ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
Վերջերս Երեւանի կարգ մը համացանցային թերթերու մէջ ակնարկութիւն կ՛ըլլայ Սփիւռքի ունենալիք դերին՝ հայրենի քաղաքական կեանքին մէջ։ Մասնաւորաբար, երբ խօսքը կը վերաբերի Արցախի ու անոր վերջնական կարգավիճակին, երբ կ՛ակնարկուի Միացեալ Նահանգներու Արցախի հանդէպ հաւանական կեցուածքին։ Պատճառը այս ակնկալութեան կու գայ մեր հասարակական կազմաւորումներուն ու կարգ մը անհատներու կարողութենէն՝ այդ ուղղութեամբ օգտագործելու գոյութիւն ունեցող լծակները։
Բայց, եւ բաւական կարեւոր բայց մը. կան յստակ վերապահումներ, որոնք տուն կու տան տեղին կասկածներու եւ կը մղեն կարգ մը անհատներ մտածելու, անդրադառնալու, թէ ինչ որ իրենք կ՛ակնկալեն Սփիւռքէն եւ ինչ որ Սփիւռքը կը տրամադրէ գործնականօրէն, կրնան իրարու հետ խոտոր համեմատութիւններու մէջ ըլլալ։ Ուրեմն՝ գործնականօրէն իրականանալի չըլլալ։ Անակնկալ հաստատում մըն էր օրինակ՝ Վահրամ Մարտիրոսեանի ախտանշումը, թէ «Սփիւռքի հարիւր հազարաւոր վրէժ քարոզողներից երկու տասնեակ մարդ է պատրաստ գտնուել մասնակցելու Արցախեան պատերազմին։ Երկու տասնեակ։ Փառք իրենց» («Լրագիր», 21 Դեկտեմբեր, 2014)։
Վահրամ Մարտիրոսեանի ակնարկը պարզ զգաստութեան կոչ մըն է ուղղուած բոլոր անոնց, որոնք կը սոնքան իբրեւ հայրենասիրութեան օրինակներ։ Անոնք այդ յաւակնութիւնը կը գործածեն շղարշելու գաղափարական իրենց մերկութիւնը եւ ապաբարոյ ջանքերը… օգտուելու համար մարդերու կարգին դասուելու առիթէն։
Այս հաստատումները որեւէ կապ ունի՞ն Դաշնակցութեան հետ։
Անշո՛ւշտ։
Փաստօրէն հսկայական ճեղք մը կայ Սփիւիռքի եւ հայրենի ժողովուրդներուն միջեւ եւ այդ ճեղքը շուտով կրնայ բեկումնային եզրայանգումի հասնիլ, երբ երկու զանգուածները իրարմէ օտարուին համաձայն տարուինեան գոյութենական օրէնքին։ Ահազանգային չափազանցութիւն չէ, այլ հարիւրամեակի առթիւ նկատառելի անհրաժեշտութեան ճգնաժամային վկայութիւն, այլապէս այն բոլոր աշխատանքները, որոնք կը ծրագրուին (կամ չեն ծրագրուիր), կ՛ըլլան ծնունդէն իսկ վիժած փափաքներ եւ կամ լաւագոյն պարագային՝ ուղեղային… խռմփոց։
Արդ, Դաշնակցութիւնը երկրի մէջ խորհրդարանական կուսակցութիւն մըն է, իսկ Սփիւռքի մէջ, թերեւս տակաւին խարխափող, փնտռտող, բայց տիրական կուսակցութիւնը, որ կը ջանայ, կը փորձէ ինքզինք հասկնալ, տեղաւորուիլ քաղաքական նոր հայեցակարգին յարմարելու կամ տնօրինելու զայն եւ ըստ այնմ աշխատելու։
Հաստատելով հանդերձ այդ փնտռտուքի արդիւնքին ժամանակաւորութիւնը, յստակ է, թէ ինչպէս պոնափարթիզմէ տառապող կասկածելի փառքի յաւակնորդներու չէզքացումը մաքրազտման անմիջական օրակարգն է՝ զիրենք հաղորդ պահելով իրենց անհատական արժէքի ոչնչութենէն եւ անվնաս դարձնելով իրենց ցնորական զառանցանքը։ Այլ խօսքով, գործնականօրէն զիրենք անգործութեան մատնել եւ հասկցնել, թէ շքանշանները կամ… վեղարները զիրենք չեն պաշտպաներ, թէ իրենց վարքին համար համարատու են, եւ թէ վեղարին պարգեւած յարգանքը կու գայ մեր ժողովուրդէն, որ կրնայ ետ առնել զայն կասկածելի գործարքներու հետեւանքով։
Վահրամ Մարտիրոսեանի «երկու տասնեակ»ը աւելի նուրբ ու հիմնականին մէջ դժուար երեւոյթի մը կ՛ակնարկէ եւ կը պահանջէ աննախադէպ մեր կեանքին մէջ պարտաւորութիւն մը։
Կը խօսինք «միակ» ժողովուրդի, «միակ» հայրենիքի եւ «միակ» եկեղեցւոյ մասին։ Կը յանկերգենք մեզ բնորոշող համազգական եռակառոյցի մը մասին, որուն ստիպողական կենսաւորումը էական է մեր գոյատեւման համար։ Նպատակը ուրեմն, ստեղծելն է իրապէս միացեալ ժողովուրդ՝ խարսխուած այդ եռակառոյցին վրայ։ Ժողովուրդը բայց միատեղ չէ, տարտղնուած է երկրագունդի բոլոր կողմերը։ Այդ իրականութեան կը հետեւի նաեւ, երեւութական անկարելիութիւնը միասնականութեան։ Կայ սակայն ձեւը շրջանցելու այդ անկարելիութիւնը։
Ահաւասիկ հնարաւոր ելքը։
Հայրենի ուսանողներ քսանը չհասած կը զօրակոչուին ծառայելու Հայոց բանակին, քանի մը տարիով պաշտպանելու հայրենիքը։ Այդ երիտասարդներու շարքերը յաւելելու համար նոյն տարիքի աղջիկներն ու տղաքը Սփիւռքէն մէկ տարիով կամ աւելի, կամ համաձայնեցուած ժամանակի համար, ծառայեն Հայոց բանակին։ Իսկ անոնք, որոնք պիտի չուզէին նման պատասխանատուութիւն առնել, անոնցմէ ակնկալել, թէ իրենց մասնագիտութեան տիրացումէն ետք, նկատառելի ժամանակի համար պիտի ծառայեն Հայաստանի ու Արցախի մէջ։
Այս աշխատանքային ծրագիրը մտացածին չէ, այլ գործնականօրէն իրագործելի միջոց ժողովուրդը իրապէս միաւորելու։ Որովհետեւ նոյն խրամատին մէջ երիտասարդ զօրակոչիկը, զօրակոչիկները Հայաստանէն կամ Աւստրալիայէն, կամ Սփիւռքի որեւէ մէկ անկիւնէն եկած, պիտի բաժնեն բոլոր դժուարութիւնները, միասին պիտի հրճուին յատկապէս ճակատի վրայ ձեռք բերուած յաջողութիւններով, պիտի ուտեն միեւնոյն բանակային ճաշը (հաւանաբար պաղած), պիտի դիմագրաւեն միեւնոյն սադրող վատը զոյգ սահմաններու երկայնքին, ենթակայ վիճակագրական նոյն հաւանականութեան՝ կենաց եւ մահուան սահմանագիծին։ Այդ բոլորէն վերջ պիտի մնա՞յ որեւէ տարբերութիւն իրենց ազգային պատկանելիութեան ըմբռնումներուն միջեւ։ Ազգային իրենց աշխարհայեացքին մէջ որեւէ տարբերութիւն պիտի շարունակէ՞ զիրենք բաժնել։ Հայրենի լեզուի իւրացման մէջ (առանց իրենցմէ ակնկալելու… Հրաչեայ Աճառեանի վերածուելու) որեւէ տատամսում պիտի բաժնէ՞ զիրենք։ Եւ դեռ, որքա՞ն օտարում պիտի մնայ մեր պատմութեան իւրացման մէջ, երբ առտու իրիկուն այդ պատմութեան մէջ պիտի ապրին, եւ որու ծառայականութիւնը իրենց նուիրական առաքելութիւնն է։ Այդ պատմութեան կանգուն կամ աւերուած վկաները պիտի տեսնեն ամէն օր՝ Հաղարծինի, Հաղբատի թէ Սանահինի, Զուարթնոցի թէ Էջմիածինի, Ամբերդի կամ որեւէ այլ պատմութեան վկայի մը, ամէն օր, իւրաքանչիւր քայլափոխին։ Ու վերջապէս, որքա՞ն պիտի շարունակէ դիմանալ «մրրկաւ զատուած եղբայր»ներու հասկացողութիւնը։
Դժուարին պարտաւորութիւն մըն է անշուշտ երկիր միացնելը, իսկ ժողովուրդի միասնականացումը կերտելը՝ կրկնակիօրէն դժուար։
Փորձուած ու հաստատուած նախընթաց մը կայ այս բոլորին։ Ատենին, երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ ժողովուրդի հաւասարութեան ու անխտրականութեան օրինականութեան շարժումները սկսան, եւ երբ մարդիկ կը հարցնեն Այզընհաուրի կարծիքը, ան շատ պարզ ու շատ յստակ պատասխանը կու տայ.
– Մենք բանակին մէջ համարկեցինք բոլորը առանց որեւէ դժուարութեան։ Նոյնը նաեւ կարելի է իրագործել ամբողջ երկրի տարածքին։
Ժողովուրդը միաւորելու աշխատանքային այս հաւաքադրոյթը կը յաջողի թէ ոչ, կախում ունի աշխատանքի պատասխանատուներու անկեղծութենէն, հաւատաւորութենէն, հետեւողականութենէն։ Դաշնակցութիւնը կրնայ նախաձեռնել եւ առիթը ունի Ազգային ժողովէն ներս այս նախաձեռնութեան օրէնքին ոյժ տալու եւ ծրագրումներուն սկսելու։ Մեր ժողովուրդի ակնկալութիւնն է ա՛յս Դաշնակցութենէն։
Արդ, Այզընհաուրի մը պէտք ունի՞նք.
– Վստահաբար։
Ներկայիս ունի՞նք այդպիսի անհատ մը.
– Փնտռեցէք Սէյրան Օհանեանը։
Կարելի՞ է օրէնքի վերածել այս մօտեցումը հայրենիքի ինքնիշխանութիւնը վերահաստատելէ ու աչքի լոյսի նման պահպանելէ ետք.
– Ազգային ժողովէն պահանջեցէ՛ք Դաշնակցութեան ներկայացնելիք օրէնքին ի նպաստ քուէարկել։
20 Դեկտեմբեր 2014,
Լոս Անճելըս