Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԵՐԳԻԾԱԿԱՆ. Հայաստան Ու Դաշնակիցները

$
0
0


ԼԵՌ ԿԱՄՍԱՐ

Երբ Առաջին համաշխարհային պատերազմը վերջացաւ ու յաղթեցին մեծ դաշնակիցները, առտուն կանուխ, «պզտիկ դաշնակից»՝ Հայաստանն ելաւ անկողնէն հագուեցաւ կապեց զէնքերն ու կնկան եւ հարսին ձեռքը բռնած՝ ճամբայ ընկաւ դէպի Փարիզ: Երբ Թիֆլիսին կը մօտենային Հայաստանը դարձաւ կնկան.
– Լսէ՛ կնիկ հա՛րս, դուն ալ, եթէ բան է, Թիֆլիսի մէջ Վրաստանը հարցնէ, թէ ո՞ւր կ՛երթաք չըսէք կ՛երթանք անկախութիւն ուզելու, ըսէք կ՛երթանք Փարիզ՝ գործ ունինք. կամ դուն, – դառնալով կնկան, – ըսէ, թէ հարսս կը տանեմ բժշիկի: Եթէ իմանայ անկախութեան համար կ՛երթանք՝ ինքն ալ աներեսաբար ետեւնիս պիտի իյնայ գայ: Ես կը պատռիմ անկէ, երեսը չեմ ուզեր տեսնել: Իժի՛ ծնունդ, կեցիր անգամ մը հասնինք Փարի՞զ… Մէկ-մէկ պիտի պատմեմ դաշնակիցներուն, թէ ինչպէս Վրաստանը թուրքին հետ մտերմացաւ, ինչպէս ետքէն գերմանացոց փարեցաւ: Պարզապէս պիտի ըսեմ՝ դաշնակիցնե՛ր, Վրաստանը ձեզ չի սիրէր, անիկա անձնասէր մարդ մըն է եւ միշտ իր սեփական շահերուն ետեւէն ինկած ով իրեն աղէկութիւն մը ընէ՝ զայն կը սիրէ. երբեք, չի մտածեր, թէ ասիկա գերմանացի է, թուրք է կամ դաշնակից է: Քալէ՛, կնիկ – ըսաւ Հայաստանն ու Թիֆլիս մտնելով, առանց այս կամ այն կողմը նայելու՝ պատառ մը հաց առաւ ու Բաթում հասաւ: Երբ նաւը նստան՝ Հայաստանը գդակը ծռեց ու սկսաւ երգել՝ «Երբ ալեկոծ ծովին վրայ» երգը, ապա վերջացնելով, զարկաւ կնկայ ծունկերուն.
– Գիտե՞ս, կնի՛կ, աս ծովն ալ մեզի կու տան:
– Փո՛ւ, սա կեղտոտ ծո՞վը՝ աղի անպիտան ջո՞ւրը, քա մա՛րդ, մի առնէր, ըսէ տուէք ուրիշի, ես շնորհակալ եմ:
– Վա՜յ աւանակ վա՜յ: Ծօ տխմա՛ր, առանց ջուրի անկախութիւն կ՛ըլլա՞յ: Ռուսաստանը տարիներով «ա՜խ» ըրաւ ափ մը ջուրի համար, մեզի ջուր կու տան մենք ելլենք մերժե՞նք: Դե՜, դէ՜, երկար…
– Աղէ՛կ, մարդ իշտէ բան մըն էր ըսի ինչո՞ւ կը բարկանաս: Ես չէի գիտեր առանց ջուրի անկախութիւն չէր ըլլար:
– Չըլլա՜ր, չըլլա՜ր, մէկ մըն ալ ատանկ խենթ-խենթ չխօսիս եւ բան է, եթէ դաշնակիցներու կնիկներուն հետ խօսք ըլլայ այդ մասին, չըլլայ ըսէք չենք ուզէր:
Հայաստանը գտակը միւս կողմին վրայ ծռեց ու այլ երգ մը սկսաւ: Վերջացնելով երգը՝ զարկաւ կնկան ծունկերուն.
– Ծօ, կնի՛կ, ես կը մտածեմ՝ թէ Փարիզ հասնելուս ի՜նչ փառքով պիտի ընդունեն մեզի: Անշուշտ հիմի դաշնակիցները գործերնին թողած՝ ծովի ափը մեզի կը սպասեն: Բնական է, ինչ ըսել է, պզտիկ դաշնակիցը միշտ քաղցր կ՛ըլլայ: Կը յիշե՞ս, Յակոբն իր 12 որդիներէն ամէնէն շատ Յովսէփը կը սիրէր, ետքը Բենիամինը, ինչու որ անոնք պզտիկ էին:
Հայաստանը պահ մը լռեց՝ ապա շարունակեց.
– Ա՜խ, Աստուած ի՜նչ սրտազեղ տեսարան: Ան պիտի ըսէ մեր տունը երթանք, աս՝ պիտի ըսէ մերը երթանք. միւսը պիտի վիրաւորուի, երրորդին մօտ իջնես՝ չորրորդը պիտի սրդողի, անանկ որ չես գիտեր ինչ ընես: Բոլորն ալ հարազատ դաշնակիցներդ են, բոլորն ալ հաւասար չափով տառապեր են մեր ցաւով, անթիւ անհամար զոհեր են տուած մեզի համար: Մէկ օրինակ, սա համաշխարհային պատերազմը. ինչո՞ւ զէնք քաշեցին անոնք, պարզ է, որ անոնք կռուեցան, որպէսզի մեզի նման մանր դաշնակիցներ ոտքի ելլեն, ազատուեն… Աա՜խ, դաշնակիցներ, ես ձեր հոգուն մեռնիմ: Կնիկ, ես, արդէն ծնածս օրէն միշտ աչքս դարձուցի դէպի Անգլիա ու Ֆրանսա ու հաւատա՛, եթէ Գերմանիա նոյնիսկ թագաւորութիւն տար ինձի ես դարձեալ զայն չէի սիրեր: Գերմանիան չի սիրուիր, չէ՛, կնիկ, չի սիրուիր:
Երբ նաւը Ֆրանսիոյ նաւահանգիստն հասաւ ու խարիսխը ձգեց, Հայաստանը դարձաւ կնկան.
– Ինձի նայէ կնի՛կ, եթէ, բան է, վերադարձին տիկին դաշնակիցները ուզենան քեզի քանի մը ամսով հիւր պահել՝ չմնաս: Միասին եկեր ենք, միասին կ՛երթանք: Յետոյ, քիչ մը ձեր շարժմանց մէջ ազատ եղէք, ամաչկոտութիւնը մէկդի թողէք. հացի սեղան պատրաստելուն պէս նստէք վրան, հոս հրաւիրելու սովորութիւն չկայ. հացէն վերջը բերաննիդ փէշով չսրբէք: Փողոցին մէջ միշտ թեւս մտած քալէք:
Այս պատուէրները մարդն այնքան հապճեպ կու տար, որ կարծես հալածական մըն էր ու զինքը բռնելու կու գային: Սակայն, պատուէրէն վերջ՝ սպասեց ժամ մը, երկու, նորէն կրկնեց ըսածները, ընդարձակեց իր մտքերը, քանի մը յաւելումներ ըրաւ՝ ոչ ոք երեւաց ծովեզերքը: Այդ գիշեր նաւուն մէջ քնացան անոնք: Յաջորդ առտուն զարթնելով՝ ըսաւ Հայաստան.
– Չեն գիտեր, չեն գիտեր, գալս, կնի՛կ, եկէք յանկարծակիի բերենք զիրենք, թող ուրախանան, – ըսաւ Հայաստանն ու Փարիզ մտաւ: Հարցուց Վերսալին տեղը, ուր պիտի կայանար վեհաժողովը ու առաջ անցաւ (հարկաւ մէկու մը չըսելով, որ ինքը պզտիկ դաշնակիցն է): Վերսալը հասնելով տեսաւ դրան վրայ կեցած է յաղթանդամ բարապան մը՝ սուրը ձեռքին ու ոչ ոքի չի թողուր ներս մտնել: Պալատին չորս դին, պատերուն տակ ճանճերու պէս լեցուած կը բզզային աշխարհիս չորս կողմէն եկած «մանր ազգեր»՝ Սերպիա, Պուլկարիա, Գարատաղ, Լեհաստան, Սուրիա, Արաբիա, Պելճիք, Ֆինլանդիա, Ադրբեջան, Վրաստան, Արաքսի հանրապետութիւն, Դաղիստան, Թուրքեստան, Լազիստան, Աջարիստան ու այսպէս անվերջ: Ասոնցմէ զատ կային այնպիսի մանր ազգեր ալ, որոնց վարտիքին կոճակները եթէ չարձակես՝ անկարելի է, որ արտաքնոց կարողանան երթալ: Այս մանր ազգերուն ի տես օտարական մը պիտի կարծէր, թէ մանկապարտէզ մըն է այս շէնքը, ուր պզտիկները ելել են դասամիջոց… Բայց Հայաստանը տեսնելուն պէս հասկացաւ, որ ասոնք բոլորն ալ անկախութիւն ստանալու համար են ժողովեր. միայն քիչ մը զարմացաւ այն պատճառով, որ փոխանակ իրար ետեւ հերթ պահելու, անկարգ խռնում մըն էր առաջացուցեր: Հայաստանը չուզենալով խառնուել անոնց հետ (վասզի ինքը մեծ զոհեր էր տուեր) եւ ուշադրութիւն անգամ չդարձնելով անոնց, ինքզինքը շտկեց, տրեխին թելերը կապեց (որը փրթեր էր), շեշտակի դէպի դուռը դիմեց ներս մտնելու համար:
-Սը՜սս, մուտքը կողմնակի մարդկանց արգելուած է, – ըսաւ բարապանը ու սուրը վար բերաւ:
– Ես կողմնակի մարդ չեմ, բարեկամս, դուն չես ճանչնար զիս, բայց ներսը կը ճանչնան:
Ապա ինքզինքն ուղղելով՝ վեհօրէն աւելցուց խրոխտ.
– Իմաց տուր վերը, խնդրեմ, որ ձեր պզտիկ դաշնակիցն է եկեր…
– Ատանկ հրաման մը չէ տրուած ինձի:
– æանըմ, մէկ մը ըսէ՝ դարձիր: Պզտիկ դաշնակից ըսես, ալ կը բաւէ:
– Արտօնուած չեմ:
– Ան ատեն դաշնակիցներէն մէկը կանչէ դուրսը խօսիմ:
– Չեմ կրնար:
– Կամ երկտող մը տամ՝ Անգլիային տուր: Վիլսոնը հո՞ս է:
– Հոս է:
– Կանչէ դուրս անգամ մը՝ ըսէ Թուրքիոյ լուծին տակ դարերով տառապող Հայը քեզի կ՛ուզէ դրան վրայ, այն՝ որ աւելի իրաւունք ունի իբրեւ ազգ ապրիլ, քան բարբարոս Թուրքիան:
– Ոչ մէկը կանչելու իրաւունք չունիմ, կը հասկանա՞ս:
– Տէ՜ր Աստուած, հապա ինձի կը վայելէ՞ այսպէս դրան վրայ կենալ:
– Ի՞նչ կայ որ, դուն այս բոլոր ազգերէն աւելի՞ ես… Դուն ալ գնա անոնց հետ խաղա, մինչեւ որ կարդան, թէ որուդ անկախութիւն կու տան, որուդ՝ ոչ:
– æանըմ, ախր ես մենակ անկախութեան համար չեմ եկեր, մեզի հաց պէտք է շուտափոյթ, սով է մեր երկիրը… Կամ վերջապէս, ես անոնց ընկե՞րն եմ, ո՞րը անոնցմէ ինձի չափ զոհ է տուեր… Չըլլա՞յ թէ անոնք ալ միտք ունին իմ ոտներովս քալել: Գնա՛, գնա ըսէ, որ պզտիկ դաշնակիցն եկեր է, շատ մի խօսիր, չենէ քեզ պատժել կու տամ:
Բարապանը անանկ մը հրեց Հայաստանին, որ եթէ Ադրբեջանը չըլլար՝ ուղիղ Վրաստանին գլխուն պիտի իյնար: Հայաստանը նայեցաւ կնկան, ամչցաւ ու ըսաւ.
– Գիտես, ասիկա ծառայ է, բանէն խաբար չէ:
Այդ միջոցին Քլեմանսօն դուրս եկաւ պալատէն՝ ջուր թափելու կ՛երթար:
– Ներեցէք պր. Քլեմանսօ, սա ծառան չի թողուր, որ ներս մտնեմ, – ըսաւ ժպտերես Հայաստանը ետեւէն հասնելով:
Քլեմանսօ Հայաստանի երեսը նայեցաւ, ապա իր մտքերուն մէջ ընկղմած՝ իւրովի բան մը շշնջաց ու անցաւ: «Երեւի շտապ կարիք ունի, կեցիր գայ՝ նորէն ըսեմ», – մտածեց Հայաստանն ու կեցաւ ճամբուն մէջտեղը մինչեւ Քլեմանսոյին վերադարձը:
– Ներեցէք պր. Քլեմանսօ, երեւի չճանչցաք զիս. մեր Պօղոս-Նուբար փաշան ձեզի չէ՞ խօսեր իմ մասին. ես Հայաստանն եմ, ձեր պզտիկ դաշնակիցը, – ըսաւ ան ինքնաբերաբար իր դատարկ փամփուշտակալը ցուցնելով (բոլոր փամփուշտները բարիկենդանին վառեր էր), – դուք մեզի հաց պիտի հասցնէիք, ո՞ւր մնաց: Ի՞նչ կայ, ի՞նչ չկայ այս տեղերը, ինչպէ՞ս էք: Ընտանիքս ալ հետս է, հիմա չեմ գիտեր… ձեր տիկինը տո՞ւնն է…
Այսպէս խօսելով պալատի դրանն էին հասեր ու Հայաստանն ալ կ՛ուզէր ներս մտնել՝ բարապանը Քլեմանսօն թողուց՝ Հայաստանը պահեց:
– Պրն. Քլեմանսօ՛, ասիկա չի թողուր ներս մտնեմ… – պոռաց Հայաստանը:
– Ներսը ի՞նչ կայ: Գնա, այն միւս մանր ազգերու հետ խաղա բակը, մինչեւ ձեզ կը յայտնենք:
Հայաստանին վրայ պաղ ջուր լեցուեցաւ: «Հէ՜յ, – մտածեց անիկա գլուխը տարուբերելով, – ես ելլեմ չորս տարի կռուեմ, անդին ութ հարիւր հազար զոհ տամ դաշնակիցներն այդքան սիրեմ ու հիմա ալ ելլեմ Վրաստանին ու Ադրբեջանին կողքի՞ն կայնեմ… Հէ՛յ, աշխարհ»:
Բայց այնուամենայնիւ վճռեց Վրաստանի կողքը չկայնել, գնաց Արաբիոյ քովը կայնեցաւ իր կնոջ ու հարսին հետ, պալատին պատուհանին տակ:
– Մա՛րդ, անօթի ենք, – ըսաւ կինը:
– Անօթի ես ի՞նչ ընեմ. վա՛յ, զարմանալի կին ես, – պոռաց մարդը: -Քեզի ո՞վ ըսաւ ելիր ետեւէս եկուր, ի՞նչ է, հարսնիքի՞ կու գայի, սա քաղաքական գործ է, ուրիշ բանի չի նմանիր:
– Աղէկ, մեզի տար դաշնակցի մը հետ ծանօթացուր, դուն ինչ կ՛ընես՝ ըրէ:
– Է՛հ, լռէ կնի՛կ, դուն ալ, – կտրեց անոր խօսքը մարդն ու կը նայէր, թէ ինչպէս իր քովի Արաբիան պարկէն արմաւ հանելով կ՛ուտէր: Այդ միջոցին ձեռք մը պատուհանէն գաւաթը ողողեց, ողողուցքը թափեց ուղիղ Հայաստանի գլխուն:
– Վա՜յ խայտառակութիւն, – մրմնջաց Հայաստանն ու անդին փախաւ: -Գերմանիան ալ ասանկ բան չէր ըներ: Ելէ՛ք, կնիկ, հա՛րս, ելէք երթանք մեր Պօղոս-Նուբարին տունը, նայինք ինչ պիտի ընենք: Տունն ալ հիմա անհամբեր լուրի կը սպասեն, պէտք է հեռագիր մը զարնել:
Ու Հայաստանը հեռագրատուն մտաւ եւ ասանկ հեռագիր մը զարկաւ.
«Ամսոյս 18ին հասանք Փարիզ. երկու անգամ տեսակցութիւն ունեցայ Քլեմանսոյին հետ. Միացեալ եւ անկախ Հայաստանի հարցը վճռուած է դրական իմաստով: Կ՛երթամ մեր Պօղոսին տունը»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles