Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐ- Տիգրան Մանսուրեան (Ծնեալ 27 Յունուար, 1939ին). Մեծատաղանդ Ու Սիրուած Երգահանին Ծննդեան 75ամեակը

$
0
0

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

27 Յունուարին, հայկական երաժշտութեան ապրող վարպետներէն Տիգրան Մանսուրեան  դարձաւ 75 տարեկան:
Մեծատաղանդ երգահանը կը պատկանի փաղանգին այն բացառիկ արուեստագէտներու, որոնք ոչ միայն բարձրորակ գործ կը ստեղծեն եւ նորարարական շունչ կը բերեն, այլեւ՝ արուեստասէր հասարակութեան եւ սեփական ժողովուրդին հիացումին կ՛արժանանան նաեւ իրենց անհատականութեան եւ մարդկային արժանիքներուն համար:
Ինչպէս դաշնակահար Ջուլիետա Վարդանեան առիթով մը, Aravot.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին նշած է՝ «Տիգրան Մանսուրեան որպէս մասնագէտ հիասքանչ արուեստագէտ է, իսկ որպէս մարդ՝ հիանալի անձնաւորութիւն»:
Արուեստի քննադատներու ընդհանուր գնահատանքով՝ Տ. Մանսուրեան կը հանդիսանայ Հայաստանի մէջ ժամանակակից երաժշտութեան ուղին հարթող ռահվիրաներէն մէկը, որուն «ստեղծագործութիւնները հայկական երաժշտարուեստի եւ ժողովրդական աւանդոյթներու հետաքրքիր միահիւսութիւն են՝ իրենց լուսապայծառ, արտայայտիչ մեղեդիներով եւ տպաւորապաշտ, բարձրաճաշակ ու ընտիր հնչերանգներով»:
Երեսուն տարի առաջ Խորհրդային Հայաստանի «Արուեստի վաստակաւոր գործի»չի տիտղոսին արժանացած երգահանը հեղինակ է գլխաւորաբար նուագախմբային, քամերային (սենեկային-Խմբ.), երգչախմբային եւ վոքալ գործերու, որոնք ներկայացուած են ամբողջ աշխարհի տարածքին՝ արուեստի մեծ եւ հեղինակաւոր բոլոր մայրաքաղաքներուն մէջ, արժանանալով համընդհանուր գնահատականի:
Հանրագիտական աղբիւրի մը դիպուկ բնութագրումով՝ «Տիգրան Մանսուրեանի ստեղծագործութիւնները՝ քամերային եւ գործիքային, ամէնուր բարձր գնահատանքի արժանացած են իրենց գեղարուեստական անկրկնելիութեան, ազգային բոլորովին նոր ոլորտներու բացայայտման շնորհիւ»:
Այսօր, իր ծննդեան 75ամեակը նշող հայ մեծ երգահանը ստեղծագործական իր ամբողջ կեանքը առաջնորդեց ու իմաստաւորեց այն համոզումով եւ ինքնահաւատարմութեամբ, թէ «ամէն մարդ աշխարհ գալիս իր բաժին հարցերն է ստանում: Ոմանց համար ստեղծագործելը լոկ այդ հարցերին պատասխանելն է: Ես իմ ստեղծագործութեամբ աշխատում եմ հարցեր աւելացնել: Արուեստը պէտք է հարցեր ծնի, հարցեր առաջացնի»:
Տիգրան Մանսուրեան իրաւամբ ստեղծագործական շատ հարցեր առաջադրեց եւ շատերուն իր տաղանդաւոր պատասխանները տուաւ, առանց սպառելու բոլոր հարցերը, որոնք մշտանորոգ են յատկապէս նորարարական ոգիով ստեղծագործող արուեստագէտներու պարագային:
Տ. Մանսուրեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, 27 Յունուար 1939ին: Ընտանիքը 1947ին ներգաղթած է Հայաստան, ուր սկիզբը հաստատուած է Արթիկի շրջան, իսկ 1956ին՝ Երեւան:
Աշակերտական օրերէն եւ 13 տարեկանէն երաժշտութեան, յատկապէս դաշնամուրի նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած պատանի Տիգրանը երաժշտական իր ուսումը ստացած է 1956-1960ին, Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանին մէջ (հետեւելով Էդուարդ Բաղդասարեանի դասարանին): Ապա՝ 1960-1965ին, բարձրագոյն ուսման հետեւած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին մէջ՝ Ղազարոս Սարեանի դասարանէն ներս, որու աւարտին, 1967ին, յաջողութեամբ պաշտպանած է իր թեկնածուական աւարտաճառը: Ուսանողական տարիներէն արդէն, Տ. Մանսուրեան գրած է տարբեր ժանրի երկեր եւ արժանացած կարեւոր մրցանակներու:
1967էն մինչեւ 1986, Տ. Մանսուրեան ժամանակակից երաժշտութեան տեսութիւն դասաւանդած է նոյն երաժշտանոցին մէջ: 1986ին Մանսուրեանին կը շնորհուի երաժշտութեան փրոֆեսէօրի կոչում: Իսկ 1992-1995 թուականներուն, ան ստանձնած է երաժշտանոցի տեսուչի պաշտօնը:
Տիգրան Մանսուրեան աւելի քան տասը տարիէ ի վեր հրաժեշտ տուած է մանկավարժական ասպարէզին եւ իր լրիւ ժամանակը նուիրած է ստեղծագործական աշխատանքի:
Անդրադառնալով զուտ երաժշտական ստեղծագործութեան նուիրուելու իր որոշումին, Տ. Մանսուրեան իւրայատուկ իր համեստութեամբ ու պարզութեամբ դիտել կու տայ, թէ՝ «Գործերս շատ են, ճարահատեալ՝ աւելի քիչ եմ շփւում արտաքին աշխարհի հետ: Ճիշդն ասեմ, դրսի իրականութեան հետ երիտասարդ տարիներին էի շփւում, իմ կեանքի օրկանական մասն էր, հիմա շատ բաներ չեմ հասկանում, որոշ չափով անմասն եմ մնում»:
Մանսուրեանի ստեղծագործութեանց ցանկը շատ ընդգրկուն է: Դասական երկերու կողքին, ունի բազմաթիւ դաշնամուրային, քամերային եւ վոքալ ստեղծագործութիւններ: Ան հեղինակն է, նաեւ շարք մը հռչակաւոր շարժապատկերներու երաժշտութեան, ինչպէս՝ «Մենք Ենք, Մեր Սարերը», «Ճերմակ Անուրջներ», «Նռան Գոյնը», «Հին Օրերի Երգը» եւ այլն:
Վերջին շրջանին վարպետը մեծ թափով կեդրոնացած է հայ գրականութեան գոհարներէն ներշնչուած երգերու ստեղծագործութեան վրայ: Այդպէ՛ս ծնունդ առին Նահապետ Քուչակի «Հայրեններ»էն ներշնչուած Մանսուրեանի շարքը, ինչպէս եւ նորագոյն շարքը, ուր ներառնուած են Պաղտասար Դպիրի «Տաղ Կորուսեալ Սիրելոյ» եւ «Վասն Սիրոյ», Եղիշէ Չարենցի «Կապոյտ Լճի Վրայ» եւ «Եւ Մի Իրիկուն», Աւետիք Իսահակեանի «Իմ Հոգին» եւ «Լեռների Վրայ Ձնել Է…», Վահան Տէրեանի «Աշնան Երգ» ու «Իմ Խաղաղ Երեկոն» բանաստեղծութիւնները:
Ազգային իր կոչումին ու առաքելութեան ծնունդը հանդիսացաւ քանի մը տարի առաջ Մանսուրեանի աւարտած «Ռեքուիէմ»ը, որ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան 100ամեակը ոգեկոչելու եւ աշխարհին յիշեցնելու Մանսուրեանական պատգամ է: Վարպետը «Ռեքուիէմ»ը գրած է «այն թաքուն փափաքով, որ եթէ յանկարծ մի օր եւրոպացիները որոշեն յիշատակել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերին, ապա դիմեն «իրենց հասկանալի լեզուով» այս ստեղծագործութեանը»:
Տիգրան Մանսուրեան իրաւամբ կը հանդիսանայ հայ արդի դասական երաժշտութեան անուանի ներկայացուցիչներէն մէկը: Ընդհանուրի գնահատականով՝ Մանսուրեանի ստեղծագործութիւնը քսաներորդ դարու եւրոպական երաժշտութեան նուաճումներուն եւ հայ երաժշտարուեստի լաւագոյն աւանդոյթներուն ինքնատիպ համադրումն է»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles