Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Սկսած Են Խլրտելու Աւազէ Տապանները Մեր Նահատակներուն

$
0
0

ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

99 տարիներու երկար ու ձիգ ճանապարհը հայկական պահանջատիրութեան, անցնող տասնամեակներու գոյապայքարի ու վերապրումի բոլոր աշխատանքներու թուլացման պիտի չհասցնէ մեզ, այլ՝ 100րդ տարելիցով բացուող նոր պայքարի զառիվերին առջեւ պիտի կանգնեցնէ բոլորս միասնաբար՝ ազգովի՛ն:
Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդի զաւակներէն սկսեալ մինչեւ ներկայ սերունդին համար, անցնող տարիները եղան սպասումի տարիներ: Անապատի աւազն ու փոշին իրենց վրայէն հազիւ թօթափած խլեակները մեր ազգի, դեռ նոր վերագտած ֆիզիքական առողջութիւն ու բաւարար սնունդ օտար ասպնջական երկիրներուն մէջ, կարօտով սպասեցին գալիք այն պայծառ օրուան, երբ դարձեալ պիտի կարենային վերադառնալ իրենց հայրենի քաղաքներն ու գիւղերը, ու դարձեալ ծխար հայրենի տան թոնիրին ծուխը հարազատ:
Կիլիկիոյ անշքացած իր Հայրապետութեան հովուապետականa մականը ձեռքին, երանաշնորհ ՏՏ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոս մինչեւ Ֆրանսա եւ Անգլիա պիտի մեկնէր, թուղթէ շերեփով Կիլիկիայէն հայերուն բաժին ինկող ժառանգը մուրալու ապարդի՜ւն ողոգանօք…
Այդ սպասումը երկար պիտի տեւէր սակայն, եւ սերունդներու փոփոխութեան հետ պահանջատիրութեան իրապաշտ ու գործնական այդ քայլը պիտի ահագնանար ու վերածուէր համազգային շարժման, պահանջելով ո՛չ միայն մոխրացած սեփական տունը հայրենի, այլ կորսուած հայրենիքը իր ամբողջութեան մէջ:
Սպասումի երկրորդ հանգրուանը պիտի բացուէր ազգային երազներով ու տեսիլքով կազմաւորուած նո՛ր սերունդի բարձրաղաղակ պահանջատիրութեամբ, յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ հռչակուած Հայոց Ցեղասպանութեան 50րդ տարելիցի կազմակերպման պահանջատէր մեկնարկէն ետք:
Նոր վրիժառու բազուկներու յայտնութիւնը ազգի ծոցին մէջ, արդար արեան ծարաւով աշխատանքի ձեռնարկեց, նոր Նեմեսիսներու գործունէութեան դիմելով, աշխարհի խուլ ականջին տակ պոռալու համար մեր ազգի բռնաբարուած իրաւունքներուն վերատիրացման անդառնալի որոշումը:
Սպասումի երրորդ ու մերօրեայ հանգրուանը՝ մինչեւ 100րդ տարելից ճանապարհորդութեամբ, ամէնէն դժուարին աշխատանքը կը շարունակէ մնալ ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ: Սերունդներու առողջ դաստիարակութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագրաւորման, կազմակերպման ու գործադրութեան երեք հանգրուաններու խոր իմացութեամբ, ներքին սպառման համար ազգային քարոզչութեամբ, եկեղեցի ու դպրոց, հաւատք ու մշակոյթ, տիպ ու տառ, գիր ու դպրութիւն պահպանելու դժուար առաքելութեամբ, հերոսական մաքառում եղաւ ու կը շարունակէ մնալ մինչեւ այսօր: Սփիւռքի մէջ հայ հոգեւորականէն, հայ ուսուցիչէն, հայ մտաւորականէն, հայ հասարակական գործիչէն անցնող տասնամեակներու ընթացքին ակնկալուեցաւ բազմակողմանի շնորհք ու ազգային գործունէութիւն՝ հոգեւոր, կրթական, մշակութային թէ քաղաքական բնագաւառներու ներդաշնակ համադրումով:
Անկախացած Հայաստանէն սկսեալ մինչեւ Սփիւռքի ամէնէն խուլ անկիւնը, ո՛չ ոք իրաւունք ունի բեռնաթափուելու Հայոց Պահանջատիրական սուրբ շալակէն: Սա ուխտագնացութիւն մըն է մինչեւ յաւիտենութիւն, որովհետեւ ճշմարիտ արդարութիւնը Աստուծոյ գանձարկղին մէջ ի պահ դրուած է: Ո՛չ գեր-պետութիւններ, ո՛չ ալ Ցեղասպանը ի՛նք կրնան արդարութիւն տեսնել, երբ առաջիններու աչքերուն առջեւ ու երկրորդին արիւնկզակ գազանութեամբ յօշոտուեցան ազգիս զաւակները անմարդաբնակ վայրերու մէջ, որոնց անմեղ աչքերը փորելով կլլեցին անապատի անգղերը գիշատիչ:
Սպասումի ներկայ հանգրուանը չի՛ կրնար ըլլալ միայն 100րդ տարելիցը: Որովհետեւ աշխարհաքաղաքական յառաջընթացը եսակեդրոն ու շահադիտական կը մօտենայ հարցերուն: Ուստի, իրաւազրկուած հայուն համար «տատասկներով սալարկուած» ուղին պիտի շարունակուի մինչեւ պայծառ այն առաւօտը, երբ հոգ չէ՛ թէ վիրաւոր եւ արիւնլուայ ոտքերով, ջարդուած ու կոտրտուած ոսկորներով, սակայն պիտի՛ մտնենք երազի մեր երկրին՝ մեր կորսուած հայրենիքին շքեղ դարպասներէն ներս:
Ա՛յս երազով ապրեցան մեր նախորդ սերունդները, ու մանաւանդ ա՛յս յոյսով իրենց աչքերը փակեցին մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակները, որոնց սրբացեալ աճիւններուն վրայ 99 խաւ աւազ հանգչած է անցնող 99 տարիներու ընթացքին, անապատին մէջ փչած խենթ աւազամրրիկներու պատճառով:
Սակայն, արդարութեան անմեռ ձայնի գոչումէն սկսեր են խլրտել արդէն աւազէ տապանները մեր նահատակներուն: Անոնց կմախքացած ձեռքերը դուրս սկսեր են գալու անդրշիրիմեան աշխարհէն եւ անապատին մէջ սկսեր է խո՜ւլ արձագանգելու անոնց վճռական աղաղակը բարձրագոչ՝
– Արդարութի՜ւն…
Նահատակները սպասեցին 99 տարի: Անոնց տապանները անապատի աւազով ծեփուած պիտի չմնան յաւիտեան: 99 տարիներու կիզիչ արեւէն եւ արդարութեան ծարաւէն ճաթռտած են արդէն այդ տապանները ու կը խլրտին, որպէսզի շատոնց սպասուած արդարութեան գետը ոռոգէ այդ անապատները անջրդի ու յագեցնէ ամբողջ ազգի մը ծով ծարաւը արդարութեան:
Կռանուած կամքը մեր երիտասարդութեան այն յոյսն է ու երաշխիքը փրկութեան, որուն յառած են իրենց փորուած աչքերը մեր նահատակները, իրենց խլրտած աւազէ տապաններու ճաթած բացուածքներէն:
Ազգովին վերստին արթննալու, վերակազմակերպուելու ու հաւաքական նոր պայքարի պատրաստուելու առիթ թող ըլլայ ո՛չ միայն այս 99րդ տարելիցը եւ անոր յաջորդող 100րդը, այլ՝ անկէ ետք բացուող բոլո՛ր տարիները, ի յաւերժացումն մեր անմեռ նահատակներու սրբազան կտակին:

ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – ՀՈԼԻՎՈՒՏ

Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցի
Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. Վարժարան
ՀՕՄի «Մարի Փոսթոյեան» Մանկամսուր
ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղ
ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէ
ՀԵԴ «Մուսա Տաղ»Ուխտ
ՀՅԴ «Թէհլիրեան»Պատանեկան Միութիւն


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles