ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Վեց ժամ ճամբորդութիւնէ մը ետք, արդէն մենք, էրիկ-կնիկ Ռիբան գիւղն ենք: Հաւանաբար շատեր Քալիֆորնիոյ քարտէսէն գաղափար չունենան. յստակցնեմ: Սա Ռիբան կոչուած գիւղը կամ գիւղակը, որ ունի շուրջ 15 հազար բնակչութիւն եւ կը գտնուի Ֆրեզնոյէն մօտաւորապէս երկու ժամ դէպի հիւսիս, ամերիկեան սովորական ձեւի եւ ոճի բնակարաններով եւ յարկաբաժիններու շարքերով ու մանաւանդ հսկայ փոխադրակառքերու «հանգստեան» կայաններով եւ փոքր «մարքեթ» խանութներով լեցուն գիւղ մըն է, որուն փողոցները յոգնած բանակի նման, պառկած են տուներու լռութեան առջեւ:
Տարիէ մը աւելի է, որ մեր տղուն գրասենեակը հոս է, ու ահա պայմաններու բերումով, վերջապէս իբրեւ ծնողք եւ պարտականութիւն, առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելենք, մեզի հետ տանելով մեր քիչ մը շատ ուշացած աւանդական բարեմաղթութիւններն ու օրհնութիւնները:
Այս անծանօթ գիւղին մէջ մեր զաւակը իբրեւ հայ թէ՛ միակն է եւ թէ ալ իբրեւ բժիշկ, շրջանի մէջ մեծ ու փոքր փոխադրակառքերու վարորդներու բժշկական քննութեան կեդրոնի մը տէրը, ուր վարորդներ կու գան շունչի, աչքի եւ մեզի պարտադիր քննութիւններ կատարելու:
Այսչափ գիտեմ: Եւ որովհետեւ հոս Ամերիկա է, ասկէ աւելի զաւակիդ «աւելորդ բաներ» չես կրնար հարցնել կամ իրաւունք չունիս հարցնելու: Հոս նախկին երկիրդ չէ: Ահա քեզի Ամերիկա: Միւս կողմէ ալ երբեմն զարմանքով ես ինծի հարց կու տամ.
– Ծօ՛, Կլենտէյլը ուր, Ռիբանը ուր: Երկինքի ու երկրի չափ տարբերութիւն: Հապա՞ իր անհայաբնակ հեռաւորութիւնը: Բայց՝ գործ է: Աշխատանք: Ապրուստի ճամբայ: Ուստի կը մխիթարուիս:
«Ոտքերնիս «ուղուր» գայ» ըսելով, կինս ինձմէ առաջ կեդրոնէն ներս մտաւ ու արագ մը ինծի դառնալով, կարծես իր մօտ երբեք դրամ չըլլար, թելադրեց, որ տոլար մը տամ, որպէսզի ինք անձամբ իր տղուն գրասենեակի պատին վրայ «փակցնէր»:
Սովորութիւն: Թերեւս ալ նախապաշարում, մեզի նման՝ հինցած: Ի՜նչ կ՛ուզէք, հաշուեցէք:
«Օֆիս»ի սեմին, խնդումերես ու լայն ժպիտներով դիմաւորուեցանք Ռոզերիթայի ու Ճանաթին կողմէ, շատ քաղաքավար ու նոյնքան ալ սիրալիր: Չէ՞ որ վերջին հաշուով մենք իրենց «պոսին» ծնողներն էինք:
Ապա սպասման սենեակին մէջ տեսայ, որ իրենց «կարգին» սպասող քանի մը «յաճախորդ» վարորդներ նստած էին, որոնք մեր աղմուկէն խանգարուելով ապշահար մեզ կը դիտէին: Կարծես ամէն մէկը աշխարհի մէկ ծայրէն եկած ըլլար: Մէկը մեքսիքացի, միւսը հնդիկ, անոր քովինը ճերմակ ամերիկացի եւ ապա սեւամորթ մը: Մէկուն գլուխը անմազ, միւսինը՝ ածիլուած, բայց բոլորին արմուկները, ձեռքերն ու ոտքերը նոյնիսկ վիզերը տեսակաւոր «թաթու» դաջուածք-ներով «զարդարուած»:
Գրասենեակ առաջնորդուելէ առաջ, աչքիս զարկաւ սպասման այս փոքր սենեակին պատերը զարդարած նկարները:
«Աստուած իմ», ըսի մտովի, «այս ինչե՜ր ըրած է մեր տղան»: Այսպէս՝ դրան ճիշդ ճակտին Սիրուն Երեցեանի գործերէն՝ մեր Այբենարանի հսկայ գծանկարը, իսկ միւս պատը ծայրէ ծայր՝ սրբազան լեռ Արարատը, Խոր Վիրապով միասին, ապա մնացեալ բաժինները՝ մեծ ու փոքր փոխադրակառքերու եւ այլ զանազան նկարներ:
Տղուս համար փոքր հայրենիք մը: Ահա քեզի հայ: Երկու կեանք եւ հակասական: Ճառագայթուն տպաւորութիւն՝ պիտի ըսէր անկասկած մտածող միտքս: Յստակ էր, թէ հայ ըլլալու բարդոյթը տղուս ալ հալածած էր: Ու յուզուած, քիչ մը հպարտ, սակայն խորունկ զգացումով եւ հաւատքով, գլուխս շարժելով մտայ իր գրասենեակը, բոլոր նստողները քաղաքավարօրէն բարեւելէ ետք:
Հազիւ սենեակ հասած, կինս անմիջապէս, ինչպէս միշտ, իբրեւ թէ իմ խնամատարս ըլլար, ինծի թելադրեց «անձայն նստիմ» եւ «ժուռնալ» մը կարդալով զբաղուիմ: Իսկ ինք, օրուայ մերկ լոյսին տակ, յաճախորդներու մեզի ուղղուած քննական եւ զննական աչքերուն տակէն հազիւ փրկուած, արդէն կ՛երթար մօտենալու պաշտօնեայ աղջիկներուն, անոնց հետ ստեղծելու համար նոր մտերմութեան օղակ մը:
Ինչ մեղքս պահեմ, միտքիս խաղաղութիւնը փնտռելու, պահ մը ինքզինքիս հանգիստ տալով հնազանդած էի: Բայց յանկարծ հետաքրքրութիւնս խանգարեց ամէն մտածում եւ հանգիստ:
Ակամայ ոտքի ելայ ու սկսայ շրջելու կեդրոնէն ներս: Կնիկ-մնիկ մոռցած էի:
Այսպէս՝ սկսելով քննութեան սենեակէն, որուն պատին վրայ աչքի հզօրութիւնը չափելու ցանկ մը կախուած էր, հասայ մինչեւ յատուկ լուացարան եւ այլ քննասենեակներ: Այս բոլորը աչքէ անցընելէ ետք ու ձեւով մը առանց շուրջիններուս ուշադրութիւնը վրաս կեդրոնացնելու, ինքզինքս գտած էի սպասման սենեակին նայող բաժինի պատուհանին քով:
Դարձեալ ակնարկ մը նետեցի դուրս՝ Արարատին: Ինքնածին մղում: Ի տես այս մեծ նկարին՝ երիտասարդացած էի: Կարծես բառերս մտածում եւ թռիչք կ՛ուզէին դառնալ: Խոր զգացում մը գրաւած էր զիս, իսկ սիրտիս մէջ կարծես յոյզեր մխրճուած ըլլային, միւս կողմէ ալ միտքիս մէջ՝ տեսակ մը դրօշմուած ապրումներով պատուած յուշեր, ինքնակոչ արթննալով, աչքերուս խոնաւութեան հետ մարած տեսիլքներ ալ բերած էին:
Անկասկած մէջս ծնած էր լռակեաց տագնապը, վերապրումներու յիշողութեանս խորերէն: Ճիշդ այդ պահուն սիրտս ինքնազսպումի ճիգ մը փորձեց: Տխուր մենակութիւն մը զգացի: Հաստատապէս խորասուզուած էի մտածումներու եւ երազանքի մէջ:
Յանկարծ լսեցի Ռոզերիթայի ձայնը: Սթափեցայ: Ամէն բան արդէն խանգարուած էր:
– Հի իզ, աուըր տաքթըրզ ֆատըր (ան մեր բժիշկին հայրն է):
Ձայնին կողմը դարձայ: Կարճահասակ, լեցուն մարմինով ու դէմքով մեքսիքացի վարորդ յաճախորդ մը ուզած էր ինծի հետ ծանօթանալ: Ահա խանգարումին պատճառը:
– Օլա ամիկօ (բարեւ ընկեր),- ըսաւ շատ մտերմիկ, կարծես զիս տարիներէ ի վեր ճանչցած ըլլար:
– Օլա, օլա, «իքի օլա»,- ըսի իմ կարգիս:
Երկուքս ալ բարձրաձայն խնդացինք: Այս մէկը առիթ տուաւ, որ Հոզէ կոչուած այս վարորդը իր յամարձակութեան աղեղը լայն բանայ ու հետս երկար զրուցէ:
– Եու ար մեքսիքըն, ռա՞յթ (դուն մեքսիքացի ես, ճի՞շդ),- ըսաւ ու դարձաւ ճիշդ իր ետեւը կեցող հնդիկին, որուն անունը վերջը գիտցայ, որ Ռաճ էր:
– Հէյ, մեն, հի իզ մեքսիքըն, այ թոլտ եու (հէ՜յ, մարդ, ան մեքսիքացի է, ըսած էի քեզի),- ըսաւ յաղթական:
– Նօ, նօ, հի իզ ինտյըն, էսք Ճանեթ (ոչ, ոչ, ինք հնդիկ է, հարցուր Ճանեթին),- ըսաւ հնդիկը դէմքին կամրութեան հետ։
Ինծի համար այդ վայրկեանին երկուքին միտքերուն անկիւնը որոշ կասկած մը պառկած էր, որ հետզհետէ մագլցող հետաքրքութեան մը սկսած էր վերածուելու:
Անկեղծօրէն ես մնացած էի իսկապէս շուարած: Գլխուն մեծ եւ անակնկալ հարուած մը ստացողի մը նման: Ի՞նչ պէտք է պատասխանէի, չէի գիտեր: Հարուածը յանկարծակի էր եւ ուժգին:
Հայերս այդպէս ենք, իրական ապրող ժողովուրդ ենք: Միշտ անակնկալներու դիմաց կը շուարինք, որովհետեւ անակնկալներու չենք վարժուած: Միւս կողմէ սակայն, թէեւ այս դարուն փիլիսոփայ չունինք, նստած տեղերնիս յանկարծ ամէն մէկս կրնանք փիլիսոփայել, մեր ուզած ձեւով եւ կշիռքով: Մենք՝ կենսուրախ, լաւատես, դիմացող ժողովուրդ ենք, այս մէկը մեր նկարագիրին մաս կը կազմէ: Բայց նաեւ ճշմարտութեան դրօշակակիրներէն ալ ենք: Անոր համար էր, որ հիմա այդ
ճշմարտութիւն ըսուածը կոկորդս հասած, զիս խեղդել կը փորձէր:
Ահա քեզի պատմութիւն: Երկու անծանօթներ կը փորձեն ինքնութիւնս փաստել: Իսկ ես անխօս մտերմութեամբ մը, շարուած զիրենք կը դիտէի: Բարեբախտաբար Ճանեթը վրայ հասաւ:
– Լէթ մի էքսփլէյն (թոյլ տուէք բացատրեմ),- ըսաւ, ֆրանսերէնի ուսուցչուհիս յիշեցնող հանդարտութեամբ:
Խեղճ աղջիկը ինքզինք չէր կրնար զսպել: Խնդալէն պիտի մարէր: Գիտեր թէ ինչեր կ՛անցնէին այդ վայրկեանին երկուքին միտքերուն մէջէն: Միւս կողմէ ալ յայտնի էր, որ ինքն էր այս «սուտ պատմութեան» հեղինակը ու հիմա կարծես պիտի փորձէր իր հին սուտը, նորով մը արդարացնել:
Վերջապէս ինքնզինք զսպելէ ետք, սկսաւ բացատրութեան:
Նախ յստակացուց, որ «տաքթըր Պի»ի մեծ հայրը, այսինքն հայրս, Մեքսիքօ ծնած էր, իսկ մեծ մայրն ալ՝ Կալկաթա, ու երկուքը, հոս՝ այս երկիրը իրար հանդիպած էին տարիներ առաջ ու վերջ:
Ահա կեանքիս նոր ու չլսուած պատմութիւնը:
Երկու յաճախորդ վարորդներն ալ երկարօրէն գլուխնին շարժեցին: Հաւանաբար մորթիս գոյնէն մէկնելով մտովի հաստատեցին, որ երկու ծնողներէս ալ բաժիններ կային:
Սկիզբը թէեւ շփոթած էին, սակայն հիմա կարծես բացատրութենէն գոհ մնացած ըլլային, որ կրկին երկար ու բարձր կը խնդային:
Հաստատապէս Ճանեթը կեանքս երազի մը վերածած էր: Ուստի փորձեցի կամաց մը «դաշտէն փախչիլ»: Զգացի, որ այլեւս խառնակ միտքերէն փրկութիւն չկար, ու մեր հանդիպումը կամաց-կամաց ինծի համար անխորհուրդ եւ իմաստազուրկ սկսած էր դառնալու: Միտքերու պատկերաւոր ժխոռ: Ուստի պատեհութեան նոր զոհը չդառնալու համար, որոշեցի անձայն «անհետանալ»:
Գիտէի, որ հայկականութեամբ ապրիլը մեծ եւ հաճելի փորձառութիւն էր: Նաեւ գիտէի, որ մեր կեանքը լեցուն էր կրկին ապրելու կամքով, սակայն միայն ու միայն հայութեամբ:
Ահա հաստատ իրականութիւնը: Բայց այս մէկը…
Զգացի, որ յանկարծ ներքին ձայն մը սկսած էր յուշելու զիս ու առաջնորդելու վայրկեաններս: Բարեբախտաբար անձայն եւ անաղմուկ հասած էի տղուս գրասենեակը, ուր կինս զիս փնտռելու ելած էր:
– Ի՞նչ է, աղջիկ տեսար, զիս մոռցա՞ր,- ըսաւ կշտամբանքով մը:
– Ի՞նչ ընեմ, կնիկ… արիւնս քաղցր է…
Ալ չուզեց լսել մնացեալ կատակախառն պատճառաբանութիւններս: Իմ կարգիս ես ալ սենեակին մէջ նստայ: «Ժուռնալ» մը վերցուցի ու փորձեցի բժշկական այս ամսագիրին էջերը թղթատել: Չկրցայ: Շուրջս թէեւ դարձեալ անդորրութիւն էր, սակայն միայն Աստուած գիտէր, թէ այդ վայրկեանին միտքիս մէջ ի՜նչ փոթորիկներ ման կու գային:
Հին յուշերս սկսած էին տրորելու սիրտս: Անդին՝ սպասման սենեակին մէջ, տակաւին մարդիկ անընթեռնելի տողի նման կը խօսէին: Այս բոլորը կը լսէի, բայց չէի կրնար հասկնալ:
Սոսկալի էր:
Մէկը՝ հնդիկ, իսկ միւսը զիս մեքսիքացի կարծած էր, բայց երկուքն ալ տեղեակ չէին, որ ես հայ էի եւ տէրտէրի ալ՝ թոռ:
Ահա կեանքին քմծիծաղը: Տարօրինակ է, չէ՞: