ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Նոր ժամանակները սեփական հունով սրընթաց յառաջ կը շարժին եւ իրենց հուժկու հոսանքին հետ, հասարակական ամէն արժէքի եւ սկզբունքի վերանայման ու վերահիմնաւորման մարտահրաւէրը շեշտելով, համաշխարհայնացման թափին մէջ կ՛առնեն ու դէպի անծանօթը կը տանին մերօրեայ մարդկութիւնը։
Ոչինչ եւ ոչ ոք անձեռնմխելիութիւն կը վայելէ։
Ամէն ինչ եւ բոլորը իրենց վրայ կը զգան զարգացման թէ քայքայման ներգործութիւնը նոր ժամանակներուն։
Բնութիւնն անգամ պաշտպանուած չէ նոր ժամանակներու համայնակուլ այդ հոսանքին դէմ յանդիման։ Հոսանք, որ միաժամանակ թէ՛ տարերային է՝ նոյնինքն բնական ուժերու խմորումներուն ենթակայ ըլլալու, թէ՛ քաղաքակրթական է՝ մօտաւոր թէ հեռաւոր անցեալի իրերայաջորդ սերունդներու կենսագործունէութեան դրոշմը՝ դրական թէ բացասական , կրելու առումներով։
Յատկանշականօրէն՝ մարդ էակի ընկալման մէջ, որքան նոր է, նոյնքան եւ հինը կը յիշեցնէ մերօրեայ աշխարհը։ Իր սովորոյթներէն դժուար բաժնուող մարդը, ներքնապէս զգալով հանդերձ, որ անխուսափելիօրէն կը փոխուի ինք եւս, կը շարունակէ բանական հիմնաւորումներ փնտռել ու գտնել իր մէջի հինն ու նորը իբրեւ մէկ անբաժան ամբողջութիւն եւ շարունակական լինելութիւն ընկալելու աւանդապահ վարքին…
Նաեւ՝ ընդհանուր ու օրինաչափ երեւոյթ է, որ զարգացած թէ թերաճ՝ բոլոր հասարակութիւններն ալ շատ ծանր կը տանին նոր ժամանակներու մարտահրաւէրին հետ քայլ պահելու հարկադրանքը, յատկապէս երբ ընկերատնտեսական ցնցումներու եւ տագնապներու ոլորապտոյտին կը մատնուին։
Համընդհանուր մարտահրաւէրը շատ ծանր կը տանի մանաւանդ հայ ժողովուրդը, որ հին ժամանակներուն հաշուեյարդարը դեռ չկատարած՝ նոր ժամանակներուն հետ եկող կամ հինին շարունակութիւնը հանդիսացող զրկանքներու եւ անիրաւութեանց յաղթահարման բաց ու ճնշող օրակարգը կը դիմագրաւէ։
Այդպիսի՛ն է հայ ազգային լինելութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրը ոչ միայն վերանկախացեալ Հայաստանի նորահաստատ իրականութեան լոյսին տակ, այլեւ՝ հայ ժողովուրդին նորովի շեշտուող գաղթերուն եւ աշխարհասփիւռ գոյավիճակին առումով։
Հետեւաբար, որքան ալ նորօրեայ հայութիւնը թափ տայ ինքնապահպանման ու ինքնահաստատման իր յորդահոս ներուժին, որքան ալ հայ քաղաքական միտքը վերանորոգել փորձէ ինքնուրոյն ներշնչման ու թռիչքի իր աւանդական պաշարները, խոստովանինք թէ ոչ, հիմնովին փոխուած են ժամանակներն ու աշխարհը, էապէս փոխուած են նաեւ ազգային մեր կեցութեան ու հոգեկերտուածքին առանձնայատկութիւնները։
Աւելի՛ն. ոչ միայն անցած ու գացած է ժամանակը ահազանգներուն, որովհետեւ նոսրացած են շարքերը ահազանգը լսողներուն, այլեւ՝ ազգային մեր հիմնական արժէքներէն նահանջը դատապարտող խօսքերն ալ իմաստազուրկ դարձած են այլեւս, որովհետեւ 2014 թուականի նոր մարդն է նաեւ մերօրեայ հայը, որ իր ներքին փոփոխութեանց հաղորդակից ազգային եւ ընկերային միջավայրի կարիքը ունի ամէն բանէ վեր։
Իսկ ի՞նչ կ՛ընէ, նման կացութեան եւ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որ ահա կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 124ամեակը։
Պարզ ու յստակ պատասխանը կայ անշո՛ւշտ։
Եթէ տակաւին կը հաւատանք, որ Դաշնակցութիւնը միսը միսէն եւ ոսկորը ոսկորէն հարազատ ծնունդն է հայ ժողովուրդին, ապա ուրեմն ամենայն հաւատքով պիտի խոստովանինք, որ հանուր հայութեան հետ Դաշնակցութիւնն ալ շատ ծանր կը տանի նոր ժամանակներուն մարտահրաւէրը. չունի նորովի պատասխաններ ոչ միայն նորայայտ հարցերուն, այլեւ արդէն հնացող խնդիրներուն, որոնք աւելի քան քսան տարիէ ի վեր կը յուզեն, Արցախի ազատագրումով եւ Հայաստանի վերանկախացումով թափ առած, ինքնահաստատման վերանորոգ երթը մերօրեայ հայութեան, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի։
Բայց եթէ միաժամանակ տակաւին կը հաւատանք, որ Դաշնակցութեան գոյութեան իմաստը մեր ժողովուրդին յեղափոխական կամքը դարբնելն ու առաջնորդելն է (յեղափոխութիւնը սահմանելով իբրեւ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան ի խնդիր մեր հաւաքական ուժին կազմակերպման գաղափարական ուղին), ապա ուրեմն նոյնքան ամենայն հաւատքով պիտի նաեւ խոստովանինք, թէ նոր ժամանակներուն հետ սկսած է ցամքիլ Դաշնակցութեան տեւական վերաթարմացման կենսայորդ աղբիւրը, որ հաւատաւոր ու ինքնահաւատարիմ՝ գաղափարապաշտ ու յանձնառու հայ երիտասարդութիւնն է։
Բաղդատական գնահատումները անյարիր են Դաշնակցութեան յեղափոխական էութեան։
Դաշնակցութիւնը չի կրնար մխիթարուիլ, որ հայ իրականութեան մէջ կը շարունակէ ըլլալ ամէնէն աւելի կազմակերպ կուսակցութիւնը, գաղափարական նկարագիր ու կարգապահութիւն ունեցող քաղաքական կազմակերպութիւնը։
Ոչ ալ Դաշնակցութեան համար ինքնագոհութեան աղբիւր կրնայ ըլլալ այն իրողութիւնը, որ հայոց նորահաս սերունդներուն ամէնէն յանձնառու եւ գաղափարապաշտ տարրերը, համեմատաբար խիտ շարքերով, կու գան միանալու մեր կուսակցութեան՝ հայ ազգային-ազատագրական պայքարը նորովի թափով շարունակելու ուխտով, մինչեւ որ իրականութիւն դառնայ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանը։
Դաշնակցութեան ուժին եւ յեղափոխական կորովին վարար աղբիւրը կը գտնուի իրեն միացող երիտասարդներուն կուսակցութեան տանտէր կանգնելու յանդգնութեան մէջ։
Պահանջատէր հայ երիտասարդութեան մարտունակ կազմակերպութիւն ընձեռելու իր ինքնահաւատարմութեամբ է, որ Դաշնակցութիւնը աւելի քան 12 տասնամեակէ ի վեր երիտասա՛րդ կը մնայ։
Եթէ Դաշնակցութիւնը կ՛ուզէք ջլատել, զրկեցէք զայն իր ըրածին եւ չըրածին համար հաշիւ պահանջող հայ երիտասարդութեան մշտանորոգ հոսքէն եւ կենսատու աւիշէն։
Բայց երիտասարդութիւնը ամէնուրեք, յատկապէս հայ ժողովուրդի օրինակով դաժան փորձութիւններէ անցած ազգերու կեանքին մէջ, չ՛առաջնորդուիր իրեն հրամցուող գրաւիչ խօսքերով եւ խանդավառող ճառերով։ Այլ՝ կ՛առաջնորդուի իր տեսած գաղափարական անձնազոհութեան կենդանի ու վարակիչ օրինակներով։
Որքան ալ ժամանակները փոխուին եւ նոր արժէքներ գան փոխարինելու հիները, կենդանի ու վարակիչ օրինակներու լեզուն կը շարունակէ պահպանել իր այժմէականութիւնն ու թելադրականութիւնը։ Կը շարունակէ մնալ սերունդներու միջեւ իրա՛ւ հաղորդակցութեան ամէնէն ուղիղ ճամբան։ Մանաւանդ երիտասարդ սերունդներուն գաղափարապաշտութիւնն ու յեղափոխական յանձնառութիւնը, էապէս սնանելու եւ լիարժէք աճելու համար, ամէն բանէ առաջ եւ վեր պէտք ունին տարեցներու անձնուիրութեան ապրո՛ղ օրինակներուն՝ ի սպաս սրբազան արժէքներու եւ սկզբունքներու ճառագայթումին։
Այդ պատճառով ալ, նոր ժամանակներուն բերած տագնապներուն ամէնէն ծանրակշիռը երիտասարդ սերունդներուն մօտ խորացող վստահութեան խախտումն է վսեմ գաղափարներու եւ անոնց դրօշակիրներուն արժանահաւատութեան նկատմամբ։
Դաշնակցութեան առաջնահերթ խնդիրը, հետեւաբար, արժանահաւատութեան աւանդոյթին վերանորոգումն է։
2014 թուականին այլեւս չես կրնար նորահաս սերունդները ոտքի հանել հայոց հայրենիքի ու պետականութեան հզօրացման դրօշով, երբ պատրաստ չես նոյն այդ դրօշով մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու ոեւէ հայրենիքի եւ պետականութեան անփոխարինելի երաշխիքը հանդիսացող ազատ ու իրաւահաւասար քաղաքացիի եւ արդար հասարակարգի հաստատման համար։
2014 թուականին չես կրնար, յեղափոխական անձնազոհութեան վրայ խարսխուած Ծրագիրով ու Կանոնագիրով, գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու յանձնառութիւնը զարգացնել հայ երիտասարդին մէջ, երբ իբրեւ կուսակցութիւն, նոր ժամանակներու պարտադրած թափանցիկութեան ու ժողովրդավարութեան խաղականոններով, լծուած ես առաջնահերթաբար քաղաքական իշխանութեան հասնելու պայքարին։
Բայց յատկապէս 2014 թուականին կրնաս Դաշնակցութեան տէր կանգնող երիտասարդութիւն գտնել ժողովուրդիդ մէջ, երբ ազգային պատասխանատուութեան ու դաշնակցական հաշուետուութեան ոգիով՝ կենդանի օրինակը տաս ինքնաքննադատութեան պատրաստ գտնուելու եւ գործուած սխալներուն ու վրիպումներուն համար պատասխանատուութիւն կրելու բարոյական հեղինակութեան։
Դաշնակցութեան 124ամեայ պատմութիւնը վկայ, որ վերաթարմացման ու նորացման աւելի առողջ ճանապարհ չկայ։
———————————–
Էջի Հովանաւոր
ՀՅԴ «Ռոստոմ»
ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ»
——————————–