Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

2013ի Հայ Աստղերը

$
0
0

ԱԼԻՆ ՊԶՏԻԿԵԱՆ—ՇԻՐԱՃԵԱՆ

«Հայ ենք մենք, ողջ աշխարհը մեզ գիտէ»… Ո՞վ չէ լսած այդ երանդոտ երգը, որ իրականութիւն մը կը պարզէ եւ ոչ թէ բաղձանք մը։ Այս դարուս նուազագոյն զարգացում ունեցող ո՞ր անհատը չէ լսած Հայաստանի եւ հայութեան մասին ու մանաւանդ միջազգային ճանաչում գտած հայ անհատներու մասին։
Նշանաւոր հայերու ցանկը երկար է. հպարտօրէն պէտք է ընդունիլ։ Հայերը՝ տարածուած աշխարհի չորսդին, մուտք գործած են տարբեր տեսակի մարզերու մէջ, ինչպէս՝ քաղաքական, առեւտրական, գրական, մարզական, գիտական, արուեստի կամ այլ մարզերու մէջ։ Այս անցնող 2013 տարին անգամ մը եւս ընդլայնեց ցանկը նշանաւոր հայերու, որոնք ոչ միայն ճանաչում գտան հայկական գաղութներու մէջ, այլեւ՝ միջազգային շրջանակներու մէջ։
«Ասպարէզ»ի Նոր Տարուան բացառիկը պիտի անդրադառնայ այն 5 անձերուն, որոնք յատկապէս միջազգային արումով՝ ամէնէն աւելի վերնագիրներ խլեցին՝ որպէս հայ, 2013 թուականին։
Մեր հայ աստղերուն մասին կարելի է երկար գրել ու խօսիլ, նկատի առնելով անոնց տարիներու յարատեւ աշխատանքը, իրագործումները եւ յաջողութիւնները իրենց ասպարէզին մէջ։ Ի վերջոյ, գագաթներ բարձրանալը կը կարօտի յարատեւ եւ երկար աշխատանքի։ Սակայն այս յօդուածը ամփոփ ձեւով պիտի ներկայացնէ զանոնք։
Ահաւասի՛կ այդ հինգ հայազգի աստղերը.

ՍԵՊՈՒՀ ՍԻՄՈՆԵԱՆ, ԵՐԳԻՉ—ԵՐԱԺՇՏԱԳԷՏ

Ծննդավայր՝ Սուրիա: Ծննդեան թուական՝ 1979:
«Քեփիթըլ Սիթի» փափ-խումբի երկու կատարողներէն մէկը։ Այս երաժշտական խումբի «Սէյֆ էնտ Սաունտ» տեսահոլովակին համար, Սեպուհ Սիմոնեան եւ իր գործակիցը շահեցան 2013ի MTV Music Award-ը։ Վերոյիշեալ երգը 16 շաբաթներ շարունակ մնաց «Billboard 100 Hit» ցանկին մէջ։

ՔԱԹՐԻՆ ՍԱՐԱՖԵԱՆ, ԱՐՏԱԴՐՈՂ

Ծննդավայր՝ Քալիֆորնիա: Ծննդեան թուական՝ 1970:
Pixar Studio-ի շարժանկարի (animation) արտադրող. Քաթրին Սարաֆեանի առաջնորդութեամբ իրականացած «Պրէյվ» շարժանկարը շահեցաւ 2013ի «Կոլտըն Կլոպ» եւ «Օսքար» մրցանակները։

ԱՐՄԱՆ ՍԵՐԵՊՐԱՔԵԱՆ,
ԼԵՌՆԱԴԱՀՈՒԿՈՐԴ

Ծննդավայր՝ Քալիֆորնիա: Ծննդեան թուական՝ 1987:
Այս հայ լեռնադահուկորդը պիտի մասնակցի Սոչիի 2014 թուականի Ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն՝ ներկայացնելով Հայաստանը։

ԼԵՒՈՆ ԱՐՈՆԵԱՆ, ՃԱՏՐԱԿԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Ծննդավայր՝ Հայաստան:  Ծննդեան թուական՝ 1982:
Լեւոն Արոնեան Դեկտեմբեր 1ի ՖԻՏԷի աղիւսակին վրայ կը գրաւէ աշխարհի ճատրակի ախոյեանութեան երկրորդ դիրքը։

ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ, ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏ

Ծննդավայր.— Հայաստան:  Ծննդեան թուական՝ 1989:
2013 թուականի ամրան գերմանական ֆութպոլային ակումբի ամենաթանկ արժող մարզիկը։ Գերմանիոյ «Պորուսիա Տորթմունտ» ֆութպոլի ակումբը Ուքրանիոյ վճարեց 27 միլիոն եուրօ, որպէսզի Հայաստանի Ազգային հաւաքականի մարզիկը տեղափոխէ իր խումբը։
Մխիթարեանը 2009 թուականին արժանացած է «Հայաստանի լաւագոյն ֆութպոլիստ» տիտղոսին։

Կը մաղթենք, որ նոր տարին բերէ իր բարիքները մեր ժողովուրդին եւ մեր հայրենիքին։ Թող 2014ը նաեւ անգամ մը եւս ընդլայնէ հայ նշանաւոր անձնաւորութիւններու ցանկը, թէկուզ՝ միայն տեղական շրջանակներու մէջ, որպէսզի գալիք տարի դարձեալ ներկայացնենք նորանոր դէմքեր, որոնց ձեռք բերած յաջողութիւնները միայն հպարտութիւն եւ ուրախութիւն կը բերեն մեզի բարի նախանձ արթնցնելով շատերու մօտ։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles