ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Գործերու յաջողութեան համար միշտ «բանալի»ներ կը փնտռենք, այնպէս ինչպէս իւրաքանչիւր դուռ բանալու համար ատոր յատուկ բանալին պէտք է գտնենք:
Ոմանք դեռ չե՛ն համոզուած այս ճշմարտութեան, ու կը ջանան խոյս տալ անկէ, վստահելով իրենց կարողութեան, հարստութեան, ենթադրեալ արժանիքներուն, կամ՝ ա՛յլ առաւելութիւններուն: Անոնք չե՛ն կրնար մտածել, թէ այդ ամէնը միայն իրենց անձի՛ն համար կրնան արժէք ունենալ, իսկ ուրիշներու համար՝ ո՛չ մէկ արժէք ներկայացնել: Ընդհակառակը, սեփական արժանիքներդ կրնան ուրիշին համար դժգոհութեան, նախանձի, բարկութեան ու թշնամանքի առիթ հանդիսանալ:
Պետական կամ կառավարական ամէնէն փակ օղակները բնականաբար ամուր փակուած «դռներ» կ՛ունենան, որոնցմէ ներս թափանցելը երբեմն անհնարին կը թուայ: Արհեստագիտական ներկայ կատարելագործման ընթացքին մէջ եղող ու նորութիւններով միշտ յղի դարուն, հանճարեղ ուղեղով ծնունդներ կը յաջողին երբեմն այդ փակ «դռներ»ու սեմերէն ներս սպրդիլ, անցնելով յիշեալ հիմնարկութիւններու համակարգչային դրութեան մէջ: Ճի՛շդ է անոնք շուտով կը հետապնդուին ու կը կասեցուի անոնց յառաջխաղացքը, պաշտպանելու համար պետական գաղտնի թղթածրարներ, սակայն՝ մեզի համար կը բացայայտուի ճշմարտութիւն մը, թէ՝ ամէնէն ամուր փակուած «դռներ»էն ներս եւս կարելի՛ է թափանցել:
Չնայած պետական կազմակերպուած ու դրութենականացած համակարգի հզօրութեան, անձնական փոքրիկ հաստատութիւններ եւս իրենց հերթին ունին «դռներ», որոնք դարձեալ կրնան ամուր փակուած ըլլալ: Անոնք ալ իրենց կարողութեան ներած չափով ներքին օրէնքներ կը հաստատեն ու առիթ չե՛ն տար օտար ներխուժումներու:
Ընտանիքը եւս պէտք է դասել այդ անձնական հիմնարկութիւններու շարքին, որ շատ աւելի փոքր կառոյց ըլլալով հանդերձ ունի՛ իր ներքին կանոնագրութիւնը եւ օտար թափանցումներու դիմաց ամուր վահաններով միշտ պաշտպանուած է: Միթէ՞ իւրաքանչիւր ընտանիք իր ներքին օրինագիրքը չունի: Միթէ՞ փոխ-յարաբերական անգիր օրէնքներով իրարու չեն կապուած հայր, մայր եւ զաւակներ: Իսկ տունէն դուրս գտնուող ամէն հարազատներու համար սահմանուած անգիր օրէնքներ չկա՞ն: Եթէ տուն մը ամուր հիմերու վրայ դրուած օրինական սկիզբ ունեցած է ու իսկական տիպար օրինակ է ընտանիքի, բնականաբար այնտեղ ո՛չ մէկ դրսեցի կրնայ իրաւունք ունենալ ներքին կեանքին խառնուելու: Այդ կեանքը կը տնօրինեն միայն տան բնակիչները, ու առիթ չե՛ն տար դրսեցի ոեւէ անձի, նոյնիսկ եթէ ան շատ հարազատ է արենակցական կապով:
Ո՛չ անպայման տան ներքին գործերուն խառնուելու համար, սակայն տուեալ տան հետ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատելու համար եւս կարեւոր է այդ տան «բանալի»ն ունենալը: Նոյնը կարելի է ըսել հիմնարկութիւններու պարագային, երբ առանց անոնց ներքին սահմանադրութեան հպելու, կարելի է գործի ասպարէզէն ներս յարաբերութիւն ստեղծել եւ պարզապէս առեւտուր ընել տուեալ հիմնարկութեան հետ: Յաճախորդը իր ճաշակը կրնայ պարտադրել, նոյնիսկ իր պահանջները դնել ստանալիք իրերուն ձեւին, գոյնին, չափին ու որակին համար, սակայն գործարանին օրէնքները չի՛ կրնար փոխել, ո՛չ ալ գործաւորներուն ամսականները բարձրացնելու կամ նուազեցնելու մասին տեսակէտ յայտնել: Ատիկա բացայայտ ոտնձգութիւն պիտի համարուի, եւ գործարանատէրը կրնայ յանդիմանել յաճախորդին, նման միջամտութիւններ կատարելուն համար:
Հինէն եկող առածը կ՛ըսէ, թէ գիւղը նուաճելու համար պէտք չունիս իւրաքանչիւր գիւղացիի հետ տեսակցելու, բոլորը համոզելու, տեսակէտներդ ամէն անհատի ներկայացնելու, միտքերդ բացատրելու կամ իւրաքանչիւրին առանձին-առանձին լուսաբանութիւններ տալու. կը բաւէ միայն գիւղապետին հանդիպիլ, ու անոր հաւանութիւնը ստանալ գործդ շարունակելու համար…
Նոյնը կարելի է ըսել կեանքի մէջ ամէն տեսակի «դռներ» բանալու համար: Կեանքի տան՝ այս աշխարհի մէջ անվերջանալի «սենեակ»ներ կան, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր «բանալի»ն ունի: Միայն տեղ մը այս նմանողութեան զուգահեռները՝ «դուռ»ի եւ «բանալի»ի կանգ կ՛առնեն, այն ալ՝ երբ ըսենք, թէ ներկայ արդիական դռներուն նման, կեանքի դռները ամէն դուռ բացող միակ բանալի (master key) չունին: Այլ, կեանքի իւրաքանչիւր «դուռ» պէտք է իրեն յատուկ «բանալի»ով բանալ:
Գիւղացիներու միամտութիւնը չէ՛ անպայման պատճառը, որ վերոյիշեալ առածին մէջի գիւղապետը այդ հանգամանքը ստացած է, այլ՝ առածին մէջ պարփակուած խոր իմաստը՝ կեանքի մէջ գոյութիւն ունեցող խմբաւորումներն են, որոնք անպայման կ՛ունենան իրենց գլուխը: Այդ անձն է որ պէտք է համոզում գոյացնէ մեր առաջարկին մասին, որպէսզի յաջողութիւն գտնենք: Ա՛ն է «բանալի»ն տուեալ պարագային, որուն ստեղծած պատնէշը պէտք է անդրանցնինք, հասնելու համար մեր նպատակին:
Համաշխարհայնացման մասին բոլոր ճառողները աշխարհը կը նմանցնեն փոքրիկ գիւղի, առանց յիշելու գիւղապետը: Առանց գիւղապետի ինչպէ՞ս կրնայ գիւղ մը գոյատեւել: Ամէնէն փոքրիկ գիւղն իսկ ունի գիւղապետ, որուն հրահանգներուն կ՛ենթարկուի: Այլապէս ներքին անդորրը կը կորսնցնէ գիւղը, ու գիւղապետի հանգամանքը խնդրոյ առարկայ կը դառնայ շուտով:
Շատ փոքր ներկայացուած մեր գիւղ-աշխարհը եւս ունի իր ներդաշնակութեան օրէնքները, որոնք մարդկային փոխ-յարաբերական կեանքի ամէնէն էական կանոններն են: Եթէ այդ կանոններուն ենթակայութիւն պիտի յայտնենք, ուրեմն՝ իւրաքանչիւր «դրան» պէտք է մօտենանք անոր յատուկ «բանալի»ով: Այլապէս միջանցքներուն մէջ պիտի դեգերինք, ու ասոր անոր դուռը ափ առնող մուրացկաններու նման պիտի վտարուինք մէկ տեղէն միւսը:
– Դուն նախ գիւղապետը գտի՛ր ու անոր հանդիպէ՛:
Ամէն մարդ այսօր գործին կարճ ճամբան կը փնտռէ շուտով լուծելու համար իր հարցերը, իսկ դեռ կան ոմանք՝ շատ խելացիներ, որոնք առանց գիւղապետին հանդիպելու կ՛ուզեն հարթել իրենց դժուարութիւնները: Դիւրին ճամբան թողած ինչո՞ւ զուր տեղ յոգնիլ անիմաստ շրջագայութիւններու ձեռնարկելով գիւղի ցեխոտ, ու գոմերու գարշահոտութեամբ պարուրուած արահետներուն մէջ: Ամէնէն կարճ ճամբան՝ նախ գիւղապետին հանդիպիլն է: