ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Կասկած չկայ. հայ քնարերգութեան մէջ ամէնէն շատ Վահան Տէրեանն է, որ պաշարուած ըլլալ կ՛երեւի «փարոս» բառով: Մէկ բանաստեղծութեան մէջ ան 20ամեայ բանաստեղծին համար թովիչ, բայց դաժան սիրահար է:, իսկ մէկ այլ ստեղծագործութեան մէջ Տէրեանը կը զգայ, թէ դատապարտուած է մթութեան ու մենութեան, որովհետեւ բացակայ է «փարոս»ը.
Ինձ հեռուից լոյս փարոս չի կանչում,
Չի ժպտում ինձ խաղաղ հանգրուան:
«Փարոս»ը սերնդակից լեզուներու մէջ pharos, phare, phar, faro, far, hvar՝ լուսատու աշտարակ է, որ նաւերուն ուղղութիւն կու տայ: Անիկա ունի լոյսի աղբիւր ու զայն
կեդրոնացնող ու հեռուներէն տեսանելի դարձնող ոսպնեակ կամ հայելի: Փարոսները սովորաբար կը կառուցուին ծովափներուն դուրս ցցուած մասերը՝ ժայռերու վրայ: Կան նաեւ փարոսներու «լողացող» տեսակները, որոնք ամրացուած կ՛ըլլան խարիսխներուն: Ստուգաբանութեան համար զուարճալի իրականութիւն է, թէ
«փարոս»ը ունի թէ՛ բառացի եւ թէ փոխաբերական իմաստ, ուստի, անիկա կրնայ թէ՛ լոյս տալ եւ թէ տանջանք: Տէրեանն է դարձեալ.
Մոլորուածին անխօսկան թող փարոսի շող,
Քո աչքերը հոգի տան թող:
Իսկ տեսնելու համար, թէ ինչպէս «շինուեցաւ» այդ բառը, ստուգաբանութեան հետ ճամբորդենք Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա նորակառոյց քաղաքը:
Ք.Ա. 305 թուականն է: Նոր մահացած է Մեծն Ալեքսանդրը: Նեղոսի արեւմտեան ափին անոր շինել տուած քաղաքը սկսած է փայլելու վառ գեղեցկութեամբ ու քաղաքակրթութիւն սփռելու ամբողջ Միջերկրականին: Պտղոմէոս 1. Փրկիչը՝ Աղէքսանդրի զօրավարներէն ամէնէն վստահելին ու մէկը անոր եօթը թիկնապահներէն, կը դառնայ Եգիպտոսի նոր կառավարիչը: Ան կ՛որոշէ քաղաքին նաւամատոյցը զարդարել կոթողային աշտարակով մը, որ նաեւ լոյս պիտի տար նաւերուն: Ան, յարմար կը գտնէ աշտարակ շինել այն կղզեակին վրայ, որուն անունն էր Փարոս, յունարէն՝ Ֆարոս, բառ մը, որ ունեցած է հին եգիպտական անյայտ ծագում: Շինարարութիւնը կը տեւէ 12 տարի ու կ՛աւարտի անոր որդին՝ Պտղոմէոս 2. Եղբայրասէրի օրով, մօտաւորապէս Ք.Ա. 280-240 թուականին:
Եռայարկ աշտարակը կ՛ունենայ 120-130 մ. բարձրութիւն: Առաջին յարկը քառակուսի է, երկրորդը՝ ութանկիւն, իսկ երրորդը՝ բոլորակաձեւ: Անոր գագաթին կը վառուէր խառոյկ: Աշտարակը ունէր նաեւ երկրորդ գործածութիւն. դիտակէտ՝ թշնամի նաւերը յայտնաբերելու համար:
Աղեքսանդրիոյ աշտարակը՝ դասական շրջանին մարդու շինած ամենաբարձր շէնքը, եթէ նկատի չառնուին բուրգերը, կը դառնայ Հին Աշխարհի «Եօթը Հրաշալիքներ»էն մէկը, ինչպէս նաեւ՝ յաջորդ դարերուն կառուցուած բոլոր ծովային աշտարակներուն նախատիպը: Ան նաեւ անուղղակիօրէն նպաստած է լեզուներու բառապաշարին. «Փարոս» կղզիին անունը ժամանակի ընթացքին կը դառնայ լուսատու աշտարակներուն հասարակ ա-նունը ու նաեւ բանաստեղծներու ներշնչման աղբիւր:
Ահա Ե. Չարենցի «Մեր Լեզուն» բանաստեղծութիւնը, ուր կը տեսնենք, թէ փարոսը միշտ չէ, որ կը ցոլացնէ թախծոտ տրամադրութիւններ, այլ՝ կրնայ նաեւ արթնցնել պայծառ միտքեր.
Մեր լեզուն ճկուն է ու բարբարոս,
Առնական է, կոպիտ, բայց միեւնոյն պահին
Պայծառ է նա, որպէս մշտաբորբոք փարոս: