Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

2014 Տարուան Գուշակութիւններ

Զանազան ու բազմաթիւ աստղագէտներու համաձայն, 2014 տարին պիտի ըլլայ շարունակութիւնը իր նախորդին, ամէն տեսակի դրական կամ ժխտական դէպքերով:
Մէկ կողմէ մայր բնութիւնը իր երկրաշարժներով, հեղեղներով, հրդեհներով եւ փոթորիկներով պիտի շարունակէ աւերներ գործել, իսկ միւս կողմէ՝ մարդիկ պիտի չդադրին իրենց մահացու եւ չարագործ զէնքերը, դաւադրութիւններն ու ահաբեկչական արարքները իրարու դէմ գործածելէ:
Նման ընթերցումներ, ծանօթութիւններ կամ լուրեր, անկասկած, որոշակի վախի եւ սարսափի կը մատնեն համեստ ընթերցողը, որուն մտածելակերպէն կախում ունի այս յայտարարութիւններուն հաւատք ընծայելը:
Այլ խօսքով, երկրագունդի բնակչութիւնը կամ աշխարհ կոչուած այս առեղծուածը եւ կամ աստուածային պարգեւը, հետզհետէ աւելի խառնակ վիճակի պիտի մատնուի:
Պէտք է ըսել նաեւ, որ կարգ մը աստղաբաշխներ ոչ միայն այսքան հոռետես են, այլեւ՝ բաւականին լաւատես: Այս վերջինները իրենց տեսակէտը կը հիմնաւորեն մարդու նոր զարթօնքի, այսինքն՝ ելեկտրոնային ամէնօրեայ նոր գիտութիւններու եւ գիւտերու վրայ:
Բայց ի՛նչ ալ ըլլան 2014 տարուան մասին յայտնաբերուած կարծիքները եւ գուշակութիւնները, մեր կարգին մեր ընթերցողներուն կը մաղթենք ամէնէն բարին:
Պէտք է ըսել, որ գրեթէ բոլորն ալ համակարծիք են, թէ 2014ը բոլորովին տարբեր պիտի չըլլայ 2013էն: Անցեալ տարուան իրադարձութիւններն ու զարգացումները նկատի ունենալով՝ մարդիկ արդէն որոշ պատկերացում մը կ՛ունենան նոր տարուան ընթացքին պատահելիք դէպքերուն մասին.
- Աֆղանիստանի մէջ Ամերիկան առաւել մեծ դժուարութիւններու պիտի հանդիպի:
- AIDS-ի յատուկ նոր դեղ մը պիտի յայտնաբերուի:
- Կարգ մը դրամատուներ պիտի սնանկանան: Ոմանք ալ իրարու միանալով՝ պիտի զօրանան:
- Նախկին նախագահ Քլինթըն առողջապահական հարցեր պիտի ունենայ:
- FBI-ը հիմնական փոփոխութիւններու պիտի ենթարկուի:
- Կրօնական հարցեր պիտի տագնապեցնեն Ամերիկան:
- New York Stock-ը մեծ վերիվայրումներ պիտի ունենայ:
- Աթոմակայաններ ծանր արկածներ պիտի անցընեն:
- Հոլիվուտի համբաւաւոր դերասաններէն ոմանք իրենց մահկանացուն պիտի կնքեն:
- Ամերիկա պիտի սարսափի ահաբեկիչներէ:
- Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակարաններու վաճառքի իրավիճակը պիտի վատթարանայ:
- Ամերիկա պիտի դիմագրաւէ բանջարեղէնի նոր տագնապներ:
- «Քայիտա» պիտի շարունակէ իր յարձակումները:
- Քուպայի նախագահը պիտի մահանայ:
- Սուրիոյ եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ պիտի շարունակուին ահաբեկչական արարքները:
- Իսլամ ծայրայեղականներ յարձակումներ պիտի գործեն Եւրոպայի վրայ:
- Իրաքի ներքին տագնապը պիտի շարունակուի:
- Միջին Արեւելքի երկիրները պիտի ապրին ահաբեկչական մթնոլորտի մը մէջ:
- Եւրոպա եւ Ռուսիա ահաբեկիչներու թիրախ պիտի դառնան:
- Մահացու երկրաշարժներ եւ ջրհեղեղներ պիտի ցնցեն Ասիան:
- Եւրոպա գործադուլներ պիտի տեսնէ:
- Անկախ Պաղեստինը այս տարի ալ պիտի չհռչակուի:
- Ճափոնական, ֆրանսական եւ ամերիկեան ինքնաշարժներու ընկերութիւններ պիտի միանան:
- Միջին Արեւելք եւ Ռուսիա պիտի ապրին անձնասպանական արարքներով լեցուն մթնոլորտի մէջ:
Հաւատք ընծայէք կամ ոչ, ձեզի կը մաղթենք հաճելի անակնկալներով լեցուն, բախտաբեր եւ երջանկաբեր տարի մը եւ յոյսով ենք, որ նախատեսութիւններուն դրականները ըլլան իրական եւ ձեր կեանքը լեցուի միայն բարիով, լաւով եւ յաջողութեամբ:
———————————————————————–

Կը Շնորհաւորենք Նոր Տարին  եւ
Սուրբ Ծնունդը Մաղթելով ամենայն բարիք 2014ին
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաք. Եկեղեցի
Սան Ֆրանսիսքօ

————————————————————-

Վիգէն Չէլէպեան եւ Ընտանիք

Լաւագոյն Մաղթանքներով
Կը Շնորհաւորեն Համայն
Հայութեան  Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը

—————————————————————–
Հոլիվուտ

ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէ
ՀԵԴ «Մուսա Տաղ» Ուխտ
ՀՅԴ «Թէհլիրեան» Պատանեկան Միութիւն
ՀՕՄի Լոս Անճելըսի «Մայր» Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄ Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղ
Համազգայինի Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղ

Ս. Կարապետ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ
Հովիւ, Հոգաբարձութիւն
Եւ Յարակից Մարմիններ

«Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս» Ազգ. Վարժարան
ՀՕՄի «Մարի Փոստոյեան» Մանկամսուր

—————————————————————

Ամանորի Եւ Ս. Ծնունդի
Տօներուն Առիթով՝
Շնորհաւորութիւններ
Եւ Յաջողութեան Մաղթանքներ
Հայաստանի, Արցախի, Արտերկրի,
Ինչպէս Նաեւ Հոլիվուտի Հայութեան

——————————————————–

Merry Christmas
and a
Happy New Year

Tina Carolan and  Kerian Families



Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles