Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

2014՝ Ձիու Տարի

$
0
0

Պատրաստեց՝  ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հաւանաբար ծանօթ էք, թէ հին աշխարհի աստղագիտութեան եւ տոմարագիտութեան օրրաններէն մէկը եղած է Հայաստանը:
Հայկական քաղաքակրթութեան լաւագոյն արտայայտութիւններէն մէկը խտացած է հայկական տոմարին մէջ:
Այսպէս, մինչեւ հայկական օրացոյցին որդեգրումը, հայերը օգտագործած էին լուսնային, այնուհետեւ՝ լուսնա-արեգակնային օրացոյցները, որոնք կը գործածուէին Ն.Ք. առաջին հազարամեակէն սկսեալ:
Այս կը նշանակէ, որ օրացոյցն ու տոմարը հայ ժողովուրդին մօտ արմատներ ունէին հինէն ի վեր, եւ անոնց համաձայն՝ տարին բաժնուած էր 12 ամիսներու, իւրաքանչիւրը՝ 30 օր, իսկ 13րդ լրացուցիչ ամիսը՝ 5 օր:
Սակայն այս օրերուն, ամբողջ աշխարհը կարծես միայն հետաքրքրուած է չինական աստղագիտութեամբ կամ օրացոյցով, որ սկսած է Ն.Ք. 2637 տարիներ առաջ եւ որուն տարիները բաժնուած են 12 կենդանիներու անուններով:
Չինական առաջին տարին սկսած է մուկով, անոր յաջորդած են ցուլը, վագրը, ճագարը կամ նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, ոչխարը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը:
Այս ձեւով, 12 տարին անգամ մը նոյն անասունը կը յիշուի չինական օրացոյցին վրայ:
Ուրեմն, 2014 տարին Ձիու տարի է: Յիշենք նաեւ, որ այս՝ 2014ի չինական տարին, կը սկսի 31 Յունուարին ու կ՛աւարտի 18 Փետրուար 2015ին:
Արդ, յայտնի ու նշանաւոր աստղագէտներու, բախտագուշակներու եւ աստղաբաններու 2014 տարուան յատուկ կայքերու վրայ հրապարակուած գուշակութիւններն ու զանազան կարծիք-տեսակէտները կարդալէ եւ ծանօթանալէ ետք, այս բաժինով կը փորձենք դասաւորել, համադրել եւ մէկտեղել անոնցմէ ամէնէն հետաքրքրականն ու յատկանշականը:
Համաձայն չինական աստղագիտութեան, 2014 կամ Ձիու տարին ծնածներուն համար, այս տարին նախկինին հետ համեմատած՝ պիտի ըլլայ շատ բարեբեր ու բախտաւոր տարի մը: Թէեւ տնտեսական կարգ մը մանր մունր հարցեր պիտի ունենան, սակայն դրական շատ բաներով պիտի լեցուի իրենց կեանքը, որուն իբրեւ արդիւնք պիտի փոխուի նաեւ կեանքին ընթացքը:
Սակայն ուրիշներու համաձայն՝ 2014ին պիտի կատարուին աշխարհի խաղաղութեան սիրոյն որոշ աշխատանքներ, որոնք տնտեսական եւ ապահովական կայունութիւն պիտի ստեղծեն յաջորդող երկար տարիներուն համար:
Շատեր հիմնուելով անցեալ տարուան որոշ տուեալներուն վրայ՝ կը նախատեսեն, որ այս նոր տարուան ընթացքին շատ հաւանաբար բազմանան պատերազմները, ահաբեկումներն ու մայր բնութեան աղէտները:
Միւս կողմէ՝ համաձայն են, թէ այս տարուան բախտաբեր օրերը պիտի ըլլան Ուրբաթ եւ Կիրակի օրերը, իսկ հանգստութիւն եւ հոգեկան խաղաղութիւն պատճառող գոյները՝ մանիշակագոյն, կապոյտ եւ մոխրագոյն:
Անոնք նաեւ կ՛աւելցնեն, թէ առաւել բախտաւոր պիտի ըլլան այն անձերը, որոնք ծնած են Երկուշաբթի եւ Շաբաթ օրերը, իսկ տարուան բախտաւոր թիւերը՝ 7, 3 եւ 2:
Ընհանրապէս այս «անասուն»-աստղին տակ ծնած այրերը կ՛ըլլան
սիրալիր, ընտանիքը սիրող, ընկերային, յամառ, բարեկամ փնտռող եւ վստահելի:
Իսկ կիները՝ լաւը ցանկացող, քաղաքավար, դիւանագէտ, քաջ, արուեստագէտ եւ քաղաքագէտ:
Չինական տարիներու համրանքը.-
1.- Առնետ.- 1900-1912-1924-1936-1948-1960-1972-1984-1996-2008
2.- Ցուլ.- 1901-1913-1925-1937-1949-1961-1973-1985-1997-2009
3.- Վագր.- 1902-1914-1926-1938-1950-1962-1974-1986-1998-2010
4.- Նապաստակ. -1903- 1915-1927-1939-1951-1963-1975-1987-1999-2011
5.- Վիշապ.- 1904-1916-1928-1940-1952-1964-1976-1988-2000-2012
6.- Օձ.- 1905-1917-1929-1941-1953-1965-1977-1989-2001-2013
7.- Ձի.- 1906-1918-1930-1942-1954-1966-1978-1990-2002-2014
8.- Ոչխար.- 1907-1919-1931-1943-1955-1967-1979-1991-2003-2015
9.- Կապիկ.- 1908-1920-1932-1944-1956-1968-1980-1992-2004-2016
10.- Աքլոր.- 1909-1921-1933-1945-1957-1969-1981-1993-2005-2017
11.- Շուն.- 1910-1922-1934-1946-1958-1970-1982-1994-2006-2018
12.- Խոզ.- 1911-1923-1935-1947-1959-1971-1983-1995-2007-2019
Հետեւեալ տարիները Ձիու տարի կոչուած են կամ կը կոչուին.- 1906-1918-1930-1942-1954-1966-1978-1990-2002-2014:
Չինական աստղաբաշխութեան մէջ ձին գրաւած է եօթներորդ տունը: Ըստ այս հին ժողովուրդի աւանդութեան՝ այս անվախ եւ սակայն շատ սիրուած անանսունը, արագավազ է եւ հաւատարիմ:
Այս կը նշանակէ, թէ ձին գերբնական ուժի եւ դրական շատ յատկութիւններու տէր անասուն մը կը նկատուի:
Յատուկ մաքնիսական ուժ ունեցող այս անասունը ունի նաեւ ընկերային գիծ մը, որ մտերմութեամբ կը բնորոշուի:
Ձին նաեւ խորհրդանիշն է ուժի, խելացութեան, հաւատարմութեան, հաղորդակցութեան եւ մարդասիրութեան ու մարդամօտութեան:
Գուրգուրանք եւ սէր յատկանշող կենդանի մը ըլլալով հանդերձ, յամառ ալ է, որովհետեւ կը սիրէ ազատօրէն ապրիլ եւ գործել:
Լաւատես ըլլալուն համար, ան ջերմութեան եւ պարզութեան չափանիշներով ալ կը բնորոշուի:
Ձին կը խորհրդանշէ նաեւ բախտ, տնտեսական անկախութիւն, ուժականութիւն, հաղորդակից եւ արագավազ կերպար:
Անոնք, որոնք Ձիու տարին ծնած են, ընդհանրապէս կ՛ունենան հարուստ եւ տնտեսապէս հաւասարակշռուած կեանք մը:
Ուստի, անիկա պիտի ըլլայ իրենց անձնական նախասիրութիւններու յաջողութեան տարի մը, որուն շնորհիւ կարգ մը մեծ ծրագիրներ պիտի կարենան իրականացնել իրենց հմտութեամբ:
Նկատի ունենալով, որ ձին նաեւ չարքաշ անասուններու կարգին դասուած է, պէտք է գիտնալ, որ այս տարուան ծնունդները կրնան ըլլալ նաեւ ընկերական, նուիրեալ: Անոնք կ՛ըլլան նաեւ լաւ հաղորդակիցներ եւ ճնշումներու տակ հրաշքներ գործողներ: Շատ կը սիրեն օգտակար դառնալ եւ նաեւ սիրուիլ:
Մէկ խօսքով, շատ լաւ բաներ պիտի պատահին այս տարուան ամբողջ ամիսներուն ընթացքին:
Ձիու տարին ծնողները կ՛ըլլան նաեւ ղեկավարներ, վստահելի առաջնորդներ, տեսակէտ եւ հեռանկար ունեցող անհատներ: Չարքաշ աշխատող ըլլալով հանդերձ՝ գործնական են: Քաջ են եւ համարձակ, խելացի ու իմաստուն եւ ընտանիքի հանդէպ ունին յատուկ սէր եւ յարգանք:
Շեշտուած է, թէ «Ձիերը» ընկերային կեանքը կը սիրեն: Կը սիրեն միշտ օգնել: Անոնք ընկերութեան մէջ կամ միութենական կեանքէն ներս միշտ կը փորձեն օգտակար դառնալ եւ միաժամանակ բոլորին համար հաճելի թուիլ:
Այլ խօսքով, շատ յայտնի դէմք մը դառնալը իրենց համար մեկնակէտ է: Կը սիրեն ընկերութիւնը կամ միութիւնը: Կը սիրեն նաեւ խառնուիլ բազմութեան եւ իրենց ներդրումը բերել: Կը նախընտրեն նաեւ իրենց աշխատած գործին կամ ասպարէզին մէջ տարիներ շարունակ մնալ: Գործ կամ արհեստ փոխելը իրենց համար խոտոր կը համարուի:
Անակնկալ դէպքերն ու հարցերը կարծես իրենց աւելի ուժ կու տան կեանքին դրական նայելու եւ այս բոլոր հարցերուն դիմադրելու:
Բայց, ինչ ալ ըլլան ձիու մասին գրուած կամ տրուած ածականներն ու մակդիրները, լաւ կամ վատ կողմերը, ան իր յստակ եւ որոշ տեղը ունեցած է եւ տակաւին կը շարունակէ ունենալ չինացիին ու ներկայիս աշխարհի շատ մը ժողովուրդներու կեանքին մէջ:

Ձիու տարին ծնածները կը սիրեն՝
- Իրենց շրջապատը ուրախացնել,
- Միշտ օգտակար հանդիսանալ,
- Իմաստուն են, անոր համար կրնան նորութիւն ստեղծել եւ ի յայտ բերել,
- Ընկերասէր են ու բախտին չեն հաւատար, այլ՝ միայն իրենց ուժին,
- Ամէն բանի մէջ առաջնահերթ կ՛ուզեն ըլլալ,
- Կը սիրեն իրենց շրջապատը ուրախ պահել,
- Գնահատող են եւ սիրալիր,
- Տաքարիւն են եւ քաջ,
- Կ՛ուզեն ուշադրութեան առարկայ դառնալ,
- Միշտ հպարտ մնալ,
- Միշտ յաղթանակել,
- Շատ դրամ շահիլ կամ վաստկիլ,
- Լաւ տնտեսել,
- Միշտ պատրաստակամ եւ ծառայասէր ըլլալ:

Ձիու տարին ծնածները չեն սիրեր՝
- Նախապաշարումներ,
- Ձախողութիւնը կամ ձախողիլ,
- Ծուղակներ կամ թակարդներ լարել,
- Անգործ մնալ,
- Մինակութեան կամ առանձնութեան մէջ ապրիլ,
- Կեանքի նոյնիսկ մանր խոչընդոտներ,
- Ըսի ըսաւներ,
- Ընտանեկան կամ ընկերային մանր կամ մեծ վէճեր,
- Աւելորդ ձեւակերպութիւններ,
- Ուրիշին մօտ կամ հետ գործել կամ աշխատիլ,
- Ծուլութիւն:

Ձիու տարիներուն ծնած նշանաւոր դէմքեր.
Սանտրա Տի Օքանըր, Թետի Ռուզվելթ, Սինտի Քրաուֆորտ, Տենզել Ուաշինկթըն, Ճեքի Չեն, Ճերի Սենֆիլտ, Քոպի Պրայըն, Ճան Թրավոլթա, Սըր Այզիք Նիութըն, Պարպըրա Ըսթրայսընտ, Հարիսըն Ֆորտ, Ճենկիզ Խան, Օբրա Ուինֆրի, Ռեմպրանթ, Շոփեն, Շարլ Ազնաւուր, Մարլոն Պրանտօ, Ճորճ Պուշ, Մորիս Շըվալիէ, Քլարք Քէյպըլ, Մաթա Հարի, Ճին Քելլի, Ռիչըրտ Նիքսըն, Անգլիոյ Մայր Թագուհին, Ուիլեըմ Շէյքսփիր, Ճորճ Ուաշինկթըն, Մոցարթ, Չըրչըլ:

—————————————————————————
Սամուէլ եւ Էդիթա
Աղաճանեաններ եւ Ընտանիք
Կը շնորհաւորեն համայն հայութեան
Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը

TARON BAKERY
1117 S. Glendale Ave., #D, Glendale,
CA 91205 (818) 553-1883
4950 Hollywood Blvd.,
Los Angeles, CA 90027 (323) 663-4809
12901 Sherman Way, #D,
North Hollywood, CA 91605 (818) 765-7722

—————————————————————————————

Jet Line
Air Cargo

Krikor Hovsepian
Los Angeles
310-419-7404

Hrant Simonyan
Yerevan
58-06-40

Լաւագոյն Մաղթանքներով
Կը Շնորհաւորեն
Իրենց Բարեկամներուն
Եւ Յարգոյ Յաճախորդներուն
ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ
ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ

————————————————————————————————

ՍԱՆԹԱ ՄՈՆԻՔԱ

ՀՕՄ «ԿԱՐՍ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԸ

Ջերմօրէն Կը Շնորհաւորէ Իր Բոլոր
Անդամ-Անդամուհիներուն Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը՝ Մաղթելով Երջանիկ Տարիներ

———————————————————————————-

ՆԱՒԱՍԱՐԳԵԱՆ  ԸՆՏԱՆԻՔԸ

Լաւագոյն Մաղթանքներով
Կը Շնորհաւորէ Բոլորի
Նոր Տարին
Եւ Ս. Ծնունդը

———————————————————————

Լաւագոյն Մաղթանքներով կը շնորհաւորենք մեր հայրենակիցներուն Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը

Giraux
Fine Jewelry
Ժիրայր եւ Սրբուկ
Սարգիսեան
եւ Ընտանիք

——————————————————————————-

Տոքթ. Րաֆֆի
եւ Անուշ Չալեան

Կը Շնորհաւորեն Իրենց
Հարազատներուն, Բարեկամներուն
Եւ Ընկերներուն

Նոր Տարին
Եւ Ս. Ծնունդը
Մաղթելով Երջանիկ
Եւ Առողջ Տարի Մը

———————————————————————–

Տէր եւ Տիկ.  Աբրահամ եւ Օտէթ Փանոսեան Սերուժ եւ Լիզապէլ

Կը Մաղթեն Յաջողութիւն եւ Առողջութիւն  2014 Թուականին

Սան Ֆրանսիսքօ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles