Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Քրեսենթա Հովիտի Հայ Կեդրոնի Նուաճում Մը Եւս՝ «Tutoring Center»

$
0
0

ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ

Քրեսենթա Հովիտի Հայ կեդրոնը, ինչպէս միշտ, կը տանի աշխոյժ գործունէութիւն՝ նպատակ ունենալով ծառայել համայնքին եւ իր կարելիութիւնները ի սպաս դնել շրջապատի հոգեմտաւոր զարգացման:
Այս սկզբունքէն մեկնած՝ կեդրոնը յառաջացուցած է զանազան յանձնախումբեր, որոնցմէ մէկն է «սերտողութեան» յանձնախումբը (Tutoring committee), որ օգտաշատ ծրագիր մըն է եւ կիզակէտ ունի համայնքի եւ շրջապատի պատանիներն ու երիտասարդները:
Յանձնախումբը, մօտաւորապէս մէկ տարի է, որ մշակած է եւ կը գործադրէ սերտողութեան ծրագիր մը, որուն նպատակն է ուսումնական գետնի վրայ օգտակար դառնալ շրջանի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն: Յանձնախումբը, տեղական կրթական ծրագիրներու համապատասխան, ամէն տեսակ դասանիւթերու լեզուական, գիտական կամ ուսողութեան յատուկ օգնութիւն կը մատուցէ, խանդավառ, փորձառու եւ մասնագէտ ուսուցիչներու միջոցաւ:
Ծրագիրը բաց է եւ կ՛ընդունի զանազան տարիքի աշակերտներ, սկսեալ նախակրթարանի դասարաններէն մինչեւ երկրորդական, Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ օրերը, ժամը 3:30էն մինչեւ 7, անոնց օգնութիւն տրամադրելու որեւէ դասանիւթի մէջ: Ուսուցիչներ յատկացուած են նաեւ օգնելու համար տնային պարտականութիւններու (Homework) մէջ, ինչ որ օգտակար աշխատանք է մանաւանդ սկսնակներու պարագային: Ուսուցիչները անոնց պիտի օգնեն ոչ միայն գրելու համար, այլ պիտի փորձեն վարժեցնել անոնց պարտականութիւն ընելու սովորութիւնը, եւ ունին բոլոր մակարդակներու յատուկ մատչելի գիներ. մանաւանդ նոր արձանագրուողներու համար, որոշուած է 10 տոկոս զեղչ տալ, իսկ նոյն ընտանիքէն եկած երկու աշակերտներու պարագային՝ երկրորդ երեխան կը ստանայ 15 տոկոս զեղչ:
Հետաքրքրուողներ կրնան դիմել հետեւեալ թիւին կամ ելեկտրոնային հասցէին՝ (818) 925-0035,  tutoringcenter@gmail.com:
Յաջողութիւն կը մաղթենք յանձնախումբի աշխատանքներուն եւ կը սպասենք տեսնել մեծ թիւով հայորդիներ, որոնք կ՛արդարացնեն այս յանձնախումբի եւ անոր յարգելի անդամներուն ծրագրած աշխատանքները՝ միշտ հաւատալով, որ զարգացած եւ յաջողակ սերունդ մը գրաւականն է սոյն ժողովուրդի ապագայ յաջողութեան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles