ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ոմանց այնպէս կը թուայ թէ քննադատուիլը տկարութեան նշան է: Մենք ճիշդ հակառակը պիտի պնդէինք, որովհետեւ լիիրաւ քննադատութիւնը՝ մէկ կողմէ, ու զայն գիտակցաբար ընդունիլը՝ միւս կողմէ, բարձր զարգացումի ու կրթութեան բացայայտ նշաններ են: Իսկապէս զարգացած ու գիտակից մէկը անպայման կ՛ուզէ լսել քննադատութիւն, որովհետեւ գիտէ՛ թէ կատարեալ մարդ գոյութիւն չունի, եւ թէ՝ քննադատողն ալ օր մը իր կարգին պիտի քննադատուի ուրիշներու կողմէ:
Կեանքի տարբեր բնագաւառներ՝ կրօնական, քաղաքական, մշակութային, եւ կարելի է շարքը երկարելով մանրամասնել, ունին քննադատութեան յատուկ չափանիշեր, որոնք իբրեւ օրէնք կը գործադրուին, քննադատելու համար վերոյիշեալ այս կամ այն կալուածը կեանքի:
Իբրեւ հաստատում կարելի է ըսել, թէ չէ՛ եղած աշխարհի մէջ մէկը, եւ պիտի չըլլայ ապագային ալ, որ քննադատուած չըլլայ եւ կամ պիտի չքննադատուի: Սա ամէնէն պարզ տրամաբանութեամբ ալ գծագրուող պատկեր է մարդկային մտապաստառին վրայ: Ամէնէն հարազատ ու մտերիմ կարծուած անձեր յանկարծ կը քննադատեն զիրար, ո՛չ թէ անպայման վիրաւորելու կամ սխալներ մատնանշելու համար, այլ՝ ուղղումներ կատարելու կամ ճանապարհ ցոյց տալու ի խնդիր:
Քննադատութեան բարերար դերակատարութեան հաւատացող մարդիկ գիտակից համեստութեամբ կ՛ընդունին տրուած բացատրութիւնները եւ համապատասխան քայլեր կը վերցնեն, ցարդ իրենց անցած ուղին վերատեսութեան ենթարկելու եւ վերարժեւորելու իրենց նախկին գործունէութիւնն ու յարաբերութիւնները:
Վերոյիշեալ անհատները խորապէս կը հաւատան քննադատութեան բուժիչ յատկութեան: Սակայն, քննադատութիւնը իր վատառողջ վիճակը կ՛ապրի ու վնասաբեր կր դառնայ այն ատեն, երբ քանդիչ դիտաւորութեան կ՛ընկերանայ, ուղղումէ բացի այլ նպատակներ հետապնդելով: Ուրեմն, բացայայտ է որ քննադատութիւնն ալ կը հիւանդանայ, անոր տեսողութիւնն ալ կը վատթարանայ, ստամոքսային խիթեր կ՛ունենայ, մէկ խօսքով բնականոն վիճակէն դուրս գալով՝ տարբեր իրավիճակներ կը ստեղծէ մեր կեանքին մէջ:
«Ստամոքսային խիթեր»ը քննադատին պարագային յատուկ ընդգծումի կ՛ենթարկենք այստեղ, պարզապէս զատորոշելու հիւանդութեան այս տեսակը, որմէ կրնան տառապիլ որոշ քննադատներ: Խորքին մէջ քննադատները իրենց լայն մտային հորիզոնով, տրամաբանութեան ամէնէն մանրամասն ու նուրբ զգայարանքով եւ անաչառ կշիռքով, պէտք է հանճարներ դառնային յառաջատուական ընթացքով, կամ գէթ այդպէս համարուէին հանրութեան ակնոցով դիտած: Սակայն վերոյիշեալ հիւանդութեամբ տառապողները հանճարային ախտաւորներ կը դառնան յանկարծ, որովհետեւ չեն կրնար աստուածատուր այդ շնորհքը ու հանճարային ծնունդ ըլլալու իրենց բարձր պատիւը արժեւորել, ճիշդ հունի մէջ դնելով այդ երկնապարգեւ մենաշնորհը:
Անկախաբար վերեւը նշուած հոգեկան ախտին բերած տարբեր դժուարութիւններէն, քննադատուիլը ունի նաեւ իր շատ բացառիկ ու դրական մէկ երեսը, որ քննադատուող անձին ներկայացուցած կարեւորութիւնն է: Քննադատութեան նիւթ մատակարարելը ինքնին արժեչափ մը կը ներկայացնէ: Այսպէս, թեր ու դէմ կարծիքներ հրահրելու համար յառաջ քշուած նիւթը կլոր սեղանի մը, պէտք է որոշ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած եւ այժմէական նիւթ ըլլայ, այլապէս որակաւոր համալսարաններ պիտի չընդունին նման զրոյց կազմակերպել ու քանի մը ժամ տեւողութեամբ քննարկման տակ պահել նիւթ մը, որ մասնաւոր կարեւորութիւն չի՛ ներկայացներ այսօրուան մարդուն համար:
Նոյնպէս ալ, ընկերային կեանքի մէջ քննադատութեան նիւթ իբրեւ կ՛ընտրուին ո՛չ թէ ժամանակավրէպ մարդիկ, որոնք ժամանակը անցած պահածոյ տուփերու նման շուտով վար կը դրուին ու վաճառքէ դուրս գալով կը փճացուին, այլ՝ կ՛ընտրուին ժամանակակից ու առօրեայ կեանքի մէջ անմիջական տեղ ու անհրաժեշտ դերակատարութիւն ունեցող մարդիկ:
Քննադատութեան ամէնէն աւելի տխուր, տկար ու վատոյժ տեսակը՝ արհամարհո՛ղ քննադատութիւնն է: Այս տեսակ քննադատութիւնը կը սկսի «Ո՞վ է որ», «Ի՞նչ կը ներկայացնէ որ», «Ի՞նչ ուսում ունի որ», «Որո՞ւ զաւակն է որ» եւ նման սնամիտ, ինքնահաւան, վարկաբեկիչ ու նուաստացող արտայայտութիւններով, որոնք սակայն շատ աւելի կը տկարացնեն քննադատութեան մտրակի հարուածները: Միշտ կ՛ըսենք, թէ գաւազանի հարուածը ուտողը ի՛նք կը զգայ ցաւը, եւ ո՛չ թէ անդին կեցած այդ հարուածները հաշուող անձը: Սակայն, այս պարագային, ինչքան արհամարհող քննադատութեան հարուածները բազմանան, այնքան աւելի ծիծաղ կը պատճառեն, իր քամակին վրայ զանոնք ստացողին… Իսկ բուն ցաւ զգացողը անգիտակցաբար կ՛ըլլայ հարուածները տուողը, որ իր կատաղութեան մէջ չի՛ կրնար հաւասարակշռութիւնը պահել ու քանի մը հարուած ալ ինք իր ոտքին կու տայ… Իսկապէս ծիծաղելի է սա, եթէ մեր երեւակայութիւնը լարենք ու մեր աչքերուն դիմաց պատկերացնենք պահուան թատերական ներկայացումը:
Արհամարհող քննադատը երբեք չի՛ կրնար վաւերական քննադատ ըլլալ: Ան պարզապէս կոյր ինքնահաւան մըն է, որուն տկար տեսողութիւնը մինչեւ իր քիթին ծայրը կը հասնի: Իսկ եթէ ակնոց դրած ըլլայ, աւելի յստակ կը տեսնէ իր քիթի մորթին ծակտիկները միայն, բայց ո՛չ անկէ անդին:
Արհամարհող քննադատին կամակորութիւնը զինք դէպի անդունդ կ՛առաջնորդէ միայն: Նոյն տեսակի քննադատութեամբ այսպիսի մարդիկ կը կարծեն համախոհ ընկերներ հաւաքած ըլլալ իրենց շուրջ, մինչդեռ միայն խելքով պակասաւոր ունկնդիրներու խլեակներ կը դիզուին իրարու վրայ, որոնք իրենց լուռ համախոհութեամբ միայն սնունդ կու տան անոնց տկարութեան: Տկարութիւնն ալ տկարութեան մէջ կ՛աճի, այսինքն՝ աւելի՛ տկարութեան կը վերածուի, իր նուազագոյն աստիճանին կ՛իջնէ… Իսկ տկարներու կողմէ սնուցուողները բնականաբար զօրաւոր պիտի զգան, որովհետեւ իրենց մէկ հարուածով ո՛չ թէ միայն հազար ճանճ կը ջարդեն, այլ ափրիկեան երկրի մը թունաւոր մժեղներու զինուած բանակ մը ամբողջ կ՛ոչնչացնեն…
Այսպիսի քննադատութիւնները նոյնիսկ արհամարհող քննադատութիւն ըլլալէ աւելի, սրտմաշուք կը դառնան արհամարհող քննադատներուն համար: Իսկ քննադատուողները իսկապէս բաւարարութիւն կը զգան այդ քննադատութիւններէն: Որովհետեւ ներկայ աշխարհի մէջ ծանուցողական սպասարկութիւններ մեծ գումարներ կը պահանջեն քանի մը երկվայրկեանի ծանուցումի համար: Ուրեմն, Արհամարհող քննադատներդ, սեփական աշխատանքիդ ծանուցումները խմբագրող եւ քու կողմէ վճարուած պաշտօնեաներդ նկատէ: