Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ՈՍՏԱՅՆ- Իմ Ուղեպատումին Պատումը

$
0
0

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Թէեւ «Իմ Ուղեպատումը» թէ՛ բառացի կերպով եւ թէ փոխաբերաբար գրուած է ամբո՛ղջ կեանքիս ընթացքին, անոր հատորի վերածուիլը ամեն բանէ առաջ զուտ պատահականութեան արդիւնք է։
Վերջին անգամ 2009ին էր, որ Հայաստան կ՛այցելէի՝ մասնակցելու համար սփիւռքի նախարարութեան հրաւիրած Հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու առաջին համագումարին։ Այդ առթիւ էր, որ նաեւ հանդիպեցայ հին ծանօթներէս՝ գրող ու «Հորիզոն»ի աշխատակից Գրիգոր æանիկեանին։ Եւ այդ հանդիպումին ընթացքին էր, որ Գրիգոր, տեղեկանալով, թէ յաջորդ տարին կը զուգադիպէր ծննդեան 70ամեակիս, այդպէս, պահու ներշնչման տակ՝ առաջարկ մը ըրաւ ինծի. «Եկուր, ըսաւ, գրածներէդ հաւաքածոյ մը հրատարակենք, շնորհանդէս մը ընենք ու յոբելեանդ նշենք»։
Գիտէի, թէ Հայաստանի գրողներու միութեան աւանդութեան մաս կը կազմէր գրողներու 50, 60, 70 կամ աւելի ամեակները յիշատակելը։ Հազուադէպ էր, թէեւ այժմ արդէն նուազ հազուադէպ՝ Սփի՛ւռքի գրողները պարզապէս յիշելը, ալ ո՛ւր մնաց յոբելեանը տօնելը։ Խայծը հրապուրիչ էր, գայթակղեցուցիչ: Կրնայի՞ մերժել։ Խոստացայ ընթացք տալ։ Կը կռահէի նաեւ, թէ երբ æանիկեան «հրատարակենք» կ՛ըսէր, յանձնառութիւնը բարոյական էր, այլ ոչ նիւթական, քանի որ պարտաւոր էի ի՛նքս հոգալ հրատարակութեան ծախսերը, անձամբ կամ ազնիւ մեկենասի մը միջոցաւ։ Բայց ատիկա այդ պահուն խօսուելիք նիւթ անգամ չէր։ Նախ գիրքը պէտք է մէջտեղ գար։
Մոնթրէալ հասնելուս պէս սկսայ մտմտալու այդ մասին։ Ի՞նչ տեսակ հաւաքածոյ պիտի ըլլար այս մէկը։ Նախորդ երեք հատորներս, երեքն ալ «Ոստայն»ներ՝ թիւ 1, թիւ 2 եւ թիւ 3 (այս վերջինը կը կրէր «Հաղորդութիւն» ենթախորագիրն ալ), արդէն իսկ հաւաքածոներ էին, երեքն ալ կեանքէս, ճամբորդութիւններէս (երրորդը՝ Հայաստան առաջին երկու ուղեւորութիւններէս) դրուագներով։ Այս մէկը ինչո՞վ կրնար տարբերիլ անոնցմէ։ Մանաւանդ որ արդէն ծրագրած էի շարքը շարունակել՝ ներառելով մինչ այդ մամուլով լոյս տեսած բազմաթիւ այլ գրութիւններս, հարցազրոյցներս եւ այլն։ Հետարքրական էր, որ այդ շարքին յաջորդ հատորին՝ «Ոստայն 4»ին համար նկատի ունեցած էի «Խոստովանանք» ենթախորագիրը, հակառակ որ, ինչպէս նախորդը («Հաղորդութիւն»ը), նոյնպէս այս մէկն ալ պիտի ունենար ոչ մէկ կրօնական առնչութիւն։ Կեանքս պիտի խոստովանէի, տեսածներս, ապրածներս, զգացածներս՝ այնպէս ինչպէս թուղթին յանձնած ու արդէն «Յուսաբեր»ի, «Հայրենիք»ի ու 1979է ի վեր «Հորիզոն»ի ճամբով մատուցած էի ընթերցողին։
Այս անգամ սակայն, յօդուածներու հաւաքածոյի գաղափարն էր, որ շատ չէր ժպտեր ինծի։ Եթէ կեանքիս մէկ հանգրուանը նշելու պիտի ծառայէր (ի՜նչ ունայն ակնկալութիւն), ապա այս մէկը միւսներէն տարբեր ըլլալու էր։ Բայց ինչպէ՞ս։
Եւ ահա ծագեցաւ ոչ թէ ունեցած գրութիւններս քով քովի դնելու, այլ զանոնք իբր սկզբնաղբիւր օգտագործելու գաղափարը։ Կրնայի՞ նիւթերս քաղել անոնցմէ, օգտագործել արդէն իսկ գրուած, բանաձեւուած շատ բաժիններ, բայց նաեւ վերաշարադրել, վերաշարահիւսել, կրճատել, երկարել, տեղափոխել, սրբագրել…
- Ինչո՞ւ պիտի չկարենաս, – դիտել տուաւ ինձմէ տարեց ու փորձառու, վաւերական գրող ճանչցուած բարեկամս՝ Յակոբ Խաչիկեան, որուն հետ սկսեր էի խորհրդակցելու նախքան հատորը սկսիլս։
- Ուրիշէն չէ, որ կ՛առնես, դո՛ւն գրած ես, դուն ալ իրաւունք ունիս անոնց հետ վարուելու ինչպէս որ կ՛ուզես։
Այսպէս էր, որ մեծ կաշկանդումէ մը պիտի ձերբազատէի։ Ազատութիւն մը ձեռք պիտի ձգէի, գրողի՛ ազատութիւնը։
Բարեբախտաբար «Յուսաբեր»ի 1955ի Ապրիլ 24ի համարէն սկսեալ, ուր լոյս տեսած էր մեր մամուլին մէջ երեւցած առաջին մանր նշմարս, պահուած ունէի բոլոր գրածներս, նոյնիսկ դպրոցական «Հունձք» պարբերաթերթը, որ կարեւոր ազդեցութիւն ունեցած էր ապագայ գործունէութեանս վրայ։ Սակայն կար աւելին, որուն մասին ցարդ չէի մտածած։ Գրադարանիս խորքը պահուըտած էին նաեւ երկու այլ անսպառ աղբիւրներ՝ նամակներս, առաքուած ու ստացուած եւ օրատետրերս, երկուքն ալ 12-13 տարեկանէս սկսեալ։ Սակայն երբ ձեռքս երկարեցի այն տուփերուն (յաճախ՝ կօշիկի տուփեր…), ուր զետեղուած էին այդ բոլորը, անոնք ծուռ աչքով մը նայեցան ինծի. «Այսքան տարի մեզի կարեւորութիւն չես տուած, մեզ իրարու վրայ նետած-դիզած ես, հիմա՞ միտքդ ինկանք, մեր մասին մտածեցիր…»:
Օգտուելու համար այդ բոլորէն, պարտաւոր էի «խաթրերնին» ընել, նստիլ ու ամէն բանէ առաջ զանոնք դասաւորել, յատկապէս նամակներս, ապա՝ օրատետրերուս հետ բոլորն ալ աչքէ անցընել եւ համառօտ կերպով ցանկագրել անոնց բովանդակութիւնը, որպէսզի գիտնայի թէ ի՛նչ կար այնտեղ, ի՛նչ գրեր եմ 60 տարիներէ ի վեր։
Դեռ կային նաեւ մօրս օրատետրերը, որոնք այս ընթացքին պիտի գային աւելնալու գրադարանիս դարակներուն վրայ, եւ որոնց մէջ կրնայի գէթ ծննդեան ու մանկութեան օրերուս մասին բաներ մը ճարել։ Ունէի նաեւ ձայնագրուած երիզներ, որոնց մէջ հայրս իր կեանքէն կը պատմէր, ու որոշ դրուագներ յատուկ կարեւորութիւն կը ստանային ինծի համար։ Ասոնք ալ պէտք էր պեղէի։
Վերջապէս կային լուսանկարներու անհամար ալպոմները՝ պատկերատետրերը, թէ՛ մօրս հաւաքածները, եւ թէ մերինները, որոնք նոյնպէս անսպառ նիւթ ունէին պահուած իրենց էջերու թափանցիկ ծածկերուն տակ կամ հաստ խաւաքարտներուն վրայ։ Ինչե՜ր կրնային պատմել այդ հին ու նոր նկարները, սեւ ու ճերմակ, «սեփիա» թէ գունաւոր, երբեմն գունաթափ, երբեմն դեռ միշտ փայլուն։
Կարելի պիտի ըլլա՞ր այդ բոլորէն ընդունելի, ընթեռնելի, բայց մանաւանդ հետաքրքրական գործ մը մէջտեղ բերել։ Ի վերջոյ ինչո՞ւ եւ ինչո՞վ անհատի մը ապրած կեանքը, իր անմիջական ընտանիքի անդամներէն անդին, պիտի հետաքրքրէր նաեւ ուրիշները։ Ահա մարտահրաւէրը, որ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար Գրիգոր æանիկեան ուղղեր էր ինծի։
Անցայ գործի ու անմիջապէս մէկ բանի վերահասու եղայ։ Պէտք էր հրաժարէի 70ամեակ նշելու փորձութենէն։ Այս գործը գլուխ հանելու համար ժամանակի տեսակէտէն նման կաշկանդում չէի կրնար ընդունիլ։ Գիրք մը հասուննալու կարիք ունի, եւ ատիկա կարելի չէ ծրագրել։
Ունեցած բոլոր այդ աղբիւրներուս ընդմէջէն կատարած պրպտումներս տեւեցին շուրջ ինը ամիս։ Առաջին անգամ պաստառիս առջեւ նստայ ու գրելու կամ շարելու, շարագրելու սկսայ 2010 Յունուար 29ին։ Վերջակէտը դրուեցաւ 2013 Մայիս 13ին։ Այդ երեք տարի ու երեք ամիս ժամանակաշրջանին աւելի քան 17 տարբերակներէ անցաւ գիրքը։
Մէկ մտասեւեռում կար ուղեղիս մէջ, որ միւս խղճամիտ խորհրդատուիս՝ անուանի գրող ու հրապարակագիր, նոյնպէս «Հորիզոն»ի աշխատակից Կարէն Սիմոնեանի ազդարարութիւնն էր. «Որո՞ւ համար կը գրես՝ զաւակներուդ ու թոռներո՞ւդ, կամ միայն անո՞նց համար, թէ ընդհանուր ընթերցող հասարակութեան»։ Ատիկա պիտի որոշէր ոչ միայն մանրամասնութիւններու բնոյթը, այլեւ պատմողական ոճը։ Եւ ի հարկէ նպատակս երկրորդն էր։ Ասիկա յստակօրէն ալ նշեցի գիրքի ներածականին մէջ, հրաւիրելով ընթերցողը, որ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնէ ոչ թէ ուղեւորին, այլ իր անցած ուղիին վրայ, որ է՛ նաեւ շատերուս կեանքի ուղին։
Մտադրեր էի այս երկը երկու հատորով լոյս ընծայել։ Առաջինը՝ մինչեւ 26 տարեկանս, այլ խօսքով՝ Եգիպտոսի տարիներս, մինչեւ Քանատա ժամանումս։ Ու առաջին հատորին ենթա-ենթախորագիր ընտրեր էի «Հիմնական տարիները»։ Իսկ առաջին պահէն որոշեր էի «Ոստայն 4»ին ենթախորագիրը դնել «Իմ մոլորակը»։ Շուրջ հինգ ամիս տեւեց այս առաջին մասին երկնումը։ Զայն կարդացին ու իրենց սրբագրութիւնները, թելադրութիւնները, դիտողութիւնները ըրին ոչ միայն խորհրդատու երկու գրչակիցներս, ոչ միայն հայերէնին լաւ տիրապետող, վաստակաւոր ուսուցչուհի ու հաւատարիմ գործակիցս՝ Էլիզա Չաքմաքչեանը, ոչ միայն առաջին քննադատս՝ կողակիցս, Նազիկը, այլեւ քանի մը մօտիկ ընկերներ։ Եւ այդպէս հասայ առաջին հատորին վերջին՝ ութերորդ տարբերակին։
Խոստովանիմ, որ առանց համակարգչային դիւրութեան, շատ դժուար պիտի ըլլար արագ փոփոխութիւններ կատարել, բաժիններ աւելցնել, տեղափոխել, սրբագրել, ջնջել եւ այլն։ Արդիւնքը գոհացուցիչ կը թուէր։ Սակայն վերջին ընթերցողս՝ դուստրս Արազը զիս պիտի մղէր, որ գիրքը հիմնովին վերանայիմ։ Երկու առաջարկ ունէր։ Նախ՝ մէկ, թէկուզ աւելի ստուար հատորի մէջ ամփոփեմ երկու մասերն ալ, երկրորդ՝ «ներկան» )այսինքն՝ Քանատան( ու անցեալը )Եգիպտոսը( շաղկապեմ, ոստումներ կատարելով հինէն նորին ու նորէն հինին։ Մոռնամ ժամանակագրական կարգը ու կեդրոնանամ կեանքիս գլխաւոր իրադարձութիւններուն վրայ։ Ասիկա նաեւ պատճառ պիտի ըլլար հրաժարիլ շատ մանրամասնութիւններէ, որոնք ի վերջոյ երկրորդական կրնան թուիլ։ Շարժանկարիչն էր խօսողը, ու ա՛յդ աչքով կը նայէր պատումիս վրայ։ Նաեւ նոր սերունդն էր խօսողը, որ հետաքրքրուած էր որոշ իրողութիւններով, բայց ոչ՝ այլ, աւելի անձնական պատահարներով։ Կրկնութիւնները վերցուր եւ զգոյշ եղիր, որ ինքնագովութեան ձեւ չառնէ գրածդ, հրահանգեց Արազ, ինչ որ անշուշտ նպատակս երբեք չէր, բայց այդ վտանգը կրնար յաճախ գլուխը ցցել տողերուս ընդմէջէն։
Վերջապէս ուշադրութեանս յանձնեց երկու այլ խնդիրներ. մէկը՝ նորերուն անծանօթութիւնն է կարգ մը երեւոյթներու կամ իրականութիւններու, որոնց կ՛ակնարկէի առանց բացատրութիւն տալու, ինչ որ կը դժուարացնէր ընկալումը, միւսը՝ թարգմանութեան պարագային, հայերէն չգիտցող ու հայ կեանքին ծանօթ չեղող մը որքա՞ն պիտի կարենար հետեւիլ գրուածին։ Այս վերջին կէտը կարեւոր էր, բայց նկատի կրնայի առնել յետագային, եթէ թարգմանելու խնդիրը դրուէր։ Բայց առաջին կէտը չէի կրնար անտեսել։
Վերադարձայ արխիւներուս, այս անգամ ցանկագրելու եւ քաղելու համար Քանատայի մէջ ապրած կրկնակի թիւով տարիներուս նիւթերը։ Վերսկսայ գրելու՝ աշակերտի մը նման հետեւելով ուսուցիչին ցուցմունքներուն։ Չորս հիմնական, բայց իրականութեան մէջ ինը տարբերակներ հետեւեցան իրարու, դարձեալ կարդացուեցան, սրբագրուեցան, ձեւի մտան, զտուեցան ու հասան վերջակէտին։ Եւ գիրքին խորագիրն ալ յստակացաւ։ Գիրքս իրականութեան մէջ ուղեպատում մըն էր։
Բարեբախտաբար ես ինքս էի շարողը։ Բայց հիմա եկաւ էջադրութեան հերթը։ Գիտէի, որ Վիգէն Աբրահամեանը՝ «Հորիզոն Գրական»ի խմբագիր ընկերս, որ նաեւ հմուտ համակարգչագէտ է, զիս մէջտեղ պիտի չձգէր։ Չէի գիտեր, որ նոր մասնագիտութեան մը տիրանալուս պիտի նպաստէր։ Արդարեւ, էջադրութեան յայտագիրը հայթայթեց, սորվեցուց գործածութիւնը ու հրեց զիս այնպէս, ինչպէս մեծ զառիվարները դիմագրաւող սահնակորդները կը հրուին իրենց մրցոյթը սկսելու ատեն։ Էջադրել՝ զետեղելով միաժամանակ այն հարիւրաւոր լուսանկարները, որոնք պիտի ամբողջացնէին գրութիւնը։ Այսպէս, դարձայ վարպետ էջադրող… Բայց այս արկածախնդրութեան առաւելութիւնը այն եղաւ, որ գրածս վերստին կարդամ ծայրէ ծայր, բռնեմ աչքէս վրիպած բազմաթիւ վրէպներ, ջանամ նուազագոյնի իջեցնել բարդ տողադարձները, նոյնիսկ կարգ մը տեղեր նոր փոփոխութիւններ մտցնեմ՝ տողերը էջին վրայ աւելի լաւ յարմարեցնելու համար։ Բայց ամէն պարագայի չեմ կրնար երաշխաւորել, որ ուշադիր ընթերցողը այլ վրէպներ ալ չնկատէ…
Վայելեցի անսակարկ գործակցութիւնը զաւակներուս ընկերուհիներէն՝ արուեստագիտուհի-գծագրիչ Էլիզ Պօղոսեան-Մելքոնեանի, որ կողքի նկարազարդումը կատարեց գեղարուեստական բարձրագոյն մակարդակով։
Գիրքս առիթ ընծայեց, որ ծանօթանամ տաղանդաւոր ու խղճամիտ տպագրիչ երիտասարդի մը՝ Կարօ Նազարեանին, որ բոլոր նազերս քաշեց համբերութեամբ։
«Համազգային»ն ու «Հորիզոն»ը հովանաւորեցին այս հրատարակութիւնը։
Համազգայնական իմ հին ու հաւատարիմ ընկերս՝ Սիմոն Հասրճեանն ու կողակիցը՝ Մարալը, բարւոք կերպով ուսերէս վերցուցին տպագրութեան ծախսերը հոգալու ծանրութիւնը, իսկ վաղեմի բարեկամս՝ ազգային բարերար Վարդգէս Սարաֆեան առանց վարանումի յանձն առաւ նուէր ղրկելիք գիրքերուս առաքման ծախսերը։ Արդարեւ 600 տպաքանակին շուրջ կէսը ղրկուեցաւ ու պիտի ղրկուի անոնց, որոնք գիրքիս հերոսները կը հանդիսանան, կամ անոնց ժառանգորդներուն, այլեւ՝ գործակիցներու, գրողներու, մտաւորականներու, դպրոցներու, գրադարաններու, այլ կրթամշակութային հաստատութիւններու եւ այլն՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։ Այս առթիւ անդրադարձայ, որ նամակատարութիւնը երբեք չէ հետաքրքրուած գիրքերու սփռումով, ու իր հաստատած փոխադրական գիները գրողներուն մէկ պատգամ կու տան պարզապէս՝ մի՛ գրէք ու ձեր գիրքերը մի՛ տարածէք…
Ինծի կը մնայ երախտապարտ ըլլալ բոլոր անոնց, որոնք գիրքիս պատրաստութեան, հրատարակութեան, ծանօթացման ու տարածման համար աջակցեցան ինծի ու տակաւին կ՛աջակցին։
Արժեցի՞ն այս ամբողջ ճիգն ու զոհողութիւնները։ Թող ընթերցողը որոշէ։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles