Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ Փոքր, Խիստ Եւ Ներշնչող

$
0
0
Բաւրայի համանյքային կեդրոնի կառուցման համար Տեւեճեան ընտանիքն ու Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը պատուող յուշատախտակը -Համանյքային կեդրոնին մէջ վարչական անձնակազմի անդամ մը Համանյքային կեդրոնի սպասման սենեակը՝ ուրկէ կ՛երեւի Բաւրայի եկեղեցին Հանդիսութիւններու եւ համայնքային ժողովներու սրահը Տեսարան մը՝ համայնքային կեդրոնի շինարարութենէն Կը բարձրանան երկաթախառն կրաձոյլէ սիւները Բաւրայի համանյքային կեդրոնի արտաքինը

..
..

Թերեւս իրենց հպարտ ոգիին կամ աւանդութիւններուն մէջ կը կայանայ այն իրողութիւնը, որ այս գիւղացիները անյողդողդ կը մնան:

Տաւուշի մարզի Գանձաքար գիւղին մէջ, սահմանի միւս կողմէն արձակազէններու կրակի անընդհատ սպառնալիքին տակ, հայ գիւղացիները իրենց հողերը կը մշակեն, երեխաները դպրոց կը յաճախեն: Կեանքը կը շարունակուի:

Իսկ Շիրակի մարզի Բաւրա գիւղին մէջ, արձակազէնի կրակ չկայ, բայց չափազանց ցուրտ է, օդը՝ բարակ, հողը՝ անբեր:

Խիստ. աններող. տժգոյն: Ահա՛ սկզբնական տպաւորութիւնը՝ հայ-վրացական սահմանին մօտ գտնուող Բաւրայի մասին: Ասիկա առաջին բնակավայրն է, զոր Վրաստանէն եկող ճամբորդը կը տեսնէ՝ հիւսիսարեւմտեան Հայաստան մուտք գործելու ընթացքին: Տրուած ըլլալով, որ Բաւրան կը գտնուի ծովու մակերեսէն 6500 ոտք բարձրութեան վրայ եւ անոր ձմեռները կրնան տեւել մինչեւ ութ ամիս, քիչ բան կրնայ աճիլ հողին մէջ, ի տարբերութիւն արեւելքը գտնուող Լոռիի եւ Տաւուշի արգաւանդ հողին:

Բաւրայի 570 դիմադրունակ բնակիչները, հակառակ իրենց կեանքի դաժան պայմաններուն, ջերմ ու հիւրասէր են: Գիւղը է՛ նաեւ Հայաստանի այն սակաւ համայնքներէն, որոնք ամբողջովին կաթողիկէներէ բաղկացած են: Գիւղացիները իրենց ապրուստը կ՛ապահովեն կովաբուծութեամբ եւ կաթնագործութեամբ: Իրօ՛ք, այնպէս կը թուի, թէ բնական շրջապատը ո՛չ մէկ ձեւով կը բեկանէ իրենց աշխուժութիւնը:

Տարիներ առաջ, Բաւրայի կարիքներուն վերաբերեալ գիւղապետին հետ ժողովի մը ընթացքին էր, երբ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչները Բաւրան ընտրեցին որպէս նոր համայնքային կեդրոնի մը նպաստառուն:

Գիւղապետին դիմացը նստած՝ հիմնադրամի անձնակազմը, որուն անդամներէն մէկը նոր կ՛ապաքինէր՝ շէնքի խախուտ գետնատախտակներէն մէկուն պատճառով սահիլ-իյնալէ ետք, կը ջանար ուշադրութեամբ հետեւիլ գիւղապետի փոխանցած տեղեկութեան: Դժուար էր հետեւիլ, որովհետեւ այդ խոնաւ սենեակին մէջ, գիւղապետի ետին պատը ամբողջովին մգլոտած էր, մինչ կարծես անկէ կախուած հայկական դրօշակը արհամարհական արարք մը ըլլար սենեակի տարածքին ասպատակող որթասունկին դէմ: Մեղմիւ ըսած՝ շէնքը վատ վիճակի մէջ էր:

Արժանթինահայ բարերար Նշան Տեւեճեանի եւ Սփիւռքի այլ նուիրատուներու տրամադրած աջակցութեամբ, հիմնադրամը Բաւրայի մէջ կառուցեց համայնքային կեդրոն մը, որ կ՛ընդգրկէ գիւղապետարանը, վարչական գրասենեակ մը, ժողովներու ու հանդիսութիւններու սրահ մը եւ համակարգչային սենեակ մը:

2014ի Մայիսին բացուելէն ի վեր, համայնքային կեդրոնը հսկայական օգուտ բերած է գիւղի կեանքին: Այսօր, զանազան ձեռնարկներու համար հաւաքատեղի մը ունենալէ բացի, բնակիչները կրնան համայնքային ժողովներ գումարել գիւղապետին հետ, կամ՝ իրենք իրենց միջեւ, օրուան կարեւոր հարցերը արծարծելու համար: Իսկ շնորհիւ համակարգչային սենեակին, գիւղացիներուն առջեւ բացուած է աշխարհ մը գիտելիք՝ յատկապէս դպրոցական տեղեկութիւններու վերաբերեալ, զոր ցարդ հնարաւորութիւնը չունէին քաղելու:

Բաւրայի մէջ ապրիլը նրբասիրտներուն համար չէ, թէեւ նոյնը կարելի է ըսել Հայաստանի շատ մը գիւղական բնակավայրերու մասին: Այս փոքր գիւղին՝ Բաւրայի, բնակիչները կը գոյատեւեն յամառօրէն, համբերատարօրէն: Անասնապահութեամբ իրենց ապրուստը հոգալով՝ անդրդուելիօրէն կը շարունակեն կեանքը իրենց պապենական գիւղին մէջ, խոնարհ անտարբերութիւն մը ցուցաբերելով առօրեայ դժուարութիւններուն նկատմամբ: Հպարտ ոգի թէ աւանդութիւն՝ ի՛նչ ալ ըլլայ զիրենք յառաջ մղող ազդակը, անիկա ներշնչում միայն կը պարգեւէ մեր բոլորին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles