Բայց այդ չի նշանակեր թէ հայկական ամպիոն մը գոյութիւն ունի Պըրքլիի մէջ:
Նոյն տարիներու ընթացքին, համալսանաւարտից միութիւնը կազմակերպեց զանազան դրամահաւաքի ձեռնարկներ, իսկ ես յաջողեցայ քով քովի բերել գաղութի ձեռներէց եւ կարող անդամներ, որպէսզի հիմնուի հանգանակութեան յանձնախումբ մը: Այդ նիւթապէս յաջողած բայց չափազանց համեստ եւ ազնիւ մարդիկը (Ատամ Գապլանեան եւ Ռոճըր Սդրաուխ) իրենց ժամանակը, նիւթականը եւ ծանօթութիւնները ի գործ դրին, որպէսզի նիւթական անհրաժեշտ գումարները հաւաքուին:

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Հայագիտական ի՞նչ դասընթացքներ ունիք: Գործակից ուսուցիչներ ունի՞ք:
ՍՏԵՓԱՆ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ.- Շնորհիւ քիչ առաջ յիշած հանգանակութիւններուն, հայերէնի երկու մակարդակի դասընթացքներ կը հրամցուին տիկին Սանդուխտ Միքայէլեանի կողմէ, իսկ ես կը դասաւանդեմ հայ ժողովուրդի պամութիւն:

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Շաբաթական կամ օրական դրութեամբ՝ քանի՞ ժամ կը դասաւանդէք եւ քանի՞ տարի կը տեւէ աշակերտի մը վկայուիլը:
ՍՏԵՓԱՆ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ.- Ընդհանրապէս, առաջին վեցամսեակին կը դասաւանդեմ հին եւ միջնադարեան պատմութիւն, շաբաթը երկու օր, իսկ երկրորդ վեցամսեակին՝ արդի պատմութիւն, նմանապէս շաբաթը երկու անգամ: Երբեմն ալ աւարտական ուսանողներու համար յատուկ սեմինարներ կը դասաւանդեմ Օսմանեան կայսրութեան եւ արդի Թուրքիոյ անցումային շրջանին, Կովկասի, Սփիւռքի կամ Կեդրոնական Ասիոյ մասին: Այդ դասերը տեղի կ՛ունենան շաբաթը անգամ մը, բայց աւելի երկար կը տեւեն: Կը պատահի, որ աշակերտներուս բերանացի դոկտորական քննութիւններու յանձնախումբերուն եւ կամ՝ աւարտաճառերու քննիչ յանձնախումբին մաս կազմեմ: Օրինակ՝ ներկայիս Սթանֆորտ համալսարանի աշակերտի մը աւարտաճառին յանձնախումբին անդամ եմ եւ մօտ ատենէն պիտի սկսիմ խորհուրդներ տալու եւ սրբագրութիւններ առաջարկելու:

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Աշակերտութեան թիւը որքա՞ն է: Օտար ազգի ուսանողներ ունի՞ք: Եթէ ունիք՝ ո՞ր երկիրներէն կու գան անոնք.
ՍՏԵՓԱՆ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ.- Կարելի չէ հայ աշակերտներու յստակ թիւ մը տալ: Այդ թիւը կախում ունի դասարաններէն. կրնամ ըսել, որ շատ յաճախ, աշակերտներուն կէսը օտար է, կէսը՝ հայ: Թէ՛ օտար, թէ՛ հայ աշակերտներէս ոմանք քանի մը դաս առած են ինձմէ եւ այդ ձեւով տեղեկացած են հայ ժողովուրդի պատմութեան մասին մինչեւ ներկայ ժամանակները, բայց հայագիտական ճիւղ գոյութիւն չունի Պըրքլիի մէջ եւ աշակերտ մը չի կրնար վկայուիլ որպէս հայագիտական ամպիոնի ուսանող: Օտար աշակերտներուս շարքին կարելի է տեսնել չինացիներ, մեքսիքացիներ, հնդիկներ, ամերիկացիներ եւ այլն: Հայ աշակերտներէս ոմանք յաճախած են Լոս Անճելըսի հայկական վարժարանները, ուրիշներ եկած են Պաքուէն, Հայաստանէն, Պարսկաստանէն:

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Դասընթացքները աւարտողները ի՞նչ աստիճանով կը վկայուին. այդ վկայականները վարկաւորուա՞ծ են ամերիկեան առումով.
ՍՏԵՓԱՆ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ.- Ինչպէս քիչ առաջ ըսի՝ հայագիտական ծրագիրի մը հետեւած ըլլալու փաստաթուղթ կամ վկայական չեն ստանար ուսանողները. Պըրքլիի համալսարանը կ՛աւարտեն Պսակաւորից տիտղոսով մը, բայց իրենց հետեւած դասերուն ցանկին մէջ կ՛ըլլայ հայերէն լեզուի կամ պատմութեան դասերու հետեւած ըլլալու նշումը: Պէտք չէ թերագնահատել այս իրողութիւնը: Հակառակ անոր, որ հայկական ամպիոն գոյութիւն չունի, հարիւրաւոր օտար եւ հայ աշակերտներ առիթը ունեցած են իմանալու հայոց պատմութեան եւ մասնաւորապէս հայկական ցեղասպանութեան մասին. մանաւանդ՝ անոնք սորված են մտածել պաղարիւն եւ առարկայական ձեւով: Կը յիշեմ՝ տարիներ առաջ ամերիկացի աշակերտուհի մը ունեցած էի՝ Կլենտէյլի շրջանէն: Բժշկութեան ճիւղին կը հետեւէր, բայց բոլոր դասերս առած էր եւ բացառիկ փայլուն նիշեր ստացած: Հանգանակութեան ժամանակ երբ իրմէ խնդրած էինք որ իր տպաւորութիւնները գրէ Պըրքլիի հայկական ծրագրին մասին, ըսած էր թէ շնորհիւ անոր էր, որ պիտի կարենար աւելի լաւ հասկնալ իր ծագումով հայ հիւանդները եւ ուրեմն՝ աւելի լաւ բժիշկ ըլլալ: Աւելցուցած էր թէ Կլենտէյլի հանրային վարժարաններուն մէջ շրջապատուած եղած էր հայ աշակերտներով, բայց միայն Պըրքլիի հայոց պատմութեան դասերը առնելէ ետք հասկցած էր թէ ինչո՞ւ դասընկերները ամէն տարի Ապրիլ 24ին իրար կ՛անցնէին, ձեռնարկներ կը կազմակերպէին, եւ այլն:
Այս բոլորը կ՛ըսեմ, որպէսզի գիտակից ընթերցողը անդրադառնայ թէ որքան անհրաժեշտ է գուրգուրալ մեր ունեցած իւրաքանչիւր հայագիտական ծրագրի կամ ամպիոնի վրայ: Թերեւս անհաւատալի պիտի թուի ձեզի եթէ ըսեմ, որ հակառակ Սարոյեան եւ Գռուզեան Ֆոնտերուն գոյութեան, երբեմն ստիպուած կ’ըլլամ գաղութի ազնիւ անդամներուն դիմելու, որպէսզի կարենամ դասախօսներու ճամբորդութեան կամ պանդոկի ծախսերը հոգալ: Մինչեւ այսօր տասնեակներով դասախօսութիւններ կազմակերպած եմ, այդ դասախօսութիւններէն կամ գիտաժողովներէն ոմանք շատ կարեւոր դրոշմ ձգած են մասնակցողներուն մտքերուն մէջ. Հրանդ Տինքին եւ Ռակիպ Զարաքօղլուին մասնակցութեամբ տեղի ունեցած գիտաժոկովը՝ օրինակ, կամ Սեւրի եւ Կարսի Դաշնագրերուն օրինական հետեւանքներուն նուիրուած գիտաժողովը, որ վստահաբար լուծումներ չբերաւ, բայց մտածել տուաւ ներկաներուն: Ամէն անգամուն ալ սակայն, ստիպուած եղած եմ մուրացկանի վերածուելու: Ասիկա շատ բան կ՛ըսէ հայ ժողովուրդին առաջնահերթութիւններուն մասին: Կ՛ըսենք թէ մշակոյթ սիրող ժողովուրդ ենք, բայց իրապէս ի՞նչ կ՛ընենք մշակոյթը զարգացնելու համար: Կ՛ըսենք թէ հայոց պատմութիւնը կը սիրենք, Հայ Դատի լուծումը հետապնդողներն ենք, բայց ի՞նչ կ՛ընենք իրապէս: Առանց նիւթական ներդրումի ոչ մէկ հայկական ծրագիր կը յաջողի:

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.-  Ապագային գործադրուելիք ի՞նչ ծրագիրներ ունիք դասընթացքները ճոխացնելու եւ աշակերտութէան թիւը աւելցնելու:
ՍՏԵՓԱՆ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ.- Տակաւին շատ ծրագիրներ կան իրականացնելիք. անոնցմէ մէկը այս Ապրիլին տեղի պիտի ունենայ: Կը մտածեմ հրաւիրել երիտասարդ մասնագէտներ որպէսզի խօսին Թուրքիոյ հայութեան եւ Ցեղասպանութեան մասին: Կը յուսամ, որ Պըրքլիի հայ աշակերտները ինչպէս անցեալ անգամներուն՝ այս անգամ ալ մեծ թիւով ներկայ կ՛ըլլան եւ աշխուժօրէն կը մասնակցին:
Աւելցնեմ, որ Պըրքլիի մէջ կը գործէ հայ ուսանողներու խանդավառ խումբ մը, որ ամէն Ապրիլ 24ի զանազան ձեռնարկներ կազմակերպելով օտար աշակերտութիւնը իրազեկ կը դարձնէ Ցեղասպանութեան:
Կը հարցնէք աշակերտութեան թիւը աւելցնելու մասին: Դժուար հարց է. հայ ուսանողներու խմբակցութիւնը միշտ կը յայտարարէ դասաւանդուող նիւթերուն մասին: Ֆէյսպուքի էջերով ալ կը տեղեկացուի դասերուն կամ դասախօսութիւններուն մասին, բայց երբ բժշկութեան կամ ճարտարագիտութեան ուսանողներ կը փափաքին հետեւիլ հայերէնի կամ հայոց պատմութեան դասերուն, յաճախ անկարող կ՛ըլլան արձանագրուելու, իրենց ժամանակացոյցին յառաջացուցած արգելքներուն պատճառով:

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Աւելցնելիք բան մը ունի՞ք:
ՍՏԵՓԱՆ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ.- Վերջացնելու համար ըսեմ, որ անցնող տասնըհինգ տարիներու ընթացքին յստակ աշխատանք կը տարուի չէզոքացնելու համար հայկական ամպիոնները. կա՛մ տարիներով ամպիոնները դատարկ կամ ժամանակաւոր դասախօսներով կը մնան, կամ անոնց գլուխը կը զետեղուին հայոց արդի պատմութեան հետ որեւէ առնչութիւն չունեցող անձեր: Նոյնը կրնայ պատահիլ որեւէ մէկ համալսարանէ ներս: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է որ նուիրատուները կամ նուիրատուութիւններու վերահսկիչ մարմինները ուշադրութեամբ հետեւին ամպիոններու հիմնադրութեան բոլոր կէտերուն եւ թոյլ չտան այսպիսի ընթացք:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles