Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ՀՅԴ 123- Այս Օրը

$
0
0

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 123րդ տարեդարձն է այսօր. տարեդարձը այն կուսակցութեան, որ հպարտաբեր պատմութիւն ստեղծեց ոչ միայն իրեն, այլեւ՝ հայ ժողովուրդին:
Պարզ սովորութեամբ չէ, որ կը տօնուի այս տարեդարձը, այլ իբրեւ առիթ՝ անդրադառնալու այն գործին, զոր կատարած է ՀՅ Դաշնակցութիւնը մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, հաղորդուելու այն ոգիին, զոր ստեղծած է ան մեր ժողովուրդին մէջ, դարերով օտար լուծերու տակ կքած, ընկճուած ու այլասերած իր կեանքով ու հոգիով:
Աւանդ մըն է ՀՅ Դաշնակցութիւնը, 123 տարիներու պատկառելի աւանդ մը, որ սակայն տարիներու թիւ չէ միայն, այլ՝ գաղափար է, գործ է: Գաղափար մը, որ վերացականութիւն չէ, այլ կենդանի ու գործօն արտայայտութիւն է. գաղափար մը, որ զանգուածները կ՛ոգեւորէ եւ շարժման մէջ կը դնէ: Հայրենիքի գաղափարն է, ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիքի գաղափարը, որ դարերով ներշնչած է հայ ժողովուրդը՝ հայոց պատմութիւնը դարձնելով անվերջ մաքառում, զոհաբերութեան խորան, հերոսապատում:
Դաշնակցութիւնը իր ծնունդով ու 123ամեայ գործունէութեամբ եկաւ բիւրեղացնելու այս գաղափարը՝ նուիրական արժէք դարձնելով զայն: Կերտեց հայ քաղաքական միտքը՝ հայրենիքի գաղափարին շուրջ համախմբելով հայութեան գործօն, հաւատաւոր ու հայրենասէր բոլոր ուժերը:
Բայց Դաշնակցութիւնը միայն գաղափարի կուսակցութիւն մը չեղաւ, այլ՝ գործի կուսակցութիւն մը: Գեղեցիկ է գաղափարը, սակայն առանց իրականացման անբովանդակ խօսք է: Դաշնակցութիւնը՝ գերազանցօրէն գործի կուսակցութիւն, ջանաց գաղափարը գործի վերածել, զանգուածները մղելով գործունէութեան եւ զոհաբերութեան: Հաց ու ջուր դարձուց անիկա հայրենիքի գաղափարը, կենսական տարրեր՝ ազատութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը, բոլորին ներշնչելով այն համոզումը, թէ առանց ազատութեան անիմաստ է ամէն գաղափար: Ազգերը ազատութեամբ ազգ են. առանց ազատութեան՝ ամբոխ ու անգոյն բազմութիւն են, ինչպէս հայրենիքները առանց անկախութեան եւ մշակոյթի հող են ու քար միայն:
Դարերու լուծին տակ կքած հայը մոռցած էր այս բոլորը, խաթարուած էր ազատատենչ ոգին, պղտորած էր իր պայծառ գիտակցութիւնը: ՀՅ Դաշնակցութիւնը, հարազատ ծնունդը հայկական յեղափոխութեան, ապա նուիրեալ ղեկավարը անոր, վերստեղծեց հին ու ազատատենչ հայութիւնը: Վերակերտեց հայ հոգին՝ արեան մկրտութեամբ ու անչափելի զոհողութիւններով: Ստեղծեց նոր հայեր, որոնք ընդունակ եղան գաղափարներու համար պայքարելու, նոյնի՛սկ նահատակուելու: Այս հայերը, մշակ-բանուորէն մինչեւ մեծանուն մտաւորականն ու քաղաքագէտը, գիտցան նոր պատմութիւն ստեղծել, պայքարի, ազատութեան ու անկախութեան նուիրուած պատմութիւն, որուն էջերը գրուեցան մեծ զրկանքներով, անհուն զոհաբերութեամբ եւ հերոսական արարքներով՝ Զէյթունէն մինչեւ Սասուն ու Սարդարապատէն մինչեւ Շուշի: Տասնամեակները այնուհետեւ դադրեցան դէպքերու արձանագրութիւն ըլլալէ, դարձան դիւցազներգութիւն, մարդիկ դադրեցան այլեւս մահկանացուներ ըլլալէ, դարձան անմահներ՝ մահուան ճամբաներու վրայ, յանուն ազատութեան եւ անկախութեան, յանուն հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի բռնաբարուած բոլոր իրաւունքներուն:
Ամէն տարի, ահաւասիկ, այս պատմութիւնն է, զոր կը տօնենք. այս անցեալը, որ անցեալ մը չէ միայն, այլ՝ ներկայ ու ապագայ մը:
Արդարեւ, մեծարանքի նշում մը չէ 123ամեակի տօնակատարութիւնը, այլ՝ վերահաստատում մը գաղափարի ու գործի այն մնայուն արժէքներուն, որոնցմով զինուած՝ հայակերտ այս կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ իր հաստատ երթը՝ իբրեւ «անկեղծ զինուոր»ը իր ժողովուրդին:

Էջի Հովանաւոր

Սահակ եւ Նայիրի Մահսէրէճեան եւ զաւակը՝ Արէն


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles