Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ՄԱՀԱԽՕՍԱԿԱՆ- Նորա Քեսապլեանի Լուսաւոր Եւ Խնկելի Յիշատակին

$
0
0

Քառասուն օրերէ ի վեր Նորա Քեսապլեանը անդարձ բաժնուած է իր ընտանիքէն, հարազատներէն ու շրջապատէն…
Նորան ծնած է 1964ի Յունուար 5ին: Իր ծննդեան 50ամեակը չբոլորած անգութ հիւանդութիւնը խլեց իր կեանքը՝ ձգելով շրջապատը անմխիթար:
Բարի ու ազնիւ հոգիի մը տէր էր սիրելի՛ Նորան, միշտ ծանրակշիռ, զուսպ, ինքնամփոփ, լուրջ ու բարի:
Հակառակ այն իրողութեան, որ երկարատեւ բուժումը չէր տար սպասուած արդիւնքները, ինք մնայուն կերպով լաւատես էր, ամէնէն դժուար ու ծանր պահերուն իսկ ոչ ոքի կ՛ուզէր իր ցաւերը պատմել: Ան կեանքը դիմաւորեց ու պայքարեցաւ իր ախտին դէմ միշտ մեղմօրէն, փառք տալով Աստուծոյ, դժուարին օրերը անցուց յաճախ աղօթելով, տխուր ժպիտով, առանց զգացնելու իր ներքին տառապանքները: Խօսելու ուժ չունէր, բայց հաւատքը զօրացուցած էր զինք:
Նորան բնաւորութեամբ շատ մեղմ ու համեստ, առաքինի, երեք զաւակներու մայր էր, իր կեանքի ընթացքին ապրեցաւ զրկանք ու տառապանք, սակայն բնաւ չվհատեցաւ եւ իր ընտանիքին մթնոլորտը պահեց ջերմ եւ մնաց վեհանձն… եղաւ իտէալ մայր, իր մայրական պարտականութիւնը ու զոհողութիւնը ամբողջութեամբ կատարեց՝ իր զաւակներուն տալով հայեցի դաստիարակութիւն: Փոքր տարիքէն անդամակցած էր ՀՄԸՄի Այնճարի մասնաճիւղին: Ըլլալով Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ Դպրաց դասի անդամ, նոյնիսկ անողոք իր հիւանդութեան սկզբնական հանգրուաններուն պարտաճանաչօրէն, ամէն Կիրակի կը մասնակցէր Ս. պատարագի հոգեւոր երգեցողութեան:
Սիրելի՛ քոյրս, կորուստդ ցնցեց ամբողջ Այնճարը…
Արդէն անցան 40 օրեր, սակայն տակաւին սիրելիներդ ու ընկերուհիներդ արցունքով կը պատմեն ազնիւ ու անկեղծ զոհողութիւններուդ մասին: Տակաւին բազմաթիւ պարտականութիւններ ունէիր կատարելիք, սակայն անոնք կիսատ մնացին, երբ յանկարծ կտրուեցաւ  կեանքիդ թելը:
Թախծոտ տխուր օր էր Դեկտեմբեր 7ը, երբ յոգնած, մարած աչքերդ փայլեցան երկինքին մէջ՝ լուսաւոր ու պայծառ աստղի մը նման:
Սիրելի՛ քոյրս, անդարձ բաժնուեցար մեզմէ, բայց գիտցիր, որ պիտի ապրիս մեր յիշողութեան, սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ, ու կարօտով պիտի փնտռենք քեզ միշտ…
Խունկ ու ծուխ քու թարմ շիրիմիդ վրայ…:
Քոյրդ՝
ԿԱՐԻՆ ՔԵՍԱՊԼԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles