Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Ժամագործ Ունի՛, Անպայմա՛ն

$
0
0

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Նոր Տարուան առաջին օրը ո՛չ մէկ տարբերութիւն ունի նախորդ տարուան վերջին օրէն: Գիտական բացատրութիւնը ա՛յս է, երբ կը նայինք օրերուն, իբրեւ 24 ժամուան տեւողութիւն: Թէ ինչե՞ր տեղի կ՛ունենան տուեալ օրուան ընթացքին, այդ է, որ կը տարբերէ զայն միւս օրերէն, մեր յուշագրութեան մէջ արձանագրուելով իբրեւ այսինչ օրը, երբ պատահեցաւ այսինչ դէպքը:
Պատի օրացոյցին նուրբ էջերը պոկած պահուն, պարզապէս թիւեր կը հաշուենք, մէկ առ մէկ բարձրացնելով հաշիւը թիւերուն, դարձեալ հասնելու համար թիւ մէկին… Ի՞նչ կը զգանք այդ պահուն: Իւրաքանչիւր մարդ վստահաբար տարբեր զգացում կ՛ունենայ, նայած իր տարիքին, խառնուածքին ու այդ օրուան տրամադրութեան: Սակայն բոլոր մարդիկ համաձայն պիտի ըլլան այն գաղափարին, թէ օրերը կը սահին մեր կամքէն անկախ, ու տարիները կ՛անցնին հովի նման: Շատեր օրացոյցի վերջին էջը թերթած ատեն, կ՛ըսեն. «Ինչքա՛ն արագ անցաւ այս տարին…»:
Ժամանակի յաւերժութեան հետ մարդը մինչեւ օրս չէ՛ կրցած ընտելանալ: Որովհետեւ ժամանակը ո՛չ ոքի խնայած է: Անիկա անգթօրէն կնճիռներ աւելցուցած է բոլորին դէմքին, չորցուցած է սկզբնապէս «մոմէ  շինուած» ձեռքերու մորթը եւ գունաթափած մազերը: Տակաւին, ան ո՛չ ոքի արտօնած է ամբողջութեամբ աւարտել այս աշխարհին մէջ սկսած գործը, միշտ թերաւարտ թողնելով կարեւորագոյն մասը այդ աշխատանքին: Ժամանակը նաեւ առիթ տուած է ո՛չ ոքի՝ ամբողջութեամբ ճանչնալու իր Արարչին եւ Անոր ստեղծագործութեան փառքն ու պսակը հանդիսացող մարդ էակին: Միշտ խորհրդաւոր վարագոյրով ծածկուած են Աստուած եւ մարդ, եթերային կապոյտին մէջ իրենց ոգեղինութեամբ միացած ու անիմանալի դարձած: Մարդու հոգեկան աշխարհի ամէնէն մութ ծալքերու անճանաչելիութեան փաստը նաեւ այն է, որ մարդ ինքնաճանաչումի դժուարութեան դիմաց կանգնած է շատ յաճախ: Իսկ եթէ ժամանակը չի՛ բաւեր իր անձը ճանչնալու, ինչպէ՞ս պիտի յաջողի ճանչնալ ան իր նմանը, եւ դեռ… իր Արարիչը՝ զԱստուած:
Խորհրդածական սոյն նախաբանը մեզ կը հասցնէ այն եզրակացութեան, թէ՝ ժամանակը ի՛նք ամենակարող է եւ կը յաջողի իր հակակշռին տակ առնել տիեզերքը ու անոր մէջ ապրող մարդը:
Ժամանակով զսպանակուած ժամացոյց է ամբողջ անջրպետը, ուր ժամանակի ամէնէն փոքր հաշուարկներով կը շարժին երկնային մարմինները, թուաբանական նրբագոյն օրէնքներով կը ներդաշնակուին անոնց շարժումներն ու տեղափոխութիւնները, եւ նոյն ժամանակի անշեղ սլաքներու պտոյտով կ՛ընթանան յաւիտենութենէ յաւիտենութիւն:
Իսկ ժամանակէն վեր… կա՞յ գերագոյն ուժ, թէ ամէն ինչ ժամանակի բռնատէր աքցանի մէջ առնուած է…
Այս հարցումին հեղինակաւոր ու փաստացի պատասխանը կու տայ ժամացոյցը ի՛նք: Այսօր մանկամսուրի երեխաներն ալ, առանց ժամանակի ամբողջական գիտակցութիւնը ունենալու, իրենց դաստակին կը կրեն ժամացոյցներու տեսակաւոր օրինակներ: Ժամացոյց ունենալը եւ անով իր առօրեան կարգաւորելը, այսօր վերածուած է յաւելեալ զարդ կրելու սովորութեան, ձեւապաշտութեան ու սնափառութեան երեւոյթի: Քաղաքներու կեդրոնական աշտարակներուն վրայ ամրացուած հսկայ ժամացոյցներն անգամ քաղաքացիներուն առօրեայ հեւքը կարգաւորելու փոխարէն, սկսած են զանոնք շինողներուն փառքի մասին պատմելու, շքեղ զարդանախշերով ու հարուածային զօրեղ երաժշտականութեամբ: Իսկ անոնց հսկայ «ինքնութիւնը» նկատող ու իր ականջերուն մէջ տուեալ ժամը հաշուող տիտանեան մուրճի հարուածներու ալիքաւորուող ձայնը ընկալող մարդը չ՛անդրադառնար, թէ այդ ժամացոյցին հեղինակը հանդիսացող ժամագործ մը գոյութիւն ունի, եւ որուն շնորհիւ այդ ժամացոյցը կը բանի…
Տիեզերական ժամացոյցն ալ ունի՛ իր ժամագործը, անպայմա՛ն: Այնպէս, ինչպէս առանց ժամագործի՝ չկա՛յ ժամացոյց, նոյնպէս ալ առանց Աստուծոյ՝ չկայ տիեզերական ժամանակը, որ կը կարգաւորէ ու կը ներդաշնակէ համայն աշխարհը:
Տարիներու թաւալքը եթէ ամիսներու, եւ ամիսներու թաւալքը եթէ օրերու, ու օրերու թաւալքը եթէ ժամերու, ու ժամերու թաւալքը եթէ վայրկեաններու, եւ վայրկեաններու անցնիլը եթէ երկվայրկեաններու սահելով պայմանաւորուած է, ուրեմն այդ ամէնուն հետեւողական ընթացքը տնօրինած «ժամագործ» մը կայ՝ Աստուած, որ բծախնդրութեամբ «կը լարէ» այդ «ժամացոյց»ին պտուտակը, որպէսզի յանկարծ կանգ առնելով աղէտաբեր հետեւանքներ չունենայ անիկա:
Սահմանուած այդ ժամանակին մէջ պիտի գործէ մարդ, իր կեանքը արժեւորելու եւ արդիւնաբեր դարձնելու համար: Այլապէս ի՞նչ տարբերութիւն պիտի ունենայ երէկը այսօրուընէ, կամ վաղը՝ յաջորդ օրուընէ: Ժամանակի յաւիտենական շղթային օղակները շատ կը նմանին իրարու: Սակայն մեր գործով կրնանք մէկը միւսէն աւելի փայլուն դարձնել: Ատիկա մեր Աստուածապարգեւ շնորհքն է, ու միայն բանաւոր մարդ էակին տրուած բացառիկ կարողութիւն: Մինչ անասունին համար ժամանակը դատարկ ստամոքսի անօթութեան ժամացոյցով կ՛ընթանայ, մարդ էակին համար ատիկա պէտք է բանի արդիւնաւէտ աշխատանք կատարելու լարումով:
Աշխատանքի ուժականութեամբ բանող ժամացոյցին ներքին պտուտակներուն ակռաները, ճի՛շդ է, իրարու ամուր ագուցուած ու դանդաղ կը դառնան, սակայն երկնապարգեւ շնորհքի իւղով օծուն ըլլալուն, կը սահին աննկատ եւ ուշ կամ կանուխ՝ բարի արդիւնքի վայելքը կը պարգեւեն մարդկութեան:
Երկնաւոր «ժամագործ»ին վերահսկող աչքին ներքեւ ժամանակը օգտագործելու պարտաւորուած է իւրաքանչիւր մարդ այս կեանքի մէջ: Ժամանակը այն պարգեւն է, որը աննիւթեղէն «ժամագործ»ը ընծայած է մեզի, որպէսզի կարենանք շահարկել զանիկա: Ժամանակը պէտք չէ՛ սպաննել՝ «ժամանակ չունիմ» պատճառաբանութեամբ: Ատիկա ժամագործին հասցէին ուղղուած մեծ հայհոյութիւն է… «Ժամագործ»ը չի՛ կրնար ընդունիլ այդ անհեթեթ բացատրութիւնը, որովհետեւ մնայուն կերպով կը լսէ վայրկեաններու վազքին ոտնաձայնը…
Ինքնախաբէութեամբ ժամանակը չվատնենք, այլ՝ Նոր Տարուան սեմին դարձեալ անդրադառնանք, թէ մեր կեանքի մեծագոյն հարստութիւնը ժամանակն է, որ ժամանակաւորապէս տրուած է մեզի վերի «Ժամագործ»ին կողմէ, ժամանակո՛վ ժամանակը շահելու եւ յաւիտենական ժամանակով անմահանալու համար…


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles