Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Գրական Երեկոյ

$
0
0

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ինչպէս վերջին տասը տարիներուն աւանդութիւն դարձած է, այս տարի եւս, Հինգշաբթի, Ապրիլ 3ին կայանալիք Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան հերթական հանդիպումը պիտի զգենու ազատ բեմի ձեւաչափ, ուր խումբ մը վաւերական գրողներ, 5-10 վարկեան կամ՝ րոպէ, պիտի կարդան Հայոց Ցեղասպանութեան ու Մեծ Եղեռնի զոհերուն նուիրուած իրենց ստեղծագործութիւնները, հանդիպման ներկայ գրասէր հասարակութեան։
Համատարած սուգի ու խորհրդածութեան այդ երեկոյեան մասնակից հեղինակներէն վարչութեանս խնդրանքն է՝ յարգե՛լ իւրաքանչիւր մասնակիցի սահմանուած ժամանակացոյցը եւ խուսափիլ հռետորութենէ։ Կը հասկնանք ու բաժնեկից կը դառնանք Ցեղասպանութեան դարէ մը ի վեր յամեցող խորազգաց ձեր ցաւին, որ կոտտացող վէրք ու խոց դարձած՝ յաճախ հայ գրողը, արուեստագէտը, քաղաքական գործիչն ու հոգեւորականը անզուսպ յուզականութեամբ կը համակէ…
Կայ նաեւ ուրիշ կարեւոր կէտ մը. Կլենտէյլի հանրային գրադարանի հոգաբարձութեան կողմէ Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան (ՔՀԳՄ) շնորհուած ժամանակահատուածը խիստ սահմանափակ ըլլալուն համար, վարչութիւնս կը սպասէ, որ այդ երեկոյ ելոյթ ունեցողները զուսպ ըլլան, խուսափի՛ն իրենց ստեղծագործութեան պատմութիւնը հիւսելէ եւ ուղղակի անցնին իրենց պատրաստած բնագիրի ընթերցանութեան։ Գրական յաջող գործ մը պէտք չունի կողմնակի բացատրութիւններու։ Եկէ՛ք ցոյց տանք գեղարուեստական գրողի վայել չափի զգացում։ Մուտքը ազատ է սգակիր հայ հասարակութեան։
Ծրագրուած է գեղարուեստական պատշաճ բաժին մը. ժամը 5-6՝ ընկերային ժամ, իսկ 6-8՝ բուն ձեռնարկը: Վայր՝ Կլենտէյլի հանրային գրադարան՝ 222 E. Harvard: Մերիլենտ եւ Հարվըրտ փողոցներու անկիւնը գտնուող ինքնաշարժներու կանգառը երեք ժամ ձրի տրամադրուած է հայ գրասէրներուն՝ Հանրային գրադարանի կայանատոմսի վաւերացումով։

(Հաղորդագրութիւնը՝ Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան վարչութենէն)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles