Հեղինակ՝ Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեան
Գրախօսեց՝
ԴՈԿՏ. ԱՐԻ ԹՕՓՈՒԶԽԱՆԵԱՆ
Լիոն, Ֆրանսա
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի տարուան առաջին օրերուն լոյս տեսած սոյն աշխատասիրութիւնը կը ներկայացնէ Խորհուրդին գոյապատճառն ու գործունէութիւնները՝ վերջին չորս տասնամեակներուն ընթացքին: Անոր հիմնադրութեան նպատակը եղած է մէկտեղել աշխարհացրիւ հայ աւետարանականները, զօրացնելու համար անոնց յանձնառութիւնը՝ Աստուծոյ թագաւորութեան տարածման էական պարտականութեան մէջ: Մասնաւորաբար կարիքը զգացուած է համագործակցութիւն ստեղծելու հետեւեալ ինքնանկախ եկեղեցական, աւետարանչական, ու բարեսիրական հինգ կազմակերպութիւններու միջեւ. Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւն, Ֆրանսայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւն, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն եւ Ստեփան Փիլիպոսեան հիմնարկ:
Լիբանանի, Սուրիոյ, Յունաստանի, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գումարուած ժողովներուն ընթացքին՝ ո՛չ միայն կրօնական բնոյթ կրող նիւթեր արծարծուած են, այլ որոշումներ տրուած են համազգային հարցերու նկատմամբ. դատապարտութիւն Սումկայիթի հայկական ջարդերու պատասխանատուներուն, զօրակցութիւն Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան, տեւական նպաստ 1988ի աւերիչ երկրաշարժի աղէտեալներուն, օժանդակութիւն մայր հայրենիքի վերաշինութեան, արտագաղթի դադրեցում, կապերու սերտացում հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ, հզօրացում Հայաստանի Հանրապետութեան՝ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու հոգեւոր մարզերէն ներս:
Հայրենիքի հոգեւոր վերելքին սատարելու համար, խորհուրդը 1994ին նշանակեց տեւական հովիւ-առաջնորդ մը, որուն գործունէութիւնը յետագային ընդարձակուեցաւ դէպի Արցախ, Վրաստան եւ Եւրասիա: 1996ին՝ համաշխարհային տարողութեամբ տօնուեցաւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու հիմնարկութեան 150ամեակը՝ նախ Փարիզ, ապա՝ Պոլիս ու Երեւան, ուր հանդիսութիւնը միջ-եկեղեցական դարձաւ շնորհիւ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայութեան եւ սրտաբուխ պատգամին:
1997ին Երեւանի մէջ հիմնուեցաւ Հայ աւետարանական աստուածաբանական ճեմարան մը: Երկու տարի ետք՝ խորհուրդը մասնակցեցաւ Հայաստան-Սփիւռք Ա. խորհրդաժողովին, իսկ 2001ին՝ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան իբր պետական կրօն հռչակման 1700ամեակի պաշտօնական տօնակատարութեան: 2002ին Խորհուրդին միացան Հայաստանի ու Եւրասիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցիները: 2003ին կազմակերպուեցաւ Հայ աւետարանական հովիւներու Ա. Համաշխարհային համագումարը՝ Ֆրանսայի մէջ, հրատարակուեցաւ երկար ատենէ ի վեր սպասուած «Հովուական Ձեռագիրք»ը, ինչպէս նաեւ արդի արեւելահայերէն Նոր Կտակարանը:
2006ին Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Համահայ աւետարանական համագումար մը, ու տօնուեցաւ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 160ամեակը: 2011ին Խորհուրդը դարձեալ մասնակցեցաւ Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովին եւ Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան 20ամեակի հանդիսութեանց: Նմանապէս 2011ին ունեցաւ իր ներդրումը Հայաստան-Սփիւռք Ե. խորհրդաժողովին:
Խորհուրդը «կը ջատագովէ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ խիղճի ազատութեան հիմնական սկզբունքը»: Սակայն «կը հաւատայ, թէ կեդրոնաձիգ եկեղեցավարական դրութեան մը բացակայութիւնը կրնայ փորձութիւն դառնալ Եկեղեցական միութեան մը թերացումին՝ առնուած որոշումները կիրարկելու իր պարտականութիւններուն մէջ»: Ուստի, կը հրաւիրէ իր բաղկացուցիչ եկեղեցական միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, որ «իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնեն իրենց նմանութիւններուն վրայ», նաեւ «վերահասու ըլլան այն իրողութեան, թէ քանի որ Քրիստոսի Մարմինին անդամներ են՝ փոխադարձաբար իրարմէ կախեալ են»:
Կը շնորհաւորենք Խորհուրդին անխոնջ եւ ժրաջան Գործադիր տնօրէնը, սոյն համապարփակ գիրքին համար, զոր կը յանձնարարենք ընթերցող հասարակութեան: Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցիներու ներկայ վիճակով եւ ապագայ մարտահրաւէրներով հետաքրքրուող անձեր, այս գիրքէն օրինակներ ունենալու համար կրնան դիմել հետեւեալ հասցէին. Armenian Heritage Committee, 3922 Yorba Linda Blvd., Royal Oak, MI 48073, USA.