Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ՀՅԴ 123- Թիրախը Դիւանագիտութիւն-Դրամատիրութիւնն Է

$
0
0

ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ

Կան իրականութիւններ, որոնց անդրադառնալը ինքնին քաղաքական գնահատանք մըն է, մանաւանդ եթէ ատիկա կը կատարուի  Դաշնակցութեան օրուան առիթով: Մեր կեանքին մէջ կայ քաղաքական գործիչներու բազմութիւն մը: Ասոնք պարկեշտ հայրենասէրներ են, որոնք իսկական գործ կը տանին Սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ, բայց դժբախտաբար քաղաքական համբաւ չունին, որովհետեւ իրենց ամբողջ կարողութիւնները լարուած կը մնան միջազգային ու պետական դիւանագիտական հրապարակներու վրայ, իսկ իրենց նայուածքները հազիւ թէ ուղղուին դէպի ժողովուրդ:
Քաղաքականութիւնը կը սնանի ժողովուրդով ու անոր է, որ կ՛ուղղուի: Քաղաքական մեր գործիչներուն տրամաբանութիւնը տակաւին կը շարունակէ մնալ հինէն եկած, արեւմտեան լուսաւորութեան ու մարդկային իրաւունքներու ցնորքին մէջ տեղաւորուած: Լաւապէս չենք տեսներ այն իրականութիւնը, որ արեւմտեան, այսպէս ըսուած, լուսաւոր մտածողութիւնը իրեն հետ բերած է նաեւ ապաքաղաքականացում, ժողովրդավարութեան հետ եկած է նաեւ բռնատիրութիւն, մարդկային իրաւունքներուն հետ նաեւ՝ գաղութատիրութիւն եւ մարդկային բնաջնջում ու մանաւանդ, քաղաքականութեան հետ՝ դիւանագիտութիւն: Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց ատեանը նորագոյն փաստը տուաւ այս իրականութեան, երբ Ցեղասպանութեան ուրացումը խօսքի ազատութիւն հռչակեց:
Արեւմտեան ազատական ժողովրդավարութիւնը անկումի մէջ է եւ չէ արդարացուցած ինքզինք: Մարդկային ազնուական իր կոչումն ու իրագործումները ապականած կը մնան ստրկատիրական աւանդոյթներով, շահագործումներու եւ դրամատիրական նկարագիրով:
Երբ կը խօսինք քաղաքականութեան տագնապին մասին, չենք կրնար անտեսել այս իրականութիւնը: Հաւանաբար ուշացած գիտակցութիւն մըն է ասիկա մեր ժողովուրդին համար: Գիտակցութիւն մը, որ կը կապուի 21րդ դարու մեր գոյատեւման գաղտնիքին ու կը պարզէ քաղաքական մեր զարգացման իսկական հարթակը: Այն հարթակը, ուր ազգային գոյատեւման մեր ռազմավարութիւնը կը մշակուի, ու հայուն քաղաքական նկարագիրը կը կառուցուի: Հայը, ի վերջոյ, ունի ազգային գոյատեւման իր ջիղը, որ կարելի չէ տկար ու թոյլ պահել դիւանագիտական ակնկալութիւններու ու սպասումի անհեթեթ վիճակին մէջ:
Բարեբախտաբար կայ 21րդ դարու դաշնակցական միտքը՝ քաղաքական-ընկերվարական տարածքին մէջ բիւրեղացած: Այս տարածքին եւ հայրենի իրականութեան մէջ է, որ հայ քաղաքական մտածողութիւնը կ՛անջատուի դիւանագիտական-դրամատիրական կաշկանդումներէն ու կը կառուցուի հայկական ինքնութեան ու նկարագիրին վրայ: Հայութենէն անդին, այս անջատումը գոյութիւն ունի նաեւ ներկայ համաշխարհայնացած իրականութեան մէջ: Ուշադրութեան արժանի է մանաւանդ ամբողջ մարդկութեան գաղափարական շերտաւորումը՝ մէկ կողմէն դիւանագիտական-դրամատիրական խաւին, իսկ միւս կողմէն քաղաքական-ընկերվարական ժողովուրդին:
Հպանցիկօրէն արտասանուած խօսք չէ այն, որ կուսակցութիւնը ծառան է ժողովուրդին: Ասիկա այն խոստումն է, որուն համաձայն, կուսակցութիւնը կը մնայ քաղաքականութեան մէջ, որովհետեւ ժողովուրդի ինքնութեան ու իւրայատուկ նկարագիրին հետ կը կառուցուի քաղաքականութիւնը: Ասոր համար ալ ղեկավար-իշխանութիւն տարրը դիւանագիտական իր աշխատանքներուն մէջ յաճախ անհաղորդ կը մնայ հայու քաղաքական զարգացման ընթացքին ու հեռու կը մնայ սովորական մարդու կենցաղէն, որ քաղաքական իրական դաշտն է, առանց աւելորդ ձեւաւորումներու:
Վերջին հաշուով, քաղաքական-ընկերվարական տարածքն է, ուր կարելի է կառուցել ազգային հարազատ ռազմավարութիւն մը: Ասիկա 21րդ դարուն մեզի ներկայացող քաղաքականութիւնն է, ուր հայ անհատը բնական կեանքը կ՛ապրի իր գործով ու ստեղծագործութեամբ, իր կարողութիւններով ու հակասութիւններով, իր ճաշով ու սուրճով, իր հանգիստով ու վայելքով: Բախումը անխուսափելի է այս կեանքին անհաղորդ դրամատէր-դիւանագէտին հետ: Ամբողջ մարդկութեան ճակատագիրն է ասիկա, որ իր ահաւոր ծանրութեամբ ինքզինք կը պարտադրէ ներկայ դարուն:
Քաղաքականութիւնը նաեւ այն հարթակն է, ուր գաղափարները իրենք զիրենք կը գտնեն ու կ՛արժեւորուին՝ կեանքին առնչակից դառնալով: Մեր քաղաքականութեան մէջ կեանքը կը կենսաւորուի ընկերվարական կշիռով եւ հայրենի հարազատ առօրեայով: Այս հաստատումը կու գայ Դաշնակցութեան ծնունդէն, որովհետեւ անոր դիմագիծը կերտուած կը մնայ ազգային-հայրենասիրական տոկուն նկարագիրին հիմամբ:
Այս նկարագիրն է, որ կ՛իմաստաւորէ 21րդ դարու հայութեան քաղաքական-ընկերվարական կենցաղը: Դաշնակցութեան քաղաքական յենարա՛նն է ասիկա, որ մնացած է անխախտ, որովհետեւ գաղափարական ուժականութիւն ունի եւ ամուր պահած է մարդկութեան հանդէպ իր հաւատքը:
Այպանելի չէ նաեւ, որ կուսակցութեան մը ղեկավարները հրաժարին քաղաքականութենէն ու զբաղին դիւանագիտութեամբ: Մտահոգիչը սակայն ժողովուրդին հեռացումն է քաղաքականութենէն: Դժբախտաբար, ներկայ իրականութեան մէջ եւ դրամատիրական-դիւանագիտական ճնշումին տակ՝ մեր ժողովուրդը օտարացած կը մնայ իր քաղաքականութենէն, ճիշդ այնպէս, ինչպէս աշխատաւորը կ՛օտարանայ իր արտադրած ապրանքէն՝ գործատիրոջ շահագործման ճնշումին տակ:
Անկախութեան այս տարիներուն մեզի համար դրամատիրութեան գործած քաղաքական աւերը, տնտեսականի կողքին, նաեւ հոգեբանական եղած է: Վարժուած ենք այն շռայլ լրատուութեան ու յօդուածներուն, ուր հայ քաղքենիին գործն ու նիւթականին չափը կը ներկայացուին իր ազգային գիտակցութեան առնչակից պարունակով: Վերջին հաշուով, նիւթապաշտ քաղքենին այն չէ, որ ազգային-բարոյական արժէքը կը մերժէ, այլ ան, որ քաղաքական գոհացում կը փնտռէ նիւթական իր զեխութեան մէջ: Ան զուրկ է քաղաքական իմացականութենէ:
Վերջապէս, քաղաքական-ընկերվարական տարածքն է այն միակ երաշխիքը, որ կ՛ապահովէ մեր ժողովուրդին գոյատեւումը, քաղաքական մեր ինքնութիւնն ու զարգացումը:

—————————————————————————————’

Էջի Հովանաւոր

ՀՅԴ  «Դրօ»

ՀՅԴ  «Լեռնավայր»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles