Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Եղեռնի Յուշապատում

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԱԼԵԱՆ

Յարգելի խմբագիր,

Մեծ հաճոյքով ընդունեցի հրաւէրդ, որովհետեւ ես թէ՛ թոռ եմ եւ թէ զաւակ նահատակներու:
Անունս Յարութիւն Պալեան է: Ծնած եմ Կիլիկիոյ Ատանա քաղաքին մէջ, 1920 Յուլիս 26ին, որբ հօրս նահատակութենէն մէկ ամիս ետք:
Մօրս ընտանիքը՝ հայրը, մայրը եւ չորս աղջիկ զաւակներ, հաճընցի են: Բայց մեծ հայրս եղած է ձեռներեց մարդ, հաստատուած է Սիս քաղաքը: Ունեցած է նպարավաճառի խանութ մը Սիսի մէջ եւ մեծ տուն մը: Աղջիկներէն ամենամեծը եղած է մայրս՝ Մարիձան. հազիւ 17 տարեկան, կ՛ամուսնանայ 22 տարեկանին, նոյնպէս հաճընցի Արամ Պալեանին հետ:
Հայրս տուն փեսայ կու գայ եւ մեծ հօրս աջ բազուկը կը դառնայ: Ըստ մօրս պատմածին, շատ սիրուած եւ յարգուած, աշխատասէր երիտասարդ մը է եղած հայրս:
Հօրս՝ Արամին ծնողքը՝ հայր, մայր, երկու եղբայրները եւ երկու քոյրերը կը բնակէին Հաճըն, անոնք ալ հաճընցի են:
Առաջին աշխարհամարտին Թուրքիան բաժնուած էր մասերու: Կիլիկիան ենթակայ էր Ֆրանսայի: Սակայն դաշնակիցներու նենգ հաշիւներուն պատճառաւ սկիզբ առաւ քեմալական շարժումը: «Ասպետական» Ֆրանսան իր շիլ հաշիւներուն պատճառաւ Կիլիկիան յանձնեց թուրքերուն:
Մինչ այդ, յաղթական փոքր դաշնակից Հայաստանը Կիլիկիոյ մէջ կազմած էր բանակ մը եւ որոշած էր Ատանա քաղաքը որպէս մայրաքաղաք ընդունիլ: Բայց Ֆրանսայի կառավարութեան ներկայացուցիչը հրամայեց որ պարպուի Կիլիկիան:
Հաճըն քաղաքը ըմբոստացաւ այս նենգ դաւին դէմ, ինը երկար ամիսներ քաջաբար դիմադրեց: Բայց ռազմամթերքի եւ սնունդի պակասը ջլատեցին իրենց կորովը:
Կամաւորական ջոկատ մը կազմուեցաւ, որոնց առաքելութիւնը պիտի ըլլար չէզոքացնել պաշարման շղթան ու դուրս բերել հաճընցիները:
Հայրս աներհօր հետ խորհրդակցելէ ետք, ինք ալ մաս կը կազմէ կամաւորական ջոկատին: Հաճըն քաղաքը հասնելու համար պէտք էր ջոկատը անցնէր մեծ կիրճէ մը: Կ՛ըսուի, որ «ասպետական» Ֆրանսայի Կիլիկիոյ պատասխանատուն կամաւորական խումբի մասին տեղեակ պահած է թուրքերը, որոնք մեծ պատրաստութեամբ պաշարած են կիրճը, որ Հաճըն քաղաքէն շատ առաջ է: Հայկական ջոկատը կարծելով որ անցքը ապահով է, հազիւ հասած կիրճը, փամփուշտի տարափի կ՛ենթարկուի: Քառասուն կտրիճներ կը մահանան, մնացածները ետ կը քաշուին: Հայրս այդ զոհուածներու մէջն է եղած: Բօթը կը հասնի մօրս:
Գոյժը հազիւ ընտանիքին մէջ տարածուած, մեծ հայրս սրտի կաթուած կ՛ունենայ: Փեսային մահը, Ֆրանսայի կառավարութեան կուսակալի հրահանգը «տուներու անմիջական պարպումի» մասին, պատճառ կ՛ըլլան անոր մահուան:
Մօրս յղութեան վերջին ամիսն է, չէ կրցած թաղման երթալ դրացիներու խորհուրդին անսալով:
Գաղթի ժամը կը հնչէ: Հազիւ քանի մը կտոր հագուստ առած կը հասնին որոշեալ վայրը՝ Սիսի մէջ:
Նորակազմ հայկական բանակի սպայ, հաճընցի Պօղոս Թուրսարգիսեան տեսնելով մօրս վիճակը, կը հրամայէ որ զինուոր մը օգնէ այս յղի տիկնոջ: Երիտասարդ հայ զինուոր, նոյնպէս հաճընցի, Կարապետ Կիւլվարդեան, մեծ հոգածութեամբ կը տեղաւորէ ձիուն վրայ, ինքը սանձը բռնած՝ Սիսէն մինչեւ Ատանա կը տանի ոչ միայն մայրս, նաեւ մեծ մայրս եւ աղջիկները:
Յուլիս ամիսն է. ժողովուրդը բացօդեայ դաշտի մը մէջ զետեղուած է: Կարգադիր յանձնախումբի ազնիւ մարդոց կարեկցութեամբ գետնայարկ խրճիթ մը կը տրամադրեն: Այդ խրճիթին մէջ ալ ես կը ծնիմ, որբ:
Հոս կ՛ուզեմ շեշտել, որ այս բոլորը շատ անգամ լսած եմ մօրմէս, բայց հիմա կ՛ուզեմ շեշտել իր հետեւեալ խօսքը. «Յիսուս մսուրի մը մէջ ծնաւ, դուն, տղա՛ս, այդ մսուրին անգամ չարժանացար»:
Հրաման կը տրուի տեղափոխուելու ուրիշ քաղաք, Ատանայէն հեռու նաւահանգիստ մը: Մայրս կը պատմէ. «Խանձարուրի մէջ փաթթուած կը բարձրանանք ապրանքատար նաւ մը: Անտանելի զուլում, բարեբախտաբար ես փորձառութիւն ունէի փոքր քոյրերուս հոգատարութեան շրջանէն: Բայց տանջանք էր. ոչ տուն ունէինք, ոչ դրամ, ոչ լեզուն՝ արաբերէնը գիտէինք, կատարեալ համր էինք: Այս էր մեր վիճակը, երբ Պէյրութ հասանք: Դուն անբարբառ եւ ամէն բանէ անտեղեակ մանուկ մըն էիր, մանչս: Առածը կ՛ըսէ՝ քարը չի մեծնար, բայց մարդը կը մեծնայ»:

Ճիշդ էր մայրս. ես սկսայ մեծնալու ու զգալու տաժանքին ծանրութիւնը, բայց ոչ իմ վրաս, այլ մօրս ուսերուն:
Որբութեան իմաստը չէի գիտեր, ատոր համար ալ իմ որբութենէն անտեղեակ էի: Այդ իսկ պատճառաւ առաջին ծանր հարուած մը հասցուցի լալկան մօրս. «Մայր, մանկապարտէզի ընկերներուս հայրերն ալ իրենց զաւակները դպրոց կը բերեն, ինչո՞ւ իմ պապաս ալ չի բերեր դպրոց, միշտ դուն կը տանիս»: Մօրս արցունքները յուզեցին եւ ինծի, սկսայ հեկեկալու: Մայրս գրկեց իմ գլուխս, կուրծքին սեղմեց, հանդարտեցուց, խոստանալով, որ երբ ժամանակը գայ, կը պատմէ ամէն բան: Այդ անձկաւ օրը ես բերի անգիտակցաբար: Մանկապարտէզի աւարտական տարիս էր, անմեղօրէն հարց տուի մօրս. «Պապաս տիբլոմայի՞ս ալ չպիտի գայ»: Երկրորդ մեծ ռումբն էր պայթեցուցի մօրս գլխուն:
Մայրս հեկեկալով պատմեց հօրս նահատակուիլը իր ամբողջ մանրամասնութեամբ: Մայր եւ տղայ իրարու փաթթուած լացինք ու լացինք:
Կարծես այս բոլոր ողբերգական վիճակը անբաւ էր՝ մանկամտօրէն հարց մը տուի մօրս. «Հօրս նկարը ունի՞նք»: Ողբը իր գագաթնակէտին հասաւ:
Մայրս այդ յուզական վիճակի մէջ պատմեց.
«Սիրելի մանչս, գաղթականութեան սարսափը աներեւակայելի ու անպատմելի է, տակաւին փոքր ես: Տայ Աստուած, որ չտեսնես: Բացի կալուածէդ, խանութէդ, հարստութենէդ կայ նաեւ կեանքի վտանգը: Հօրդ մահը, մեծ հօրդ մահը մեզի մէկ բան միայն կը թելադրէին՝ կեանքի «ապահովութիւն»: Ո՞վ կը մտածէր գոյքի մասին, նկարի մասին: Իմ մտահոգութիւնս քու կենդանի նկա՛րն էր: Եթէ կ՛ուզես հօրդ նկարը տեսնել, թող հոգիիդ մէջ միշտ պայծառութեամբ պահուած հերոսի մը նկարը ըլլայ»:
Այս հոգեցունց վիճակը յուզականութեան պատէն անցաւ դէպի մտերմութիւն: Ան ոչ միայն մայրս էր, ոչ միայն հայրս եղաւ, այլ եղաւ նաեւ իմ շատ սիրելի ու հարազատ ընկերս, մինչեւ իր մահը, 1994ի Յունիս ամիսը, Սան Ֆրանսիսքօ: Կը հպարտանար, որ աւելի քան վաթսուն տարի ծառայած է Հայ Օգնութեան Միութեան՝ թէ՛ Լիբանան եւ թէ Ամերիկա:

Յ.Գ.- Յարգարժան «Ասպարէզ»ի խմբագիր,
Մեծապէս շնորհակալ եմ, որ թանկագին ժամանակդ տրամադրեցիր իմ խռպոտ ձայնս լսելու: Ներփակ կը ղրկեմ մէկ ուրիշ (հին) նկարս:
Կը ներես սխալներուս: Մօրս մասին մոռցայ յիշելու, որ Ատանայի ջարդին վերապրող է եղած ինը տարեկան հասակին, եկեղեցիի մը հրդեհէն մազապուրծ ազատած է:
Կանխայայտ շնորհակալութիւններս՝ Յարութիւն Պալեան:

ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ

ՍԱՐՕ ԵՒ ԱՅՏԱ ԳՕԹՈՅԵԱՆ ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԵՒ ՍԱՐԻՆ

ՊԵՏՐՈՍ ԵՒ ԱԼԻՍ ԱԲԵԼԵԱՆՆԵՐ

Վասպուրականի Հայրենակցական Միութիւն


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles