ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ուրբաթ, Մայիս 9ին, «De Luxe» սրահին մէջ կայացած իր տարեկան 7րդ ձեռնարկին մասնակցած են 350 հոգի, եւ ընթացքին մեծարուած են շարք մը համայնքային ղեկավարներ: Ձեռնարկը առիթ հանդիսացած է համայնքի անդամներուն եւ կազմակերպութեանց՝ մօտէն ծանօթանալու Պըրպենքի պաշտօնատարներուն, իսկ անկէ գոյացած գումարը պիտի տրամադրուի յանձնախումբի զանազան ծրագիրներու իրականացման:
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ռաֆֆի Համբարեան: Այս տարուան ձեռնարկին մեծարուեցան Պըրպենքի ոստիկանապետ Սքաթ Լաչէյս, քաղաքական գործիչ Պերճ Կարապետեան, կրթական մշակ Անի Պէրպէրեան եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ դեմոկրատներ կազմակերպութիւնը:
«Հպարտ ենք, որ այսքան մեծ թիւով համայնքային ղեկավարներ ներկայ են մեր այս ձեռնարկին, որուն ընթացքին առիթ պիտի ունենան մեր համայնքին ի նպաստ աշխատանք տարած անձնաւորութիւններ մեծարելու», յայտարարած է ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետ Լիլիան Արէճեան:
Ներկաներու շարքին էին՝ Պըրպենքի քաղաքապետ Տէյվիտ Կորտըն, փոխքաղաքապետ Պապ Ֆրութոս, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Էմըլի Կէյպըլ Լատի, Ճես Թալամանթես եւ Կերի Պրիք, Պըրպենք քաղաքի քարտուղար Մարք Սքաթ, հրշէջներու պետ Թամ Լենեհան եւ կրթական մարմինի վարչութեան անդամներ դոկտ. Ռապըրթա Ռէյնըլց եւ Լերի Էփըլպաում, ինչպէս նաեւ վերահսկիչ դոկտ Ճեն Պրից:
Ներկայ եղած են նաեւ քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթոյի եւ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայքըլ Անթոնովիչի գրասենեակներու ներկայացուցիչները, որոնք մեծարեալներուն գնահատագիրներ յանձնեցին:
Քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ չէ կրցած ներկայ ըլլալ, սակայն շնորհակալական նամակներ յղած էր մեծարեալներուն:
Կլենտէյլի նոր քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան ներկայացուց մեծարեալ Պերճ Կարապետեանը, ինչպէս նաեւ գնահատագիրներ յանձնեց բոլոր մեծարեալներուն, իսկ Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտի Քասախեան յատուկ մրցանակ մը յանձնեց Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ դեմոկրատներ կազմակերպութեան:
«Համայնքէն ներս Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին տարած աշխատանքները մեզ շրջանի հայ համայնքին իսկական ներկայացուցիչը կը դարձնեն ու շրջանի քաղաքական եւ քաղաքային ղեկավարութեան հետ մեր յարաբերութեանց մակարդակը կը հաստատեն, թէ՝ որքա՛ն դրական ազդեցութիւն ունինք մեր համայնքին վրայ», յայտարարած է Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետի պաշտօնակատար Զարեհ Խաչատուրեան:
Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի ընտրութեանց թեկնածու ու նահանգային խորհրդարանի նախկին անդամ Էնթընի Փորթանթինօ:
Պըրպենքի ոստիկանապետ Սքաթ Լաչէյսին յանձնուեցաւ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին «Ուիլեըմ Սարոյեան» մրցանակը՝ քաղաքի ոստիկանութիւնը արդիականացնելու գիծով իր տարած աշխատանքին համար: Լաչէյս նաեւ սերտ կապեր հաստատած է քաղաքի հայ բնակչութեան հետ՝ նպաստելով անոր ու ոստիկանութեան միջեւ յարաբերութեանց ամրապնդման:
Շրջանի հայ համայնքի կեանքին մէջ աւելի քան երեք տասնամեակի գործունէութիւն մշակած Պերճ Կարապետեանին շնորհուեցաւ «Վահան Քարտաշեան» մրցանակը: Կարապետեան մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ Հայ Դատի գրասենեակի հիմնադիր-գործադիր վարիչն էր եւ տասնամեակներէ ի վեր նուիրեալ ծառայութիւն կը մատուցէ հայ համայնքին:
Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի «Լեւոն Շանթ» մրցանակը յանձնուեցաւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ դեմոկրատներու կազմակերպութեան, որ իր տեսակին մէջ առաջին ու մեծագոյն կազմակերպութիւնն է Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ: Կազմակերպութիւնը 2011ին հիմնուած էր հայութեան մտահոգութիւններն ու ակնկալիքները հասցնելու համար Միացեալ Նահանգներու Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավարութեան: Կազմակերպութեան կողմէ մրցանակը ստանձնեց դոկտ. Արմոնտ Աղախանեանը:
Նաեւ, վերջին տասնամեակներուն, շրջանի աշակերտներուն հայերէն դասաւանդած ու համայնքային շարք մը կազմակերպութեանց միջոցաւ սպասարկութիւններ մատուցած ուսուցչուհի Անի Պէրպէրեան արժանացաւ «Մեսրոպ Մաշտոց» մրցանակին: Պէրպէրեան կը շարունակէ արժէքաւոր սպասարկութիւն մատուցել հայ մշակոյթը, պատմութիւնն ու լեզուն պահպանելու աշխատանքին: