Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ- Ուշացած Երազ

$
0
0

ՏԻԳՐԱՆ ՊԱՊԻԿԵԱՆ

Վստահ եմ, որ այս տողերը կարդացողներէն ոմանք, թերեւս շատեր, պիտի ըսեն՝ «այս մարդը խենթ է»: Սակայն ձեր ազնուութիւնը շահագործելով պիտի խնդրեմ, որ մի քանի վայրկեան համբերութեամբ ընկերակցիք ինծի, միասնաբար զբօսնելու երազներու աշխարհէն ներս…
Թուական՝ Երկուշաբթի, Ապիլ 1, 2019: Վայր՝ Կլենտէյլ քաղաք: Երեկոյեան ժամը 7ն է. ընթրիքէն ետք սուրճ խմելու ամէնօրեայ սովորութեանս համաձայն, ձեռքս կ՛առնեմ շրջանիս մէջ հայերէն լեզուով լոյս տեսնող միակ օրաթերթը՝ «Ասպարէզ»ը, տեղեկանալու համար հայկական իրադարձութիւններու մասին, յառաջիկայ շաբաթներուն տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն եւ պարահանդէսներուն ժամանակացոյցը կարդալու, ինչպէս նաեւ գիտնալուօ՝ թէ որո՞նք առյաւէտ բաժնուած են կեանքէն: Սակայն, անակնկալի գալով, առաջին էջին վրայ կը հանդիպիմ գունաւոր եւ մեծ տառերով գրուած հետեւեալ վերնագիրին.- «ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ, ՊԸՐՊԵՆՔԻ, ԼԱ ՔՐԱՍԵՆԹԱՅԻ, ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ, ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ, ՆՈՐԹ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ ԵՒ ՀՈՎԻՏԻ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ Կ՛ՕԺՏՈՒԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ «ԲԱՑԱՌԻԿ» ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՆՈՐ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՈՎ»:
Շշմած եւ չհաւատալով աչքերուս, անգամ մը եւս կը կարդամ վերնագիրը եւ նախքան յօդուածին անցնիլս, բարձրաձայն կ՛արտասանեմ  անոր իւրաքանչիւր բառը, թէ’ ձայնս լսելով հաւատալու աչքերուս տեսածին եւ թէ տունը գտնուող անդամները տեղեկացնելու այս հետաքրքրական լուրին մասին: Ապա կը սկսիմ յօդուածը կարդալու:
«Մեսրոպ Մաշտոց» հայկական բացառիկ երկրորդական վարժարանը իր դռները կը բանայ 2020 տարեշրջանի վերամուտին: Վարժարանը պիտի օժտուի առաջին կարգէ մինչեւ տասներկրորդ կարգի դասարաններով եւ պիտի ընդունի Կլենտէյլ, Պըրպենք, Լա Քրասենթա, Փասատինա, Հոլիվուտ, Նորթ Հոլիվուտ եւ Հովիտ քաղաքներուն մէջ բնակող հայ ուսանողները: «Մեսրոպ Մաշտոց» վարժարանին մէջ դասաւանդող ԲՈԼՈՐ դասատուները ունին բարձրագոյն վկայականներ եւ կը կրեն դոկտորական տիտղոս: (շար. Էջ 3)
Անմիջապէս կ’անցնիմ երրորդ էջ եւ կը շարունակեմ կարդալ.
«Մեսրոպ Մաշտոց» վարժարանի հիմնական նպատակներն են. ա) հայթայթել լաւագոյն մակարդակի ուսում, որպէսզի շրջանաւարտները ընդունուին աշխարհի լաւագոյն համալսարանները, բ) ուսուցանել հայ լեզուն, գրականութիւնը եւ հայ մշակոյթը իր բոլոր ոլորտներով, գ) պատրաստել օրինակելի ազգայիններ եւ քաղաքացիներ: Վարժարանի կառոյցը պիտի ունենայ արդիական դասարաններ եւ տարրալուծարաններ, ընթերցասրահներ, գրադարան, մարզադաշտեր եւ լողաւազան: Վարժարանի ընդհանուր տարածքն է… եւ այլն:
Օրաթերթի չորրորդ եւ հինգերորդ էջերուն վրայ կը գտնուին գունաւոր եւ տպաւորիչ պատկերներ վարժարանի տարբեր տարբեր բաժիններէն: Յօդուածը կը շարունակուի թերթին վեցերորդ էջին վրայ՝ տալով մանրամասն տեղեկութիւններ վարժարանի շինութեան ծախսերու, տարեկան կրթաթոշակի, նիւթական օժանդակութիւն ստանալու տարբեր միջոցներու, տարազներու եւ այլ կանոններու մասին. մէկ խօսքով՝ ամէն տեսակի մանրամասնութիւններ: Յօդուածին վերջին պարբերութիւնը կ’ըլլայ հետեւեալը.
«Մեսրոպ Մաշտոց» վարժարան յաճախող բոլոր աշակերտները եւ անոնց ծնողները պարտին ընդունիլ վարժարանի հետեւեալ պայմաններն ու կանոնները, որոնք բծախնդրութեամբ, խստապահանջութեամբ եւ առանց բացառութեան պիտի գործադրուին.-
Աշակերտները պարտին հետեւիլ հայերէնի բոլոր դասընթացքներուն. քերականութիւն, գրականութիւն, պատմութիւն եւ կրօնք:
Վերոյիշեալ նիւթերուն յաջողութեան նուազագոյն նիշը «Պի» (B) է. դասարան փոխելու հիմնական պայմաններէն մէկը հայերէնի նիւթերուն մէջ յաջողիլն է:
Դպրոցի սահմաններէն ներս հայերէն խօսիլը պարտադիր է:
Բոլոր անոնք, որոնք կը խախտեն այս օրէնքները, պիտի զրկուին «Մեսրոպ Մաշտոց» վարժարան յաճախելէ:
Կարդացածիս հաւատալու եւ չհաւատալու խառն զգացումներով, ետ ու առաջ կը դարձնեմ թերթին էջերը, նոյն պարբերութիւնները կրկին ու կրկին կը կարդամ՝ վստահ ըլլալու համար թէ կարդացածս ճիշդ է եւ լաւ կը հասկնամ: Այս շշմած վիճակիս մէջ կը լսեմ տանս դրան զանգը. վազելով կ՛երթամ եւ դուռը կը բանամ: Տարիներու բարեկամս՝ Գէորգն է. ուրախութեամբ կը դիմաւորեմ զինք եւ նախ քան որպիսութիւնը հարցնելս, աստիճաններէն վեր բարձրանալու ատեն կը հարցնեմ.
- Գէորգ, կարդացի՞ր «Ասպարէզ»ի մէջ լոյս տեսած անհաւատալի’ բայց շատ հետաքրքրական լուրը:

- Չէ, այսօր առիթ չեմ ունեցած թերթը թղթատելու. ինչո՞ւ… ի՞նչ կայ որ այսքան խանդավառ կ՛երեւիս. նոյնիսկ չբարեհաճեցար նախ քան թերթի մասին խօսիլդ որպիսութիւնս հարցնել:
- Ի՞նչ որպիսութիւն, ի՞նչ բան Գէորգ. նստիր եւ կարդայ, աչքերուդ պիտի չհաւատաս,- ըսի, ու նստելուն պէս, աչքերուն դիմաց բռնեցի «Ասպարէզ»ի առաջին էջի վերնագիրը: Գէորգը, որ կը տիրապետէ հայերէն լեզուին ու զայն հեզասահ կը կարդայ, կարծես թէ վանկ առ վանկ հեգելով էր, որ կը կարդար այդ քանի մը բառերէ բաղկացած վերնագիրը: Թերթը ձեռքէս առնելով, անգամ մը եւս ուշադրութեամբ աչքէ անցուց վերնագիրը, ու հանելուկը լուծողի գոհունակութեամբ՝ բարձրաձայն խնդալով ըսաւ.
Ա՛յ տխմար, այ խե~ղճ, միամիտ: Օրուան թուականին ուշադրութիւն չըրի՞ր. այսօր Ապրիլ մէկ է եւ «Ասպարէզ»ը այս վերնագիրով կատակ մը կ՛ընէ իր ընթերցողներուն հետ:
Յանկարծ վրաս պաղ ջուր թափեցաւ. ակնթարթ մը հաւատացի ըսածին. սակայն թերթը ձեռքէն ետ քաշելով ըսի.
- Ի՞նչ Ապրիլ մէկ, ի՞նչ բան. տե՛ս նկարները, երկար բարակ յօդուած գրուած է ամէն տեսակ մանրամասնութիւններով. չէ՛ Գէորգ, չէ՛. լուրը իրաւ է. շուտով պիտի բացուի այս խիստ անհրաժեշտ վարժարանը: Վերջապէս յոյս մը պիտի ունենանք հայերէն լեզուն պահպանելու եւ հայ մշակոյթին ու գրականութեան ծանօթ սերունդ մը դաստիարակելու:
Գէորգին դէմքի արտայայտութիւնը լրջացաւ, թերթը ձեռքէս յափշտակելով ըսաւ.
- Մինչեւ սուրճը պատրաստելդ, ես սա յօդուածը կը կարդամ եւ ըստ այնմ կը խօսինք:
Խոհանոցէն վերադարձիս Գէորգ արդէն յօդուածը ամբողջութեամբ աչքէ անցուցած էր. դէմքին վրայ ապշած արտայայտութիւն մը կար: Սառած աչքերով կը նայէր մեծ տառերով գրուած վերնագիրին: Առանց իմ կողմս դառնալու, ձեռքը երկարելով վերցուց սուրճի գաւաթը ու առաջին ումպը հազիւ խմած սկսաւ խօսելու.
- Բայց քառասունէ աւելի տարիներ, Կլենտէյլի մէջ ազգային երկրորդական վարժարան մը ունենալու ծրագիրը խօսքի սահմաններէն անդին չանցաւ եւ մեր այդ երազը չիրականացաւ, իսկ հիմա ի՞նչ պատահեցաւ, ե՞րբ այս աշխատանքը տարուեցաւ. ովքե՞ր են ասոնք եւ ինչպէ՞ս այս հսկայական գործը կրցած են յաջողցնել…
Գէորգ կը շարունակէր իր հարցումները հարցնել մէկը միւսին ետեւէն, առանց իսկ պատասխաններ ակնկալելու:
Չկարենալով խանդավառութիւնս զսպել, զինք ցնցելով ընդմիջեցի.
- Բայց ի՞նչ արժէք ունին ովքերը, ինչը եւ ինչպէսը… Կարեւորը այն է, որ մեր գաղութը վերջապէս ունեցաւ այն, ինչ քառասուն տարիներէ ի վեր կ՛երազէինք ունենալ, այդպէս չէ՞:
Գէորգ դէմքը դարձուցած էր ինծի եւ կը հետեւէր ըսածներուս, կ՛ուզէր խօսիլ «Մեսրոպ Մաշտոց» վարժարանին մասին, սակայն առիթ չտալով շարունակեցի.
- Ըստ երեւոյթին՝ տակաւին ունինք խելքը գլուխը մարդիկ, որոնք գիտակցելով Սփիւռքի իրավիճակին, իրագործած են այս հոյակապ ծրագիրը: Մեր գլխուն եկած վերջին հարուածը տեղի ունեցաւ Հալէպ. Գէորգ, կը յիշես, այնպէս չէ՞. այդ ի՞նչ հարուած էր. Հալէպէն առաջ Պարսկաստանը եւ անկէ առաջ Լիբանանը: Ի վերջոյ այս երկիրներուն մէջ էր, որ կը պատրաստուէին մեր ղեկավարներն ու դաստիարակները, այնպէս չէ՞:
Շահագործելով Գէորգին լռութիւնն ու ազնուութիւնը շարունակեցի.
Մօտ տասնհինգ տարիներ առաջ փակուեցաւ Լիբանանի մէջ Հայագիտականը եւ փոխադրուեցաւ Հալէպ. այսօր վեց տարիներ անցեր են Հալէպի այդ ծանր օրերէն, երբ կորսնցուցինք Հայագիտականն ալ, ամէն բան ալ… Քար ու քանդ եղան մեր հիմնարկները, որոշ մաշում ապրեցաւ Հալէպի մեր գաղութը. բայց հակառակ այդ բոլորին, այսօր ան դարձեալ ոտքի կանգնած է. թէեւ կը կաղայ, բայց առաջ կ՛երթայ: Գերմարդկային ճիգերով կը փորձէ վերականգնել այն, ինչ ըրած էր 1915էն մինչեւ 2012 թուականը:
Տակաւին կը շարունակէի անկապ միտքերս դուրս տալ, երբ Գէորգ ընդմիջեց եւ հանդարտ ու մտահոգ ձայնով ըսաւ.
- Սիրելիս, այս ըսածներդ հասկնալի են եւ ընդունելի, սակայն եկուր վերադառնանք մեր այսօրուան նիւթին. այս գաղութը ինչպէ՞ս պիտի կարենայ այսպիսի տուեալներով եւ այսպիսի խիստ պայմաններով վարժարան մը պահել. այդ շքեղ շէնքին ծախսերը ինչպէ՞ս պիտի կարենանք հոգալ. այդ նշուած մասնագիտացած ուսուցչական կազմի տարեկանը ո՞վ պիտի հայթայթէ. դպրոցի սահմաններէն ներս հայերէն խօսելու պայմանները ո՞վ պիտի ընդունի եւ ո՞վ պիտի պարտադրէ, եւ այլն եւ այլն: Կը կարծե՞ս, որ այս գաղութը պիտի կարենայ նման ծանր բեռին մը տակէն դուրս գալ:
- Ինչո՞ւ չէ, Գէորգ, եկուր պարզ թուաբանական հաշիւ մը ընենք: Այս վարժարանը պիտի ունենայ տասներկու դասարաններ, իւրաքանչիւր կարգի համար երկու բաժիններ: Ենթադրենք իւրաքանչիւր դասարան պիտի ունենայ երեսուն աշակերտ, ուրեմն աշակերտութեան ընդհանուր թիւը պիտի ըլլայ եօթը հարիւր քսան: Այստեղ յիշուած եօթը շրջաններուն մէջ ապրող հայութեան թիւը մօտաւորապէս հասած է եօթը հարիւր հազարի, այնպէս չէ՞: Ըսենք թէ այդ թիւին տասը առ հարիւրը հայկական վարժարան յաճախելու տարիք ունի, այսինքն՝ ԵՕ-ԹԱ-ՆԱ-ՍՈՒՆ հազար հայ աշակերտներ: Գէորգ, եթէ այս աշակերտութեան հարիւրէն մէկը «Մեսրոպ Մաշտոց» յաճախէ, ուրեմն մեր այս նոր վարժարանը կ՛ունենայ եօթը հարիւր աշակերտ:
Գէորգ, վստահելով թուաբանական կարողութիւններուս, առանց արատասանած թիւերս ստուգելու, միայն մտիկ կ՛ընէր: Ուստի շարունակեցի.
Ճիշդ պիտի ըլլայ ենթադրել, թէ այդ եօթը հարիւր աշակերտութեան քսան առ հարիւրը, նիւթապէս անկարող ըլլալով, պիտի չկարենայ կրթաթոշակ տալ եւ անվճար պիտի ուսանի. ուստի վարժարանը պիտի ունենայ հինգ հարիւր վաթսուն վճարովի աշակերտներ: Նկատի առնելով յայտարարուած թոշակը՝ տարեկան տասնհինգ հազար տոլար, դպրոցը պիտի կարենայ թոշակներէն տարեկան ութ միլիոն չորս հարիւր հազար տոլար եկամուտ ապահովել: Ենթադրենք ուսուցչական կազմի թիւը մօտաւորապէս յիսուն է եւ իւրաքանչիւրին տարեկանը միջին հաշուով հարիւր քսան հազար տոլար է, ուսուցչական կազմի ծախսերը կ՛ըլլան վեց միլիոն տոլար: Թոշակներէն աւելցած երկու միլիոն չորս հարիւր հազար տոլար գումարով ալ կը հոգացուին միւս պաշտօնեաներուն եւ վարժարանի ծախսերը:
Այս վերլուծումները ընելէս ետք, անդրադարձայ, որ Գէորգի դէմքին վրայ քմծիծաղ մը կար, եւ նախ քան բան մը ըսելս՝ սկսաւ խօսելու.
- Չէ՛, բարեկամ, չէ, պիտի չյաջողի. ես չեմ հաւատար. այդ պայմաններով այս մէկը չի յաջողիր. ուզածնուն չափ լաւ շէնք կառուցեն, լաւագոյն ուսուցիչները եւ դոկտորները բերեն, ներկայ կացութենէն բան չի փոխուիր:
Գէորգի դէմքը լրջացած էր եւ ձայնին ու խօսակցութեան ոճին մէջ ցաւ ու վրդովմունք կար: Շարունակեց.
- Այդ պայմաններն ու օրէնքները նախ եւ առաջ պէտք է ուսուցիչներուն պարտադրուին, եւ ոչ թէ աշակերտներուն: Միթէ դպրոցները չե՞ս այցելեր. չե՞ս նկատած, որ ուսուցիչներուն եւ վարչական կազմի անդամներուն մեծամասնութիւնը հայերէն չի խօսիր դպրոցներէն ներս: Ալ ո~ւր մնաց աշակերտութիւնը…
- Այո՛, Գէորգ,- ընդմիջեցի-, Ճիշդ ատոր համար է որ ես կը հաւատամ այս նոր զաղափարին, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ Վարժարանի գաղափարին: Եկուր մէկդի դնենք «հայկական է պատուական է» մտայնութիւնը եւ առարկայական մօտեցումով քննարկենք հարցը: Եթէ բաղդատենք մեր դպրոցներու ամերիկեան կարգ մը յառաջադէմ դպրոցներուն հետ, պիտի տեսնենք, թէ շատ ու շատ բաներով ետ ենք անոնցմէ. շէնքի կառոյցով, տարրալուծարաններով, գրադարաններով, մարզական սարքաւորումներով, դասաւանդուած նիւթերու քանակով, ուսուցիչներուն եւ պաշտօնեաներուն վարձատրութեամբ եւ հայթայթուած նպաստներով. համաձայն ես, չէ՞: Հակառակ այս բոլորին, պատիւ մեր դասատուներուն, որ այս ամէնքը գիտնալով հանդերձ կը պաշտօնավարեն մեր դպրոցներէն ներս, եւ պատիւ մեր ծնողներուն, որ մեծ զոհողութիւններով իրենց զաւակները կը ղրկեն հայկական վարժարան, որպէսզի հայերէն սորվին եւ հայեցի դաստիարակութիւն ստանան: Սակայն դժբախտաբար, ես եւ ինծի պէս շատեր զոհերն ենք «հայկական է պատուական է» ըմբռնումին, որովհետեւ մեր վարժարանները չկրցան փոխանցել այն, ինչ կ՛ակնկալուէր իրենցմէ եւ չկրցան պատրաստել հայախօս սերունդ մը, չկրցան մեր երիտասարդութիւնը զինել մեր ազգային արժէքներով, մշակոյթով եւ մեր հարուստ պատմութեամբ:
- Ինչո՞ւ Գէորգ, ինչո՞ւ… ամօթ չէ՞ մեզի: Կրնա՞ս ըսել, թէ հայկական ո՞ր դպրոցի բակէն ներս հայերէն լեզուն է որ կը հնչէ. կրնա՞ս օրինակներ տալ, թէ մեր ո՞ր միութեան ժողովները հայերէնով է որ կը վարուին. ո՞ր վարչութեան ժողովներուն ատենագրութիւնները հայերէնով կ՛արձանագրուին: Ծիծաղելի չէ՞ որ անգլերէն լեզուով հայապահպանում կը քարոզենք. ամօթալի եւ խղճալի երեւոյթ չէ՞, երբ անգլերէն լեզուով մեր նոր սերունդին կը պատմենք, թէ ինչպէ՞ս հայ մայրը անապատի կիզիչ աւազին վրայ էր որ իր զաւկին Այբ ու Բենը կը սորվեցնէր, որպէսզի ան իր ազգութիւնը չմոռնայ: Արդեօ՞ք փաստուած իրողութիւն չէ՞, որ ազգերը կը շարունակեն գոյատեւել՝ պահպանելով իրենց լեզուն, մշակոյթը եւ հողը. իսկ լեզուն, լեզո՛ւն հողէ՛ն ալ աւելի կարեւոր է. միթէ լեզուն չէ՞, որ տասնեակ տարիներ մեզ հայ պահեց Սփիւռքի մէջ. իսկ ո՞ւր են հայերը այն գաղութներուն մէջ, որոնք չկրցան պահպանել հայերէն լեզուն: Օրինակներ կ՛ուզե՞ս. Լեհաստան, Հնդկաստան, Պուլկարիա, Եգիպտոս. բաւակա՞ն է, թէ ուրիշներ ալ թուեմ: Եթէ այսպէս շարունակենք, ի՞նչ կը կարծես պիտի ըլլայ մեր ապագան այս երկրին մէջ:
Վայրկեան մը լռութիւն տիրեց. Երկուքս ալ յուսախաբութեան զգացումներ կ՛ապրէինք. լռութիւնը ընդմիջելով ըսի.
- Ելի՛ր, Գէորգ. ելիր տունդ գնայ. արդէն առաւօտեան ժամը 3 եղաւ. շատ կը ներես, որ քեզ երկար պահեցի, գլուխդ ցաւցուցի եւ քեզ օգտագործեցի, որպէսզի կարենամ երազս ընթերցողիս բացատրել: Չէ՞ որ երազն է ամէն իրագործումի առաջին քայլը: Որեւէ ծրագիր երազով է որ կը սկսի եւ հետեւողական աշխատանքով է որ կ՛իրականանայ:
Այո՛, սիրելի ընթերցող, զիս խենթ կարծէ, վնաս չունի. սակայն անկասկած, որ ինծի նման ուրիշ խենթեր ալ կան այս աշխարհին վրայ եւ հաւանաբար իրարու միանալով, օր մը այդ «խենթեր»ու խմբակն է, որ պիտի իրականացնէ ՄԱՇՏՈՑԻ ԲԱՑԱՌԻԿ Վարժարանի երազը:

Դեկտեմբեր 2013, Կլենտէյլ

——————————————————————————————————

ՊԸՐՊԵՆՔ

ՀՅԴ «ԱՂԲԱԼԵԱՆ»
ԿՈՄԻՏԷՈՒԹԻՒՆ
ՀՕՄ-Ի «ԱՐԱԶ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՀՄԸՄ «ՍԻՓԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՀԵԴ «ՎԱՐԱԳ» ՈՒԽՏ
«ԿԱՅԾԱԿ» ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ
ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Շնորհաւոր Նոր Տարի Եւ Ս. Ծնունդ

Թող Բոլորիս æանքերով
Վերականգնի
Միացեալ Հայաստանը

——————————————————————————————

THANK YOU TO ALL OUR SUPPORTERS
HAPPY NEW YEAR & MERRY CHRISTMAS
FROM TERCHOONIAN HOME ORPHANAGE

North American Office: 21700 Greenfield Rd. #324, Oak Park, MI 48237
Tel: 248-968-8110
www.terchoonian.com
—————————————————-

Turbo
Wholesale
Tires

Wishes
the entire community
Merry Christmas
and a
Happy New Year

———————————————————

Orange County
Merry Christmas
and
Happy New Year

ARF Armen Karo
ARS Sevan Chapter
ARS Garni Chapter
AYF Serop Aghpure Badanegan
Homenemtmen Sardarabad Chapter
Hamazkayin Siamanto Chapter
ANCA of Orange County
AYF Ashod Yergat

——————————————————

ՏՈՔԹ. ՍԵԴԱ ՓԱՆՈՍԵԱՆ Եւ Ընտանիքը
Նաեւ Դարմանատան Անձնակազմը

Ջերմօրէն Կը Շնորհաւորեն
Իրենց Հիւանդներուն եւ Բարեկամներուն
Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը՝
Մաղթելով Ամենայն Բարիք
եւ Առողջութիւն Բոլորին

SEDA H. PANOSSIAN, M.D., Ph.D., ASCP
5000 Sunset Blvd., #650
Los Angeles, CA 90027
(323) 666-9491



Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles