Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Ձօն «Ասպարէզ» Օրաթերթին՝ 106րդ Տարեդարձին Առթիւ

$
0
0

ԵՓՐՈՒՀԻ ԱՇԸԳԵԱՆ ՏԷՆՍԸՐ

Ողջոյն մեր Լոս Անճելըսի
«Ասպարէզ» օրաթերթին,
Որ բոլորեց իր գոյութեան
Հարիւր վեցերորդ տարին։

Ան մեծ խանդով ու եռանդով
Հայոց համար սկսաւ,
Ու այդպէս նոյն մեծ հոգիով
Վըսեմ բարձրութեան մը հասաւ։

Արդարացուց իր անունը
Մեզ նոր շունչ ներարկելով
Ու դարձաւ ամէնուն թերթը
Բոլորին բաշխուելով։

Բազմաթիւ նամակները
Իր մէջ, վկայ են մեզի,
Թէ կարդալն այս յատուկ թերթը
Ամէնուն է հաճելի։

«Ասպարէզ»ի երեւումը
Իրապէս բացառիկ է.
Հայ մամուլի պատմութիւնը
Անով իրաւ հպարտ է.

Զի ան օժտուած է շատ մը
Առաւելութիւններով.
Ինչպէս իր ճշդապահութեամբ
Ու ընդարձակ ծաւալով։

Ունի հսկայ տպաքանակ,
Բազմապիսի յօդուածներ.
Անգլերէնի որոշ բաժին,
Նկարներ, ծանուցումներ։

Բաշխուելով յարմար գինով
Դարձաւ մի թերթ եզական.
Ի գին զոհողութիւններու
Նիւթական, ֆիզիքական։

Ջերմ շնորհաւորութիւններ
«Ասպարէզ»ն սկսողներուն
Եւ նոր եռանդի մաղթանքներ
Մեր հրապարակիչներուն։

Թող նոյն թափով շարունակեն
Իրենց այս խիզախ ձեռնարկը.
Նոր բարձունքներու հասցնեն
Մեր մեծ ազգօգուտ թերթը։

Որ ան նոր հոգի ներշնչէ
Մեր հայ Սփիւռքին տարագիր,
Նոյն ատեն անոր հասցնէ
Հաւատք, յոյս, սէր եւ հայ գիր։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles