ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ
ՆՈՐ ՏԱՐԻ, նոր բարի՞
Տարիները արագ կը յաջորդեն իրարու: Նոյն թափով, նոյն յաճախականութեամբ: Թէեւ «նոր»ը անպայման չի նշանակեր «բար»ի, այլ «տարբեր». իսկ երբեմն՝ նոյնը՝ նոր տարազով: «Բար»ին ե՞րբ պիտի գայ. պիտի գա՞յ արդեօք:
Գիտենք որ «քլիշէ»ները այլեւս տեղ չունին մեր բառապաշարին մէջ: Անոնք տեղ չունին մեր շարահիւսութեան մէջ: Գիտենք որ «Արարատ»ները այլեւս նոյն ուրախութեամբ չեն ողջունուիր: «Գալ տարի Արարատի գագաթին շուրջպար պիտի բռնենք» խօսքը այլեւս մեզ չի խանդավառեր նախորդ տարիներուն պէս:
Իսկ, «շուտով մեր նաւը խաղաղ նաւահանգիստ պիտի հասն»ի խօսքը այլեւս իմաստէ զուրկ է: Երեխաները անգամ մեր վրայ կը խնդան: «Ասիկա քանիերորդ անգամն է, որ այդ յոյսը կ՛ունենաք», կ՛ըսեն անոնք:
Նախորդ «Նոր Տարի»ները մեզի ատիկա ցոյց տուին: Բայց, մենք անգիտակցաբար չէինք ըներ անիկա: Գիտնալով հանդերձ անոր հաւանական չըլլալը, մենք մեզ խաբելով, նոյն յանկերգը կը կրկնէինք, որովհետեւ այլապէս մեր կարծեցեալ ՅՈՅՍԸ եւս մեզ պիտի լքէր: Եթէ մենք չփարէինք այդ երազին:
Պէտք է ընդունինք, որ պայմանները թէ՛ հայրենիքի՝ թէ՛ Սփիւռքի մէջ նոյնը չեն այլեւս: Թէ՛ մենք, թէ՛ հայրենիքի մեր ազգակիցները՝ անցեալ դարուն տարբեր վարդապետութիւններու յարած ենք՝ կամաւոր թէ ակամայ: Մեր իղձերը այլեւս նոյնը չեն, ինչ որ Սփիւռքի կազմութեան առաջին տարիներուն: Եւ մենք բոլորս ալ երկաթէ վարագոյրին այս թէ այն կողմը՝ կ՛ապրինք երազներով, բոլորը հիմնուած հայոց ՀԻՆ պատմութեան վրայ:
Ի՞նչ ընել ուրեմն: Բայց ինչո՞ւ պէտք է մենք բան մը ընենք: Ուրիշ ազգեր բան մը կ՛ընե՞ն իրենց հայրենիքը պահելու համար: Ո՛չ. այստեղ եւս տարբեր է մեր պարագան: Օրինակի համար. ամէն մարդ օրաթերթ կը ստանայ, նոր եւ լաւ լուրեր ունենալու համար: Մենք՝ միշտ հին եւ վատ լուրեր կը ստանանք: Յանցանքը օրաթերթինը չէ անշուշտ: Սկզբունքի տէր են այդ լուրերը եւ չեն փոխուիր երկար ատեն: Մտածեցէք քիչ մը: Մեզի չափ հայրենիքը սիրող ժողովուրդ չկայ, կը մտածենք: Երբ հրապարակաւ խօսինք կամ երգենք հայրենիքին մասին, լորձնաշուրթն կը փառաբանենք զայն: Բայց, մեզմէ ոեւէ մէկը չի փափաքիր հայրենիք երթալ, բացի եթէ պտոյտի համար է անիկա: Ինչո՞ւ: Կարծեմ, բոլորս ալ ունինք անոր պատասխանը:
Վերջերս, Հայաստանի անկախութենէն ետք, հայկական գաղութներու թիւը անհամեմատ աճեցաւ. նաեւ՝ քաղաքական կուսակցութիւններունը: Այս վերջինները բազմացան ոչ թէ երկիրը զարգացնելու եւ շէնցնելու համար, այլ՝ կուսակցութիւններու ճամբով (կարգ մը փառասէր) մարդիկ իրենք իրենց համար հանգստաւէտ աթոռներ պատրաստելու:
Միաժամանակ, տեղի ունեցաւ մարդկային արժէքներու անտեսում: Որքան աւելցաւ պետութեան իշխանաւորներուն թիւը, այնքան նուազեցաւ պարկեշտ մարդոց թիւը: Սխալ չհասկնաք զիս. մենք սփիւռքահայերս եւս, այնտեղ եթէ ապրէինք՝ անոնցմէ տարբեր պիտի չըլլայինք: Ի վերջոյ, նոյն խմորէն շինուած ենք, այն տարբերութեամբ որ, մենք աւելի բախտաւոր եղած ենք, որովհետեւ աւելի լաւ ղեկավարութիւն ունեցած ենք: Աւելին. մենք ոչ մէկ զարգացում տեսած ենք հոգեւոր-մտաւորական մակարդակի վրայ: Արդիականութիւն, այո, քաղքենի մանր-մունր բնագաւառներու մէջ. իսկ այլապէս՝ ոչինչ: Նոյնիսկ տարրական արդարութիւնը ներկայ չէ ժողովուրդին կեանքին մէջ: Թէեւ «արդարութիւն» բառը յաճախ կը գործածուի իշխանութեան կողմէ՝ պարզապէս քաղաքացիներուն զայրոյթը մեղմացնելու համար:
«Liberte, Fraternite, Egalite». (Ազատութիւն, եղբայրութիւն, հաւասարութիւն): Ասիկա էր 1789ի ֆրանսական յեղափոխութեան բնաբանը: Իսկ ի՞նչ էր մեր հանգանակը, երբ 1991ին առանց յեղափոխութեան անկախութիւն ստացանք:
Ասիկա կը նշանակէր առանց ծրագրումի այդպիսի մեծ նուէր մը ստանալ, որուն պատրաստ չէինք:
Իսկ, Թուրքիոյ մէջ, մեզ բնաջնջել ուզող թուրք կուսակցութեան անունն էր «ատալէթ վէ թերաքքը» (արդարութիւն եւ զարգացում): Բոլոր մեր թշնամիները արդարութեան անունով կ՛աշխատին մեզ ծուղակը ձգել, եւ կը յաջողին: Որովհետեւ, մենք արդարութեան անօթի ժողովուրդ ենք: Ով որ մեզի անիկա կը խոստանայ, մեզ պատրաստ կը գտնէ որեւէ փոփոխութեան: Այդ երեւոյթին անդրադարձանք, բայց, ափսոս, շատ ուշ: Երբ բանը բանէն անցած էր, եւ երբ մենք, անճրկած, մեր սխալները կը հաշուէինք: (Մինչեւ հիմա ալ յստակ չենք գիտեր մեր սխալները):
Հիմա, միշտ ալ կը լսենք թէ Սփիւռքի գործատէրերուն կ՛առաջարկուի հայրենիքի մէջ գործ ստեղծել: Թէեւ միշտ ալ լսած ենք, որ անոնք, որոնք արդէն գործ հաստատած են՝ դժգոհ են ընդհանրապէս հայրենի գործատէրերէն, որոնք ոչ միայն չեն օգներ իրենց, այլեւ կը խոչընդոտեն իրենց ճիգերը:
Ցաւալի է. շատ ցաւալի:
Քանի մը հարիւր տարի անտէր եւ անգլուխ մնալէ ետք, կը յուսայինք, որ գէթ այս անգամ գլուխ մը կը գտնենք: Չէինք գիտեր, որ հայրենիքը ինք եւս անգլուխ է: Ուրեմն, մենք քիչ մը եւս կը սպասենք: Հիմա մե՞նք աւելի կարեւոր ենք, թէ հայրենիքը: Անշուշտ՝ հայրենիքը:
Մինչ այդ այդտեղ տեղի կ՛ունենան կարեւոր իրադարձութիւններ, որոնց չենք կրնար ժամանակին հակադարձել: Մինչ այդ, անկումի ճամբան բռնած տնտեսութիւնը աւելի խորը պիտի երթայ, եւ մենք դարձեալ կը մնանք անգլուխ եւ անյոյս:
Անշուշտ, միայն հարեւանցի ակնարկ մըն էր վերոյիշեալը, զոր նետեցինք մեր հայրենիքի այսօրուան կացութեան վրայ: Յուսանք, որ շուտով այդ մութ գոյնը գոնէ մոխրագոյնի վերածուի:
Մեզ լսողները պիտի ըսեն. «Ինչո՞ւ կը պնդէք անպայման հայրենիք վերադառնալու համար: Չէ՞ք տեսներ, որ այլեւս ձեր ակնկալած հայրենիքը գոյութիւն չունի»: Գիտենք, շատ լաւ գիտենք, որ մեր սպասած հայրենիքը գոյութիւն չունի: Այդքանը կը հասկնանք: Բայց ո՞վ կրնայ մեզի արգիլել գեղեցիկ, թէեւ անհաս, երազներով ապրիլ: Ո՛չ ոք: ԽՆԴՐԵ՛ՆՔ ազատ ձգեցէք մեզ մեր ցաւին հետ:
Թերեւս կու գայ այն օրը, որ եթէ ոչ Արարատի գագաթին, գէթ անոր շուքին տակ կը խմենք հայրենիքին կենացը եւ մեր զաւակներուն ցոյց կուտանք, որ իրապէս կայ երկիր մը, որուն անունը հայրենիք է՝ Հայաստան: Կայ լեռ մը, որուն անունը Արարատ է, եւ որուն գագաթին պիտի հասնինք ՕՐ ՄԸ, պիտի հասնինք, «մենք կը հասնինք, սրբազա՛ն լեռ կատարիդ:»
===================================================
Տէր եւ Տիկ. Վահան եւ Անուշ Շամլեան
Ֆրեզնօ
երմագին մաղթանքներով
կը շնորհաւորեն համայն հայութեան
Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը
————————————————————————————————————————
Տէր եւ Տիկ. Զարեհ եւ Մելինէ Իսախանեան
Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան
Զոյգ Տօներուն Առիթներով՝
Կը Մաղթենք
Աշխարհին Խաղաղութիւն