Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Սուրիական Օրագրութիւն – 14

$
0
0

ԼԱԼԱ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Հնդկական ասոյթ մը կը թելադրէ. «Երբ քեզ կ՛անարգեն, շնորհակալ եղիր, որ չեն ծեծեր. երբ կը ծեծեն, շնորհակալ եղիր որ չեն սպաններ. երբ սպաննեն, դարձեա՛լ շնորհակալ եղիր, որ պիտի ազատիս այս ունայն աշխարհէն»։
Հալէպցիներուս մեծ մասը այսօր այս տրամադրութիւնը կը կրէ։ Այսօրուան խօսակցութիւններուն մէջ յաճախ կրկնուող խօսքերէն են. «Աստուած աւելի գէշէն պահէ», «Փառք Աստուծոյ՝ գլուխնուս վրայ տակաւին առաստաղ ունինք», «Աստուած չընէ՝ «անոնք» մեր թաղերը մտնեն»…
Այլ խօսքով՝ լայն պայմաններու մէջ անվերջ աւելին փափաքող մարդը ունակ է նաեւ ամենաքիչով՝ բուսական գոյութեամբ գոհանալ։
Անվերջ յետաձգուող ու նորոգուող «գալ ամիս ամէն ինչ պիտի վերջանայ» խաղը այլեւս ոչ մէկուն վստահութիւն կը ներշնչէ, թէկուզ եւ շատեր կը լսեն հաճոյքով, գաղտնի հաւատքով մը՝ «Ո՜վ գիտէ, կը նայիս այս անգամ…»։
Եղածը կամ վերին մարմիններէն մեր «ոգին» բարձր պահելու մարտավարութիւն է, կամ մեր անվերջ սպասումներէն ծնած պատրանք։ Իսկ իւրաքանչիւր «գալ անգամ»ը առաւել ծանր է ու կորստաբեր։
***
Մեր պատրանքներուն մէջ երբեմն ալ շատ կը խորանանք ու աւերակներու մէջ ալ բարիք կը փնտռենք՝ կ՛երեւակայենք ապագայ շքեղ Հալէպը…
Կը լսեմ զրոյցը.
- Կ՛ըսեն, թէ կառավարութիւնը կարգ մը թաղեր ու արուարձաններ մասնաւոր կը զարնէ։ Նախ՝ «անոնք» հոն ապաստանած են, երկրորդ՝ այդ թաղերը նոր ձեւով կառուցելու մեծ ծրագիրներ կան…(Ինծի կը թուի, այս մէկը առասպելի սեռին կը պատկանի)։
- Բայց այդ ընթացքին «անոնք» ալ պատմական յուշարձանները կը փլեն։
- Անշո՛ւշտ, նոր ու արդիական քաղաք շինելու համար արժէ նաեւ քաղաքի դէմք հնութիւնները քանդել, կը հեգնէ ուրիշ մը։
- Այդ ալ թող ըլլայ մեր տուած գինը, ի՞նչ կրնանք ընել, արդէն Հալէպը քանի մը շերտ ունի…
Իսլամ աղուոր աղջիկ մը յուզուած ու անկեղծ պոռթկումով կ՛ըսէ.
- Մեր քաղաքը ասկէ աւելի գեղեցիկ ու շէն պիտի ըլլայ, ամէն ինչ առաջուընէ լաւ պիտի ըլլայ, այն ատեն պիտի չընդունինք վերադարձը անոնց, որոնք նեղ օրերուն հայրենիքը ձգեցին հեռացան: (Այս խօսքը եւս կը լսուի յաճախ)։
Կը հաւատամ ու կ՛ընդունիմ իր ցաւը, մերժումը, որ, անտարակոյս, ցաւէն ծնած մանկական քէնոտութիւն է ընդամէնը։ Եթէ ես, որուն Հալէպը նոյնիսկ ծննդավայր չէ, կապուեցայ անոր առաջուընէ շատ աւելի ջերմօրէն, ինչո՞ւ արաբուհին չցաւի իր հայրենիքին համար։ Ան գիտէ նաեւ, թէ հեռացողներուն հայեացքը ետին է, ու կամաւոր չէր հեռանալը, սակայն առկայ է նաեւ հոգեբանական  կողմը։ Այս օրերուս մենք կանգուն ու ամուր ենք իրարմով։ Նոյնիսկ անծանօթներ, միայն փողոցէն իրարու դէմքով ծանօթներ, առաւելաբար՝ մտերիմ, ընկեր, բարեկամ կը քաջալերուին, երբ կը հանդիպին ու  վստահ կ՛ըլլան, թէ չես հեռացած։
«Ընկերովի մահը հարսնիք է»։
***
Թախիծս ու մտատանջանքս փարատող հարաւի բիլ երկինքը…
Անկարող եմ անտարբեր նայելու վեր, ուր հայեացքս միտքիս թեւերով կրնայ անվերջ խորանալ, մինչ, ջերմ թախիծին հետ, անչափելիութեան տագնապը կը սողոսկէ սիրտս. Աստուծոյ շռայլ մէկ պարգեւը՝ մեր կապոյտ երկինքը ու արեւը…
Իսկ հիմա գարունը իր տարածքները կը գրաւէ. անպարփակելի կապոյտին վրայ վէտվէտող ճերմակ ամպերը հարսնացող աղջիկներ են, որոնք գալիք երջանկութեան յուզումէն յանկարծ յորդելով՝ որոտ տարափով կը պարպեն իրենց տագնապները։
Գարո՜ւն… Անահիտ դիցուհին սիգաճեմ կ՛անցնի դաշտ ու լեռներէն, իր ոտքերու հպումէն սարսռագին կը հրճուի ու կ՛ուռի մայր հողը, կեանքը կը խլրտի ընդերքներուն մէջ ու դուրս կը յորդի անզուսպ՝  իբրեւ ծիլ ու ծաղիկ. կեանքը կը յաղթէ՜…
Օ՜, Աստուածը հէգ մարդուն, որ ստեղծած ես տիեզերքն ու մայր բնութիւնը , անշուշտ մեզի ալ՝ «բանական արարածներուս» տուած ես կատարելիք աւելի ազնիւ դերակատարութիւն մը այս հեքէաթին մէջ, որ մեր ակնթարթային անցքն է քու յաւերժութեան ընդմէջէն։ Բայց ինչո՜ւ անմասնակից ու լուռ կը դիտես մեր՝ անմիտ տղու չար խաղերը, քու սքանչելի արարչագործութեան ներդաշնութիւնը աղարտող, կործանող։
***
Բարեկամ մը, արդէն համակերպածի դառն հեգնանքով կը պատմէր, թէ ամիսներ սպասելէ ետք, երբ թաղամասը անցած է «մեր» ձեռքը, իր արդէն փլատակ դարմանատունը երթալ եւ գէթ մնացած կարեւոր իրեր կամ փաստաթուղթերը բերել որոշած էր։ Դիրքերը հսկող զինուորը մերժած է շէնք մտնել, ապա, խնդրանքին տեղի տալով արտօնած՝ փոխարէնը  ոչ արհամարհելի գումար պահանջելով։
Եւ անմիջապէս ունկնդիրներուն արձագանգը. զարմանք,  ափ ի բերան ապշանք, սոսկում՝ «Մեր զինուո՞րը…»։
Բայց ինչո՞ւ այս զարմանքը քաղաքի մը մէջ, ուր մեր բոլորիս երեւակայութիւնները միացած՝ անկարող եղան ճանչնալ մարդու անկումին սահմանները։ Այսօր, երբ Սուրիոյ մէջ ու յատկապէս Հալէպը առատ որսատեղի է, ուր որսի ելած են բոլոր անոնք, որոնք կարելիութիւն ունին այլոց կոկորդէն պատառ հանել ու դաշինք ունին իրենց խիղճին հետ, ուր բոլոր մակարդակներու վրայ որս կ՛ընթանայ, տարիով արեւ անձրեւին տակ փողոցը գիշերող խղճուկ զինուորը, ձեր կարծիքով, հայրենասիրական բարձր մղումով պիտի դիտէ՞ կողոպուտը ու անմա՞սն մնայ։ Ան իր միջավայրին ծնունդն է ու ոչ միայն քու դարմանատունի ապրանքները հանել պիտի արտօնէ, այլ դրամի դիմաց նաեւ շէնքի մնացեալ, արդէն կողոպտուած բնակարաններէն ուզածդ ալ առնել պիտի առաջարկէ, ինչ եւ կ՛ընէ… Հոս ան չէ որ զարտուղի է, մենք ենք միամիտ։
Երկու տարուան մեր պատերազմին նախորդած էին, անշուշտ, քանի մը անգամ երկու տարիներ, մինչեւ «ազնուարիւն» եւրոպացիներն ու ամերիկացիները գծէին այս ծրագիրը։ Տարիներ առաջ արդէն շրջանառութեան մէջ էր ամերիկեան ծագումով խօսք մը՝ «Արաբները շուտով աւազ պիտի ուտեն»։
Միայն հարցը հոն է, որ աւազը կերցնել սկսած են բուն աւազ ուտելու մեծ փորձառութիւն ունեցողներու միջոցով… Որքա՜ն դրամ ծախսուած է, որքա՜ն ուսումնասիրութիւններ կատարուած են մարդու տկար կողմերը սերտելու ու ի հարկին՝ շահագործելու համար։ Որքա՜ն դրամներ հոսեցան այս ժողովուրդը բարոյալքելու ու անսկզբունք, անդէմ ամբոխ դարձնելու համար։
Ոչ մէկ կողմի հաճոյանալ կը միտիմ, սակայն վստահ եմ՝ այսքան ջանք ու դրամ ո՛ր երկրի մէջ ալ ներդրուէր, պիտի յաջողէին բարոյալքել թէ՛ զինուորը, թէ՛ քաղաքացին, թէ՛ նախարարը, այսինքն՝ մարդը։ Յայտնի է՝ բոլոր մարդիկ կը կաշառուին, գինը ու միջոցը տարբեր են։  Իսկ մարդը բարոյալքելէ ու դրամի փայլքով գինովցնելէ ետք, այլեւս Անին ծախելը կը դառնայ ընդամէնը սեփական գրպանը լեցնելու միջոցներէն մէկը. ընդամէ՛նը։
Անոնք, որ գայթակղեցուցին ու աղարտեցին մարդկային հոգիներ, թող վստահ ըլլան, պիտի չմնան անպատիժ, քանի որ մեր իւրաքանչիւր՝ լաւ կամ գէշ վարմունք պումերանկի պէս մեզի կը դառնայ։
Իսկ անոնք, որոնք մարդոց մէջ արթնցուցին գազանը եւ ուղղեցին իրենց իսկ եղբօր դէմ, վստահ թող ըլլան, թէ յօշոտուելու յաջորդ թեկնածուն իրենք են։
***
Կը պարզուի մեր «փրկարարները» նաեւ մեր հոգիներու փրկիչներն են ու լուր չունինք։ Պէյրութէն վերադարձող քրիստոնեաներ իջեցուցեր ու ստիպեր են երեք անգամ կրկնել «Լա՛ Ալլահ…» բանաձեւը, որմէ ետք, վստահ որ «անհաւատներու» հոգիները փրկած են, արձակած են զանոնք…։
Ուրիշ, նշանուած զոյգի ստիպած են տարբեր տեղեր նստիլ, քանի որ տակաւին ամուսիններ չեն ու իրարու քով նստելու իրաւունք չունին…։
Ահա՛ մեր հոգեբարոյականի պահապանները… զէնք ի ձեռքը։
Նման «հրաշալիքներ» շատ են, բայց ո՜վ զանոնք պատմութեան պիտի յանձնէ։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles