Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

«Զաւարեան» Ամառնային Ճամբարի Հանդէսից Յետոյ

$
0
0

ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Մի քանի տարիներ է, ինչ այցելում ենք Լա Քրեսենթայում գործող ՀՅԴ «Զաւարեան» կոմիտէութեան «Զաւարեան» ամառնային ճամբար՝ վերջին շաբաթներին, օժանդակ ձեւով միանալու նրա աշխատանքներին, ուր մեզ բաժին է ընկնում երգչախմբի նուագակցութիւնը, հանդէսի պատրաստութեան ընթացքում: Ծրագրերը ընդհանրապէս լինում են ազգային ոգեւորութեամբ, սակայն այս տարի, Չորեքշաբթի, Յուլիս 30, 2014ին, ականատես եղանք հայկականութեամբ տոգորուած յուզիչ մի տօնախմբութիւն-հանդէսի: Երգը, պարը, թատրոնը, հայերէն խօսքը իրար էին ձուլուել, եւ ստեղծուել էր համով-հոտով մի փոքրիկ Հայաստան:
Ցանկանալով այս երեւոյթը ներկայացնել գաղութին՝ զրոյց ունեցանք «Զաւարեան» ճամբարի հիմնադրութիւնից մինչեւ օրս անփոփոխ տնօրէնուհի Արփի Տապպաղեանի հետ:

ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Ի՞նչ նպատակներ էր հետապնդում ճամբարն իր հիմնադրումով։
ԱՐՓԻ ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ.- Նախ շնորհակալութիւն «Ասպարէզ» օրաթերթին, մեզմով հետաքրքրուելուն եւ իր էջերը մեզի տրամադրելուն համար:
Եօթը տարիներ առաջ, «Զաւարեան» կոմիտէն յղացաւ ամառնային ճամբար ունենալու գաղափարը: Կոմիտէի նպատակն էր մանուկներուն արձակուրդը անցընել հայեցի շունչով, տաքուկ միջավայրի մը մէջ, մանաւանդ աշխատող ծնողներու համար՝ հեռու պահելով իրենց զաւակները համակարգիչէն ու հեռատեսիլէն: Մայք Քէլէշեանին առաջարկած այս ծրագիրը մեր սիրտին խօսող բան մըն էր, եւ առանց գիտնալու, թէ ինչպէ՞ս պիտի զարգանայ կամ ի՞նչ անդրադարձ պիտի ունենայ, սկսանք մեր աշխատանքներուն։

ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Զարգացման ինչպիսի՞ ընթացք ունեցաւ այն:
ԱՐՓԻ ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ.- Ճամբարը շատ մեծ ընդունելութիւն գտաւ: Առանց յատուկ յայտարարութիւններու, բերանացի «ծանուցումներով», իւրաքանչիւր մասնակից բերաւ իր քոյրը, եղբայրը, զարմիկը, դրացին, ընկերը, եւ այսօր ունինք ճամբար յաճախող օրական 70-80 աշակերտ: Մեր ճամբարի բարեմասնութիւններէն մէկը կառոյցին մէջ աւազան ունենալն է, ինչ որ ամառուան կիզիչ օդը մեղմող բալասան մը կը հանդիսանայ (լողալու համար ունինք նաեւ յատուկ հսկիչ): Ճամբար եկող փոքրիկներուն (5-13 տարեկան) մէկ մասը առիթ չունի հայկական ամէնօրեայ վարժարան յաճախելու, ուստի «Զաւարեան» ճամբարին մէջ կը հաղորդուին մեր մշակոյթին՝ երգին, պարին, թատրոնին, հայոց լեզուին եւ պատմութեան հետ։

ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Ի՞նչ ձեւով կ՛ընթանայ ճամբարի օրը:
ԱՐՓԻ ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ.- Օրը կը սկսինք աղօթքով եւ Հայաստանի քայլերգ «Մեր Հայրենիք»ով: Առտու ունինք մշակոյթի ժամ, երբ բոլոր խումբերը միասին կը հաւաքուին: Հոն, շաբթուան նիւթին համաձայն, պատմութիւն մը կը լսեն (հերոսներու, հայոց պատմութեան եւ այլ) ու ատոր հետ կապուած երգ մը կը սորվին: Ապա աշակերտները կը բաժնուին խումբերու՝ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն, եւ իւրաքանչիւր խումբ կ՛անցնի իր զբաղումներուն: Ունինք ձեռային աշխատանք, խոհարարագիտութիւն, ընկերային հարցերու պահ՝ հոգեբանի ղեկավարութեամբ, ինչպէս նաեւ թատրոն, որ ամենամեծ ընդունելութեան կ՛արժանանայ։

ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Ճամբարի առաջին իսկ օրից, միշտ ունեցել էք թատերախաղի բեմադրութիւն՝ անձամբ ղեկավարելով այն: Ինչպիսի՞ն է երեխաների ոգեւորութիւնը թատրոնի ժամանակ:
ԱՐՓԻ ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ.- Պէտք է ըսել, որ մեր հիմնական մտահոգութիւններէն մէկը հայերէնախօսութիւնն է, եւ թատրոնը միակ ձեւն է՝ գոնէ մեր փորձառութեամբ, հայերէնը զարգացնելու: Արդէն իսկ եօթը տարի է, որ կը ներկայացնենք Յովհ. Թումանեանի հեքիաթները, զորս, ի բախտաւորութիւն մեզի՝ Սարգիս Մահսէրէճեանը վերածած է թատերախաղերու, եւ ժամանակակից հայկական հարցեր ներգրաւելով անոնց մէջ՝ հետաքրքրական դարձուցած է նիւթերը: Ո՞ր ծնողքը կրնայ ամառուան այս տաքուն իր զաւակին պարտադրել հայերէն կարդալ. հոս, լողալէ ետք, աշակերտները կը սկսին սորվելու իրենց դերերը, իսկ հայերէն չկարդացողները կը սորվին՝ լսելով: Առաջին հարցումը, զոր կ՛ուղղեն ճամբարի աշակերտները՝ «Օրիորդ, ի՞նչ թատրոն պիտի ընենք այս տարի»ն է: Թատրոնը դպրոց մըն է. բացի դերը ստանձնողներէն՝ բոլորը կը մասնակցին փորձերուն եւ կը սորվին ինքնավստահութիւն, յամարձակութիւն եւ ամենակարեւորը՝ կը զօրացնեն հայերէնախօսութիւնը, կը հարստացնեն իրենց հայերէն բառամթերքը: Թատրոնի նկատմամբ այս՝ առանց պարտադրանքի սէրը կ՛արթնցնէ մեզ, որ գաղութին մէջ անհրաժեշտ պահանջք ունինք մանկապատանեկան թատրոն մը ստեղծելու։

ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Հետաքրքիր երեւոյթ էր ուտելիքների պատրաստութիւնը աշակերտների ձեռքերով:
ԱՐՓԻ ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ.- Եթէ թատրոնը արուեստ է, այլ արուեստ է ուտելիք պատրաստելը (Cooking), ու նաեւ՝ դասընթացք: Մեր ամէնօրեայ ուտելիքներու պատասխանատու, խոհարարուհի Վերոնիքի սերտուած կերակուրներուն «կ՛օժանդակեն» մեր աշակերտները, եւ իրենք ալ կ՛ունենան պատրաստելիքներ: Ինչե՜ր կը սորվին. կը չափեն բաղադրութիւնները (թուաբանութիւն), կը սորվին անոնց հայերէն անունները, կը կարդան, կը գիտնան տաքի եւ պաղի համատեղման ձեւը (գիտութիւն), կ՛ընտրեն առողջարար ուտելիքներ, կը գիտնան ո՞ր երկրի ճաշն է ատիկա, կը սորվին իրարու հետ համագործակցիլ, իսկ ամենավերջին բաղադրութիւնը կ՛ըլլայ «սէրը», որ գաղտնի կը նետեն իրենց պատրաստածին մէջ. ամէն բան կատարեալ կ՛ըլլայ, երբ մէջը կը դնես սէրդ: Իրենց սորվածը կը պատրաստեն նաեւ իրենց ծնողներուն համար, տո՛ւնը։

ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Այլ ի՞նչ դաստիարակչական աշխատանք էք անցկացնում ճամբարում։
ԱՐՓԻ ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ.- Կ՛ունենաք հիւրեր: Այս տարին, ըլլալով Տարեցներու Տարի, հրաւիրած էինք մեծ հայրիկ մը, որ ներկայացաւ մեր աշակերտներուն իր խորհուրդներով եւ պատգամներով: Նաեւ կ՛ունենանք հիւր բանախօս, հոգեբան, ընկերային հարցերու մասնագէտ, նուագախումբ, ծաղրանկարիչ: Ամէն Ուրբաթ օր ունինք տաղանդներու ցուցադրութեան առիթ (Talent Show), որուն ընթացքին աշակերտները կը ներկայանան իրենց շնորհքներով: Այս տարի, անակնկալով մը, մեր մանուկները առողջութեան մասին ներկայացում մը պատրաստած էին, մեզմէ սորվածը մեզի կը վերադարձնէին: Շաբաթը երկու անգամ հոգեբանը մեզի կ՛այցելէ եւ իր խորհուրդներով, միաժամանակ երեխաներուն առիթ տալով՝ կը վերլուծէ բաւական հետաքրքրական հարցեր: Աշակերտները իրենց ձեռային աշխատանքներով կը զարդարեն թատրոնի բեմը: Ունինք մանուկներու «եօկա» ու «զումպա» պարի ուսուցում։

ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Մի քանի խօսք՝ ձեր կամաւոր աշխատողների մասին։
ԱՐՓԻ ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ.- Ճամբարի տարիքը ամբողջացնողները կը վկայուին եւ կ՛ըլլան յաջորդ տարուան մեր օգնականները: Ունինք օգնող ոչ միայն շրջանաւարտ աշակերտներ, այլեւ իրենց կամաւոր ժամերը լրացնելու համար եկած հայ պատանիներ: Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնենք փոքրերու հետ անոնց վարուելակերպին. մեր պատանիները հայկական միջավայրի մէջ կ՛ամբողջացնեն իրենց կամաւոր ժամերը։

ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Վերջապէս, ինչպէ՞ս էք եզրափակում «Զաւարեան» ճամբար-2014ի ամառը։
ԱՐՓԻ ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ.- Մեր խմբային միասնական աշխատանքով աւարտին կը մօտենայ այս տարին եւս: Ունեցանք 50-55 աշակերտներու մասնակցութեամբ մեր հանդէսը՝ երգչախումբով, ժողովրդային առածներով, փոքրերու թատրոնով՝ «Ըսէ ով է ընկերդ, ըսեմ ով ես դուն» եւ մեծերուն ներկայացուցած հեքիաթով՝ «Քէֆ ընողին քէֆ չի պակսիր»: Թատրոնները կ՛ամբողջանային հայկական պարերով: æերմ ընդունելութեան արժանացաւ հանդէսը, որուն յաջողութեան մէջ իրենց մեծ նպաստը բերին մեր ուսուցիչները, կամաւորները, աշակերտները եւ անոնց ծնողները։
Հայեցի դաստիարակութեան այս գեղեցիկ գաղափարով իրականացաւ «Զաւարեան» կոմիտէութեան ղեկավարներու տեսլականը, ճամբարի միջոցաւ վերաշխուժացաւ Հայ կեդրոնը, դարձաւ մեր նոր սերունդին հարազատ մէկ տունը: Ի զուր չէ, որ ճամբարը աւարտելէն ետք եւս, երբ մայրիկները ինքնաշարժով կը տանին իրենց զաւակները, անոնք կ՛ըսեն. «Մա՛մ, հաճիս «Զաւարեան» ճամբարին քովէն անցիր…»:

Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ՀՅԴ «ԶԱՒԱՐԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles