Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Վերջին «Պարտամուրհակ»ը (Դաշնակցութեան Պարտքը Վերանկախացեալ Հայաստանին)

$
0
0

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Երբ կուսակցութիւն մը արդէն 124 տարեկան է, այլեւս դժուար կը թուի նոր բան գտնել ըսելու անոր տարեդարձին առիթով։
Նոյնիսկ նորացման եւ վերաշխուժացման անսպառ ներուժ ունեցող Դաշնակցութեան պարագային, կը դժուարանաս նոր լոյսի տակ արժեւորման ենթարկելու անոր կտրած 124 տարիներու երկար ուղին։
Բայց որքան ալ տարօրինակ թուի, յանկարծ մտածումներդ կ՛ուղղուին դէպի այն պատանիներն ու երիտասադներները, որոնք հայրենի մեր ոստաններէն մինչեւ Սփիւռքի ծայրամասերը, Դաշնակցութիւնը նոր յայտնագործելու խանդով ամէն տարի կը փարին «Մեր Օր»ուան տօնակատարութեանց։
Կ՛անդրադառնաս, անմիջապէս, որ Դաշնակցութեան մասին բոլոր երգերը երգուած ըլլալով հանդերձ՝ դարձեալ նորովի հայ կեանքի ասպարէզ կը մտնեն տղաք, որոնք իրենց ուրոյն երգը կը բերեն միախառնելու Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան մեծագիր երգին։
Այո՛, իր հիմնադրութեան պահէն իսկ, Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան սաղմնային խմորումներու օրրանէն անդին անցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ կենսագործեց գաղափարական նկարագիրի տէր կուսակցութեան իր տեղը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ։
Դաշնակցութիւնը Շարժում էր մինչեւ իր ծնունդը։
Իսկ ծնած պահէն՝ ՀՅԴ ապրեցաւ եւ գործեց իբրեւ մեծագիր կուսակցութիւն։
Դաշնակցութեան 124ամեայ ու-ղիին վրայ նետուած ամէնէն ընդհանուր ակնարկն անգամ դժուարութիւն պիտի չունենայ հաստատելու, որ մշտահոլով եղած են եւ մտակաղապարման չեն ենթարկուած ՀՅԴ ծրագրային-գաղափարական եւ ազգային-քաղաքական առաջադրանքները, տեսաբանական տարազներն ու ռազմավարական առաջնահեթութիւնները։
Բայց նոյնինքն գաղափարներու, տեսութիւններու եւ առաջնահերթութիւններու այդ մշտահոլով զարգացման մէջ կը կայանայ գաղտնիքը Դաշնակցութեան ինքնապահպանման, այլեւ սեփական նկարագիրն ու էութիւնը յարատեւ նորացնելու եւ ամրապնդելու ուժականութեան։
Քանի-քանինե՜ր մահերգներ յօրինեցին ու թաղման արարողութիւններ կազմակերպեցին Դաշնակցութեան հաշւոյն…
Անոնք չկան այլեւս, չդիմացան կեանքի քննութեան։
Բայց Դաշնակցութիւնը կայ եւ կը մնայ։
Կը շարունակէ, մանաւա՛նդ, նորովի աշխուժանալ իր շուրջ բոլորուած երիտասարդ սերունդներով։
2015 թուականն է եւ 21րդ դարու երկրորդ տասնամեակին կեանքի ասպարէզ նետուող հայ երիտասարդը, ո՛ւր որ ալ ապրի, կրնայ այնքան ալ խանդավառութիւն ցոյց չտալ որեւէ կուսակցութեան անդամակցելու հեռանկարին նկատմամբ։
Բայց նոյն այդ երիտասարդը, երբ հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի իրաւունքներն ու շահերը վտանգուած կը տեսնէ, անպայման Դաշնակցութեան կը նայի եւ վերջին հաշուով Դաշնակցութենէն կը սպասէ պայքարի յառաջապահ դիրքերը գրաւելու մարտունակութիւնը։
Այո՛, մեր ժամանակներու հայ երիտասարդութեան համար Դաշնակցութիւնը աւելի մեծ քաշողականութիւն ունի քան նոյնինքն Դաշնակցական կազմակերպութիւնը։
Իսկ մեծագոյն վարկածը այն է, որ նոյն այդ երիտասարդութիւնը գիրքերուն մէջ չի փնտռեր, այլ նոյնինքն Դաշնակցական ապրող կազմակերպութեան մէջ կը փնտռէ իր հոգեհարազատ Դաշնակցութիւնը։
Այդպէ՛ս է, որովհետեւ ՀՅԴ 124 տարուան կենսափորձէն մեկնելով կարելի է հաստատել, թէ հայութեան տարբեր սերունդները, իրենց ժամանակին, վստահաբար տարակարծութիւններ եւ հիասթափութիւններ ունեցած են Դաշնակցութեան առաջադրած ուղեգիծին, քաղաքական որոշումներուն կամ կազմակերպական մտայնութեանց հետ, բայց ոչ մէկ պարագայի նոյն այդ սերունդները Դաշնակցական կազմակերպութենէն դուրս փնտռած են հայ ժողովուրդի կեցութեան ընդհանուր բարեշրջման իրականացումը կեանքի գնով հետապնդող գաղափարական շարժումը՝ Դաշնակցութիւնը։
Դաշնակցութեան հմայքին եւ ուժին գաղտնիքը մի փնտռէք այլուր։
Ազատութեան, անկախութեան եւ Ազգի ու Հայրենիքի ամբողջացման գաղափարական կրակով տոգորուած Հայու սիրտէն եւ միտքէն Դաշնակցութիւնը կը ստանայ որքան գաղափարական, նոյնքան եւ կազմակերպական իր ուժականութիւնը։
Այդ առումով՝ Դաշնակցութիւնը մեր ժողովուրդէն կը ստանայ իր ուժը եւ ամէն բանէ վեր հայ ժողովուրդի դատաստանին առջեւ կը խոնարհէ իր գլուխը։
Այլ խօսքով՝ հայ ժողովուրդին հանդէպ պարտքի զգացողութիւնը ամէնէն բնորոշ յատկանիշն է Դաշնակցական էութեան։
Ազգային Պարտքը կատարելու այդ յանձնառութեան հաւատարիմ գտ-նուելով է, որ Դաշնակցութիւնը կրցաւ հայ ժողովուրդին տալ իր հաւաքական ուժը դարբնող քաղաքական կազմակերպութիւնը, երբ Ազգն ու Հայրենիքը կոտորակուած եւ գերեվարուած էին, կործանած էր ազգային պետականութիւնը, իսկ հայ հասարակութիւնը վերածուած էր կամազուրկ ստրուկի եւ երկրորդ կարգի քաղաքացիի իր սեփական հողին վրայ…
Դաշնակցութիւնը արդէն 124 տարեկան է եւ կը շարունակէ իր պարտքը կատարել Ազգին ու Հայրենիքին հանդէպ։
Դաշնակցութիւնը իր նկարագիրով իսկ խստապահանջ է եւ չի կրնար բաւարարուած զգալ, թէ պարտքը կատարած է։
Պարտքի զգացողութիւնը լինելութեան աղբիւր է Դաշնակցութեան համար եւ հայ ժողովուրդը միշտ արժանի է իր քաղաքական կազմակերպութեան առաւելագոյնին եւ լաւագոյնին։
Հայաստանի վերանկախացումը եւ ազգային մեր պետականութեան վերականգնումը անսասան հիմերու վրայ դնելու համար, Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդին պարտք է նուաճումը ազատ ու արդար հասարակութեան, որ անփոխարինելի երաշխիքն է պատերազմի մէջ ապրող որեւէ երկրի եւ պետութեան անվտանգութեան ու յաղթանակին համար։
Իսկ ազատ ու արդար հասարակութիւն հնարաւոր է նուաճել միայն ժողովրդավարական զարգացման ուղիով, ուր կուսակցութիւնները լիարժէք կայացած են եւ լիիրաւ կը գործեն, այլ ոչ թէ պետական իշխանութեան ղեկին գտնուող ուժերու դրածոն են։
Հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի հանդէպ Դաշնակցութեան վերջին «պարտամուրհակ»ն է ատիկա։

Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles