
Ձախէն աջ՝ Քեւըն Ուայթ, Յակոբ Թաթէոսեան եւ թենիսի խումբի մարզիչ Պապ Մեքէյ իրենց մրցանակները կը ստանան դոկտ. Փօլ Շլոսմընէն --Լուսանկարը՝ ՇԵՐԸԼ ԿՈՒԵՐՈՅի
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Էտկար Մելիք-Ստեփանեան «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս»ի մէջ կը գրէ, թէ Շաբաթ, Մարտ 9ին, Կլենտէյլի Համայնքային համալսարանին մէջ տեղի ունեցած է արարողութիւն մը՝ համալսարանի պատմութեան մէջ լաւագոյն մարզիկներու անուններ աւելցնելու համար «Հռչակի սրահ»ին մէջ:
Անուններուն մէջ էին Սերկէյ Վահրամեանն ու Յակոբ Թաթէոսեանը, որոնք մաս կը կազմէին Կլենտէյլի համալսարանի թենիսի այն խումբին, որ 2005ին խլած էր Քալիֆորնիոյ նահանգի արեւմտեան շրջաններու ախոյեանի տիտղոսը՝ հասնելով Հարաւային Քալիֆորնիոյ շրջանային աւարտախաղերուն: