



Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Մազերու առողջութիւնը միայն գլխու մաշկին համար տրուած խնամքով կարելի չէ գնահատել. մեր ստացած սնունդը մեծապէս իր ազդեցութիւնը ունի մազերու առողջութեան վրայ: Լաւ, սիրուն տեսքով եւ առողջ վիճակով մազեր ունենալը կրնայ կախեալ ըլլալ ձեր ուտելիքներէն:
Ինչպէս մարմինին իւրաքանչիւր մասնիկ կը սնուի մեր ստացած ուտելիքներով, այնպէս ալ՝ մեր մազերը: Անոնց վիճակը կապուած է մեր ստացած սնունդի որակէն: Ի տարբերութիւն մարմինի միւս մասերուն. ինչպէս ճիշդ ու լաւ սնունդը մեր դէմքին վրայ անմիջականօրէն ազդեցութիւն կը գործէ, մազերու պարագային, անոր ազդեցութիւնը կը յայտնուի երկար ժամանակ՝ մօտաւորապէս վեց ամիս ետք: Այսօրուան ստացած սնունդը մազերուն արմատները կը զօրացնէ, նաեւ ժամանակի ընթացքին իր ազդեցութիւնը կը զգացուի գլխուն մաշկին վրայ: Ուրեմն մազի ամուր արմատներ եւ առողջ գլխու մաշկ ունենալը հաւասար է առողջ մազեր ունենալուն:
Բացի սննդականոնէն, այլ ազդակներ նաեւ իրենց անմիջական ազդեցութիւնը կունենան մազերու առողջութեան վրայ: Այս իմաստով ծխելը, հորմոնային խանգարումները, անբաւարար քունը կրնան ազդել մազերու երեւոյթին ու տեսքին: Ոչ մէկ «կախարդական» ուտելիք կրնայ այս վիճակներու ազդեցութիւնները չէզոքացնել: Ամէն պարագայի, խրախուսիչ բաժինը այն է, որ տակաւին մեր սնունդով կրնանք մեր մազերը ամրացնել կարգ մը նիւթերով.
1- Սալմօն ձուկը. փրոթինով ու D կենսանիւթով հարուստ ըլլալու կողքին անիկա նաեւ հարուստ է օմեկա-3 իւղոտ թթուով: Մեր մարմինը կարողութիւնը չունի արտադրելու այս իւղոտ թթուն, որ անմիջական պատասխանատուն է մազերու աճին: Մօտաւորապէս մազերու բունին 3 տոկոսը կազմուած է այս թթուներով: Նաեւ գլխու մաշկին մէջ, ուր մազերը պիտի արտադրուին, շատ անհրաժեշտ բաղադրութիւն է օմեկա-3ը, ինչպէս նաեւ այն բնական իւղերուն մէջ, որոնք մազերն ու գլխու մաշկը առողջ կը պահեն:
Եթէ սալմոնը ձեզ չի գրաւեր, կրնաք զայն փոխարինել այլ ձուկերով, ինչպէս նաեւ աւոքատոյով, դդումի կուտով եւ կամ՝ ընկոյզով:
2- Ընկոյզ. պիստակեղէնի միակ տեսակն է, որ շատ հարուստ է օմեկա-3 իւղոտ թթուով եւ միաժամանակ հարուստ է E կենսանիւթով, որ կը պահպանէ մեր բջիջները DNA-ի խանգարումներէն: Ընկոյզը նաեւ հարուստ է պղինձով, որ կրնայ մազերուն բնական գոյնը եւ փայլքը պահպանել:
Յաճախակի գործածութեան համար ձեր աղցանները կրնաք համեմել ընկոյզի ձէթով կամ մինչեւ իսկ տապակածոյի պարագային կրնաք փոխարինել այլ ձէթերը ընկոյզի ձէթով:
3- Ոստրէ. «զինք» նիւթի հարուստ հանք է: Անոր պակասը կրնայ մինչեւ հերաթափութեան առաջնորդել: «Զինք» կրնաք ստանալ այդ նիւթը ունեցող կարգ մը սիրիալներէ: Նաեւ որոշ հացեր ունին «զինք» նիւթը: Ոստրէն իր մէջ կը պարունակէ նաեւ սպիտակուց (բրոթին): Յիշենք՝ մազերուն 97 տոկոսը սպիտակուց է: Առանց բաւարար բրոթինի մարմինը չի կրնար ամէնօրեայ կերպով ու բնական վիճակով կորսուած մազերը փոխարինել: Նաեւ մորթը պիտի մնայ միշտ չոր ու ճաթրտած վիճակի մէջ:
Փոխարինող նիւթեր կրնան ըլլալ պիստակեղէնները, հորթուկի միսը եւ հաւկիթը:
4-Քաղցր գետնախնձոր. այս ուտելիքը շատ կարեւոր աղբիւր է անդիօքսիտընթներու եւ «պեթա քարոթին» նիւթին: Այս նիւթերն են, որոնք մարմինին մէջ կը վերածուին A կենսանիւթին: Հիմնականօրէն պէտք է յիշել, որ մարմինի որեւէ բջիջ չի կրնար գործել, եթէ A կենսանիւթ չունի իր մէջ: Նաեւ այս կենսանիւթը կօգնէ, որ մարմինը արտադրէ բնական կարեւոր իւղեր: A կենսանիւթի պակասը կրնայ առաջնորդել թեփոտ եւ քերուըտուք ունեցող գլխու մաշկի:
Բացի քաղցր գետնախնձորէն, կրնաք օգտագործել ստեպղինը, սեխը, մանկօն, դդումը եւ ծիրանը՝ որպէս «պեթա քարոթին»ի աղբիւրներ:
5- Հաւկիթ. հանք մըն է բրոթինի, եւ միաժամանակ չորս հիմնական հանքային նիւթեր կը պարունակէ իր մէջ, ինչպէս՝ զինք, սելենիում, երկաթ եւ sulfur: Յատկապէս երկաթը շատ կարեւոր է, որովհետեւ անիկա կ՛օգնէ գլխու արմատներու բջիջներուն թթուածին փոխադրուելուն:
Կրնաք երկաթի ձեր պահանջքը աւելցնել որոշ չափով կենդանական արտադրութիւններ սպառելով, ինչպէս հաւու, ձուկի, խոզի եւ հորթուկի միս: