Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին պարտ կը զգամ երախտապարտութեան ոգիով անդրադառնալ Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի (ՄԱՆ) տարած մարդասիրական աննախընթաց եւ անսահման ծառայութիւններուն, որոնք հայ տարագիր ժողովուրդին եւ հայ որբաշխարհին տրամադրուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք:
Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցը (ՄԱՆ) այն կազմակերպութիւնն է, որ կազմակերպուած է Համաշխարհային առաջին պատերազմի շրջանին եւ զինադադարի տասնամեակին: Ան եղած է այդ ժամանակաշրջանի մեծագոյն մարդասիրական ձեռնարկը, գործած է Միջին Արեւելքի, Պարսկաստանի, Եգիպտոսի եւ Հայաստանի մէջ՝ որպէս մարդասիրական կազմակերպութիւն: Մատուցած է մարդասիրական, կրթական եւ ընկերային մեծ ծառայութիւններ, անոր օգնութիւնը եղած է ուղղակի կամ անուղղակի:
ՄԱՆի ծառայութիւնները հասած են աղէտեալ բազմաթիւ ժողովուրդներու, սակայն առաւելաբար՝ հայերուն:
ՄԱՆի նախագահ Ճէյմս Լ. Պարթըն եղած է ՄԱՆի ցկեանս նախագահը: Ան գրած է 450 էջերէ բաղկացած գիրք մը, որուն մէջ կ՛անդրադառնայ ՄԱՆի ամբողջական գործունէութեան: Ճ. Պարթըն իր գիրքին մէջ ըսած է. «Մանկութեան կոչն էր, որ գրաւեց նուիրատու բարեկամներու սիրտը, ու զանոնք գուրգուրանքով կապուած պահեց ծնողազուրկ այդ սերունդին, մինչեւ որ գործը հասաւ իր լրումին: Ամերիկեան նպաստամատոյցի գործը պատմութիւնն է իտէալներու, որոնք Ամերիկայի կողմէ թարգմանուեցան իբրեւ անշահախնդրական ծառայութիւններ: Մերձաւոր Արեւելքի այս երկիրները՝ հարուստ իրենց պատմութեամբ, կրօնքով, աւանդութիւններով, մեր համակրանքը արթնցուցին իրենց նեղութեանց մէջ, ու մեր երկրին տաք սիրտը առատաձեռնութեամբ պատասխանեց անոնց կոչին»:
Միացեալ Նահանգներու քաղաքական, զինուորական եւ մարդասիրական մարմինները 1915էն շատ առաջ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են Մերձաւոր Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու խնդիրներուն եւ անցեալի ջարդերուն վրայ, երբ զոհ գացած էին 130,000 հայեր Կիլիկիոյ մէջ՝ 20,000 հայ որբեր ու այրիներ պատճառելով: Անոնք շատ լաւ գիտակցած են նաեւ Իթթիհատական վարիչներու մտադրութիւնները՝ Թուրքիոյ հայութեան ապագային առնչուող: Անոնք Թուրքիոյ հայկական գաւառներու մէջ արդէն հաստատած էին 20է աւելի քոլեճներ եւ կրթական ու առողջապահական կեդրոններ, ուր կը գործէին 500է աւելի ամերիկացի քաղաքացիներ, եւ որոնց համար տրամադրած էին միլիոնաւոր տոլարներ:
1915ի Ապրիլին հայ ժողովուրդի ընտրանիին մաս կազմող անձնաւորութիւններու զանգուածային ձերբակալութիւնները եւ հայ ժողովուրդին ջարդերն ու տեղահանութիւնը ահազանգի կը մատնեն ամերիկահայութիւնը, որ շուտով օգնութեան ձեռք կ՛երկարէ իր արենակից քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Կը կազմուի «Հայ աղէտեալներու խնամատար
Կազմակերպութեան հիմնումէն ետք անմիջապէս կ՛որոշուի հանգանակել 100,000 տոլար: Որոշում տուողները արդէն ժողովին ընթացքին կը նուիրեն գումարին կէսը: Գլիվլէնտ Տաճ նիւթապէս եւ բարոյապէս կը դառնայ կազմակերպութեան կեդրոնական անձնաւորութիւնը մինչեւ իր մահը՝ 1926:
Մէկ ամսուան ընթացքին 100,000 տոլարի հանգանակութիւնը կը կատարուի, եւ գումարը կը փոխանցուի Պոլիս՝ դեսպան Մորկընթաուի: Մինչ այդ, հայկական գաւառներէն կը հասնին հայկական աղէտի ահաւորութեան տեղեկագիրները: Այս ստոյգ տեղեկութիւնները ամերիկեան հանրային կարծիքին սեփականութիւնը կը դարձուին զանազան միջոցներով: Հանգանակութիւնները կը շարունակուին Միացեալ Նահանգներուն մէջ, եւ կը գոյանայ 10 միլիոն տոլար: Նախագահ Ուիլսըն յատուկ հրովարտակով մը 21 Հոկտեմբերը կը հռչակէ «Նպաստից օր». ուստի, այդ օր Ամերիկայի բոլոր քաղաքներուն մէջ ժողովրդային մեծ հանգանակութիւններ տեղի կ՛ունենան:
ՄԱՆի օժանդակութիւնը միայն հայերուն ուղղուած չէր, այլ կը հասնի նաեւ ասորիներուն եւ այլ փոքրամասնութիւններու: Մինչ այդ, ՄԱՆը եւ զուիցերիական, դանիական ու գերմանական բարեսիրական կազմակերպութիւններ բոլոր գաւառներու մէջ մեծ թիւով որբանոցներ կը հաստատեն: Թուրք իշխանութիւնը ինքն ալ կը հաստատէ կարգ մը որբանոցներ Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ, օրինակ՝ Լիբանանի Անթուրայի որբանոցը, որ կը ծառայէ հայ որբերու թրքացման: ՄԱՆի աշխատանքը կը տարածուի Թուրքիայէն դուրս՝ մինչեւ Միջագետք, Պարսկաստան, Սուրիա, Պաղեստին, Լիբանան եւ Կովկաս: 1917ին՝ ռուսական յեղափոխութենէն ետք, Հայաստանի մէջ անպատսպար մնացած կէս միլիոն անհատներէն զատ, 40,000 հայ որբեր եւս կը սպասեն ամէնօրեայ սնունդի եւ հոգատարութեան: Ալեքսանտրապոլը կը վերածուի որբերու եւ այրիներու հաւաքավայրի: ՄԱՆը որբերու խնամքէն զատ, հոն կը հաստատէ 2500 կիներու եւ 200 այրերու հիւսուածեղէնի եւ շինութիւններու աշխատանոցներ: Ալեքսանտրապոլի գիւղերու բնակիչներուն կը հայթայթէ 3000 գոմէշներ եւ եզներ, ինչպէս նաեւ կը հոգայ անոնց 15,000 որբերու կարիքները: Պարսկաստանի մէջ Ուրմիոյ շրջանէն Ապատան գաղթող 70,000 քրիստոնեաներէն 3000ը կը մահանան ճամբուն վրայ, իսկ մնացածները կը հիւանդանան եւ կը մնան անօգնական: ՄԱՆի խնամատարութիւնը կը հասնի այս անպատսպար գաղթականներուն ալ, եւ ՄԱՆը կը ստանձնէ անոնց ամէնօրեայ սնունդի հայթայթումը: Իսկ Պաղտատի մէջ ՄԱՆը կը մատակարարէ 50,000 կարօտեալներու:
Ըստ Մատթէոս Էպլիղաթեանի, որ ստանձնած էր Պոլսոյ Ազգային խնամատարութեան տնօրէնութիւնը, ՄԱՆը 1920էն առաջ Թուրքիոյ գաւառներուն մէջ տարած է որբախնամ մեծ գործ եւ ստանձնած է մօտաւորապէս 12,000 որբերու խնամատարութիւնը՝ հետեւեալ մանրամասնութիւններով.
Խարբերդի շրջան՝ 4400 որբեր,
Սեբաստիոյ շրջան՝ 1327 որբեր.
Տրապիզոն՝ 231 որբեր,
Սամսոնի՝ 311 որբեր,
Մարզուան՝ 255 որբեր,
Գոնիա՝ 570 որբեր,
Իզմիթ՝ 220 որբեր,
Կեսարիա՝ 2296 որբեր,
Պրուսա՝ 228 որբեր,
Պարտիզակ՝ 181 որբեր,
Գաղատիա՝ 250 որբեր,
Ատանա՝ 1906 որբեր։
ՄԱՆը այս որբանոցներու մէջ խնամատարութենէն անդին ստեղծած է նաեւ արհեստի վարժարաններ, իսկ Պոլսոյ մէջ ան Ազգային խնամատարութեան օժանդակած է զանազան ձեւերով՝ հայ որբերուն հայթայթած է օրական 3000 հաց, Պոլսոյ որբանոցներուն տրամադրած է հագուստներ, կաթ, կարի մեքենաներ, մարզական եւ երաժշտական գործիքներ: Պոլսոյ մէջ նպաստ բաժնած է զաւակներու տէր այրիներուն եւ կարօտեալներուն, հոգացած է մօտաւորապէս 2000 հայ ընտանիքներու ապրուստը եւ բաժնած է կրթաթոշակ աղքատ աշակերտներուն: ՄԱՆի բժիշկները շարունակ այցելած են Պոլսոյ հայկական որբանոցները եւ դարմանած են հիւանդ որբերը:
Պոլսոյ ՄԱՆի տնօրէն Մէյճըր Արնոլտ Պոլսոյ Ազգային խնամատարութեան ծրագիրներուն համար Մատթէոս Էպլիղաթեանին յանձնած է 110,000 տոլարի չէք մը եւ ըսած է. «ՄԱՆը ներկայիս իրեն սկզբունք ըրած է նպաստել այնքան, որքան դուք ձերիններէն կը հաւաքէք»:
Զինադադարի հռչակումէն ետք, տեսնելով աղէտեալ հայ ժողովուրդին ծովածաւալ կարիքները եւ մասնաւորապէս 60,000 հայ որբերուն անմիջական խնամատարութեան անհրաժեշտութիւնը՝ ՄԱՆը կ՛որոշէ 30 միլիոն տոլար հանգանակել Ամերիկայի մէջ: Այս մէկը կ՛իրականանայ, բայց ինչպէ՞ս: Ահաւասիկ անոր մանրապատումը:
Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած չմշկածագցի Արշալոյս (Օրորա) Մարտիկանեանը կը կորսնցնէ ծնողները, քոյրերն ու երեք եղբայրները, որոնք գազանաբար կը սպաննուին իր աչքերուն առջեւ: 14ամեայ Արշալոյսը տարագրութեան ընթացքին կը խոշտանգուի ու կը բռնաբարուի թուրք եւ քիւրտ պաշտօնեաներու ու ցեղապետերու հարեմներուն մէջ: Ան կը մերժէ պարտադրուած իսլամութիւնը եւ երկու տարի կ՛ապրի արիւնարբու թուրք ոճրագործներու անմարդկային խրախճանքներու մղձաւանջային սարսափները: Արշալոյս հրաշքով մը կը փախչի թուրք հարեմներու տունէն եւ երկար թափառումներէ ետք 1917ի գարնան կը հասնի Էրզրում ու կ՛ապաստանի Էրզրումի Ամերիկեան միսիոնարներուն մօտ: ՄԱՆի միջոցներով Արշալոյս կ՛անցնի Սենթ Փեթերսպուրկ եւ հոնկէ Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք քաղաքը, ուր վերջնականապէս կը հաստատուի: Անգլերէն չգիտնալուն պատճառով, Արշալոյս թարգմանիչի մը միջոցով իր շրջապատին, եւ մասնաւորապէս գրագէտ Հենրի Կէյցին կը պատմէ, որպէս ականատես, թուրքերուն կողմէ հայերուն դէմ կատարուած չարչարանքները, ոճրագործութիւնները եւ իսլամացումի արարքները: Հէնրի Կէյց Արշալոյսին պատմածներուն վաւերականութիւնը կը հաստատէ Թուրքիոյ Ամերիկեան եւ Անգլիական դեսպանատուներէն ապահոված տեղեկութիւններով: Հէնրի Կէյց 1918ին անգլերէնով կը հրատարակէ Օրորայի «Բռնաբարուած Հայաստան» գիրքը, որ մեծ աղմուկ կը բարձրացնէ Ամերիկայի մէջ եւ կը դառնայ Ցեղասպանութեան ականատեսի փաստավաւերագրական առաջին յուշագրութիւններէն կարեւորագոյնը:
ՄԱՆի Նիւ Եորքի կոմիտէն, իմանալէ ետք Օրորա Մարտիկանեանի «Բռնաբարուած Հայաստան» հրատարակութեան բովանդակութեան մանրամասնութիւնները, կ՛որոշէ պատրաստել վաւերագրական շարժանկար մը՝ հիմնուելով «Բռնաբարուած Հայաստան» գիրքին բովանդակութեան վրայ, այն մտադրութեամբ, որ պատրաստուելիք շարժապատկերը պիտի ապահովէր 30 միլիոն տոլար: Քալիֆորնիոյ մէջ շարժապատկերի արտադրիչ «Մեթրօ Կոլտուին Մէյըր» ընկերութեան կողմէ եւ Օսքար Ափֆելի բեմադրութեամբ կը նկարահանուի «Հոգիներու աճուրդ» անձայն շարժապատկերը, (մասնակցութեամբ շուրջ 10 հազար անձերու) եւ հեղինակութեամբ ու դերակատարութեամբ Օրորա-Արշալոյս Մարտիկանեանի: Անիկա կը հանդիսանայ Հայոց Ցեղասպանութեան անդրադարձող աշխարհի առաջին ժապաւէնը:
«Հոգիներու աճուրդ»ը առաջին անգամ կը ցուցադրուի 1919ի Փետրուար 16ին, Նիւ Եորքի «Փլազա» հիւրանոցին մէջ՝ 7000 ականաւոր անձերու ներկայութեան, եւ իւրաքանչիւր տոմս կը վաճառուի 10 տոլարի: Ժապաւէնը Նիւ Եորքի մէջ ամբողջ մէկ շաբաթ կը ցուցադրուի, իսկ հետագային՝ Միացեալ Նահանգներու 23 նահանգներու մեծ քաղաքներու, Հարաւային Ամերիկայի շարք մը երկիրներու՝ Մեքսիքայի, Քուպայի եւ Բրիտանիոյ մէջ: Այս ցուցադրութիւններէն գոյացած ամբողջական հասոյթը կը փոխանցուի ՄԱՆին, որ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ:
Ըստ Սօսի Գեւոնեանի, որ հեղինակած է «Մինչ հոգիներու աճուրդը» գիրքը՝ հիմնուելով Օրորայի «Հոգիներու աճուրդը» ժապաւէնին վրայ, եւ որ ներկայացուած է Հայաստանի մէջ 2013ին, Օրորա Մարտիկանեան ամուսնացած է Հովանեան անունով հայու մը հետ եւ ունեցած է մէկ մանչ զաւակ: Օրորա մահացած է 1996ին Լոս Անճելոսի «Արարատ» ծերանոցին մէջ, 98 տարեկանին:
1919ին Հայաստանի մէջ ՄԱՆի խնամքին տակ կը մնան եւ կը կերակրուին օրական 332,700 անձեր, 336 գիւղեր կը ստանան ալիւր եւ հագուստեղէն, ու կը պահուին 39 հիւանդանոցներ:
Զինադադարի հաստատումով հայկական գաւառներու վերականգնումի աշխատանքները կը սկսին, եւ Ամերիկայէն նաւով ՄԱՆին կը հասնին մեծ քանակութեամբ նպաստի մթերք, որ կը բաժնուի բոլոր գաւառներու մէջ՝ ՄԱՆի պաշտօնէութեան ձեռքով:
Շուտով կը ծագի Քեմալական շարժումը Թուրքիոյ մէջ: Դաշնակից պետութիւնները կը բանակցին Պոլսոյ սուլթանական պետութեան հետ եւ վերջապէս կը ստորագրուի Սեւրի դաշնագիրը, որ կ՛անդամահատէ Թուրքիան, եւ կ՛ընդարձակէ Հայաստանի սահմանները՝ հասնելով մինչեւ Տրապիզոն, Պիթլիս, Երզնկա եւ Վան: Սակայն այս դաշնագիրը չի գործադրուիր, որովհետեւ դաշնակիցները չեն պարտադրեր սուլթանական իշխանութեան, եւ Քեմալական շարժումի ղեկավարները կը դատապարտեն իրենց կառավարութիւնը ու կը մերժեն դաշնագիրը: Քեմալական ուժերը կ՛անցնին յարձակողականի՝ երեք ճակատներու վրայ, քաջալերուած պառակտուած Դաշնակից պետութիւններու իրավիճակէն: 1920ի աշնան տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի վրայ յարձակումը, եւ կը կորսուին Կարսն ու Արտահանը, այսինքն՝ Հայաստան կը կորսնցնէ իր հողամասին մէկ երրորդը: Ֆրանսացիները կը լքեն Կիլիկիան, եւ քեմալականները կը շարունակեն իրենց յառաջխաղացքը: Ի վերջոյ, 1921 Հոկտեմբերին Անգարայի դաշնագիրով Կիլիկիան կը յանձնուի թուրքերուն, իսկ 1923ի Լոզանի դաշնագիրով Դաշնակից պետութիւնները կը կորսնցնեն իրենց իրաւունքները եւ իրենց բանակները դուրս կը նետուին Թուրքիայէն: Այս բոլոր իրադարձութիւններուն որպէս հետեւանք Կիլիկիան կը պարպուի եւ 400,000 հայեր եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը՝ իր կաթողիկոսով, կը դառնան տարագիր: Կիլիկիոյ ամբողջ տարածքին գտնուող որբանոցներուն մէջ ապաստանած շուրջ 26,000 հայ որբերու ճակատագիրը կը մնայ հարցական տակ:
7 Փետրուար 1922ին Հալէպի մէջ կը կայանայ հայ եւ ամերիկեան պատուիրակներու հանդիպումը: ՄԱՆի կողմէ կը մասնակցի Սուրիոյ եւ Լիբանանի շրջանի վարիչ տնօրէն Մեքաֆիին գլխաւորած պատուիրակութիւնը, իսկ հայերուն կողմէ՝ Սահակ Բ. կաթողիկոսին ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Հալէպի քաղաքական ժողովի, Ազգային միութեան, Միջագետքի, Մարաշի եւ Այնթապի որբանոցներուն հոգաբարձութիւններու ներկայացուցիչները: Այս հանդիպումին միաձայնութեամբ կ՛որոշուի Կիլիկիոյ որբանոցներու հայ որբերը փոխադրել Սուրիա եւ Լիբանան:
Այս համաձայնութենէն ետք կը սկսի որբերու փոխադրութիւնը՝ տոքթ. Եագոպ Քիւնցլերի անմիջական հսկողութեամբ եւ տնօրինումով: Տոքթ. Քիւնցլեր 1900էն ի վեր իբրեւ բժիշկ եւ միսիոնար գործած է Ուրֆա եւ Տիգրանակերտ մէջ, արդարեւ, ան քաջածանօթ եղած է շրջանին եւ հայկական հարցերուն:
Ուրֆայէն, Տիգրանակերտէն, Խարբերդէն, Մերտինէն եւ Մալաթիայէն կը փոխադրուին մօտաւորապէս 9500 որբեր շատ դժուար պայմաններու մէջ: Խարբերդի 5000 որբերուն փոխադրութիւնը տեղի կ՛ունենայ երեք ամիսներու ընթացքին Ճարապլուս քաղաքի ճամբով, 130 փոխադրակառքերու միջոցով:
Լիբանանի մէջ Ամերիկեան նպաստամատոյցի խնամքին տակ կը մնան 7473 որբեր, բաժնուած եօթը տարբեր որբանոցներու մէջ՝ Ճիւնիի, Մաամըլթենի, Զուք Միքայէլի, Նահր Իպրահիմի, Ղազիրի, Անթիլիասի եւ Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն» որբանոցներ։
ՄԱՆը Ղազիրի մէջ որբանոցի կողքին կը հաստատէ նաեւ հայ դեռատի աղջիկներու գորգագործարան մը, ուր կ՛աշխատին մօտ 100 հայ որբ աղջիկներ: Այս գորգագործարանը կը գործէ տնօրէնութեամբ տոքթ. Քիւնցլերի եւ հսկողութեամբ վարպետ Յովհաննէս Թաշճեանի։ 1924էն 1925 Ղազիրի գորգագործարանի 100 հայ որբերը կը հիւսեն 18.5 ոտք երկարութեամբ եւ 11.5 ոտք լայնքով գորգ մը եւ 1926ին զայն կը նուիրեն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քելվին Քուլիճի, որպէս երախտագիտութիւն՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՈՐԲԱՇԽԱՐՀԻ ՈՐԲԵՐՈՒՆ կողմէ Ամերիկայի ժողովուրդին, որ ՄԱՆի միջոցաւ մեծապէս օգտակար հանդիսացած էր հայ որբերուն:
Սուրիոյ մէջ ՄԱՆի գլխաւոր որբանոցները հաստատուած են Հալէպ՝ 2500 որբերով, որոնք հաւաքուած են Մարաշէն, Այնթապէն, Խարբերդէն, եւ Ուրֆայէն:
Յունաստանի մէջ ՄԱՆը պատսպարած է 25,000 որբեր Աթէնքի, Փիրէի, Սիրա կղզիի, Քորֆու կղզիի, Խալքիս կղզիի, Քեֆալոնիայի, Կորնթոսի եւ Օրոփոսի որբանոցներուն մէջ: Այս որբերը եկած են Սեբաստիայէն, Մարզուանէն, Սամսոնէն, Տրապիզոնէն, Գոնիայէն եւ Իզմիրէն:
ՄԱՆը Պաղեստին՝ Նազարէթի մէջ ունեցած է մէկ որբանոց։
1923ին Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը հռչակէ «Ոսկեղէն կանոնի Կիրակի»ն, որպէսզի ամէն տարուան 10 եւ 11 Նոյեմբերին իւրաքանչիւր ընտանիք իր ճաշասեղանէն բաժին մը նպաստ հանէ ՄԱՆին: «Ոսկեղէն կանոնի Կիրակի»ն կը յաջողի եւ մեծագումար նպաստ կը հասնի ՄԱՆին:
Ի հետեւումն «Ոսկեղէն կանոնի Կիրակի»ին Սահակ Բ. կաթողիկոս 1924ի սկզբնաւորութեան կը հրատարակէ իր «Կարմիր Կիրակի» շրջաբերական թուղթը եւ կը յորդորէ հայ ժողովուրդը ամէնուրեք մասնակցելու, իր կարողութեան սահմաններուն մէջ, ՄԱՆի հանգանակութեան։
1928ին ՄԱՆը Ճիպէյլի որբանոցը կը ծախէ դանիական բարեսիրական ընկերութեան՝ 20,000 տոլարի:
1930ին ՄԱՆը իր բոլոր որբանոցները լուծարքի կ՛ենթարկէ, սակայն ոչ մէկ որբ մէջտեղ կը մնայ: Որբերուն մեծամասնութիւնը կը տեղաւորուին իրենց հարազատներուն եւ հայրենակիցներուն մօտ՝ Լիբանան, Սուրիա, Յունաստան, Քանատա եւ Ամերիկա: 2500 որբեր կը տեղաւորուին Եգիպտոսի հայ գաղութին մէջ, 1500 որբեր՝ Ֆրանսայի մէջ, 2000 որբեր՝ Մակեդոնիոյ մէջ, 350 որբեր՝ Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին եւ Լեման լիճի լեռնակողին մօտ Պընեէն գիւղին մէջ:
1930ին ՄԱՆը կը փոխարինուի «NEAR EAST FOUNDATION» անունով, որուն հիմնական նպատակը կ՛ըլլայ հետապնդել կրթական եւ մշակութային գործունէութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:

Կաթողիկոսարանի կալուածներու վարձակալութեան հինգ տարուան համաձայնագիրի վերջին ամիսներուն ՄԱՆի պատասխանատուները վեհափառին կ՛առաջարկեն՝ կա՛մ գնել կալուածը, եւ կամ պարպել հողաշերտը անմիջապէս: Երկարաշունչ բանակցութիւններէ ետք, ՄԱՆը Անթիլիասի հողաշերտին վրայ կաթողիկոսութեան կեցութիւնը կ՛երկարաձգէ երկու տարիով՝ մինչեւ 30 Ապրիլ 1937:
Սահակ Բ. կաթողիկոս եւ Պետրոս արք. կը դիմեն ժողովրդային հանգանակութեան, կը դիմեն հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն ամէն տեղ, որպէսզի գնեն եւ տիրանան հողաշերտին: 22 Մարտ 1937ին Սահակ Բ. կաթողիկոս նոր կոչ մը կ՛ուղղէ արտասահմանի հայութեան եւ նոյն օրը Անթիլիաս կը հասնի ապահովագրեալ նամակ մը: Վեհափառին կոչին կ՛ընդառաջէ եգիպտահայ ազգային մը, որ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ գնելու հողաշերտը եւ նուիրելու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Յարգելի ազգայինը կը ստորագրէ «K»ով միայն եւ իր ինքնութիւնը չի յայտներ: Հողաշերտը կ՛արժեւորուի 4000 անգլիական սթերլին ոսկիով: Բարերարը երկու հանգրուաններով կ՛ուղարկէ այս գումարը եւ իր վերջին նամակով կը բացայայտէ իր ինքնութիւնը՝ Սիմոն Գայըգճեան, որ գաղթած է Պոլիսէն Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս եւ կրտսեր եղբայրն է Մաթէոս Գայըգճեան եպիսկոպոսին: Հողաշերտը կը գնուի եւ կ՛արձանագրուի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անունին: Սահակ Բ. կաթողիկոս՝ Պետրոս արքեպիսկոպոսի ձեռամբ, Գահիրէի մէջ 17 Փետրուար 1938ին կը պարգեւատրէ բարերարներ տէր եւ տիկին Գայըգճեանները՝ ադամանդազարդ ոսկեայ «Կիլիկեան խա»չ շքանշանով: Սակայն ազգային բարերար Սիմոն Գայըգճեան դժբախտաբար կը մահանայ շքանշանը ստանալէն մէկ օր ետք, առանց տեսնելու կաթողիկոսարանի հողաշերտը:
Վերադառնալով ՄԱՆի, 1915էն մինչեւ 1930 կատարած ամբողջական խնամատարական աշխատանքներուն մասին կրնանք ըսել հետեւեալները.
Ա. ՄԱՆը ծախսած է մօտաւորապէս 116,000,000 տոլար (ներկայ արժէքով մօտաւորապէս 3 միլիառ տոլար), որուն 80 տոկոսը զուտ հաւաքուած դրամ եղած է, իսկ 20 տոկոսը նուէր ստացուած ապրանքներու փոխարժէք:
Հաւաքուած գումարը հանգանակուած է զանազան միջոցներով՝
1. Անհատական նուիրատուութիւններ.
2. Համայնքներու մէջ հանգանակութիւններ.
3. Եկեղեցիներու եւ այլ կազմակերպութիւններու կողմէ դրամահաւաքներ.
4. Հրապարակային հանդէսներ, ձեռնարկներ եւ ժողով-հաւաքներ.
5. Ամերիկեան Կիրակնօրեայ դպրոցներու հանգանակութիւններ. մէկ տարուան ընթացքին հանգանակած են մօտ 1,000,000 տոլար.
6. Միջազգային Կարմիր խաչը 1917ին տրամադրած է վեց միլիոն տոլար եւ այդ թուականէն ետք ամսական դրութեամբ նպաստած է 50,000 տոլարով՝ մինչեւ 1930.
7. «Ռաքֆէլըր» հիմնարկութիւնը բոլոր հանգանակութիւններուն մասնակցած է միլիոններով.
8. Զանազան ընկերութիւններ եւ հաստատութիւններ կազմակերպած են տարեկան հասութաբեր ձեռնարկներ.
9. Ամերիկեան 23 նահանգներու մէջ կատարուած են հանգանակութիւններ: Ամէնէն շատ տուող նահանգը եղած է Նիւ Եորք նահանգը՝ 13.871.815 տոլար.
10. Օրորա Մարտիկանեանի «Հոգիներու աճուրդ» շարժապատկերին ցուցադրութիւնները.
11. Հայ անհատներու նուիրատուութիւնները հասած են 1 միլիոն տոլարի.
12. ՀԲԸՄի նպաստները հասած են 1.5 միլիոն տոլարի:
Իսկ նուէր ստացուած ապրանքները եղած են՝
1. 7500 թոն հին գործածուած հագուստներ.
2. 1,946,928 խտացուած կաթի տուփեր.
3. Հարիւրներով թօն ալիւր, լուբիա, եգիպտացորեն, շաքար եւ չոր պտուղներ։
Այս հսկայ գումարներու հաւաքման աշխատանքին իրենց օժանդակութիւնը բերած են՝ ամերիկեան մամուլը, հրատարակութիւնները, պաշտօնական դէմքեր եւ հեղինակաւոր անձեր, նախագահներ, ծերակուտականներ, նահանգային կառավարիչներ, հիւպատոսներ, արուեստի եւ մշակոյթի հանրածանօթ դէմքեր:
Բ. ՄԱՆը ուղղակի պահպանած, խնամած եւ կրթած է 200 որբանոցներու մէջ 132,000 որբ մանուկներ, որոնց 75,000ը եղած են հայեր՝ 40-45,000ը Հայաստանի մէջ, իսկ մնացեալը՝ Սուրիա, Լիբանան եւ Յունաստան: Ան օգնած է անուղղակիօրէն կէս միլիոն աղէտեալներ: Հոս կ՛ուզեմ մէջբերում մը ընել. ՄԱՆի հոգատարութիւնը վայելած հայ որբերէն մէկը եղած է իմ աներս՝ Պետրոս Մէյվալեան-Պտղունին (ծնեալ Զէյթուն-Ֆուրնուզ 1910ին), որ պատիւը ունեցած է խնամուելու Լիբանանի Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն» որբանոցին մէջ, 1922էն 1924 եւ Հայր Պօղոս Արիսի որբանոցին մէջ 1924էն 1926: «Թռչնոց Բոյն»ի որբանոցին մէջ անոր թիւը եղած է 1392, իսկ երկրորդ որբանոցի թիւը եղած է 323:
Գ. Կազմակերպութեան մէջ աշխատած են 2500 ամերիկացի գործիչներ, որոնցմէ 30 պաշտօնեաներ մահացած են ծառայութեան դաշտին վրայ, Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու մէջ:
Դ. Անոր մարդասիրական գործունէութիւնը իրագործուած է ո՛չ միայն ամերիկացի ժողովուրդին կողմէ, այլ նաեւ Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական կառավարութեան եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններուն գործնական աջակցութեամբ: Նախագահներ Ուիլսըն, Հարտինկ եւ Հուվըր գործակցած են ՄԱՆին հետ, ինչպէս նաեւ՝ Ամերիկեան Կարմիր Խաչը եւ Երեսփոխանական քոնկրեսը: Ամերիկայի հիւպատոսարանները գործի լծուած են, իսկ պետութեան քաղաքական մարմինները, բանակը եւ ծովային հրամանատարութիւնը օգնած են գործի յաջողութեան համար:
Ե. Անոր հիմնական ծառայութիւնը կեդրոնացած է որբ մանուկներու փրկութեան գործին մէջ: Ընտանեկան խնամքէ զուրկ երեխաները 200 որբանոցներու մէջ հաւաքուած, խնամուած եւ դաստիարակուած են մինչեւ իրենց ինքնաբաւ տարիքը: Զուտ սննդեղէնի համար ծախսուած է ամսական 5 տոլար՝ որբի գլուխ: Որբանոցները գործած են որպէս դպրոցական նախակրթութեան կեդրոններ, որոնք ունեցած են զուտ հայկական ուսումնական ծրագիրներ, ուսուցիչներ, տնօրէններ, արդիական մանկավարժական դասաւանդութիւն, ինչպէս նաեւ կրօնական եւ բարոյական դաստիարակութիւն: Ամէն որբանոց ունեցած է իր լաւ սարքաւորուած արհեստանոցները՝ ատաղձագործութիւն, դերձակութիւն, կօշկակարութիւն, մեքենագործութիւն, տպարանի եւ կազմատան աշխատանքներ: Որբանոցներու մէջ կազմաւորուած է որբերուն նկարագիրը՝ մշակութային, մարզական, կենցաղային, կազմակերպչական եւ կարգապահական միջոցառումներով ու օրէնքներով:
Զ. Ուղղակի, անմիջական օգնութեան միջոցներէն դուրս ՄԱՆը իր մարդասիրական աշխատանքը տարածած է զանազան ձեւերով ՝
1. Ֆիզիքապէս կարող այրերուն գործ հայթայթած է, օրինակ՝ շէնքերու շինութիւն, ճամբաներու նորոգութիւն, ջրանցքներու բացում, ոռոգումի աշխատանքներ, ճահիճներու չորացում:
2. Սուրիոյ հայ որբեւայրիներուն հիւսուածեղէնի եւ ձեռագործի աշխատանոցներ հաստատած է:
3. Ուրմիայէն Միջագետք գաղթած հազարաւոր հայ եւ ասորի որբերու գործ տրամադրուած է:
4. Տնակներու շինութիւն եւ հողերու բաշխում կատարած է գաղթականներու տեղաւորման համար, մասնաւորապէս հիւսիսային Յունաստանի եւ Ալեքսանտրէթի Սանճաքին մէջ:
5. Ամերիկայէն բերուած գործածուած հագուստեղէններ բաշխած է գաղթականներուն։
6. Գաղթակայաններու մօտ հիւանդանոցներ հիմնած է:
7. Պահած է 50է աւելի հիւանդանոցներ, որոնք դարձած են նաեւ առողջապահական դաստիարակութեան եւ հիւանդապահուհիներ պատրաստող կեդրոններ։
8. Յաջողութիւն արձանագրած որբ աշակերտներուն եւ ուսման փափաք ունեցողներուն կրթաթոշակներ տուած է:
Նախագահ Քալվին Քուլիճ՝ արժեւորելով ՄԱՆի տարած աշխատանքը, ըսած է. «Ոչ մէկ գործունէութիւն, որ ամերիկացիներու կողմէ կամ յանուն Ամերիկայի ձեռնարկուած է, կրցած է այսքան բան իրագործել՝ արթնցնելու համար անկեղծ յարգանք եւ նոյնիսկ սէր Ամերիկայի հանդէպ: Ժողովուրդները Անոր ծառայութեանց մէջ տեսած են ապացուցումը բոլոր մարդոց հանդէպ եղբայրասիրութեան ու հաճութեան գործնական արտայայտութիւն: Անոր գործը գործնական քրիստոնէութեան ցուցանշանը եղաւ»:
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնթրէալ, 8 Մարտ 2014
Օգտագործուած աղբիւրներ՝
1. Barton, James L., «Story of Near East relief», New York, 1930։
2. Եղիայեան, Բիւզանդ, «Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյցը (1915-1930)», «Դրազարկ» տարեգիրք, Անթիլիաս, 1970։
3. Էպլիղաթեան, Մատթէոս, «Ազգային խնամատարութիւն», Բ. հրատարակութիւն, Անթիլիաս, 1985։
4. Էպլիղաթեան, Մատթէոս Մ., «Կեանք մը ազգիս կեանքին մէջ», Անթիլիաս, 1987։
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Երբեք Չմոռնանք Ապրիլ 24ը
Յարութ եւ Թամար Պարսամեան
–ՍԱՆ ԿԱՊՐԻԷԼ ՀՈՎԻՏ
ՀՅԴ «Դրօ»Կոմիտէ
Սան Կապրիէլ Հովիտի Հայ Դատի Յանձնախումբ
ՀՕՄի «Անի» եւ »«Նայիրի» Մասնաճիւղեր
ՀՄԸՄի Մոնթեպելլոյի Մասնաճիւղ
ՀԵԴ «Վահան Գարտաշեան» Ուխտ
ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւն
–ՀՅԴ »«Ահարոնեան» Կոմիտէ
Ս. Աստուածածին Մայր Եկեղեցի
Համազգայինի Կլենտէյլի Մասնաճիւղ
ՀԵԴ «Ռուբէն» Ուխտ
ՀՅԴ «Շանթ»« եւ «Զաւարեան»« Պատանեկան Միութիւններ
ՀՄԸՄի «Արարատ» Մասնաճիւղ
ՀՕՄի «Սիփան» Մասնաճիւղ
Հայաստանի ու հայ ժողովրդի ամբողջական իրաւունքների պաշտպանութեան
եւ արդարութեան վերականգնման համար մղուող պայքարը շարունակուելու է մինչեւ վերջնական յաղթանակ:
ՓԱՍԱՏԻՆԱ
ՀՅԴ «Լեռնավայր» Կոմիտէ
ՀԵԴ «Նիկոլ Դուման» Ուխտ
ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւն
ՀՕՄի»«Սօսէ» Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» Մասնաճիւղ
Համազգաինի Փասատինայի Մասնաճիւղ
Հայ Ամերիկեան Տարեցներու Միութեան Փասատինայի Մասնաճիւղ