Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

«Ընկոյզի Պարկեր»

$
0
0

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Պարտիզպաններու եւ ընդհանրապէս հողի ու բնութեան հետ աղերս ունեցող մարդոց փորձառութենէն քաղուած սքանչելի պատկերներ կան, որոնք մարդու բարոյական կեանքին ուղեցոյց կը դառնան:
Մարդկային փոխ-յարաբերական կեանքի խանգարիչ տարրերէն է բամբասանքը, որուն հետեւանքները ե՛ւ բամբասողը ե՛ւ բամբասուողը, համեմատութեանց որոշ տարբերութիւններով, կը կրեն անպայման:
Շատեր կրնան համաձայնիլ մեզի հետ, եթէ ըսենք թէ՝ բամբասելը, բամբասանք սիրելու հարց է, այդ ունակութեան ատակ ըլլալէ աւելի: Որովհետեւ մէկը կրնայ ատակ ըլլալ լաւապէս բանաձեւելու իր մտածումները կամ կրնայ հաւաստիացնող լեզու ունենալ եւ կամ ճշմարտախօսի տպաւորութիւն թողուլ շրջապատին վրայ, սակայն իր ամբողջ խօսածը կրնայ բամբասանք ըլլալ պարզապէս: Ընտանեկան տագնապի մէջ յայտնուած մէկը կ՛ըսէր, թէ իր կինը ամէն ինչ շուկայէն նոր կ՛ուզէ գնել, բացի բամբասանքէն, զոր «երկրորդ ձեռք» ապրանք իբրեւ կ՛ընդունի ունենալ…
Բամբասանքին մայրը հակառակութիւնն է: Այստեղէն ծնունդ առած այս «վիժուածք»ը ոմանք կ՛ընդունին այնպէս, ինչպէս որ է, եւ զայն կը փոխանցեն ուրիշին այնպէս, ինչպէս լսած են: Սակայն կան ուրիշներ, որոնք կ՛ըսեն, թէ մանրամասնութեանց մէջ չեն ուզեր մտնել, սակայն իրենց խօսակիցին կը բաւարարուին ըսելով, թէ իրենց լսածէն աւելին փոխանցած են արդէն… Յաւելումներու վարպետներն են ասոնք: Երանի՜ թէ գործաւոր դասակարգին նիւթական յաւելումներ կատարելու նուիրուէին անոնք, որպէսզի յաւելում կատարելու դրական ընթացքի մէջ մտնէին: Ի վերջոյ լսուած բամբասանքին վրայ յաւելում կատարելը մասնաւոր վարպետութիւն ալ չի՛ պահանջեր, այլ՝ լսուածը մաղելով ճշմարտութեան մօտեցնելուն մէջ է իսկական վարպետութիւնը…
Բամբասողներուն ամէնէն տգէտները նմանցուած են ընկոյզի պարկերու: Գիւղացին, երբ ընկոյզը թափ տայ ծառէն ու կանաչ կճեպները մաքրերով պարկի մէջ լեցնէ ու քաղաք բերէ, ճամբու եզրին կը դնէ՝ յաճախորդներ հրաւիրելով: Երբ բաւական սպառի պարկերուն մէջ լեցուած ընկոյզը, պարկերը կը սկսին փուլ գալու եւ ատեն-ատեն կ՛ուղղէ զանոնք: Ինչքան ալ շարժէ այդ պարկերը, միշտ ալ ձայն կու գայ անոնց մէջէն, նոյնիսկ եթէ երկու հատիկ մնացած ըլլայ մէջը: Բամբասողներն ալ այդ պարկերուն կը նմանին: Երբ որ ալ «շարժէք» զանոնք, պատրաստ են բամբասելու որեւէ նիւթի մասին, որ կապ ունի այս կամ այն անձին հետ:
Բամբասողներու հոգեբանական դրուածքը ուսումնասիրող մասնագէտներ գտած են, թէ բամբասելն ալ կեղծ արուեստներու շարքին կարելի է դասել: «Կեղծ արուեստ» ըսելով անպայման երկրորդ դասակարգի արուեստ չենք հասկնար, այլ՝ իսկական արուեստներու հետ անոնց անհամեմատելի ըլլալը կ՛ուզենք ցոյց տալ: Մասնագէտներ կ՛ըսեն, թէ ասիկա այնպիսի «արուեստ» է, որով մարդ «ոչինչ կ՛ըսէ, սակայն ամէն ինչ ըսած կ՛ըլլայ»:
Կեանքի փորձառութեամբ հարուստ մարդոց տեսակէտներն ալ չենք կրնար զանց առնել, ու երբեմն պէ՛տք է նաեւ ականջ տալ անոնց խորհուրդներուն: Անոնք ընդհանրապէս իգական սեռը շատ հետաքրքրուած կը գտնեն այս երեւոյթով՝ բամբասանքով, սակայն չեն կրնար յանցաւոր նկատել կիները իրենց այս ունակութեան համար, պարզապէս սովորական զրոյցին ու բամբասանքին միջեւ ընդհանրական գիծեր տեսնելով: Հակառակ իրենց այս բարի հաստատումին ու դրական մօտեցումին, անոնք կ՛ըսեն, թէ երեք կիներու միջեւ ընթացող խօսակցութիւնը ա՛յն ատեն բամբասանքի կը վերածուի, երբ անոնցմէ մէկը հրաժեշտ առնէ միւսներէն… Իսկ երբ երրորդը հետագային լսելով հարց տայ, թէ ինչո՞ւ բամբասած են զինք իր մեկնումէն ետք, անոնք կ՛ըսեն. «Պարզապէս յստակացումի կէտեր կային, ու մեր կասկածները ուզեցինք փարատել»:
Փորձառուներու բարի խրատներէն մէկն ալ այն է, թէ «ամէն ինչ ամէն տեղ չ՛ըսուիր»: Ուրեմն, բամբասանքը նոյնիսկ փափուկ վերարկու մը կը հագնի այս խրատին հետեւողութեամբ, որովհետեւ եթէ ամէն ինչ, որ մարդոց ետեւէն կը խօսինք, իրենց երեսին ըսենք, աներեւակայելի կացութիւններ կրնանք ստեղծել, անշնչելի դարձնելով մարդոց ապրած այլապէս ալ ապականած միջավայրը:
Նոյն փորձառու բարի խրատատուները նաեւ շեշտելով այն ցաւալի հետեւանքներն ու աւերները, որոնք տեղի կ՛ունենան բամբասողներու «շնորհալի պարտաճանաչութեամբ», զանոնք կը նմանցնեն բեռնակիրներու, որոնք ասոր-անոր «բեռները» կը կրեն մէկ տունէն միւսը: Ի վերջոյ նուաստացուցիչ սոյն պատկերով, անոնք կու գան այն եզրակացութեան, թէ լաւ ու բարի ունակութիւններու ցանկէն դուրս պէտք է բերել բամբասանքը անյապաղ: Իբրեւ վերջին եզրակացութիւն, անոնք կ՛ըսեն, թէ որեւէ տեղ բամբասանքը դադրեցնելու միակ կերպը, բոլորին միատեղ լռեցնելն է: Իսկ լռեցնողը եթէ մինչ այդ մասնակից ալ էր բամբասանքին, այդ վայրկեանէն սկսեալ իր անձին համար կը հաստատէ այնպիսի հեղինակութիւն, որուն նկատմամբ միայն յարգանք կը տածեն միւսները:
Բամբասողներուն չի՛ յաջողուիր ամէն անգամ «կրակ վառել» մէկը այրելու համար: Ատիկա իրենց տրուած «շնորհք»ներու ցուցակէն դուրս կը մնայ: Անոնք նոյնիսկ չե՛ն փափաքիր իրենց ձեռքերը մրոտել կիսավառ փայտերուն կամ ածուխին ձեռք տալով: Կը բաւէ որ անոնք «ծուխ հանեն», յիշեցնելով մարդոց, թէ տեղ մը կրակ կայ…
Գիւղացին գիտէ որ պարկին մէջ քանի մը քիլօ ընկոյզ մնացած է միայն, սակայն զանոնք եւս ծախելու ջանադրութեամբ պարկերը կ՛ուղղէ, յաճախորդներ ներգրաւելով: Ընկոյզի պարկերուն ձայնը կարելի չէ՛ դադրեցնել, սակայն բամբասողներուն ձայնը եթէ լրիւ ալ կարելի չըլլայ կտրել, կարելի է մեղմել: Որովհետեւ, երբ բամբասողներով հետաքրքրուողներուն թիւը նուազի, բամբասանք լսողներուն թիւն ալ նուազած կ՛ըլլայ միաժամանակ, եւ այսպիսով բամբասանքը թեթեւցած կ՛ըլլայ մեր շրջապատին մէջ:
Մաքուր պատին վրայ թափուած ցեխի կը նմանի յաճախ բամբասանքը, որ եթէ նոյնիսկ չկպչի պատին, վար թափուելէն ետք անպայման կեղտոտ հետքեր կը թողու իր ետին:
Գիւղացիներուն չենք կրնար արգիլել իրենց ընկոյզի պարկերը քաղաք բերելն ու վաճառքի դնելը: Սակայն կարեւորը այդ պարկերէն եկող ձայներուն ականջ չտալն է, որպէսզի գիւղացին իր գործին նայի, իսկ մենք ալ շարունակենք մեր աշխատանքը իրագործել այնպէս, ինչպէս ծրագրած էինք, կեանքի մէջ անպայման յաջողելու համար:

Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles