Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

«Եղնիկներ»ու Կազմաւորման 20ամեակը Կը Նշուի Արցախի Մէջ

$
0
0

Արցախի Մարտակերտի շրջանի վերջին սահմանամերձ գիւղի մուտքին կայ հսկիչ անցագրային ստուգման կէտ մը: Տօնաշէն մտնելէ առաջ նախ կը ներկայանաս հերթապահին, յետոյ հերթապահը տեղեակ կը պահէ զօրամասի պատասխանատուին, դրական պատասխան ստանալէ ետք միայն կրնաս բռնել գիւղին ճամբան:
Պաշտպանական շրջանի վերածուած գիւղին մէջ տուները քանի մը անգամ աւելի են բնակիչներէն: Հակառակ անոր որ կիսաքանդ ու լքուած շինութիւնները բազմաթիւ են Տօնաշէնի մէջ, բայց գիւղին կեդրոնը կանգնած է յուշարձան մը՝ Շահումեանի ազատագրութեան համար զոհուածներուն նուիրուած:
1992ի 12 Յունիսին ատրպէյճանցիները մտան Շահումեան, գրաւեցին ամբողջ շրջանն ու Մարտակերտի քանի գիւղերը: Մէկ կողմէ Շահումեանը կը հայաթափուէր, միւս կողմէ՝ թշնամիի դէմ կանգնելու համար կը ձեւաւորուէր հրոսակային ջոկատ մը, զոր կը ղեկավարէր Շահէն Մեղրեանը: Հայդուկապետը իր կողքին՝ ռմբակոծութիւններու գօտիին մէջ կը պահէր իր ընտանիքը, մանկահասակ 3 երեխաները, որպէսզի միւսներն ալ մնային ու դիմադրէին: Շահէնի անմիջական մասնակցութեամբ ազատագրուեցաւ անոր ծննդավայր Գիւլիստանը, ցաւօք 2 օրով միայն:
1993ի Ապրիլի 17ին հայդուկները անգամ մը եւս Մեղրեանը ճանապարհորդեցին Երեւան՝ զինամթերք բերելու: Մարտական ընկերներուն աչքի առջեւ հարուածուեցաւ հրամանատարին ուղղաթիռը: Զոհուեցան նաեւ 7 մարտական ընկերները, որոնց կարգին զարմիկը՝ 16ամեայ Զինաւոր Մեղրեանը, ուղղաթիռի անձնակազմի բոլոր 4 անդամները:
1992ին Շահումեանի անտառներուն մէջ Շահումեանի ազատագրման համար կը պայքարէր Շահէն Մեղրեանի գլխաւորած հրոսակային ջոկատը: Անոր հետ կապ հաստատելու համար Հայաստանէն ու Արցախէն ռատիոկապով կը կանչէին «Եղնիկներ»: 2 տասնամեակ անց «Եղնիկներ» կը կոչուի հրոսակային ջոկատի հիման վրայ ձեւաւորուած պաշտպանական այն շրջանը, որ կը պահպանէ Հիւսիսային Արցախի սահմանը:
Այս օրերուն Արցախի մէջ կը տօնեն «7րդ պաշտպանական շրջանի»՝ «Եղնիկներ»ու կազմաւորման 20ամեակը: Զօրահանդէսին կը մասնակցէին տարբեր տարիներու «Եղնիկներ»ուն մէջ ծառայած ու ծառայող զինուորականներ, հայդուկային խումբի հիման վրայ կազմուած եւ պատերազմը վերապրած ազատամարտիկներ: Ներկայացուած զինամթերքը, ցուցադրական ներկայացում–մարզումները լուրջ բաժին մը կը մարմնաւորեն այն պատրաստութեան, զոր իւրաքանչիւր զինուոր ունի այս շրջանին մէջ: Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանական բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեանը յիշած է այն բազում դժուարութիւնները, զորս դիմակայած է Արցախը ճիշդ ա՛յս զօրամասին շնորհիւ։
«Դուք առանձնանում էք մնացած զօրամասերից, որովհետեւ ծառայում էք բաւականին բարդ կլիմայական պայմաններում, ցրուած տարբեր կայազօրներում: Այն հատուածը, որ դուք էք պահում, բաւականին վտանգաւոր է, անտառների մէջ, դժուարանցանելի լեռներում, ապահովումը մի քանի անգամ աւելի դժուար, քան մնացած պաշտպանական միւս շրջաններում: Եւ այս առանձնայատկութիւնները ձեր զօրամասին աւելի են ամրացնում, կուռ են դարձնում», յայտնած է հրամանատար Մովսէս Յակոբեանը:
Հետախուզական վաշտի հրամանատար Կամող Բաղեյեանը կեանքը «Եղնիկներ»ուն մէջ անցած է. սկիզբը կռուած է Շահէն Մեղրեանի հրամանատարութեան ներքոյ, հիմա ինք կ՛առաջնորդէ զինուորները:
«Ես եղել եմ 15 տարեկան, ծառայել եմ պարտիզանական ջոկատում, տարբեր ուղղութիւններով շատ մարտերի եմ մասնակցել: Մինչեւ այսօր ծառայում եմ հայրենիքին եւ պատրաստ եմ հակառակորդին հակահարուած տալ», նշած է Կամօ Բաղեյեանը:
Տօնաշէն հասնիլը դիւրին չէ, բայց առաւել դժուար է յաղթահարել դէպի զօրամասեր ու դիրքեր տանող ճանապարհը:
Զինուորական առօրեան այս օրերուն տարբեր է. զինուորները կը վայելեն տօնական ազատութիւնը, իրենք կ՛որոշեն իրենց օրակարգը: 20 տարի առաջ «Եղնիկներ»ուն մէջ կռուող կամաւորներու եւ այսօրուան կանոնաւոր բանակի զինուորներու թիւը կարելի չէ համեմատել: Բայց զինուորները լաւապէս  գիտեն իրենց համազգեստին պատմութիւնը, անցած ճանապարհը, իրենց վրայ դրուած պատասխանատուութիւնը:
Գիւղին ու զօրամասերուն մէջ կը տօնեն «Եղնիկներ»ու կազմաւորման տարեդարձը, իսկ դիրքերուն վրայ ամէն ինչ նոյնն է՝ առանց աննշան փոփոխութեան: 14 օրը մէկ հերթափոխով զինուորները դիրքերուն վրայ են:
Անմատչելի ու անծայրածիր թուացող անտառները շուտով նորէն պիտի ծաղկեն: Իսկ թէ իսկութեան մէջ ի՛նչ վտանգներ կան անոնց մէջ,  այդ մասին գիտէ միայն զինուորը: Զինուորը գիտէ այս մասին, բայց կը լռէ՝ զէնքը պատրաստ սպասելով հրամանատարին հրահանգին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles