Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ- Պահանջատիրութիւնը Կ՛ընդգծուի Պայքարի Սաստկացուած Թափով Միայն

$
0
0

Քաղաքական մեր առօրեային հետեւող իւրաքանչիւր անձի համար ակնյայտ իրողութիւն է, որ մեր լօզունգները վերջին տարիներուն աւելի շեշտուած կերպով կ՛ընդգծեն մեր պայքարի պահանջատիրական էութիւնը:
Արդարութիւն, ճանաչում, հատուցում, հողերու վերադարձ: Ամէն ցոյցի ու հաւաքի ընթացքին այս լօզունգները կը հնչեն, պաստառները կը պարզուին:
Կ՛աշխատինք, կը պայքարինք արդարութիւնը վերականգնելու, մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն տիրանալու, մեր պապենական հողերը ազատագրելու համար:
Մեր առաջադրանքը մի՛շտ ալ այսպէս բանաձեւուած է: Սակայն այժմ, ամէն ժամանակէ աւելի, կարծես կարիք կայ յստակացնելու, որ՝
Մենք չենք բաւարարուիր Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումով, անոր կողմէ ներողութիւն խնդրող յայտարարութիւններով: Թուրք ժողովուրդին, անոր մտաւորական կամ պարզ քաղաքացիներուն կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման, իրենց նախնիներու ձեռամբ գործադրուած ահռելի ոճիրին համար ներողութիւն արտայայտելու շարժումը կ՛ողջունենք եւ հայ ու թուրք ժողովուրդներու բարի դրացիութեան պայմաններու ստեղծման կարեւորագոյն երաշխիքը այդ շարժման մէջ կը տեսնենք: Կը սպասենք նաեւ, որ այս շարժումը հասունանայ ու վերափոխուի քաղաքական գործունէութեան՝ միանալով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ճիգերուն:
Մենք կը մերժենք հայկական ճակատէն որեւէ ձայն, որ թրքական ճանաչումը բաւարար կը նկատէ եւ ատով՝ հայկական պահանջատիրութեան էջը փակուած կը համարէ: Դժբախտաբար, վերջին տարիներուն, նախագահ Սերժ Սարգսեանի հեղինակած «Ֆութպոլային դիւանագիտութեան» ամբողջ հիմքը կը հանդիսանայ այս նահանջող, պարտուողական գաղափարը, որ մեր ազգի կենսունակութեան ու անոր ուժին հանդէպ անվստահութիւն կը մատնէ միայն: Նման գաղափարներու տարածումը կործանարար կրնայ ըլլալ մեր ազգին համար. հայրենիքի սրբազան հողի որեւէ թիզին հանդէպ զիջողական կեցուածքը միայն կրնայ առաջնորդել տարածք մը եւս կորսնցնելու համակերպման՝ յանուն այսպէս կոչուած բարեկեցութեան, յանուն այս կամ այն հաշուարկի քիչ մը եւս զիջելուն:
Մենք մեր ազգի համախմբումը՝ կարեւորագոյն նպատակներու եւ խնդիրներու շուրջ, կը նկատենք ռազմավարական նշանակութեամբ գործօն, եւ համապատասխան գուրգուրանքով, ուշադրութեամբ ու բծախնդրութեամբ կը վերաբերինք իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան, որ կը խրախուսէ այդ համախմբումը: Մենք նաեւ պատրաստ ենք դիմագրաւելու ազգային համախմբումը ճեղքելու որեւէ փորձ՝ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար ձեռնարկուած որեւէ հատուածի, խմբակցութեան կամ կուսակցութեան կողմէ: Փոխադարձ հանդուրժողութիւնը իբրեւ զրահ, գործակցութեան նոր ուղիներու փնտռտուքը իբրեւ մարտահրաւէր՝ մենք պատրաստ ենք մինչեւ վերջ, ասնպառ երանդ ու ստեղծագործ միտք ներդրելու՝ կենսագործելու համար, հզօրացնելու համար հայկական միասնական ճակատը յանուն մեր պահանջատիրական պայքարի առաջընթացին, անոր յաղթական աւարտին:
Մենք կը գիտակցինք, որ մեր պայքարի պահանջատիրական գիծի շեշտադրումը մեզմէ եւ ազգային շահերը վեր դասող իւրաքանչիւր հայորդիէ կը պահանջէ յաւելեալ զոհաբերութիւն, յաւելեալ նուիրում, այլապէս՝ դատապարտուած կ՛ըլլայ մնալու խօսքի սահմաններուն մէջ, բարոյալքումի աղբիւրի վերածուելով պայքարի հաւատաւոր զինուորագրեալներուն համար:
Հարիւրամեակի սեմին ենք: Պայքարի պահանջատիրական գիծի շեշտադրումը նաեւ երաշխիք մըն է մեր Դատի անժամանցելիութեան հանդէպ մեր կուռ հաւատքին: Այդ ընդգծումը նաեւ յստակ պատգամ մըն է՝ ուղղուած մեր թշնամիին, որ եթէ հարիւրամեակի մեր հարուածները չէզոքացնելու տագնապը կ՛ապրի, ապա աւելի լուրջ խնդիրներ պիտի գտնէ իր դէմը յաջորդող տարիներուն. ամէն տարի աւելի՛ ու աւելի՛:
Մենք պատրաստ ենք երկար վազքին:

Ու պայքա՜յր, պայքա՜յր, պայքա՜յր երգեցի.
- Ձեզի ընծա՜յ, հայ մարտիկներ,
Գրիչս եղաւ անթրոց սըրտերու հնոցի…
- Ձեզի ընծա՜յ, քաջ մարտիկներ,
Եղեգնեայ գըրչով վրէժ երգեցի.
Ընդ եղեգան փող բո՛ց ելանէր:
ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ


ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Varant & Hoori Melkonian


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles