Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Տարեփակ 2013. Մսխուած Առիթներու Տարի Մը Եւս

$
0
0

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Նոր փակուած 2013 թուականը եւս մսխուած առիթներու տարի մը եղաւ հայ ժողովուրդին համար։
Յատկապէս հայութեան ոտնակոխուած իրաւունքները վերականգնելու ճակատին վրայ, մեր պետականութեան հզօրացումը ու համահայկական մեր ներուժին զօրաշարժը ամրապնդելու առումներով, չկրցանք տէր կանգնիլ 2013ին ընձեռած պատեհութիւններուն եւ, փաստօրէն, կորսնցուցինք յառաջխաղացքի կարեւոր առիթներ։
Գլխաւոր ու առանցքային կորուստը, անշո՛ւշտ, տարեսկիզբին տեղի ունեցած ՀՀ նախագահական ընտրութեան ընձեռած հիմնական բարեփոխութեանց առիթին մսխումն էր։
Նախ՝ չկրցանք ժողովրդավարական ճանապարհով իշխանափոխութիւն իրականացնել եւ արմատական բարեկարգման ենթարկել վերանկախացեալ Հայաստանի պետական իշխանութեան ու կառավարման փտած համակարգը։
Ապա եւ աւելի կարեւորը՝ նոյնիսկ չկրցանք ազգովին տեսնել ու համաձայնիլ, որ սոսկ ՀՀ նախագահի ընտրութեան օրակարգէն շատ աւելին, ուղղակի՛ մեր ժողովուրդին եւ մեր պետականութեան միջեւ խորթացման խրամատը յաղթահարելու մեծագոյն հրամայականը կը դիմագրաւէինք։
Կորսուած առիթը շատ ծանր կը կշռէ յատկապէս այն պատճառով, որ ինչպէս օրին, նաեւ այսօր հայկական վերնախաւի մտայնութիւնը տակաւին կը շարունակէ փորձերն ու ճիգերը՝ ինքն իրեն համոզելու եւ մեր ժողովուրդին հաւատացնելու, թէ եղածը իբր թէ եւ ի վերջոյ ժողովրդավարական ընկալեալ արժեչափերով ընտրապայքար մըն էր, որ ունեցաւ իր յաղթական ու պարտեալ կողմերը… Եւ թէ, ինչպէս ամէնուր կը պատահի եղեր, պարտեալ կողմը կը մերժէ հաշտուիլ ժողովուրդի մեծամասնութեան քուէն իր կողքին չունենալու փաստին հետ։
Իսկ իրականութեան մէջ նախագահական ընտրութիւնը եկաւ հաստատելու, աւելորդ անգամուան մը համար, որ վերանկախացեալ Հայաստանի պարագային իշխանութեան ղեկին տիրանալու պայքարը չի մղուիր քաղաքական մրցակից  կողմերու միջեւ։ Այլ՝ կը մղուի մէկ կողմէ գործող իշխանութեան, իսկ միւս կողմէ նոյն այդ իշխանութեան դէմ ծառացած դժգոհ ժողովուրդին միջեւ։
Յատկապէս այս տարեսկիզբի նախագահական ընտրութեան պարագային աղաղակող փաստ էր, որ գործող նախագահին թեկնածութեան դէմ իրենց սեփական թեկնածուները չառաջադրեցին ընդդիմադրութեան կազմակերպականօրէն հաստատուած ուժերը։
Իսկ դժգոհ ժողովուրդը պարզ հայերէնով ի՛նք ճշդեց նախագահութեան իր թեկնածուն եւ անոր վրայ կեդրոնացուց իր քուէն։
Այս առումով 2013ի մսխուած առիթներուն ծանրագոյնը եղաւ ժողովրդավարական ճանապարհով Ազգի ու Հայրենիքի քաղաքական իշխանութեան պետական համակարգը բարեփոխելու յոյսին կորուստը։
Հետեւանքը աւելիո՛վ արմատաւորումն է մեր ժողովուրդին մէջ ձեռնթափութեան եւ ծանր հիասթափութեան ճնշող մթնոլորտին, որ ախտավարակ աղբիւրն է ինչպէս հայրենի հայութեան մօտ նորովի թափ առած ընկերային դժգոհութեանց եւ արտագաղթի ալիքին, նոյնպէս եւ Սփիւռքի տարածքին մագլցում արձանագրող անտարբերութեան հոսանքին։
2013ը մսխուած առիթներու տարի մը եղաւ նաեւ համահայկական ներուժը լարելու եւ առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ շարժման մէջ դնելու ճակատին վրայ։
Ոչ միայն եւ ոչ ալ անպայման Հայաստանի իշխանութեանց մեղքով, այլեւ մեր ժողովուրդին մէջ յամեցող տեղայնական մտայնութեանց հետեւանքով՝ չկրցանք նկատառելի յառաջխաղացք ապահովել եւ համազգային միեւնոյն առաջնահերթութեանց միասնական օրակարգին շուրջ խմբել հայութիւնը, հայրենի ոստաններէն մինչեւ Սփիւռքի ծայրագոյն ափերը։
2013ին մսխեցինք Սուրիոյ հայութեան աղէտալի կացութեան համահայկական ուժերով եւ քաղաքական միասնական ճակատով տէր կանգնելու, ամէն կարգի օժանդակութիւն հասցնելու եւ հայրենամերձ ու հնաւանդ այդ կենսական գաղութը համահայկական հոգատարութեան եւ քաղաքական պաշտպանութեան տակ առնելու առիթները։
Մինչդեռ 1978ին, Լիբանանի հայութեան սպառնացող քաղաքացիական պատերազմի դժուարին պահերուն, նոյնիսկ ազատ ու անկախ Հայաստանի բացակայութեան պայմաններուն մէջ, ազգովին ի վիճակի եղած էինք շատ աւելի զգալի եւ արդիւնաւէտ դարձնելու աշխարհասփիւռ մեր ներուժին կազմակերպուած զօրաշարժը։
Վերանկախացեալ Հայաստանը այսօր ի վիճակի է պետական հոգատարութեան մակարդակին բարձրացնելու Սուրիոյ հայութեան ի նպաստ համահայկական ընդհանուր զօրաշարժը, պայմանաւ որ պաշտօնական Երեւանը որոշէ ստանձնել հայ գաղութին քաղաքական պաշտպանութիւնը, որուն իրաւական բոլոր հիմքերը ունի միջազգային օրէնքով։
2013ին մսխուած առիթներու երրորդ գլխաւոր ուղղութիւնը մեր ժողովուրդին անտեսումն է՝ ազգային-ռազմավարական հիմնական արժէք ներկայացնող Հայաստանի պետական որոշումներու կայացման ընթացքին։
Առանց մեր ժողովուրդին տեսակէտը առնելու, Հայաստանի նախագահական իշխանութիւնը 2013ին ոչ միայն շարունակեց իր ստորագրութիւնը պահել Հայեւթուրք տխրահռչակ Արձանագրութեանց տակ, այլեւ՝ Ռուսաստանի հետ Մաքսային միութեան պայմանագիրը ստորագրեց։
Անշուշտ բաղդատելի չեն զոյգ փաստաթուղթերը։ Բայց փաստօրէն երկուքն ալ բախտորոշ նշանակութիւն ունին Հայաստանի եւ հայութեան ապագային համար եւ որդեգրուած են Հայաստանի նախագահին կողմէ՝ առանց մեր ժողովուրդին մեծամասնութեան տեսակէտը առնելու։
Իսկ նման ռազմավարական քայլերը որեւէ ժողովրդավարական իշխանութիւն պարտաւոր է ենթարկելու սեփական ժողովուրդին հաւանութեան։
Նախ՝ որպէսզի ժողովուրդը իր իշխանութեանց կողքին տէր կանգնի ռազմավարական բախտորոշ ընտրանքներու։
Ապա՝ որպէսզի ի վերջոյ կայանայ որեւէ պետութեան հզօրացման անփոխարինելի երաշխիքը, որ ազգային ներուժին լիարժէք զօրաշարժն է։
2013ին Հայաստանն ու հայութիւնը հիմնական կարեւորութեամբ առիթներ մսխեցին՝ մեր պետականութեան եւ ազգային ներուժի հզօրացման ճակատին վրայ։

—————————————————————————————————–


Տէր եւ Տիկ.
Սարգիս եւ Սիւզան
Կիտցինեաններ

Կը Շնորհաւորեն Իրենց Բարեկամներուն
Եւ Ընկերներուն  Նոր Տարին
Եւ Ս. Ծնունդը
Մաղթելով Երջանիկ Տարիներ

———————————————————————

Նոր Տարուան  Եւ Ս. Ծնունդի
Լաւագոյն Ողջոյններ
Հայրենաբնակ Եւ Սփիւռքի
Մեր Ժողովուրդին

ԱԲՕ ՍԱՂՏՃԵԱՆ
ԵՒ ԴՈՒՍՏՐԸ՝ ՆԱՅԻՐԻ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles