ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Համայնքի յայտնի դէմքեր՝ Կլենտէյլի տարբեր շրջաններէն, Մայիս 6ի երեկոյեան հաւաքուած էին Կարօ եւ Թալին Ղազարեաններու բնակարանը, Էտվին Մինասեանի համահիւրընկալութեամբ տեղի ունեցած ընդունելութեան մը համար, ի նպաստ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Յունիս 1ին պատկերասփռուելիք դրամահաւաքին՝ թելեթոնին:
«Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մեր համայնքի սուրն ու վահանն է ու կը շարունակէ մեզ պատրաստել՝ դիմագրաւելու համար գալիք մարտահրաւէրները: Հզօրացնելով Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը՝ զօրացուցած պիտի ըլլանք մեր համայնքը, մեր բոլորին յաջողութիւնը ապահովելով Հայկական Հարցի պայքարին մէջ», յայտարարեց իրաւաբան Կարօ Ղազարեան:
Համահիւրընկալը՝ իրաւաբան Էտվին Մինասեան, երկրորդելով Ղազարեանի խօսքը՝ աւելցուց. «Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իւրայատուկ, ազդեցիկ եւ կենսական ձայնն է ամերիկահայ համայնքին: Հայկական Հարցին աւելի լաւ պաշտպան մը չկայ, որովհետեւ մինչ շատեր կը խօսին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր գործով շօշափելի արդիւնք կ՛ապահովէ: Մեր բոլորին պարտականութիւնն է նեցուկ կանգնիլ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, եւ հպարտ եմ, որ այս առիթը տրուած է ինծի»:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ռաֆֆի Համբարեան, յոյժ կարեւոր նկատելով ամերիկահայութեան ձայնը աւելի լսելի դարձնելու համար՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ տարուող աշխատանքներուն զօրակցիլը, ապա ամերիկեան հայրենասիրական երգէ մը մէջբերում կատարելով՝ ըսաւ. «Մենք իսկապէս այն շեփորն ենք, որ նահանջի կոչ պիտի չընէ»:
Ձեռնակին մասնակիցները նաեւ վայելեցին հռչակաւոր երգիչ Յարութ Փամպուքճեանի կատարումները: Ռաֆֆի Համբարեան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալներուն եւ Փամպուքճեանին, որոնք սոյն ձեռնարկի յաջողութեան նպ-աստեցին:
Ամերիկայի Հայ Դատի հիմնադրամին ի նպաստ սոյն թելեթոնը, համացանցի վրայ ուղղակի սփռուելու կողքին, նաեւ պիտի պատկերասփռուի զանազան կայաններէ, Միացեալ Նահանգներու տարածքին, Կիրակի, 1 Յու-նիսին, կ.ե. ժամը 3էն 9 (Խաղաղականի ժամով): Այդ կայաններու ամբողջական ցանկին համար, այցելել www.anca.org/ancatelethon/2014/channel_listing.pdf կայքէջը:
Ամերիկայի Հայ Դատի հիմնադրամին ի նպա-ստ պատկերասփիւռային նախկին դրամահաւաքները տեղի ունեցան 2006ին, 2009ին ու 2012ին՝ հաւաքելով աւելի քան 6.5 միլիոն տոլար գումար մը՝ ի նպաստ Հայ Դատի աշխատանքներուն: Բազմաթիւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, կամաւորներ, եկեղեցիներ, համայնքային ղեկավարներ, Հայ Դատի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ, քոնկրեսականներ եւ նահանգային խորհրդարանի անդամներ մասնակցած են դրամահաւաքներուն՝ նպաստելով անոնց յաջողութեան:
↧
Ամերիկահայութեան Ուժն ու Յառաջխաղացքը՝ Հայ Դատի Թելեթոնին Ի Նպաստ Հաւաքին Կիզակէտը
↧