Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Նաւասարդեան Խաղերու Պատուոյ Նախագահ Տէր Եւ Տիկին Պետիկ Եւ Մէրի Ֆերմանեան


«Տղա՛ս, ինչքան քի կրնաս, տո՛ւր: Քիչ է, շատ է, կարեւոր չէ: Տո՛ւր միր ժամերուն,
միր մաքթապներուն, ՀՄԸՄին, ամընո՛ւն, ամընո՛ւն…»:

ՎԱՐԴԻ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ

Ահաւասիկ, թէ ինչպէ՞ս Ցեղասպանութիւն տեսած մեր ծնողներուն հոգիին ու միտքին մէջ, աւելի քան երբեք կ՛ուռճանար այն հաւատքը, որ այնքան ատեն, որ քու մէջդ նշոյլ մ՛իսկ կ՛ապրեցնես ժողովուրդիդ իտէալներէն, իր ուխտէն ու լեզուէն ու մանաւանդ՝ անոր գոյատեւելու պայքարէն, դուն գիտակցօրէն նաեւ կը դառնաս մեր արիւնոտ, բայց յաւերժափառ Հայոց պատմութիւնը դեռեւս երկարաձգող օղակներէն մին, մէջդ ամէն օր քիչ մը աւելիո՛վ ապրեցնելով ազգ մը ապրեցնող ոգին, որուն աւիշով կը սնանին քեզմէ ծնունդ առնող սերունդները:
Ահա այսպիսին է պարոն Պետիկ Ֆերմանեանը:
Անոր հայ հօր ու մօր անձնուրաց սէրն ու գուրգուրանքն են, անոնց հոգիներուն մէջ մեր անկորուստ մնացած իրա՛ւ ազգային արժէքներուն հանդէպ խոր յարգանքն ու հաւատքն են այս ինքնակերտ եւ գաղափարապաշտ մարդուն առաջին դաստիարակութեան ակունքները: Իր ծնողքին եւ անոնց յարակից ընտանեկան ցանցին համոզումներուն մէջ ամրացած հայու ոգին է, որ կը կրէ պարոն Ֆերմանեանը իր երակներուն մէջ, եւ որպէս ծնողք՝ նախ եւ առաջ հա՛յ մնալու, հայութեա՛մբ հպարտանալու եւ ազգին կարողականութեան հանդէպ իր եւ իր ընտանիքին մէջ դրսեւորած անսասան հաւատքն է, որ իրեն կու տայ իր ազգային դիմագիծը: Հաւատք մը, որ այնքան տարբեր է ընդհանրապէս իր շուրջիններուն մէջ եղածէն, երբ ինք ականատես կ՛ըլլայ ամէն օր իր շուրջը գտնուողներուն մէջ այդ հաւատքին նօսրանալուն, հետզհետէ, ազգին ու ազգայինին հանդէպ, ամէն օր քիչ մը աւելիով ճարակի պէս տարածուող անտարբերութեան: Ինքն ու իր տիկինը՝ Մէրին, ան եւս ազգային ինքնութեան գիտակցութեամբ հարուստ անձնաւորութիւն, ամրակուռ սիւներն են իրենց հայութեամբ հպարտ ու հայկականութեամբ բաբախուն այս ընտանիքին: Հայ ազգին ու անոր յարաճուն վերելքին հանդէպ այս ամոլին մէջ խորը նստած հաւատքն է ամէնէն աւելի, որ իրենց տուած է այսպիսի ազգային դրոշմ, այսինքն՝ իրենց ամբողջական մասնակցութիւնը, ազգին հետզհետէ աճող վերելքին իրենց բաժինը բերելու հրամայականն է ահաւասիկ, որ Ֆերմանեանները կը փոխանցեն սերունդէ սերունդ:
Այս եզրակացութիւնը պարոն Ֆերմանեանի հետ ունեցած հարցազրոյցէս ետք իմ կրած տպաւորութեանս արդիւնքն է: Վստահ եմ, շատեր զինք արդէն ճանչցած են այնպէս, ինչպէս որ է, իր աննկարագրելի համեստութեան բարձրութեան վրայ: Իր այսպէս կոչուած «յաջողած մարդ» ըլլալու «մասնագիտութիւնը» ան ստացած է իր կեանքին փորձառութիւններու «համալսարանէն», որ աւելի քան գնահատելի է, որովհետեւ այս բարձունքները ան նուաճած է յարատեւ աշխատանքով եւ մարդոց իրենց ճիշդ արժէքը տալու իմաստութեամբ: Բայց նախ՝ գոհացնելու համար ընթերցողին հետաքրքրութիւնը, սկսինք մեր Ապրիլ 30ին տեղի ունեցած հարցազրոյցին ծայրէն:
Չեմ ճանչցած պարոն Պետիկ Ֆերմանեանը, որուն հետ որոշած եմ հարցազրոյց մը ունենալ: Կը ձայնագրեմ, բայց փնտռածս շօշափելի կենսագրական մանրամասնութիւններէն շատ աւելին պէտք է ըլլայ, որպէսզի կարենամ տեսնել «Մարդը»: Ո՞վ է սա մարդը, որուն ծանօթ է արդէն եթէ ոչ ամբողջ Քալիֆորնիան, գէթ՝ Կլենտէյլն ու Օրէնճ Քաունթին, եւ որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի ՀՄԸՄի շրջանային վարչութեան կողմէ, ահաւասիկ, միաձայնութեամբ նշանակուած է որպէս այս տարուան Նաւասարդեան խաղերը հովանաւորող Պատուոյ նախագահ:
ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան սենեակին մէջ ենք: Ներկայ է նաեւ իր տիկինը՝ Մէրի Փայասեանը, Շրջանային վարչութեան ատենապետ եղբայր Գառնիկ Աբրահամեանը եւ եղբ. Տօնիկ Տօնապետեանը: Սկսելու համար, տուած էի կարգ մը պարզ ու յստակ հարցեր միայն, սպասելով, որ խօսին, եւ մթնոլորտը յագենայ անկեղծութեամբ, ու երկար ատեն զիրար ճանչցած ըլլալու հարազատութեամբ բացուի իրենց ու իմ միջեւ կոճկուած ու պատրաստի հարց-պատասխանի տափակութիւնը, եւ զիրենք իրենց բուն էութեան ու տարերքին մէջ ճանչնալ փորձելու ճիգերս յաջողութեամբ պսակուին:
Կ՛ունկնդրեմ ոչ միայն ձայն ու պատմութիւն, այլեւ՝ հեռուներէն իր եւ իր կնոջ՝ Մէրիին հետ այս ափերը փոխադրուած «հայու ճակատագրի» կենցաղային քարտէսագրութիւնը: Կը խօսի, կը պատմէ, կ՛ունկնդրեմ… Կը սպասեմ ակնկալուած «հոս ասանկ է… ինչ ընենք…»ներուն, որոնց արդէն այնքան ընտելացած եմ, «մեր ձեռքէն ի՜նչ կու գայ… հոս Ամերիկա է…» եւ նման արտայայտութիւններուն: Շատ բան չեմ սպասեր, բայց այդ չակերտուած արտայայտութիւնները ահա կ՛ուշանան, իսկապէ՛ս կ՛ուշանան, եւ հոս կը նշմարեմ ոչ պարտուողականութիւն, ոչ ալ ազգային հպարտութեան պակաս, հակառակ անոր, որ իր պատմածը շատ հեռու չէ Միջին Արեւելքէն Ամերիկա տունով-տեղով փոխադրուածներու պատմած դժուարութիւններէն, եւ այս վերջիններու օրական հազար անգամ կրկնուող եւ ձեւով մը իրենք զիրենք եւ իրենց առած որոշումները արդարացնող, կարուած-ձեւուած «իբր թէ պատճառաբանուած» անտարբերութենէն… Հոս անտարբերութիւն չկայ, հոս կայ միայն հայուն ու հայ մշակոյթին եւ մանաւա՛նդ լեզուին հանդէպ՝ յարգանք եւ հպարտութիւն:
Սակայն ինչ որ կը յստականար մեր զրոյցին ընթացքին, հետզհետէ իմ ակնկալածէս բոլորովին տարբեր պատկերով կը ներկայանար Ֆերմանեաններու իրական, ապրուած առօրեայ կեանքը: Հակառակ պարոն Ֆերմանեանի երիտասարդ տարիքին, Հալէպն ու Պէյրութն են առ տակաւ իր մէջ խօսողները, կը կարծեմ նոյնիսկ հոն տեսնել 70ականներու մեր այդ եռուն գաղութներու պայքարող ոգիէն ու կիրքէն ապրում դարձած ոչ թէ պատառիկներ, այլ՝ հաւատք ու կեանք: Որոշեցի համբերել ինծի ըսուածին ուղն ու ծուծին հասնելուս, որովհետեւ այնքան արագ է դէպի ձուլում հոսանքը հոս, որ քիչ մը կը սկսիմ կասկածիլ դիմացս պարզուածին: Առնուազն՝ առ այժմ: Միտքիս մէջ այլ հարցեր կան. «Իր ծնողքը ո՞ր տեղացի են… Ցեղասպանութիւն տեսա՞ծ են, թէ…»: Մէջս միշտ նոյն հաշուարկումն է: Երկու մանչ զաւակ ունին, ըսին քիչ առաջ: Շատ լաւ: Մտքովս կ՛անցնի միշտ նոյն «տէրտը»՝ իր տան մէջ հայերէնը կ՛ապրի՞, թէ… Ո՞ր դպրոցը յաճախած են: «Օտար վարժարան ղրկեցինք, ճար չունէինք», կ՛ըսէ տիկին Ֆերմանեանը: Մտովի՝ «մե՜ղք», կ’ըսեմ: «Արդեօք տան մէջ քանի՞ բառը կամ կիսալեզուն հայերէն է…»: Մտիկ կ՛ընեմ, բայց միտքովս նորէն կը հաշուեմ եւ կը հեռանամ՝ մտածելով. «Ձայնագիր մեքենայէն կ՛առնեմ մնացեալը»: Կը հետեւիմ շունչով ու փնտռտուող բառերու ճիգերուն մէջ բռնուելիք հարազատութեան: «Թերեւս քիչ ետք դուրս պիտի տայ», կը մտածեմ: «Կիսով հայ եղողները ինչպիսի՞ ինքնութիւն կ՛ապրին», կը գրեմ տետրակիս մէջ, «հապա քառորդով հայ եղողնե՞րը…», «եթէ հայրը հայ է, «եան» մականուն ունի, զաւակը՝ օտար վարժարան, կինը՝ թէեւ օտար, բայց հայերէն կը հասկնայ «քիչ թէ շատ»… ա՜խ, այս «քիչ թէ շատ»երը… կեղեւ-կեղեւ, պոռոց-կանչոց խորովածի հայկականութիւնը, որ փուֆ ընես՝ արդէն չի կայ… Այս ի՜նչ ցաւ է, այս ի՜նչ ազգի սիրտն ու հոգին կրակ ու մոխիր դարձնող տանջանք է…
Ու յանկարծ, պարոն Ֆերմանեանը՝ «Հօրմէս ժառանգա՞ծս… հայրս մեզի մեր ունեցածէն տալ սորվեցուց: Գրեթէ ամէն օր նոյն բանը կը կրկնէր. «Տղա՛ս, ինչքան քի կրնաս տո՛ւր: Քիչ է, շատ է, կարեւոր չէ: Տո՛ւր միր ժամերուն, միր մաքթապներուն, ՀՄԸՄին, ամընո՛ւն, ամընո՛ւն…»:
Վերջապէ՜ս: Այնպիսի պարզութիւն ու անկեղծութիւն կար իր այս արտայայտութեան մէջ, որմէ ետք իր եւ իր տիկնոջ խօսքերը հոսեցան պարզ ու յստակ վտակի մը պէս: 25 տարուան մէջ զգալի յաջողութեան հասնելէ ոչ առաջ եւ ոչ ալ անկէ ետք, Ֆերմանեանները ոչ մէկ ձեւով իրենց ինքնութեան մաքուր ջուրերը պղտորած են: Այո, օտար վարժարան յաճախած 2 մանչ զաւակներ, որոնք իրենց թէ՛ ծնողքին եւ թէ իրարու հետ մանաւա՛նդ, մաս մաքուր հայերէն կը խօսին, ՀՄԸՄի Անահայմի կողովագնդակի խումբին կը պատկանին իրենց վաղ մանկութենէն ի վեր:
«Հօրս ինծի տուածն է, որ կու տամ զաւակներուս, հայ պիտի մնաս, հայերէն պիտի խօսիս, զաւակներդ հայ պիտի մեծցնես»:
Ա՛յս է, որ անոնք կը զգան եւ կ՛ապրին իրենց հօրն ու մօրը կողմէ հայ ոգիին հարազատօրէն իրենց փոխանցուած աւիշով: Ինչպէ՞ս չմէջբերել այնքան դիպուկ, այնքան սրտառուչ ու համեստ իրենց պզտիկ խոստովանութիւնները, որոնք աւելի կը յստակացնեն իրենց «Իրաւ Հայ Մարդ»ու պատկերը: Ահաւասիկ:
Պետիկ Ֆերմանեանը ծնած է Հալէպ, Յուլիս 6, 1956ին: Տրուած ըլլալով, որ հայրը Սուրիոյ Քամըշլի քաղաքին մէջ պտուղի վաճառականութեամբ կը զբաղէր, կը փոխադրուին Քամըշլի, ուր Պետիկ կը յաճախէ տեղի Ազգային Եփրատ վարժարանը մինչեւ 7րդ կարգ: Կը փոխադրուին 1970ին Պէյրութ: 1979ին Ապու Տապի է ան, կը զբաղի սառնադարաններու եւ զովացուցիչ կազմածներու գործով: 1981ին կը շրջի Միացեալ Նահանգներէն 15ը եւ կ՛որոշէ օր մը վերջնականապէս հաստատուիլ Քալիֆորնիա: 1985ին կ՛ամուսնանայ Մէրի Փայասեանի հետ: 1986ին կը բախտաւորուին իրենց առջինեկ մանչով՝ Ճէք-Յակոբով: Ապու Տապիէն 1989ին կը փոխադրուին Ամերիկա: 4 տարի անց, կ՛ունենան իրենց երկրորդ զաւակը՝ Շանթը:
Բոլորս ունինք մեր ՀՄԸՄականի կեանքին կապուած յուշեր, կը խօսինք ՀՄԸՄի հետ առնչուող մեր կեանքերուն մասին: Կը զգամ, որ հիմա արդէն հանգիստ կը զգան, տրամադրութիւնները բարձր են: Կը պատմեն մանկութեան գայլիկութենէն եւ սկաուտական կեանքէն: Այնքան մօտ եղած են ՀՄԸՄին իրենց Ամերիկա հաստատուելու առաջին իսկ օրէն, որ իրենց զաւակներուն համար «գտնուած հայ տաքուկ բոյն» կը նկատեն զայն, իսկ անկէ առաջ՝ պարոն Ֆերմանեանը յուզումով կը պատմէ իր հօրն ու հօրեղբօրը ՀՄԸՄականի կեանքին մասին:
«Իմ յաջողութեանս գաղտնի՞քը: Թերեւս հօրս պտուղի վաճառական ըլլալը հեռուէ հեռու կրնայ որոշումիս վրայ ազդած ըլլալ, բայց եթէ տիկնոջս նեցուկն ու քաջալերանքը չ՛ըլլար, ես չէի կրնար հոս հասնիլ: Ըսի արդէն, որ իմ մասնագիտութիւնս սառնադարաններու եւ նման հաստոցներու կազմելն ու զետեղելն էր, ուրիշ ծրագիրներ ալ կային միտքիս մէջ, բայց մտածեցի որ ուտելիքի շուկան սով չի ճանչնար: Որքան ալ տնտեսութիւնը իյնայ, մարդիկ ուտելէ պիտի չդադրին: 1993ի Ապրիլ 15ին բացի իմ առաջին խանութս, Anaheim-ի մէջ, որուն ամենակարեւոր գործը‘ հաշուապահութիւնը, դրամատան հաշիւները եւ այլն, վստահած էի տիկնոջս՝ Մէրիին»:
Տիկինը՝ Մէրի Փայասեանը, ե՛ւ համեստութիւն, ե՛ւ իշխանական ազնուականութիւն կը բուրէ: Սքանչելի հայերէնով մը կ՛ըսէ, թէ ինք աւարտելէ ետք Պէյրութի Նազարեան նախակրթարանը, շրջանաւարտ է Պէյրութի Դարուհի Յակոբեան վարժարանէն: Ունի մեծ եղբայր մը եւ փոքր քոյր մը եւ իր ծնողներէն ինքն ալ ժառանգած է հայու ազգային արժանապատուութեան զգացողութիւնը, ազգային շունչն ու ոգին: Պատերազմի տարիներն են, եւ անկարելի կը դառնայ համալսարանական ուսման հետեւիլը: Կը հանդիպի Պետիկին, եւ ծնողներուն յօժարութեամբ կ՛ամուսնանան եւ կը մեկնին Ապու Տապի: Երկրորդականի մէջ եղած է կողովագնդակ խաղացող եւ հպարտութեամբ կը նշէ. «Զաւակներս ինձմէ ստացած են սէրը պասքէթպոլի հանդէպ»:
«Բայց ինչո՞ւ նուիրել ՀՄԸՄին: Ուրկէ՞ կու գայ այս ներշնչումը». հարցը եղբայր Գառնիկ Աբրահամեանէն կու գայ: Այս հարցին պարոն Ֆերմանեանը այնքան անմիջականօրէն կը պատասխանէ, որ կը տարուիմ մտածելու, թէ արդեօք այս հարցումը վիրաւորակա՞ն գտաւ, որովհետեւ իր պատասխանին մէջ ՀՄԸՄին մանկութենէն ի վեր պատկանելու, հոն իր բոյնը արդէն դրած ըլլալու զգացումը կար, որ «աշխարհի վրայ ամենաբնական բանը» պիտի ըլար նախ իր «տան», իր «բոյնին» տալը… հոս արդէն նոյն այդ բոյնին հանդէպ պարտական զգալու պարտաւորութիւն մը կար իր բառերուն մէջ… Կը մէջբերեմ ամբողջութեամբ.
«Ինծի համար հայ ազգը եւ ՀՄԸՄը միշտ սիրտիս մէջ եղած են: Ես հոգիով սիրտով ՀՄԸՄական տղայ եմ, ատանկ ծներ եմ, ատանկ մեծցեր եմ: Դժբախտաբար, ես շատ կանուխ մեկնեցայ արաբական երկիրներ եւ առիթներ չեմ ունեցած ակումբներ յաճախելու, գործիս կամ լիբանանեան պատերազմին պատճառով: Բայց երբ զաւակներս դարձան գայլիկ, սկաուտ ու մարզիկ, ՀՄԸՄը դարձաւ աչքիս լոյսը, որուն միջոցաւ զաւակներուս եւ ընտանիքիս հայու ինքնութիւնը կը պահպանուի: Մեր տունը փոքրիկ Հայաստան մըն է, հոն ամէն բան հայերէնով կը դառնայ: ՀՄԸՄը դպրոցէն ետք հայը հայ պահող սքանչելի կազմակերպութիւն մըն է: Երբ ինծի Նաւասարդեան խաղերու նախագահութիւնը առաջարկեցին, ես անմիջապէս ընդունեցի. ինչպէ՞ս մերժէի իմ հոգիիս մէջ բոյն դրած ՀՄԸՄը, որ իմ սիրտիս մէջ է, որ ինչ բանի որ պէտք ունի, ես պատրաստ եմ օգնելու»:
Այսպէս, մէկ շունչով, կարծես հաւատացնելու համար, որ «տե՛ս, ա՛յս է որ կայ եւ ուրիշ ոչինչ…»:
Տիկինը՝ Մէրի Փայասեանը, միւս կողմէ, կարծես իրը ունէր ըսելիք, բացատրելիք, լրացնելիք:
«Մեր պզտիկները հայկական դպրոց չյաճախեցին, որովհետեւ մեր առաջին խանութին շատ մօտիկ էր տեղական պետական դպրոցը, իսկ հայկականը առնուազն 45 վայրկեան հեռու էր ինքնաշարժով: Անկարելի բան էր հասնիլ թէ՛ խանութին եւ թէ դպրոցին: Ես միշտ սիրտիս մէջ ցաւած եմ, որ ինչո՞ւ ես զաւակներս հայկական վարժարան չեմ կրցած ղրկել: Բայց արդէն 25 տարիէ ի վեր մենք Օrange County կ՛ապրինք եւ ո՛չ մեր եկեղեցիէն եւ ոչ ալ մեր, այսինքն՝ մեր հայկական դպրոցի կազմակերպած ձեռնարկներէն բացակայ եղած ենք, հակառակ անոր, որ զաւակներս հայկական վարժարան չեն յաճախած, բայց ան՝ միշտ ալ «մեր դպրոցը» համարած ենք: Երբ մեր զաւակները սկսան կանոնաւոր կերպով ՀՄԸՄի պասքէթպօլի խումբերուն մաս կազմել, մեր մտահոգութիւնը փարատեցաւ: Մենք յաճախ կը կրկնէինք իրարու. «Մեր տղաքը հիմա գտան իրենց բոյնը, ալ մի՛ մտահոգուիր, հիմա կրնանք հոնկէ գտնել իրենց յարմար հարսեր… եւ իրենք ալ կը կազմեն հայ ընտանիքներ: Հիմա միտքերնիս հանգիստ է, փառք քեզ Աստուած…»:
Իսկ հիմա՝ կարծես մէկը կը փնտռէր պարոն Ֆերմանեանը «համոզելու», թէ դպրոցէն դուրս՝ հայկական կեանք կարելի է կազմել, եթէ ձեր զաւակները չէք կրցած հայկական վարժարան ղրկել, ՀՄԸՄը կայ, հայու բոյն է…
«Մենք այնքան պարտական ենք ՀՄԸՄին: Մեծ տղաս հոն ծանօթացաւ իր ընկերուհիին, որ հիմա մեր սքանչելի հարսն է, եւ մենք թոռնիկներ կը սպասենք»: Այդ հրաշքին սպասող եւ ամբողջական ու հայկական ինքնութեամբ ոչ թէ ապրիլ փորձող, այլ ատով իսկ հպարտ ապրող հայ ընտանիք մըն է Պետիկ եւ Մէրի Ֆերմանեաններու ստեղծած բոյնը:
«Հաճելի դրուագ մը պիտի պատմեմ», ըսաւ տիկին Ֆերմանեանը, ինչ որ ցոյց կու տայ ընտանիքէն ներս տիրող մթնլորտը:
«Ամէն անգամ որ հարսանիքի մը ներկայ գտնուէինք, Պետիկը առիթ չէր փախցներ տղոց ըսելու՝ «Հայ աղջիկ պիտի առնէք հա՛, հայ աղջիկ պիտի առնէք»: Օր մըն ալ տեսնեմ տղաս կու լայ: Հազիւ 4 տարեկան կար այն ատեն: Ըսի ինչո՞ւ կու լաս. ըսաւ. «Աս ամէն հայ աղջիկները արդէն հարս եղան, գացին, ալ հայ աղջիկ չի մնաց, ես եթէ հայ աղջիկ չի գտնեմ, պապաս ինձմէ պիտի նեղուի… հայ աղջիկները վերջացան…»:
«Առաջին դպրոցը տունն է», կը մտածէի, երբ յանկարծ, բան մը պակաս թողած զգալու պէս, տիկին Փայասեանը, կարծես իր համեստութիւնը վիրաւորուած զգացած ըլլալու արտայայտութեամբ մը անկեղծ խնդրանք մը ներկայացուց, որ իսկապէս, ինչպէս վերը նշեցի, միմիայն ազնուական հոգիներու հարազատ է: Արդէն երկու ժամէ աւելի է, որ կը խօսինք, եւ ամէնէն դոյզն նշումը, ենթադրութիւնն իսկ, որ «օգնութիւն», «նուիրատուութիւն», «օժանդակել»… եւ նմանօրինակ բառերով կը խճողէին խօսքը, կարծես ներքին վիրաւորանքի պէս բան մը կը գծուէր տիկին Ֆերմանեանի դէմքին: Չսպասեց.
«Պետիկն ու ես յաճախ կը խօսինք այս մասին: Կը մտածեմ, որ այնքան անձեր կան, որ իրենց ամբողջ կեանքը տուած են ՀՄԸՄի հետապնդած նպատակներու իրականացման, որոնք մեզմէ շատ աւելի արժանի են Նաւասարդեան խաղերու Պատուոյ նախագահը ըլլալու: Անոնք ոգի ի բռին աշխատած են ՀՄԸՄին համար, համակ ծառայութիւն դարձած՝ ազգին ինքնութիւնը եւ մաքուր նկարագիրը կը դարբնեն նոր սերունդներուն մէջ, թող անո՛նք արժանի ըլլան նախագահութեան, մենք համեստօրէն կրնանք այդ «ընտրուած» անձին նեցուկ կանգնիլ, ինչ միջոցներ ալ պահանջէ այդ մէկը, ա՛յս ձեւով կարենալ օժանդակելու ՀՄԸՄին»:
Պարոն Պետիկ Ֆերմանեանի հօրը խօսքը պատգամ էր միայն, այսօր ան արդէն այնքան բնականօրէն եւ սրտաբուխ ազգային պարտաւորութիւն կը դնէ մեզմէ իւրաքանչիւրիս ուսերուն:
«Իսկ ի՞նչ կ՛ակնկալէք դուք ՀՄԸՄէն» հարցին, տիկին Ֆերմանեան պատասխանեց.
«Շարունակեցէ՛ք անվարան ընել այն, ինչ որ դուք սկսած էք արդէն: Իմ խնդրանքս ՀՄԸՄէն մէկ բան է, որ իմ զաւակներս եւ ինչու չէ, նաեւ թոռներս, ՀՄԸՄի մաքուր նկարագիրով ու հայկական շունչով թրծուին, որպէսզի ՀՄԸՄը կարենայ հայապահպանման ջահը վառ պահել»:
Ահաւասիկ, թէ ինչ է այս սքանչելի ազգային կառոյցէն սպասուածը, որուն իրականացման համար մեր բոլոր անդամները անխտիր, ոգի ի բռին կ՛աշխատին:
Սրտագին շնորհաւորութիւններ տէր եւ տիկին Ֆերմանեաններուն, որոնք իսկապէս արժանի են Նաւասարդեան խաղերու նախագահութեան պատուին, իրենց տիպար ՀՄԸՄականի տեսլականով ու հոգիներուն մէջ վառ պահուած, գիտակցուած ազգային ինքնութեան օրինակով:
Ձեր օճախը մնայ անմա՛ր, եւ ձեր վարձքը՝ կատար:

Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles