ՍԱԼԲԻ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Անցեալ տարի՝ 2012 Հոկտեմբերին, մեր գաղութի Ազգ. ամէնօրեայ վարժարանէն տուն վերադարձայ ուրա՛խ, որովհետեւ դպրոցի աշակերտութիւնը կազմակերպած էր յաջող ձեռնարկ մը «Մշակոյթի Օր»ուան առիթով. անշո՛ւշտ ձեռնարկը իրականացած էր կարող ուսուցչուհիի մը շնորհիւ, որ նաեւ օրուայ հանդիսավարն էր։
Յաջորդ օրը, սովորութեանս համաձայն, երբ վերաքաղ կ՛ընէի «Մշակոյթի Օր»ուան հետ կապ ունեցող մանրամասնութիւնները, յիշեցի յատկանշական դէպք մը։
2011-2012 տարեշրջանի շրջահայեաց տնօրէնը, ո՛չ միայն ձեռնարկը կազմակերպելու առիթը ստեղծած էր, այլ նաեւ վարժարանի շրջափակը «Մշակոյթի Օր»ուան մթնոլորտ ստեղծող մուտքի մը տպաւորութիւնը ցանկացած էր տալ, արտօնելով որ «շարժուն կրպակ»ներով ներկայացուին հայ մշակոյթի զանազան աշխատանքներ՝ ինչպէս հայկական ձեռագործներ, զարդեղէններ, գլխարկներ, եւ այլն. անշուշտ հայ խոհանոցն ալ ներկայ էր, իսկ այս բոլորը գերազանցող «կենսատու կրպակ»ը մի՛շտ ներկայ էր, որ հայ գիրը սիրող, ներկայացնող ու տարածող համեստ ընկերոջ մը հեռատեսութեամբ եւ միայն ի՛ր ջանքերով ու անխոնջ աշխատանքով դարձած էր 15-20 տարիներու շրջագայող «կենսաւէտ» կրպակ մը, որ դպրոցէ դպրոց, գաղութէ գաղութ արդիւնաւորած էր հայ մշակոյթը սիրցնելու, մասնաւորաբար հայ դպրոցներու փոքրիկներուն, նաեւ մեծերուն հայթայթելով այլազան հայերէն գիրքեր ու հրատարակութիւններ, ինչպէս նաեւ ձեռային աշխատանքներ՝ արուեստի գործեր, մինչեւ իսկ հայրենիքէն՝ Երեւանէն, Արցախէն բերուած գորգ, կարպետ, օթոց, տափաստակ, որ միշտ «շալկած» պտտած է անվհատ։
Այս բոլորը յիշելէս ետք, տարի մը անց, կ՛ուզեմ պատմել դէպքի մը մասին, որ ցարդ հալածած է միտքս։
***
Ձեռնարկէն ետք…
Այս անձնուրաց ընկերս, իր «կենսատու» կրպակը կը հաւաքէր տուփերու մէջ տեղաւորելով, երբ սեւ մազերով ու սեւ մեծ աչուկներով հազիւ 6-7 տարեկան մանչուկ մը խօսքը ուղղելով ընկերոջս, մաքուր առոգանութեամբ եւ հայերէնով ըսաւ.
- Արտասանութիւնս լա՛ւ կատարեցի, անսխա՛լ։ Արդէն կ՛երթա՞ս, բայց գիրքս…
Քանի մը ժամ առաջ, նոյն մանչուկը իր մօր հետ հանդիպած էր կրպակ եւ մանկական գիրքերը թղթատելէ ետք, զատած էր հատ մը եւ մայրը խոստացած էր իրեն, որ եթէ յայտագիրի ընթացքին արտասանութիւնը լաւ կատարէր, այդ գիրքը պիտի առնէր։
Հիմա, մանչուկը ուրախ եւ հպարտ՝ եկած էր իր իրաւունքը ստանալու։
Ընկերս, տղուն գլուխը շոյելով ըսաւ.
- Արդէն մութ է, պէտք է տուն երթամ, անունդ ի՞նչ է, մայրդ ո՞ւր է։
- Անունս Կարէն է, մամաս հո՛ն է, եւ ցոյց տուաւ մայրը, որ կը խօսակցէր այլ տիկնոջ մը հետ։
- Կարէն, մամայիդ քով գնայ, մամադ քեզ չփնտռէ՛, կը փորձէր համոզել ընկերս փոքրիկը։
Անդրդուելի էր փոքրիկ Կարէնը։
- Բայց գի՞րքս… քիչ առաջ մամայիս ըսի, որ դուն կ՛երթաս… Հայերէն գիրք մը կ՛ուզեմ, տունը շա՜տ գիրք կայ, բայց բոլորն ալ անգլերէն են, հայերէն մէկ հատ ունիմ, կարդացի, կարդացի, գոց գիտեմ, ուրիշ հատ մըն ալ կ՛ուզեմ…
Ընկերս, արագ շարժումով տուփերուն մէջէն ետ հանելով մանկական գիրքերը ըսաւ.
- Ո՞ր մէկն էր ուզածդ:
Կարէն, երբ տեսաւ իր ուզած գիրքը, ուրախութեամբ նայեցաւ ընկերոջս, կարծես աչուկները կը խնդային.
- Ա՛տ մէկը, ըսաւ՝ գիրքը ցոյց տալով։
Ընկերս, հրճուանքով, կարծես ինքն ալ մանկացած էր.
- Ա՛ռ տղաս, – եւ ոչ միայն այն մէկը, որ կ՛ուզէր Կարէնը, այլ մանկական ուրիշ գիրք մը եւս տուաւ։
Կարէն գիրքերը առած, ցատկելով ուրախ վազեց մօրը քով։
Երբ մօրը քով երթալէ առաջ կ՛ուզէի փոքրիկին ըսել, թէ շնորհակալութիւն յայտնէ, ընկերս կանխեց.
- Ձգէ՛, ուրախութիւնը մի՛ խանգարեր։
Ընկերս կրկին հաւաքելու գործը շարունակեց, գոհունակ դէմքով։
Քիչ մը զարմացած, քիչ մը նեղացած՝ կը հետեւէի փոքրիկին, որ կը փորձէր մօրը հետ խօսիլ ցոյց տալով գիրքերը, սակայն մայրը տակաւին կը խօսէր, առանց տղուն մտիկ ընելու. ուստի կատակը սիրող եւ միշտ կատակասէր ընկերոջս ուզեցի հասկցնել, թէ որոշ չափով շատ ալ ճիշդ չէր, որ առանց մօրը հարցնելու փոքրիկին գիրքեր տուաւ.
- Ուրեմն, ամէնուն ուզածը կու տաս այդպէ՛ս, առանց դիմացինէն ոչի՛նչ ուզելու… Երանի՜ մանուկ ըլլայի, որպէսզի քիչ մըն ալ իմ գլուխս շոյելով ուզածս տայիր…
Ընկերս, անգամի մը համար մերժեց կատակս եւ յուզուած ու քիչ մը խիստ ըսաւ.
- Ինչպէ՞ս կրնայի մերժել, երբ հայ փոքրիկ մը հայերէն պատմութեան գիրք կ՛ուզէ, եւ մայրեր զանազան պատրուակներով անոնց արգելք կը հանդիսանան. ըսէ՛, ինչպէ՞ս կրնամ մերժել, ըսէ՛…
Յուզումը բացայայտ էր…
Արագ հաւաքելով կրպակը, կը կրկնէր.
- Ըսէ, ուզածդ ըսէ, ինչպէ՞ս կրնայի մերժել հայախօս Կարէնին կամ Կարէններուն, որ հայերէն գիրք կ՛ուզեն կարդալ, հայ գիրը, գիրքը կը սիրեն. մերժե՞լ, ինչպէ՞ս…
Ուրեմն, կատակս անտեղի էր, որպէսզի ընկերս քիչ մը հանդարտեցնեմ ըսի.
- Կու գա՞ս մեզի սուրճ մը խմելու:
- Այո՛, գէշ չըլլար…
Քիչ ետք, ուրախ տրամադրութիւնը վերագտած ընկերս եկաւ եւ գլուխս շոյելու նման շարժումներով ըսաւ.
- Ինչպէ՞ս կրնայի մերժել համով սուրճդ։
Անշո՛ւշտ, խնդացինք։
Սուրճը արագ խմեց, որովհետեւ տակաւին երկար ճամբայ ունէր տուն-ընտանիքին հասնելու, կրպակը շալկած ինքնաշարժը նստաւ ու գնաց, հաւանաբար… այն մտածումով, որ իր «հայաբոյր կենսատու» կրպակին գործը, առանց վհատելու պէտք է շարունակէ, այնքան ատեն, որ գոյութիւն ունենայ նոյնիսկ մէ՛կ հատիկ հայ Կարէն։