











Ելոյթը տեղի ունեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Իմ Հայաստան» փառատօնի ծիրէն ներս, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Սփիւռքի տարածքին գործող յայտնի հայ երգչախումբեր:
«Կոմիտաս»ը, իր գեղարուեստական ղեկավար Միքայէլ Աւետիսեանի խմբավարութեամբ մասնակցեցաւ «Իմ Հայաստան» փառատօնի ծրագիրին, եւ իր կատարումներն ու ընդհանրապէս իր ներդրումը՝ Սփիւռքի մէջ հայկական մշակոյթի պահպանման գործին մէջ, գնահատուեցաւ սփիւռքի նախարարին կողմէ:
Հայապահպանման գործին մէջ իր ունեցած մեծ ներդրումի եւ ազգանպաստ մեծածաւալ աշխատանքներ կատարելուն համար, ՀՀ սփիւռքի նախարարի հրահանգով, երգչախումբը պարգեւատրուեցաւ նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւով՝ Ոսկիէ մետալով:
Նաեւ, երգչախումբի ստեղծման դժուարին գործին մէջ իր ունեցած մեծ աւանդին համար, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» շքանշանով նախարարը պարգեւատրեց երգչախումբի սիւներէն՝ Վարանդ Յովնանեանը:
Նշենք, որ համերգին ներկայ էր մեծ բարերար Վահագն Յովնանեանը, կնոջ՝ Յասմիկ Յովնանեանի հետ։
Նաեւ նշենք, որ «Կոմիտաս» երգչախումբի անդամները հիւրընկալուեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարին կողմէ, նախարարի նստավայրին մէջ:
Ողջունելով «Կոմիտաս»ցիները՝ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ուրախութեամբ նշած է. «Ուրախ եմ, որ միջին տարիքի էք: Շատ կարեւոր է, որ մարդ իրեն նուիրում է մշակոյթին ու ճիշդ է անցկացնում ժամանակը, աւելի երիտասարդ է մնում: Ինձ դուր է գալիս ձեր երգչախմբի անունը: Կոմիտաս նշանակում է հայ երգի արքայ, երգի Մաշտոց, Ցեղասպանութեան խորհրդանիշ: «Կոմիտաս» անունը կրող երգչախումբը չի կարող լաւ չերգել»:
«Կոմիտաս» Անունը Կրող Երգչախումբը Չի Կրնար Վատ Երգել. «Կոմիտաս»ը Երեւանի Մէջ