Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ՀՅԴ 123- Յարգանք Եւ Պատիւ Աննկուն Նկարագիրի Եւ Երկաթեայ Կամքի Փաղանգին

$
0
0

ՅՈՎԻԿ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ծնունդը ինքնանպատակ չէր ու չէր կրնար ըլլալ, այլ ժամանակի հրամայականին արդիւնքն էր. հայ անհատի գոյութիւնը եւ հայութեան տարրական իրաւունքներու պաշտպանութիւնը ապահովելու համար կեանքի կոչուած բազուկն էր անիկա։
Նկատի առած անոր գործունէութեան տարողութիւնն ու լրջութիւնը, անոր անդամակցողները անկասկած որ պէտք է ըլլային անձնազոհ, աննկուն նկարագիրի եւ երկաթեայ կամքի տէր անձինք, որպէսզի կարենային դիմագրաւել մեր ժողովուրդի դէմ ծառացած դժուարութիւններն ու խոչընդոտները։
Սկզբնական շրջանին իր գործունէութիւնը կեդրոնացնելով Օսմանեան կայսրութեան տարածքին, որպէս հայ անհատի եւ հաւաքականութեան իրաւունքի եւ ինչքի պաշտպան, Դաշնակցութիւնը յաջողեցաւ որոշ չափով զսպել թուրք եւ քիւրտ խուժանին կամայական արարքները: Դաշնակցութիւնը նաեւ գործեց Արեւելեան Հայաստանի մէջ, ցարական իշխանութեան գործակալներուն ոտնձգութիւններուն դէմ դնելով։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գործունէութեան տարողութիւնն ու ուժգնութիւնը զգալիօրէն պարտադրեց հայութեան կամքը այդ երկու գերհզօր պետութիւններուն՝ Օսմանեան կայսրութեան ու Ցարական Ռուսիոյ. այս յաջողութիւնը արդիւնք էր հայութեան կեանքին մէջ խումբ մը գաղափարապաշտ եւ իտէալապաշտ երիտասարդներու դերակատարութեան. անոնք արհամարհելով ամէն դժուարութիւն ու վտանգ, եւ կարգախօս ունենալով «նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար»ը, ի գին ամէն զոհողութեան, յառաջ տարին իրենց սրբազան գործունէութիւնը։
Պայքարի ճամբուն վրայ ինկած նահատակները պատճառ չեղան յուսահատութեան, այլ ընդհակառակը, տոգորեցին շատեր, որպէսզի բռնեն նոյն ճանապարհը. արդիւնքը այն եղաւ, որ Դաշնակցութեան շարքերուն միացողները բազմապատկուեցան եւ պահանջատիրութեան պայքարը շարունակուեցաւ անխափան։
Տարիները սահեցան, տասնամեակները դարձան յիսնամեակ, ապա՝ հարիւրամեակ։ Իսկ այսօր, արդէն 123րդ տարեդարձն է։ Հարիւր քսան երեք տարիներու ընթացքին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր գործունէութիւնը տարածեց զանազան բեմերու եւ մարզերու վրայ։ Պատմական Հայաստանի մէջ ծնունդ առած պայքարը, երբ հարկ եղաւ, տարածուեցաւ դէպի Արեւելեան Հայասրտան եւ Անդրկովկաս։ Համաշխարհային Ա. պատերազմին եւ անկէ ետք, կարճ ժամանակաշրջանի մը համար, իր ու զինք ծնած ժողովուրդին արեան գնով ձեռք բերուած անկախութիւնը փորձեց պահել եւ պաշտպանել, սակայն անոր բոլոր փորձերը՝ պահպանելու եւ զօրացնելու հայկական նորահաստատ հանրապետութիւնը, մնացին ապարդիւն. ժամանակին ու պայմաններու հարկադրանքին տակ, Դաշնակցութիւնը ստիպուեցաւ անկախ իշխանութիւնը զիջիլ համայնավարներուն։
Այսօր, ո՞վ կրնայ ուրանալ այն հսկայ աշխատանքը, զոր Հայաստանի անկախութեան կորուստէն ետք ստանձնեց ՀՅ Դաշնակցութիւնը՝ կազմակերպելու հայկական գաղութները, ապահովելով հայութեան ֆիզիքական եւ մշակութային գոյատեւումը եւ ապա կրկին ոտքի կանգնեցնելու պահանջատէր հայ երիտասարդութիւնը՝ տէր կանգնելու իր արդար իրաւունքներուն։

* * *

Անցեալ հարիւր քսան երեք տարիներուն, այս բոլորը իրականացան շնորհիւ այն ստուար փաղանգին, որ արհամարհեց ամէն դժուարութիւն, մոռցաւ սեփական անձը, չընկրկեցաւ ժամանակի պարտադրած դժուարութիւններուն առջեւ, անկարելին կարելի դարձուց, շնորհիւ իր աննկուն նկարագիրին եւ երկաթեայ կամքին՝ հաւատալով, որ հայութիւնը անպայման պիտի հասնի իր նպատակին։
Հարիւր քսան եւ երեք տարիներու երթին ընթացքին, հազարաւորներ գրաւուեցան անոր գաղափարախօսութեամբ, եկան եւ միացան անոր. եղան այնպիսիներ, որոնք չունենալով յիշեալ դրօշակիրներու հաւատքն ու տեսլականը, չտոկացին ու հեռացան անոր շարքերէն, թէեւ շարունակեցին սեւեռիլ անոր սէգ ճակատին։
Այսօ՛ր, Սփիւռքի գաղթօճախներուն մէջ թէ մայր հայրենիքի տարածքին, հայութիւնը աւելի քան երբեք կարիքը ունին դաշնակցական նկարագիրի տէր անձերու, որոնք կարողութիւնը ունին դիւրին շնորհուած «բարիքներ»ը զատորոշելու իրական մարտահրաւէրներէն՝ յառաջ տանելու համար այն սրբազան առաքելութիւնը, որ սկիզբ առած է 1890ին եւ կը շարունակուի աննահանջ կերպով։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրը առիթ է նախ եւ առաջ իւրաքանչիւր դաշնակցականի, որ հաշուի նստի իր անձին եւ խղճին հետ եւ կողմնորոշուի ոչ միայն մեր ազգային պատկանելիութեան եւ գոյատեւման մարտահրաւէրներուն նկատմամբ, այլ նաեւ մեր հայրենիքի ու անոր գոյատեւման նախադրեալներուն առնչութեամբ, դարմանելու համար այն վէրքերն ու հետեւանքները, որոնք մեր հայրենիքն ու հայութիւնը արիւնաքամ կ՛ընեն արտագաղթի ու տնտեսական-ընկերային նահանջներու պատճառով։
Երկաթեայ կամքն ու աննկուն նկարագիրը յարգելի էին անցեալին, յարգելի են այսօր, յարգանքի արժանի պիտի ըլլան ընդմիշտ։

————————————-

Էջի Հովանաւոր

Հրայր եւ Սիլվա Սարգիսեան

—————————————

Էջի Հովանաւոր

Տէր Եւ Տիկ. Եզնիկ Գազանճեան

—————————————————

Էջի Հովանաւոր

Տէր Եւ Տիկ. Քրիս Քէօսեան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles