Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Խնայէ՛ «Ծառ»ին

$
0
0

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Բնութեան կեանքէն քաղուած պատկերով մը կ՛ուզենք շօշափել դարձեալ բարոյագիտական նիւթ մը, որուն փոխաբերական իմաստով ըմբռնուած առարկան այս պարագային ծառն է: Խղճամիտ պարտիզպանին համար վստահաբար յատուկ արժէք ունի իւրաքանչիւր ծառ, որուն տնկուած պահէն մինչեւ պտուղները քաղելու երջանիկ պահը ան կը հետեւի անոր աճման, փորելով շուրջը, ջուր տալով ժամանակին, ինչպէս նաեւ դեղելով հարկ եղած պարագային, ինչպէս նաեւ պատուաստելով ի պահանջել հարկին:
Զարգացած քաղաքներու մէջ, քաղաքապետարաններ փողոցի եւ հրապարակներու բոլոր ծառերը կը թուագրեն, անոնց վրայ զետեղելով մետաղեայ յատուկ թուանիշներ, զգուշացնելով քաղաքացիներն ու օտարները ըստ կամս անոնց հետ վերաբերուելու տուգանքներէն: Նոյնիսկ զանոնք յօտելու կամ ամէնէն փոքր ճիւղն անգամ սղոցելու իրաւունքը կը պատկանի քաղաքապետարանի պարտիզամշակութեան յատուկ բաժանմունքի մասնագէտին:
Ցուցաբերուած այսքան խնամքին դիմաց, սակայն, կայ նաեւ այլ վերաբերում յատկապէս պտղատու ծառին հանդէպ, որուն պատասխանատու կը նկատուին առհասարակ փողոցի չար տղաքը: Ատիկա պտղատու ծառը քարկոծելու անգութ ու անմարդկային արարքն է, եւ բնականաբար այդ պիտի չգործուէր պարտիզպանին կողմէ: Պարտիզպանը, ինչպէս տեսանք, իր տնկած ծառերուն նկատմամբ միայն խնամք, հոգածութիւն եւ նոյնիսկ գուրգուրանք տածող անձն է: Իսկ ան, որ ծառերուն աճման հետեւած չէ, անոնց իւրաքանչիւր ճիւղի ծլումին եւ տերեւապատումին գեղեցկութիւնը ըմբոշխնած չէ, շատ դիւրաւ կը համաձայնի զանոնք բունէն կտրելով իբրեւ փայտ վառելու հեշտ արարքին, մանաւանդ երբ զգայ, թէ օդը ցուրտ է, ու պէտք է մարմինը կերպով մը տաքցնէ:
Ահաւասիկ երկու տեսակի վերաբերում՝ ծառերու հանդէպ: Բնաւ տարբեր չէ՛ մարդկային ընկերութեան կեանքը պարտէզի կեանքէն: Այդ կեանքին մասին ներկայացուած վերի պատկերները ամբողջութեամբ իրական են նաեւ մարդկային կեանքէն ներս: Արդէն համաձայն Աստուածաշունչին, մարդը Եդեմական դրախտին իբրեւ ծնունդ, բնութեան հետ սերտ առնչութիւն ունի: Ինք ալ հողէն «ծլած» է, եւ նոյնիսկ կոչուած «բանական կենդանի»: Լոյսի, թթուածինի ու ջուրի կարիք ունեցող ծառերուն եւ անասուններուն նման, մարդ էակն ալ այդ երեքին պէտք ունի, իր կեանքը կարենալ ապրելու համար: Ծոմապահութեան հին օրէնքներուն դէմ, այսօր բժշկութիւնը կ՛արգիլէ մարդուն ծոմապահութեան ընթացքին ջուրէ զրկուելու խստապահանջութիւնը, ամէնէն խստակրօն կանոններուն դէմ բացատրութիւն տալով ու գիտականօրէն շեշտելով ջուրին մնայուն եւ կենսական անհրաժեշտութիւնը մարմինին համար:
Պարտիզամշակութեան ընդհանուր կեանքէն ներս դուք երբեք պիտի չհանդիպիք պարտիզպանի մը, որ թափ տայ իր պարտէզի այն ծառը, որուն պտուղները քաղած է արդէն: Ատիկա բացայայտ եւ կրկնակի ապուշութիւն պիտի ըլլայ, որովհետեւ արդէն այդ ծառը իր տարեկան բերքը տուած է քեզի: Միւս կողմէ, այդ ծառը թափ տալով դարձեալ պտուղ չունենալէ բացի, անոր ճիւղերը կոտրտելու աշխատանք պիտի ըլլայ կատարածդ: Ուրեմն, այնքան յիմար պիտի ըլլայ պարտիզպանը, որ տարուան համար իր բերքը քաղելէ ետք, անգամ մը եւս թափ տայ պտղատու իր ծառը:
Մարդկային կեանքին համար ալ, բարոյագիտութիւնը կը հրահանգէ ըսելով.
_ Խնայէ՛ «ծառ»ին:
Մեր ընկերութեան մէջ չեն պակսիր այնպիսի մարդիկ, որոնք օգտուելէ ետք պտղատու ծառի բարիքներէն, նոյնիսկ գողնալով անոր պտղաբերած բոլոր տեսակի միրգերը, կը քաջալերեն փողոցի աննկարագիր տղաքը, որպէսզի մէկական քարեր վերցնելով քարկոծեն այգիի բարեբեր հողին մէջ տնկուած արդիւնաբեր ծառը: Սկզբունքային որեւէ առողջ հիմք չունեցող մարդիկ են այդ պատուիրատուները, որոնք ըստ ամենայնի թեթեւամիտ փողոցային տղաքը իրենց շուրջ հաւաքած, ճիգ չեն խնայեր պտղատու ծառը մէջտեղէն վերցնելու:
Բնաւ պէտք չէ՛ հաւատալ, թէ պարտիզպանները նման ունայնամտութիւններով առաջնորդուող մարդոց հրահանգներուն կ՛ենթարկուին: Անոնք անպայման հեռու կը մնան գաղափարազուրկ ու իմացապէս մերկ մարդոցմէ, որոնց մտային բոպիկութիւնը որեւէ հողաթափով, կօշիկով կամ նոյնիսկ տրեխով կարելի չէ՛ պաշտպանել: Այդ ունայնամիտներուն համար միայն պէտք դառն ցաւ զգալ սրտի մէջ ու աղօթել անոնց հոգեկան արթնութեան համար:
Պտղատու եւ արդիւնաշատ ծառերուն նման, ուժեղ անհատականութիւն ունեցող մարդոց ճակատագիրն է անպայման ունենալ ընդդիմադիր ճակատ մը իրենց դէմ լարուած: Իցի՜ւ թէ այդ ճակատին զինուորագրուած բոլոր մարտիկները սնամիտ հետեւակներ ըլլային… Երբեմն, ցաւօք սրտի, անոնց շարքերուն կը նշմարուին նաեւ ձիաւոր ասպետներ, որոնք իրենց թուրը մերկացուցած կը շողշողացնեն արեւուն տան, Նազարեան հերոսութիւններ գործելու փառասիրութեամբ, որոնց քաջագործութիւնները ո՛չ Ընկեր Փանջունիի գիրքին մէջ, եւ ոչ ալ պատմութեան մէջ որեւէ տեղ պիտի արձանագրուին սակայն:
Յաճախ այս ասպետներն են, որոնք փառամոլութենէ շուարած, պտղատու ծառի շուքին նստած, զիրենք շողոմողներուն խաղալիկ կը դառնան, ի վերջոյ հրահանգ տալով կտրելու պտղատու «ծառ»ը, այն ալ պարզապէս հաճոյքի համար: Կը բաւէ միայն անոնց մեծութիւնը գովաբանել, ու շուտով անոնք պիտի դառնան երեխաներ, մանկունակ խաղեր կատարելով ձեր առջեւ: Մինչդեռ իր մէջքին թուր կրող ասպետին վայել կեցուածքը այն պիտի ըլլար, որ ան պտղատու «ծառ»ի միրգէն ճաշակելէ ետք, օրհնէր պարտիզպանը, գնահատէր անոր վաստակը, նոյնիսկ վարձատրէր զայն իր իշխանավայել առատաձեռնութեամբ:
Պտղատու «ծառ»ը կտրուելէն ետք ալ, սակայն, իր բերքով կը մնայ արժեւոր, եւ իր արմատներուն մօտ հողը ծակծկող գձձութիւններէ միշտ վեր ու բարձր… Իր առաքելութիւնը այս կեանքին մէջ աւարտած, գոհունակ սիրտ ունեցող յաւերժի ճամբորդն է իր բունէն կտրուած պտղատու «ծառ»ը, որուն ջրալի պտուղներուն բոյրը շա՜տ հեռուէն ալ զգալի կ՛ըլլայ անցորդներուն: Իսկ պտուղները, չորնալով չիր դառնալէն վերջ ալ իրենց համը կը պահպանեն, տարուան բոլոր եղանակներուն ալ իրենց արժէքը իմացող տուներուն սեղանները զարդարելով:
Իմացական հարստութեամբ լեցուն «ծառ»ին պտուղները քաղելէդ ետք, բնաւ թափ մի տար դարձեալ, միշտ հաւատալով անոր չորցած կարծուող ճիւղերուն մէջէն հոսող աւիշին հրաշագործ կարողութեան:

Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles