Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ՀՅԴ 123- Հրանդ Տինք, Նամակի Մը Արձագանգը Եւ Հակազդեցութիւն

$
0
0

ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ

Վերնագիրը հետաքրքրական թուելու փափաք չի փառասիրեր։ Կը ջանայ շաղկապել անհատի մը սպաննութիւնը միւս երկու իրականութեանց հետ։
Մելինէ Անումեան Տինքի մասին իր յօդուածը կը սկսի անկէ առնուած մեր հողերու մասին ծանօթ բնաբանով («ԱՍՊԱՐԷԶ», Դեկտեմբեր 21, 2013)։ Յօդուածագիրը ոչ մէկ ակնարկութիւն ունի մէջբերուած խօսքի մասին, բայց պիտի ուզէի հաւատալ, թէ չի բաժներ հոն արտայատուած գաղափարը, ինչ որ կը մղէ այս յօդուածի անդրադարձին, ինչպէս նաեւ Տինքի հաստատումին համարկումը ներկայ քննարկումին մէջ, կու գայ տիկին Անումեանի ակնարկութենէն Թաներ Աքչամի բացատրութեան՝ թէ թուրքերը փորձեր էին Տինքի նահատակումը կատարել Թալէաթի սատակման ընդհանուր բեմադրութեան մանրամասն կրկնութեամբ։ Որքան ալ ճիշդ թուին եւ նմանութիւններ չեն պակսիր, բայց կան նաեւ կարեւոր ու ակներեւ տարբերութիւններ երկուքին միջեւ։
Նախ, բաղդատականը ճիշդ չէ։ Թալէաթի սատակումը կը հանդիսանար ամբողջ ժողովուրդի մը բնաջնջման պատիժը։ Թալէաթը, իթթիհատականները եւ թուրք ժողովուրդը, ի հեճուկս ներկայի պնդումներուն՝ թէ այդպէս չէ, ցեղասպանութեան իրականացնողներն էին։ Թալէաթի սատակումը որոշողը, ինչպէս նաեւ միւս իթթիհատական ղեկավարներուն մաքրագործումը, կուսակցութիւն մըն էր եւ արարքին ծրագրողներն ու իրագործողները շուրջ տասը, տասնըհինգ անհատներէ անդին չէին անցներ։ Հրանդի սպաննութիւնը կազմակերպեր էին թուրք պետութեան անվտանգութեան ու գաղտնի սպասարկութեանց աշխատողները՝ թուրք պետութեան գիտակցութեամբ։ Ծրագրողները ընտրեր էին պատանի լակոտ մը, որպէս բլթակը սեղմող ոճրագործ, այլապէս ոճրագործը այդքան արագ կերպով չէր ձերբակալուեր։ Հիմնական եւ ամէնէն նշանակալից տարբերութիւնը՝ գործողութեան վայրն էր։ Պերլինը հայոց մայրաքաղաքը չէր կամ Հայաստանի մեծագոյն քաղաքներէն մին. օտար էր ու օտարներով բնակուած քաղաք։ Կոստանդնուպոլիսը միւս կողմէ, Թուրքիոյ մեծագոյն քաղաքը՝ թուրքերով բնակուած։ Ուրեմն, Հրանդին սպաննութեան ոճիրը ընտանեկան ապահով ու… տաքուկ միջավայրի մէջ էր կայացած։ Բեմադրութիւնը յաջող էր ու կատարուած հարազատ հանդիսականներու ջերմ ներկայութեան եւ… գուրգուրոտ, խրախուսիչ ու ներողամիտ նայուածքին տակ։ Արարքը կատարուած էր… ապահով միջավայրի մը մէջ եւ հո՛ս է որ թանձրացեալ ահաւորութեամբ երեւան կու գայ թուրք նկարագիրի յատուկ շերտը։ Թուրքը սքանչելիօրէն խիզախ է, յանդուգն ու քաջ, երբ իր հակառակորդը կը բաղկանայ տարեցներէ, երեխաներէ, կիներէ ու անզէն անհատներէ, կամ իրենց բանակին մէջ ծառայող բայց զինաթափուած զինուորներէ, եւ կամ թուրք բանակին մէջ ծառայող մըն է, իր զինակոչիկի պարտաւորութիւնը լրացնող Սեւակ Պալըքճը մը, եւ կամ  Տինքի նման մտաւորական մը, որուն միակ զէնքը իր… գրիչն էր, որ սարսափեցուցած էր թուրք պետութեան օսմանոֆաշիստ համակարգը։ Արդ, թուրքը այս բոլորը կրնայ շատ արմատականօրէն ոչնչացնել՝ չխնայելով ոչ մէկ դժոխային միջոց՝ իրագործելու իր ոճիրը։ Այս իրականութիւնը կը յիշեցնէ երիտասարդ համալսարանականին ելոյթը Յիսնամեակի օրերուն՝ հայ համալսարանականներու կազմակերպած ձեռնարկին՝ «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, Պէյրութ։ Երիտասարդ ուսանողը իր խօսքին մէջ կ՛ընէր ծանրակշիռ, իւրաքանչիւր բառը բոցավառող հրակարմիր, ածխակրակ ամբաստանութիւնը ամբողջ թուրք ժողովրդին, երբ կը պատգամէր.  «Այն պահուն, երբ թուրք արգանդին մէջ սաղմը կը բեղմնաւորուի, չարիքն է, որ «ծնունդ կ՛առնէ»։
Ցեղապաշտակա՞ն է այս հաստատումը։ Վստահաբար ոչ։ Այդ երիտասարդ տղան կամ ոեւէ այլ հայ, ցեղապաշտութեան դէմ ոչ ոքէ շան քարոզ լսելու կարիքը չունէր եւ չունի նաեւ այսօր։ Ան եւ միւսները բոլոր, պարզապէս հայեր էին ու են եւ որոնց պապերը բոլոր՝ սպաննուեր, այրուեր, մորթուեր էին թուրք ժողովուրդին կողմէ, պարզապէս որովհետեւ հայեր էին։ Եւ երբ իրենց թոռներէն մին ցեղասպանութենէն յիսուն տարի ետք, չարիքը կը տեսնէ թուրքին մէջ ցեղապա՞շտ պէտք է ըլլայ, թէ անհունօրէն ճշգրիտ ախտանշողը թուրք խառնուածքին ու նկարագիրին։ Ի վերջոյ, եթէ թուրքերը 1915ին ու անկէ ետք ցեղապաշտ չեն, ովքե՞ր են հապա։
Տարբերութիւն մը եւս կայ կրկին Հրանդ Տինքին հետ կապուած։ Այս անգամ իր յուղարկաւորութիւնն էր, որուն կը մասնակցէին հարիւր հազարաւոր թուրքեր եւ իբր վերջին մեծարանք ու յարգանք Տինքին, պարզուած պաստառներու վրայ հրկիզող տառերով բարբառող՝ զանգուածային սէրն ու խանդաղատանքը.
«Բոլորս Հրանդ Տինք ենք, բոլորս՝ Հայեր»։
Շփոթեցնո՞ղ է այս հաստատումը։ Ոչ։ Պարզապէս ուշացած աղաղակն է թուրք ազնուութեան, զոր հաստատելու ոչ մէկ դժուարութիւն ունի ոեւէ հայ։ Եւ եթէ կարելի ըլլար, այդ 1965ի երիտասարդը այնքա՜ն խանդաղատանքով, այնքա՜ն սիրով պիտի ողջագուրուէր այդ հարիւրաւոր հազարներու հետ եւ միասնական աչքերէն հոսող ուրախութեան արցունքներուն մէջ խեղդել այդ ահաւոր խօսքին թելադրած փոխադարձ մախանքը, ոխը եւ նման զգայնութիւններ։ Բայց 1915ի բազմութիւնները նման հաստատում չըրին։ Կոտորեցին։ Անոնք նման ջերմութիւն ու հարազատութիւն չեն թելադրեր, հակառակ որ 600 տարի իրարու հետ միասին ապրեր էինք ու միասին հաց կիսեր։ Այդ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ապականեցաւ ամէն ինչ՝ արարչատիպ Մարդը վերածելով անասնական կիրքէ տարուած վայրագ անասունի։
Յիսուն տարի եւ հսկայական թուրք զանգուածը ինքզինք կը վերագտնէ իբրեւ ազնուութեամբ յատկանշուող մա՛րդ եւ նոյն ժամանակի ընթացքին հայ երիտասարդին նոյն մտածումը, նոյն ապրումը նաեւ՝ այդ զանգուածին մարդկայնութեամբ պայմանաւոր ու սահմանափակօրէն մակարդուած։ Ամբողջական մակարդման ու ներման պահը կու գայ երբ թուրք ժողովուրդը իր պետականութեամբ աշխարհին ու մեզ կը բացայայտէ իր զղջումը ու ներողութիւն հայցէ մեր մեռելներէն, որպէսզի արմատացած քէնը ամբողջութեամբ սրբուի մեր զուգակշիռ պատմութենէն՝ յանգունատիպ սիրով, փոխադարձ վստահութեամբ։
* * *
Տինքի մասին յօդուածին լոյս տեսնելէն մօտ երեք ամիս առաջ մեր ազգային-քաղաքական կեանքը սկսած էր տակն ու վրայ ըլլալու։ Ազգովին ականատեսները կ՛ըլլայինք անըմբռնելի, ահռելի գործընթացի մը։ Անցնող չորս ամսուան տագնապալի շրջանը սկսաւ նախագահ Սարգսեանի Մոսկուա այցելութեամբ եւ Սեպտեմբերի 3ին կատարած յայտարարութեամբ թէ Հայաստան կը միանար Եւրասիական Մաքսային միութեան համակարգին, զիջելով իր ինքնիշխանութիւնը Ռուսաստանի, Պելոռուսի ու Ղազախստանի հետ ստեղծուող անվերծանելի միութեան մը, որուն մասնակիցներէն երկուքը Ատրպէյճանը պաշտպանող պետութիւններ են եւ հաւանաբար նաեւ մեր թշնամիները։ Չորս ամիս ետք, տարին իր աւարտին հասնելէն շաբաթ մը առաջ, Հայաստանի Ազգային ժողովը վաւերացուց առեւտրական պայմանագիր մը, որուն իբրեւ հետեւանք Հայաստան կը ծախէր հայեւռուս քարիւղի ընկերութեան բաժնեթուղթերու իր ունեցած քսան տոկոսը նոյն ընկերութեան՝ կարծէք իր լրումին հասցնելով Հայաստանի ինքնամատուցման շուտիկ կամեցողութիւնը։ Հայկազն Ղահրիյեանի բնութագրումով՝ «ըստ հայեւռուս համաձայնագրի՝ Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքական ու տնտեսական խնդիրները, իրաւասութիւնն ու որոշումներ կայացնելու իրաւունքը պաշտօնապէս անցնում է Մոսկուային»։
Նոյն այդ ժամանակահատուածին մէջ, նախքան համաձայնագիրի վաւերացումը, մեր ժողովուրդը ինքզինք շատ զարտուղի իրականութեան մը առջեւ գտաւ։ Հայրենի մամուլը հրատարակեց Զօրի Բալայեանի նամակը (14 Հոկտեմբեր, 2013 թուակիր) ուղղուած Ռուսիոյ նախագահ պրն. Վլատիմիր Վլատիմիրովիչ Փութինին։ Նամակագիրը կ՛աղերսէր, կը պաղատէր եւ կամ այն ինչ որ մարդիկ կ՛ընեն իրենցմէ զօրաւորին՝ Ռուսիոյ նախագահին առջեւ քծնելու պահուն։ Անոր կը յիշեցնէր Կիւլիստանի դաշնագրի կնքման 200ամեակը եւ այդ առիթով, տարօրինակօրէն, սկուտեղի վրայ դրած թէ՛ Հայաստանը եւ թէ Ղարաբաղը կը նուիրէր Ռուսիոյ նախագահին։ Չէր մտածած, թէ այդ քայլով Հայաստանը կը վերածուէր որձատ պետութեան։ Թէ ինչը մղեց Բալայեանին կարծելու, թէ ինքն է տէրը Հայաստանի ու Ղարաբաղի, առեղծուածային գաղտնիք մըն է, որուն վերծանումը պէտք է թողուլ մասնագէտ հոգեբոյժներու։
Իրերայաջորդ այդ երեք պատահարներուն ուժգին կերպով հակադարձեց հայրենի ընդդիմադիր մամուլը։ Շարք մը հայրենի հրապարակագիրներ, որոնց մէջ տիկին Հրանոյշ Խարատեան՝ սքանչելի հայերէնով եւ Իկոր Մուրատեանը՝ եղծուած ու որձեւէգ հայերէնով, բայց յանդուգն ու անողոք, անխնայօրէն դատապարտեցին իրականութիւնը։ Ի դէպ, ափսոս է Մուրատեանին՝ իր յօդուածները հաճոյքով ու ջղայնութեամբ կը կարդացուին, որովհետեւ գործածած լեզուն հայերէնէ բացի ամէն ինչ է։
Ասոնց, վերը յիշուածներու կողքին, բազմաթիւ համախոհներ նոյն ուժգնութեամբ անդրադարձած էին այդ իրականութեան։
Այս օրերուն, վկաներն ենք մեր պետականութեան ինքնիշխանութեան չքացման։ Անըմբռնելիօրէն պետութիւնը յարմար չտեսաւ այս բոլորը բացատրելու, իրազեկելու հանրային կարծիքը, թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս Հայաստանը կքեցաւ այնպիսի պարտքերու տակ, որ ստիպուած էր ծախել իր բաժնեթուղթերը։ Այլ խօսքով, այժմու կառավարութիւնը որոշեց պետական գոյքը, որ իրը չէ, ծախել։ Եւ դեռ, պետութիւնը ինչո՞ւ նախընտրեց ժողովուրդը յիմարի տեղ դնել, փոխանակ հաշուետու ըլլալու անոր։ Թերեւս ծայրայեղ հակադարձը, որուն ականատեսներն ենք, տեղի չէր ունենար եւ ինչո՞ւ կամ ի՞նչ էր պատճառը, որ կը մղէ այս կառավարութեան մութի մէջ թողուլ հանրութիւնը եւ զայն անակնկալի բերել կատարուած իրողութեանց առջեւ։
Ատենին, մօտ ութը տարի առաջ, հայրենի պետական դէմքերէն մին Նիւ Եորքի Ազգային առաջնորդարանին մէջ հանդիպման ընթացքին կը յայտնէ հետեւեալ կարծիքը. Հայաստանէն պէտք է մօտ 200,000 մարդ դուրս ելլէ որպէսզի երկիրը կարենայ ինքնաբաւ ըլլալ ու յառաջդիմել։ Այդ հանդիպումէն ու հաստատումէն անցած է մօտ ութ տարի, իսկ Հայաստանէն արտագաղթողներու, հայրենի տունը լքողներուն թիւը եռապատիկն է վերը մէջբերուած թիւին։ Այդ յարգելի անձնաւորութիւնը, տակաւին պաշտօնի վրայ, ո՞ր օրուան կը սպասէ կամ ի՞նչ միջոցառումներ կը կիրարկուին այդ ահագնացող վտանգին առաջքն առնելու։ Ինչպէ՞ս կը պատահի, որ այդ զանգուածը կը լքէ Հայաստանը՝ օտար ափերը նախընտրելով։ Իրականութիւն է, թէ Ղարաբաղը մեծ թիւով բնակիչ կրնայ ընդունիլ։ Եթէ մեր ժողովուրդին համար Հայաստանի սահմանները իրապէս նեղ են, ինչո՞ւ արտահոսքի ուղղութիւնը չփոխել ու չտանիլ դէպի Ղարաբաղ, որուն հողատարածքը Լիբանանէն աւելի մեծ է, բայց բնակչութեան թիւը Լիբանանի բնակչութեան գրեթէ մէկ տասներորդը։ Տակաւին չխօսելով անվտանգութեան նկատառումներու եւ տնտեսական ուժականութեան մասին։ Այլ խօսքով, ինչո՞ւ անպայմանօրէն մղել մեր ժողովուրդը անվերաքննելի օտարման։
Հայաստանի կառավարութիւնը այդ երկու որոշումները առնելէ ետք ինքզինք դրաւ Պրեխթի նկարագրած կացութիւններէն մէկուն մէջ, ուր Արեւելեան Գերմանիոյ Կոմկուսի Կենտկոմը ժողովի մէջ է եւ ժողովուրդի դժգոհութիւնները կը քննարկէ։ Յետ մտքերու երկարատեւ ու սպառիչ փոխանակման, ժողովը կ՛որոշէ եւ ի տես երկրի քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական քաոսային վիճակին, իբրեւ լուծում կը ներկայացնէ ու ի նպաստ կը քուէարկէ ժողովուրդը… փոխելու առաջարկին։
Չըլլա՞յ թէ Հայաստանի մէջ եւս դժուարութիւնները յաղթահարելու անկարող պետութիւնը որոշած է ժողովուրդը փոխել եւ արդէն իսկ կը գործադրէ այդ որոշումը։ Այլապէս, ինչպէս բացատրել անոր կրաւորական, պիղատոսավայել կեցուածքը ժողովուրդին արտահոսքի իրականութեան դիմաց։ Գերմանիոյ մէջ Պրեխթ մտացածին ժողով մը նկարագրած էր։ Հայաստանի մէջ՝ իրաւօրէն ազգակործան ողբերգութեան մը իրագործումն է, զոր կը տեսնենք։
* * *
Ինչո՞ւ այս բոլորին անդրադառնալ, երբ կը տօնենք ՀՅԴ 123րդ ամեակը։ Ժողովուրդը յուսահատեցնելո՞ւ համար։ Այդ չէ նպատակը անշուշտ։
Սփիւռքը ընդհանրապէս լուռ մնաց հայրենի երկրին մէջ ծաւալող իրականութեան հանդէպ։ Արդարացուցիչ պատճառը թերեւս հայրենի ներքին գործերուն միջամուխ չըլլալու բծախնդրութիւնն էր եւ յանկարծական… խլացած ու խլացնող համրութիւնը Սփիւռքի շքանշանակիր ասպետներուն, որոնք ժամանակաւոր կերպով կորսնցուցած կը թուին ըլլալ իրենց ազգային բարոյականութեան կողմնացոյցը։ Այդ զանգուածէն ակնկալելի էր նման առաձիգ ողնաշար թելադրող լռութիւն։ Ինչ որ անհասկնալի կը մնայ ՀՅԴ զգուշաւոր լռութիւնն է, որ ակնկալուածէն աւելի երկար տեւեց մինչեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկացացուցիչին՝ Հրանդ Մարգարեանի հաստատումը, թէ «մեր երկիրը պատերազմի մէջ է եւ… պատերազմի ժամանակ երկրի արեւելումը չի փոխւում, դաշնակիցներին չեն լքում»։ Տարբեր հարցազրոյցի մը ընթացքին, շարունակելով իր միտքերը, կը յայտնէ. «Հայաստան պէտք է կարողանայ… առաւելութիւններ… ճիշդ ձեւով ապահովել… ապա հնարաւոր է որ դրանք մի շարք հարցերի… հիմնական լուծում համարուեն… առաջին հերթին անվտանգութեան հարցը… երկրորդը՝ տնտեսական կեանքի աշխուժացումն է («ԱՍՊԱՐԷԶ», 16 Դեկտեմբեր, 2013)։ Երրորդ հարցը էներգետիկ հարցն է… այս հարցերը ինձ թւում է, հնարաւոր է ապահովել ՄՄի միանալու դէպքում («ԱՍՊԱՐԷԶ», 28 Դեկտեմբեր, 2013)։ Միւս անդրադարձը դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի՝ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու ԿԿի ներկայացուցչին, կոչն էր հանրութեան, թէ «իւրաքանչիիւր հայ հասկնայ, որ ապազգային… անպատասխանատու ընթացքին դէմ պայքարը պէտք է ըլլայ անվերապահ, անսակարկ եւ ամբողջական», յայտարարելով նաեւ, թէ ներկայ վտանգը վնասազերծելը մեր օրերու «անմիջական հրամայականն է» («ԱՍՊԱՐԷԶ», 24 Դեկտեմբեր, 2013)։
Որքան ալ յստակ այս անդրադարձները ուշ էին եւ համաձայնագրերը՝ ստորագրուած։ Հետեւաբար, շարք մը հիմնական հարցումներ մնացին հարցում եւ իրենք զիրենք կը պարտադրեն լուսաբանութեան սպասելով.
Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ պետութիւնը յաջողեցաւ հանրութեան աչքին փոշի ցանել։
Ինչպէ՞ս յաջողեցան Եւրոմիութեան հետ բանակցային գործընթացը վիժեցնել։
Ինչո՞ւ պետութիւնը ընտրեց արեւելեան, Եւրասիական թեքումը։
Ի՞նչ էին Եւրոպական այլընտրանքին պայմանական տուեալները կամ ստորոգելիները, որոնք խրտչեցուցին մեր պետական համակարգը՝ կառավարութիւն, նախագահ ու Ազգային Ժողով։
Ստեղծուած աղմուկն ու զօրաւոր հակադարձը ընդդիմադրութեան, պարզ խուժանավարութի՞ւն էր, թէ՝ տեղին ու անհրաժեշտօրէն արդարացի։
ՀՅԴ ըլլալով խորհրդարանական կուսակցութիւն՝ պարտաւոր է վերոյիշեալ բոլոր հարցումներուն պատասխանելու ու բացատրել, որպէսզի կարենայ պահել ու խորացնել նախ ժողովուրդին վստահութիւնը իրեն հանդէպ եւ ապա արժեցնել իր առաջնորդողի ու յեղափոխական հնարամտութեամբ յատկանշուող առաքելութիւնը։
Ճի՛շդ է, ու պէ՛տք է սգանք Հրանդ Տինքը, Սեւակը եւ իր քունին մէջ նահատակուած հայ զինուորը։ Անոնց յիշատակը անտեսելու հարց չկայ։ Գիտենք, կը ճանչնանք թուրքը շատ լաւ, եւ պէտք չէ յուսախաբ ըլլալ եւ երբեք պէտք չէ զարմանալ, երբ նման դէպքեր կրկնուին։
Բայց,
Երբ հայրենի պետականութեան, մեր մարտիկներու արիւնով ազատագրուած հայրենի հողին, ինքնիշխան հայրենիքի գոյութիւնը խնդրոյ առարկայ է, անհրաժեշտ է արգիլել այդպիսի ելք մը։ Այդ ելքը բացառուած է եւ Սփիւռք-հայրենիք պատասխանատուութեանց սահմանագիծը ջնջուած։
Մեր գոյութենական օրակարգի յստակացման մէջ ՀՅԴ անփոխարինելի իր որոշումն ու նպաստը ունի, այլապէս ինչպէ՞ս հաշիւ տալ Ռոստոմներուն, Նաթալիներուն ու Գարօներուն։ Ըսե՛լ, թէ ստեղծուած կացութիւնն ու խնդիրները շատ բարդ էին ու մեր ուժերէն վե՞ր։ Ի՛նչ պիտի պատասխանէր Ռոստոմը այդ ինքնարդարացման։
Ռուբէնն ալ չկայ, որ բացատրէր հարցումը։ Մնաց, որ մինչեւ հոն պէտք չէ երթալ։

smargossian@sbcglobal.net

Հովանաւորներ

Royal Market
and Deli
Fresno
(559) 447-8380

Տիգրան եւ Մարի Սարգիսեան
Սան Ֆրանսիսքօ

High Tech EU Gr.
3974 Colegrove St.
San Mateo, CA 94403
Եղիշ Քէլէշեան

Blinds World   www.blindsworld.com

Մինասեան  Ընտանիք  Սէն Հոզէ,
Քալիֆորնիա

Դոկտ. Մարի Ռոզ Ապուսէֆեան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles