ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ
Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23ի «Օրը Օրին» սիւնակը՝ «Հայրենալքման Նոր Խրախոյսներ», մտահոգիչ էր քաղաքական իր տրամաբանութեան մէջ: Բարեբախտաբար, Հայաստանը առանց հայերու տարածքի մը վերածելու միջազգային դաւադրութիւններ գոյութիւն չունին: Ո՛չ Ամերիկան եւ ոչ ալ Ռուսիան տրամադիր են Հայաստանը պարպելու: Քաղաքական մտածողութեան մեր ներքին բարդոյթին արդիւնքն է այդ արտայայտութիւնը:Հիմնականին մէջ, հայրենալքման պատճառները ներքին են: Հոս նշեմ միայն երկու կարեւորները.- ա) Հայաստանի բաղնիքները եւ բ) Հայուն նուէր գնելու կարողութիւնը:
Մեր երկրի շլացնող քաշողականութիւնը պիտի գայ մեր ներքին քաղաքականութենէն, որ հայրենի ժողովուրդին բնական ու հանգիստ կենցաղը կը բնորոշէ իր բազմազան առիթներով, արտայայտութիւններով ու առօրեայ իրադարձութիւններով: Խաբէութիւն չկայ հոն, այլ կայ քաղաքական կեանքը իր ճիշդ պարունակին մէջ, իր բնական կեանքով եւ զարգացման ընթացքով:
Ինչո՞ւ հայը կ՛օտարանայ իր հայրենիքէն: Հարցումը, անշուշտ, նախապաշարուած է ոչ միայն ներկայէն, այլ նաեւ պատմութենէն եկած օրինակներով: Տակաւին ցեղասպանութենէն առաջ, 1911ին, Սիմոն Վրացեանի խօսքերով դիպուկ է այն պատկերը, որ՝ «Քղին դատարկւում էր: Երիտասարդութիւնը գլուխը առած՝ Ամերիկա էր պանդխտում: Ամերիկայից եկած դոլարներն ու լուսանկարները շլացրել էին ամէնքին: Մանաւանդ Քղիում էլ աշխատանք եւ ապրուստի միջոց դժուարութեամբ էր ճարւում: Հողը քիչ էր, առեւտուրը՝ թոյլ»։
Յեղաշրջումը երկրէն ներս պէտք է փնտռել որպէսզի երկիրը կարենայ շլացնել բոլորը: Սկսելու համար՝ «հայրենիքի մէջ կեանքը բարելաւելու» առաջին եւ հիմնական քայլը հայրենիքի թէ՛ բնակարաններու եւ թէ հանրային բաղնիքներու նորոգումն է: Ապա, վստահ ըլլալ, որ հայ անհատը կարողութիւնը ունի նուէր գնելու իր հարազատներուն: Այլապէս, քաղաքականութիւնը իմաստ չունի Հայաստանի մէջ:
Բարեբախտաբար, Դաշնակցութեան Ժողովն է նորէն: Թմրած քաղաքական մեր մարտունակութիւնը արթնցնելու նոր առիթ մը: Նոր ուժով, նոր դէմքերով եւ նոր ռազմավարութեամբ հայրենակերտում մը:
Ինչպէս Կարօ Սասունին ըսած է. «բնութիւնը իր ծոցին մէջ կը սնուցանէ եւ կը կերտէ մարդը եւ ժողովուրդները», նոյն տրամաբանութեամբ՝ քաղաքական զարգացման մեր ներքին ռազմավարութեան մէջ կը կերտուի հայրենիքը: Ահա ռազմավարական առաջնահերթ օրակարգը:
Իսկ մարտավարութիւնը ենթակառոյցին մէջն է, պէտքարաններէն սկսեալ: