ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՆԵՐՍԻՍԵԱՆ
Ներկայ ժամանակաշրջանին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաշեմին, երբ զայն նշող ձեռնարկները եւ համալսարանական կամ գեղարուեստական երկերը կը բազմանան՝ Արա Գրիգորեանի «Քրիստափոր Միքայէլեան Եւ Թուրք Սուլթանը՝ Մեծ Մարտահրաւէրը» գիրքը ինքն ըստ ինքեան եղելութիւն մըն է, որովհետեւ կը շեղի հայ ժողովուրդը իբրեւ զոհ ներկայացնելու ընթացքէն: Հեղինակը այդ գիրքին վրայ աւելցնելով «Քրիս-տափոր Միքայէլեանն ու անոր ժամանակը՝ գտանիշեր»ը եւ վերլուծութիւնը ընդլայնելով՝ կանգնեցուցած է յուշակոթող մը, ի յիշատակ այն մարդոց, որոնք 20րդ դարու սկիզբը յանուն արդարութեան եւ արժանապատութեան պայքարեցան եւ յաճախ իրենց կեանքը զոհեցին՝ օսմանեան եւ ռուսական կայսրութեանց մէջ հայ ժողովուրդի ընկերային ու քաղաքական ազատութեան համար:Սկզբնաղբիւր Եղող Երկ մը
Քրիստափոր Միքայէլեան (1859-1905) հայկական Սփիւռքի մէջ Դաշնակցական բոլոր ակումբներու պատերուն վրայ գտնուող սրբանկարային պատկեր մըն է: Ան միշտ կը զետեղուի Ռոստոմի (1867-1919) եւ Սիմոն Զաւարեանի(1866-1913) հետ՝ իր կազմած կուսակցութեան հիմնադիր եռեակի լուսանկարներուն կեդրոնը: Եւ թէեւ անոր անունը յաճախ կը մէջբերուի բանախօսութեան, յօդուածներու կամ յեղափոխական երգերու մէջ՝ Քրիստափոր Միքայէլեան մեզի համար կը մնայ անծանօթ մը:
Ահա այս բացը լրացնելու համար է, որ Արա Գրիգորեան ձեռնարկած է ներկայացնել անոր կեանքն ու գործը: Ան կը բացայայտէ մարդ մը, որուն գաղափարներն ու գործունէութիւնը ծանօթ էին միայն հայ գրականութեան ծանօթ կուսակցականներու: Այս մէկը պատմական սովորական գիրք մը չէ, այլ՝ պատմական վէպ մը, որ ուղղուած է լայն հասարակութեան, եւ այդ է անոր մեծ արժէքը:
Մանրակազմ եւ կաղ Քրիստափոր կը յաջողի ներշնչել իր կեանքի իւրաքանչիւր հանգրուանին: 1894-1896ի համիտեան ահաւոր ջարդերը, որոնք 300,000 զոհ պատճառեցին, զինք չեն շեղեր իր նպատակէն: «Պանք Օթոման»ի գործողութեան եւ անոր յաջորդող Խանասորի գործողութեան յաջողութենէն ետք՝ Քրիստափոր ՀՅԴի ջանքերը կ՛ուղղէ Եւրոպայ, Հայ Դատի ի նպաստ քարոզչութեան:
Ջարդերուն զոհերուն վրէժը լուծելու գաղափարէն տարուած՝ Քրիստափոր կ՛ուզէ մահապատիժի ենթարկել «կարմիր սուլթան»ը. կը կազմակերպէ «Նժոյգ» գործողութիւնը: Ան զինակիցի մը հետ կը մահանայ սուլթանի մահափորձին համար օգտագործուելիք ռումբի մը փորձարկման ընթացքին: