Իմ այս նամակս առաջին
Քեզ կը գրեմ ես ահա
Եւ կարօտով կը յանձնեմ քու սուրբ աջին:
Ուր ալ ըլլաս,
Պիտի անշուշտ զայն կարդաս
Եւ անհամբեր պիտի բռնես դուն կրկին
Մեր տան ծանօթ հին ուղին:
Քեզ չեմ մոռցած,
Ինչպէ՜ս կրնամ մոռնալ քեզ.
Ամէն գիշեր, երբ քնանամ, դուն յանկարծ
Մօտս կու գաս եւ կը սարքես մեծ հանդէս,
Իսկ ցերեկներն ալ թէեւ
Կը հեռանաս մեր քովէն,
Կ՛ըլլաս երազ, կ՛ըլլաս երկինք ու արեւ,
Բայց սրտաթունդ միշտ կը լսեմ ես նորէն
Քու ոտնաձայնդ հեռուէն…
Պէտք է դուն ալ մեծ կարօտով զիս յիշես.
Քանի՞ մանչուկ ինծի պէս
Կրնաս գտնել դուն այսօր
Քու փայփայած մանուկներուդ մէջ բոլոր…
Մի հաւատար իմ մասին
Թռչուններու բերած այդ սուտ լուրերուն,
Ես տիպարն եմ ամէնուն,
Հեզն ու բարին
Եւ ամէնէն արժանին՝
Հրաշազան նուէրներուդ գոյնզգոյն…
Յանուն փառքիդ անսահման
Եւ փառաշուք մօրուքիդ՝
Որքան ուզեն՝ լաւ խոստումներ կու տամ միշտ
Ծնողներուս սիրական.
Լացող տղան
Ես չեմ, պապիկ, այլ անպիտան սատանան,
Որ կը վանեմ մէջէս դուրս
Եւ կը դառնամ համակ ժպիտ, համակ լոյս:
Մայրս կ՛ըսէ որ այս տարի
Քիչ մը հոգի եւ քիչ մը խելք ու շնորհ
Բերես ինծի,
Բայց չլսես դուն անոր.
Խելք ու շնորհ՝
Այնքա՜ն ունիմ որ կը բաշխեմ ես ձրի…
Կողովիդ մէջ խորհրդաւոր
Լեցուր շուտով ինձ համար
Շաքար ու միրգ ու խաղալիք անհամար:
Կաղանդ պապա,
Որքան կրնաս շուտ եկուր,
Ալ չեմ վախնար, ես կը սիրեմ քեզ հիմա.
Դուն մի նայիր իմ բառերուս կցկտուր,
Դէմքիս գոյնին ու քայլերուս դողահար:
Ձեռքդ վստահ մօտեցուր
Իմ բոցավառ շրթներուն,
Որքան ատեն զայն երկարես լեփ լեցուն՝
Կը համբուրեմ անպատճառ,
Նոյնիսկ կ՛երգեմ քեզ համար
Ու չեմ դպիր քու մօրուքիդ թելերուն…
Երբ մեզի գաս եւ Կաղանդի բերես տօն,
Չըլլայ մոռնաս դուն նաեւ
Մեր դրացի Տիգօն, Մարօն եւ Կարօն,
Որոնք ունին շատ բարեւ
Եւ որոնց հետ ծեծ ու կռուի բարեկամ՝
Ես միասին կը խաղամ:
Հայրս կ՛ըսէ՝ Մասիսն է լոկ մեծ ընծան,
Որ դուն օր մը կրնաս բերել հայ տղոց,
Որուն մէջ կայ ամէն բան-
Աստղ ու լուսին ոսկեզօծ,
Կրակ ու բոց,
Հսկայ շուներ պահապան,
Շղթայակապ հին քաջեր
Եւ հրեղէն նժոյգներ…
Կաղանդ պապիկ, ես այդ Մասիսը կ՛ուզեմ,
Դիր անիւներ ոտքին տակ
Ու համարձակ քշէ մեր տունը շիտակ,
Բեր ինձ նուէրն այդ վսեմ:
Օ մի վախնար, չեմ կոտրեր,
Զայն կը պահեմ սրտիս դէմ՝
Իբրեւ բարի հրեշտակ
Եւ գահակալ իբրեւ հզօր բռնատէր:
Կ՛ըսեն որ դուն ամէն տարի Մասիսէն
Կու գաս արդէն.
Մազերդ ամբողջ բամպակ ու ձիւն են դարձեր՝
Իր ձիւներուն մէջ անհուն:
Ափսոս որ շատ ես դուն ծեր,
Բեռներու տակ, կորաքամակ, դողդոջուն.
Ափսոս որ չես կրնար դուն
Քալել արագ գայլիկներու նման վէս
Եւ կ՛ուշանաս միշտ այդպէս:
Ինչո՞ւ սակայն ոտքով կ՛երթաս տունէ տուն
Ու չես առներ ի վերջոյ
Կամ օդանաւ, կամ օթօ:
Աստուած պապա, Կաղանդ պապա, Տէր պապա,
Մերթ բացակայ, մերթ ներկայ,
Մեր քովն էք դուք եւ ամպերուն մէջ անհետ.
Ես դեռ յաճախ կը շփոթեմ իրար հետ
Ձեր կերպարանքը հսկայ.
Բայց մէջերնին դուն լաւագոյնն ես կարծեմ,
Առատաձեռն ու բարին,
Ահա ինչու իմ այս նամակս առաջին
Սիրով քեզի կը ղրկեմ…
ՄՈՒՇեՂ ԻՇԽԱՆ
===========================================================================
Կաղանդի Ծառ Մը
Կաղանդի ծառ մը շտկելու
համար
Երկու բան պէտք է
Նախ ծառ մը – յետոյ զարդեր
ծառին վրայ
Կաղանդի ծառ մը
շտկելու համար
Երեք բան պէտք է
- Ծառէն զարդէն զատ
Հաւատքը գալիք աղուոր
օրերու
Կաղանդի ծառ մը շտկելու
համար
Մէկ բան կը բաւէ – ոչ ծառ
ոչ ալ զարդ -
Ատիկա խիճերն ադամանդ
կարծող
Միամիտ հոգւոյս բարի
խաբկանքն է
Կաղանդի ծառ մը շտկելու
համար
Արդէն պատրանքը լրիւ կը բաւէ
Բարի տարի ձեզ եւ բարի պատրանք
ԶԱՀՐԱՏ
———————————————————————
ՍԱՆԹԱ ՄՈՆԻՔԱ
ՀՕՄ «ԿԱՐՍ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԸ
Ջերմօրէն Կը Շնորհաւորէ Իր Բոլոր Անդամ-Անդամուհիներուն Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը՝ Մաղթելով Երջանիկ Տարիներ
———————————————————–
ՍԱՆ ՖԵՐՆԱՆՏՕ ՀՈՎԻՏ
ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէութիւն
ՀԵԴ «Սարդարապատ» Ուխտ
ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան»
Պատանեկան Միութիւն
ՀՅԴ «Արաբօ» Պատանեկան Միութիւն
ՀՕՄի «Անահիտ» Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄ «Մասիս» Մասնաճիւղ
Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղ
Էնսինոյի Հայ-Ամերիկեան Տարեցներու Միութիւն
Լաւագոյն Մաղթանքներով Կը Շնորհաւորեն Շրջանի Հայութեան Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը